Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունի

Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունի
Ծնած է 990
Ծննդավայր Բջնի, Հայաստան
Մահացած է 1058[1][2]
Մասնագիտութիւն գրագէտ, փիլիսոփայ
Ծնողներ հայր՝ Վասակ Պահլաւունի?
Երեխաներ Գրիգոր Բ. Վկայասէր, Վասակ Պահլաւունի, Մարիամ Պահլաւունի եւ անանուն Պահլաւունի?

Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունի (յայտնի է նաեւ իբրեւ Գրիգոր Մագիստրոս Բջնեցի, 990, Բջնի, Հայաստան - 1058[1][2]), գիտնական, փիլիսոփայ, բանաստեղծ, քաղաքական եւ ռազմական գործիչ։ Սպարապետ Վասակ Պահլաւունիի որդին է։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սկզբնական կրթութիւնը ստացած է Անիի դպրոցին մէջ, այնուհետեւ ուսանած է Կ. Պոլսոյ մէջ։ Հօրեղբօր՝ սպարապետ Վահրամ Պահլաւունիի հետ պայքարած է ներքին եւ արտաքին թշնամիներու դէմ, նպաստած Բագրատունիներու գահի ամրապնդմանը։ 1045-ին Կ. Պոլսոյ մէջ Կոստանդին Զ. Մոնոմախ կայսրի կողմէն Գագիկ Բ.-ի ձերբակալումէն յետոյ, իր տիրոյթները կը յանձնէ Բիւզանդիոյ՝ փոխարէնը կալուածքներ ստանալով Հարաւային Հայաստանի ու Միջագետքի մէջ։ Բիւզանդական կայսրը անոր կը շնորհէ մագիստրոսի տիտղոս, 1048-ին կը նշանակուի Հարաւային Հայաստանի եւ Միջագետքի կուսակալ։ Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունիի գլխաւորութեամբ բիւզանդական բանակը կը ջախջախէ թոնդրակեցիներու շարժումը։ Ի տարբերութիւն նախորդ աղանդահալած իշխաններու եւ կաթողիկոսներու, Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունին, թոյլ չէ տուած, որ զինուորները խոշտանգեն աղանդաւորներուն, սպաննեն կամ աղուէսադրոշմով խարանեն անոնց։ Ըլլալով բարձրաստիճան բիւզանդական պաշտօնեայ՝ շարունակած է սերտ կապեր պահպանել հայ իրականութեան հետ, նշանակելի դեր խաղցած Հայաստանի կեանքին մէջ։

Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունին եղած է ժամանակի ամենակրթուած մարդոցմէ մէկը, զգալի հետք թողած միջնադարեան հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ, նպաստած գիտութեան եւ գրականութեան զարգացման։ Հիմնած է դպրոց-ճեմարան, դասաւանդած է ճարտասանութիւն, փիլիսոփայութիւն, քերականութիւն, թուաբանութիւն եւայլն։ Անոր նախաձեռնութեամբ կառուցուած է Բջնիի Ս. Աստուածածին վանքը, Կեչառիսի վանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, Հաւուց Թառի Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցին եւ այլ կոթողներ։

Մեզի հասած են Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունիի նամակները («Թուղթեր», հրատարակուած են 1910)։ Գրած է նաեւ «Մեկնութիւն քերականին» քերականագիտական երկը (առաջին անգամ հրատարակուած է Լ. Խաչերեանի «Գրիգոր Պահլաւունի Մագիստրոս (985–1058). Կեանքն ու գործունէութիւնը» գիրքին մէջ, 1987), չափածոյ ստեղծագործութիւններ («Տաղասացութիւնք», 1868), որոնցմէ ամենանշանաւորը «Առ Մանուչէ» («Հազարտողեան») բանաստեղծութիւնն է՝ Աստուածաշունչի համառօտ յանգաւորուած վերապատումը։ 1016 տողնոց բանաստեղծութեան վերջին 116 տողը նուիրուած են Հայոց եկեղեցւոյ պատմութեանը՝ Գրիգոր Ա. Լուսաւորիչէն մինչեւ հայերէն գիրերու գիւտը։ Իր նամակներուն մէջ կը նշէ, որ թարգմանած կամ ծրագրած է թարգմանել՝ յոյն եւ ասորի հեղինակներու երկեր, որոնցմէ պահպանուած է միայն Էվկլիտեսի «Սկզբունքներու» հատուածի մը թարգմանութիւնը։ Ունեցած է հետաքրքրասիրութիւններու լայն շրջանակ՝ հին յունական եւ հայկական դիցաբանութիւն, փիլիսոփայութիւն ու աստուածաբանութիւն, ճշգրիտ գիտութիւններ, պատմութիւն, գրականութիւն, արուեստ։

Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունին, զարգացնելով Դաւիթ Անյաղթի նորպլատոնականութիւնը, հակուած է դէպի ռացիոնալիզմը եւ բնափիլիսոփայութիւնը։ Կարեւորած է բնագիտութիւնն ու ուսողութիւնը, պէտք է նախապատրաստել մարդկային միտքը «բնութենէն վեր գտնուող» գերագոյն գոյի՝ Աստուծոյ ճանաչման համար։ Ընդունած է Աստուծոյ գոյութեան տիեզերաբանական ապացոյցը, համաձայն որու՝ բնութեան՝ որպէս Աստուծոյ ստեղծագործութեան ճանաչումով կարելի է ըմբռնել անոր Արարչի էութիւնը։

Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունիի գործերուն մէջ ուշագրաւ միտքեր կան կենսաբանութեան, բժշկագիտութեան, տիեզերագիտութեան, երաժշտութեան տեսութեան, գեղագիտութեան եւ այլ նիւթերու վերաբերեալ։ Յայտնի է նաեւ որպէս շարականագիր եւ տաղասաց։

Աշխատութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,0 1,1 1,2 Deutsche Nationalbibliothek Record #1035802538 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
  2. 2,0 2,1 2,2 LIBRIS — 2013.