Jump to content

Բժշկութեան Պատմութիւն

The Hippocratic Corpus Հիպոկրատի հաւաքածոյ, Հին Յունաստանի բժշկական վաղ աշխատանքներու հաւաքածոյ

Բժշկութեան պատմութիւնը, անդրադարձ է բժշկութեան, որ կիրառուած է հին ժամանակներէն մինչեւ օրս բարձր որակաւորում ունեցող բժիշկներու կողմէ։ Հին եգիպտացիները, այն ժամանակներու համար, յառաջատար բժշկական համակարգ ունէին, որ ձեւաւորեց յետագայ բժշկական աւանդոյթները։ Եգիպտացիներն ու բաբելացիները մտցուցին ախտորոշում, կանխատեսում եւ բուժզննում հասկացողութիւնները։ Յոյները նոյնիսկ աւելի յառաջադիմեցին, զարգացնելով բժշկական բարոյագիտութիւնը։ Հիպոկրատի երդումի առաջին տարբերակը գրած են Յունաստանի մէջ ք․ա․ 5-րդ դարուն։ Միջին դարերուն հին վարպետներէն ժառանգած վիրաբուժութիւնը բարելաւուեցաւ եւ համակարգուեցաւ Ռոճերիուսի «Վիրաբուժութեան Կիրառկում» աշխատանքին մէջ։ Մօտ 1220-ական թուականներուն Իտալիոյ մէջ համալսարանները սկսան բժիշկներու կանոնաւոր վերապատրաստում։ Վերածնունդի շրջանին, կմախքի իմացութիւնը կը զարգանայ եւ մանրադիտակը կը յայտնագործեն։ Հիւանդութիւններու մանրէային ծագման տեսութիւնը ուղղեց շատ վարակիչ հիւանդութիւններու բժշկութեան։ Ռազմական բժիշկները վնասուածքներու բուժման եւ վիրահատութիւններու մեթոտները զարգացուցին։ 19-րդ դարուն հանրային առողջապահական միջոցառումներ մշակուեցան, որպէս արագ աճող քաղաքներու համար կանոնաւոր առողջապահական միջոցառումներ։ 20-րդ դարուն սկիզբը բացուեցան յառաջատար գիտահետազօտական կեդրոններ, յաճախ մեծ հիւանդանոցներու կից։ 20-րդ դարու կէսերուն յատուկ են բուժման նոր կենսաբանական մեթոտները, ինչպիսիք անթիպայոթիքներն են։ Այս յառաջխաղացումները քիմիագիտութեան, սերնդագիտութեան (անգլերէն՝ Genetics) եւ տարրալուծարանի արուեստներուն զուգակցելով, ձեւաւորեցին ժամանակակից բժշկութիւնը։ Բժշկութիւնը ուժեղ թափ առաւ 20-րդ դարուն, երբ կանանց համար նոյնպէս աշխատատեղեր ստեղծուեցան։ 21-րդ դարը կը բնութագրուի գիտութեան տարբեր բնագաւառներու ընդգրկմամբ, բարձրակարգ հետազօտութիւններով։

Նախապատմական Բժշկութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Չնայած գրառումներ չկան, թէ երբ առաջին անգամ բոյսերը օգտագործուած են դեղագործական նպատակներով (բուսաբուժութիւն), բոյսերու օգտագործումը որպէս հիւանդութիւններու ապաքինման միջոց, վաղեմի պատմութիւն ունի։ Սերունդները իրար փոխանցելով մեր օրեր հասցուցած են հինէն եկած բուսաբուժութեան դեղատոմսերը։

Էտուին Սմիթ վիրաբուժական մագաղաթ

Հին Եգիպտոսի մէջ մշակուած էր հարուստ, բազմազան եւ արդիւնաւէտ բժշկական աւանդոյթներ։ Հերոդոտոսը եգիպտացիները կը նկարագրէր որպէս «Լիպիացիներէն ետք ամէնէն առողջ մարդիկը»,[1] որ պայմանաւորուած էր չոր կլիմայով եւ այնտեղ գործող նշանակալի հանրային առողջապահական համակարգով։ Ըստ անոր, եգիպտացիներու մօտ բժշկութիւնը այնքան զարգացած էր, որ իւրաքանչիւր բժիշկ կը բուժէր միայն մէկ հիւանդութիւն եւ ոչ աւելի։

