Jump to content

Կցուրդներ

Կցուրդ, հայ հոգեւոր երգի հնագոյն տեսակ։ Անունը ստացած է աստուածաշնչեան սաղմոսներուն եւ օրհնութիւններուն կցուած ըլլալու եւ իբրեւ անոնց յաւելուած կատարուելուն պատճառով։

Կցուրդը ծագած է Դ.- Ե. դարերուն, իբրեւ ասորական «madhrase»ի եւ յունական «τροπάριον»ի հայկական նմանակ։

Դ. դարուն ստեղծուած առանձին նմուշներ մինչեւ գիրերու գիւտը յարատեւած են բանաւոր աւանդութեամբ։

Գիրերու գիւտէն անմիջապէս ետք, սկսած է կցուրդներու բուռն զարգացման շրջանը։

Առաջին կցուրդները գլխաւորաբար երեքական տուներէ բաղկացած փոքր երգեր էին, յօրինուած դաւթեան սաղմոսներու, մարգարէական օրհնութիւններու, ինչպէս նաեւ աւետարանական պատումներու յարասութեամբ։

Կցուրդներու անդրանիկ հեղինակներ Մեսրոպ Մաշտոցն ու Սահակ Պարթեւը, առաջինը՝ Հին կտակարանի, երկրորդը՝ Նոր կտակարանի հայերէն թարգմանութիւններուն յատուկ բանաստեղծական կերպարներն ու լեզուաոճական հարստութիւնները զարգացնելէ բացի, տոգորուած են հայ հոգեւոր նորաստեղծ երգը պատմականօրէն կարճ ժամանակամիջոցի մէջ ասորականի եւ յունականի գեղարուեստական մակարդակին բարձրացնելու գաղափարներով։ Այդ գործը յաջողութեամբ կ'աւարտեն անոնց աւագ եւ կրտսեր աշակերտները, ինչպէս եւ հետագայ դարերու բանաստեղծ-երաժիշտները։

Հետզհետե բազմանալով` կցուրդները կ'ամփոփուին «կցուրդարան» կոչուած ժողովածուին մէջ։

Պատմական զարգացման ընթացքին, կցուրդները ձեւով եւ բովանդակութեամբ աւելի անկախ եւ ինքնուրոյն դարձած են, ծաւալով աւելի մեծ՝ պահպանելով Սահակ-Մեսրոպեան շրջանէն ուրուագծուած կերպարային, զիրար լրացնող ոլորտներուն յատուկ գիծերը։

ԺԲ. դարուն սկսած կցուրդները կոչուած են շարական, իսկ կցուրդարանը՝ շարակնոց։

Կցուրդները անցեալին երբեմն նոյնացած են կցորդին (հայ հին մատենագրութեան մէջ ոչ հազուադէպ կը հանդիպինք կցորդ-սաղմոս ձեւով)։

Կցուրդին հետ պէտք չէ շփոթել նաեւ կացուրդը, որ կը նշանակէ «ակրոստիքոս»ով գրուած տօնական մեծ երգ, յաճախ կ'ընկալուի իբրեւ յունական κοντάκιον-ի հայկական նմանակը, որ երբեմն կ'անուանուի նաեւ ուղղակի «կոնդակ»։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։