Էտուին Սմիթի պապիրոսին մէջ տեղ գտած բժշկական տեղեկութիւնը կրնայ ք․ա․ 3000-ականներու վաղեմութիւն ունենալ[2]։ Ամէնավաղ վիրահատութիւնը իրականացուած է մօտաւորապէս ք․ա․ 2750 թուականին։ Էտուին Սմիթ պապիրոսը կը դիտարկուի որպէս քանի մը աւելի վաղ աշխատանքներու կրկնօրինակ եւ գրուած է ք․ա․ 1600-ականներուն։ Անիկա վիրահաբուժութեան դասագիրք էր, գրեթէ ամբողջովին զուրկ՝ մոգական մտածողութենէն եւ մանրամասն կը նկարագրէ բազմաթիւ հիւանդութիւններու զննումը, ախտորոշումը, բուժումը եւ կանխատեսումը[3]։

Կահուն կնաբանութեան պապիրոսը[4] կը դիտարկէ կանանց բողոքները, ինչպէս բեղմնաւորման խնդիրները։ 34 դէպք, ախտորոշման եւ բուժման մանրամասն նկարագրութեամբ։[5] Ք․ա․ 1800 թուականին ամէնահին բժշկական հատուածն էր։ Յայտնի է, որ բժշկական հաստատութիւնները, որ Կեանքի տուն անունը կրած են նոյնպէս առաջինը Եգիպտոսի մէջ հիմնուած են, թերեւս առաջին հարստութեան օրերուն։

Ամէնավաղ յայտնի բժիշկը նոյնպէս հին Եգիպտոսէն էր՝ Ճիոսեր թագաւորի ատամնաբուժներու եւ բժիշկներու գլխաւորը՝ Հեսիրան, ք․ա․ 27-րդ դար[6]։ Հին Եգիպտոսէն էր նաեւ ամէնավաղ յայտնի կին բժիշկը՝ Փեսեշեթ, որ կը բժշկէր չորրորդ հարստութեան ժամանակ։ Ան կին բժիշկներու վերակացուն էր, բացի ատկէ ան Սեյսի բժշկական դպրոցին մէջ կ'ուսուցանէր մանկաբարձուհիները։

Բժշկութեան վերաբերեալ ամէնահին բաբելոնեան հատուածը առաջին Բաբելոնեան հարստութեան օրերուն էր, ք․ա․ երկրորդ հազարամեակին։ Ամէնէն ընդարձակ Բաբելոնեան բժշկական բովանդակութիւն ունէր «Ախտորոշման տեղեկատու» գիրքը, որ գրած էր Ատատ-ապլա-իտտինա թագաւորի օրերուն Իսակիլ-կին-ապլի գլխաւոր գիտնականը ք․ա․1069–1046 թուականներուն[7]։

Եգիպտացիներու հետ միաժամանակ բաբելոնացիները եւս կիրառեցին ախտորոշման, կանխատեսման, ֆիզիքական զննումի եւ դեղամիջոցներու կիրառումը։ Ի յաւելումն "Ախտորոշման ձեռնարկը"-ին կը ներկայացնէր վիրաբուժութեան եւ պատճառախօսութեան մեթոտները։ Անիկա կը պարունակէր հիւանդութեան նշաններու ցանկ, յաճախ մանրակրկիտ փորձնական դիտարկումներով, հիւանդի մարմինին վրայ ի յայտ գալու եւ տրամաբանական կանոններու օգնութեամբ ախտորոշումն ու կանխատեսումը իրականացնելու նկարագրութեամբ[8]։

«Ախտորոշման ձեռնարկը» հիմնուած է էկզիմաներու եւ ենթադրութիւններու տրամաբանական բազմութեան, հիւանդի զննումի որպէս արդիւնք հիւանդութեան ախտանիշներու յայտնաբերման միջոցով հիւանդութեան յայտնաբերումը, պատճառները եւ յետագայ զարգացումները եւ հիւանդի ապաքինման հնարաւորութիւնները։ Հիւանդութեան ախտանիշներու եւ հիւանդութեան բուժումը կը կատարուէր բուժական մեթոտներով՝ վիրակապերու, խոտաբոյսերու եւ դեղագործական քսուկներու օգնութեամբ[9]։

Միջին դարերէն ետք բժշկութիւնը շատ քիչ զարգացում ունեցաւ։ Եւրոպական երկիրներուն մէջ 200 տարի անհրաժեշտ եղաւ հասնելու Միջին Արեւելքին[10]։

Սիտհա բժշկութիւնը որպէս կանոն կը դիտարկուի որպէս մարդկութեան յայտնի ամէնահին բժշկական համակարգը[11][12]։ Ըստ գրառումներուն՝ Սիտհան աւելի քան 10, 000 տարուան պատմութիւն ունի[13][14]։

Պղինձի դարերէն յիշատակուող Հինտուիզմի սուրբ հատուած Աթարվաւետան, բժշկութեան վերաբերող հնդկերէն առաջին հատուածներէն է, նման է Հին Մօտ Արեւելքի բժշկութեան. կը հիմնուի դեւերու Էկզորցիզմի եւ մոգական գաղափարներու վրայ։ Աթարվաւետան կը ներառէ նաեւ դեղաբոյսերու միջոցով տարբեր հիւանդութիւններու բուժման դեղատոմսեր։ Դեղաբոյսերու օգտագործումը տարբեր հիւանդութիւններու բուժման համար յետագային կը կազմէ Այուրվետայի զգալի մասը։

Այուրվետան, որ կը նշանակէ «երկար ապրելու ամբողջական գիտելիք», Հնդկաստանի մէկ այլ բժշկական համակարգ է։ Այուրվետան կը յիշատակուի ք․ա․ 5, 000-էն, սկիզբը բանաւոր խօսքով, այնուհետեւ բժշկական հատուածներով[15][16]։

Համաձայն Չարակա ժողովածուի, առողջութիւնը եւ հիւանդութիւնները ամենեւին կանխորոշուած չեն եւ մարդկային ջանքերու շնորհիւ կեանքը կարելի է երկարել։ Սուսրուտա ժողովածուն կը սահմանէ բժշկութեան նպատակը, որպէս հիւանդութիւնները բուժող, առողջութիւնը պաշտպանող եւ կեանքը երկարող։ Այս երկու հնագոյն ձեռնարկներն ալ կը պարունակեն բազմաթիւ հիւանդութիւններու բուժզննումի, ախտորոշման, բուժման եւ կանխատեսման մանրամասներ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Herodotus։ «Chapter 77, Book II»։ The Histories (English translation) 
  2. J. H. Breasted, The Edwin Smith Surgical Papyrus, University of Chicago Press, 1930
  3. «Edwin Smith papyrus - Britannica Online Encyclopedia»։ Britannica.com։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ ապրիլի 21 
  4. Griffith, F. Ll. The Petrie Papyri: Hieratic Papyri from Kahun and Gurob
  5. «The Kahun Gynaecological Papyrus»։ Reshafim.org.il։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ ապրիլի 21 
  6. Helaine Selin, Hugh Shapiro, eds., Medicine Across Cultures: History and Practice of Medicine in Non-Western Cultures, Springer 2003, p.35
  7. Marten Stol, Epilepsy in Babylonia, (1993) p. 55,
  8. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  9. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  10. Porter Roy (2008)։ The Cambridge History of Science: Volume 4: 18th Century Based Science։ Cambridge: Cambridge University Press։ էջեր 661–3։ ISBN 978-0-511-46833-9 
  11. Recipes for Immortality : Healing, Religion, and Community in South India: Healing, Religion, and Community in South India, p.93, Wellington Richard S Weiss, Oxford University Press, 22-Jan-2009
  12. The Encyclopedia of Ayurvedic Massage, John Douillard, p. 3, North Atlantic Books, 2004
  13. 0/02/20/stories/2010022051200200.htm Team visits Government Siddha Medical College, The Hindu, Saturday, 20 Feb 2010.
  14. "Siddha System of Life", Es Citamparatāṇuppiḷḷai, p.3-4
  15. T.S.S. Dikshith (2008)։ Safe Use of Chemicals: A Practical Guide։ CRC Press։ էջ 16 
  16. Elizabeth R. Mackenzie, Birgit Rakel (2006)։ Complementary and Alternative Medicine for Older Adults: A Guide to Holistic Approaches to Healthy Aging։ Springer։ էջ 215։ ISBN 9780826138064