Սուշի
Սուշի (ճափ.՝ 寿司 կամ 壽司, 鮨, 鮓, 寿し, すし), ճափոնական խոհանոցի աւանդական ուտելիք, որ կը պատրաստուի բրնիձէ եւ տարբեր ծովամթերքներէ, ինչպէս նաեւ՝ բազմաթիւ այլ բաղադրամասերէ։ 1980-ականներու սկիզբէն սուշիները շատ նշանաւոր դարձած են ամբողջ աշխարհի տարածքին։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սուշին յառաջացած է Հարաւային Ասիոյ մէջ, ուր խաշած բրինձը կ'օգտագործուէր ձկնեղէնի պատրաստութեան եւ պահածոյի համար։ Մաքրուած եւ ոչ մեծ կտորներով կտրտուած ձուկին վրայ աղ կը լեցուէր եւ կը խառնուէր բրինձի հետ։ Ձուկ ու բրինձ խառնուրդին վրայ կը դրուէր քարէ ծանրութիւն մը, որ քանի մը շաբաթ ետք կը փոխարինուէր կափարիչով։
Ձկան «թթուեցման» գործընթացը կը տեւէր քանի մը ամիս, որուն շնորհիւ ձուկը պիտանի կը մնար ամբողջ տարի մը։
Բրինձը, որ կը վերածուէր սոսնձանման զանգուածի մը, կ'ունենար ոչ այնքան հաճելի հոտ մը։ Զայն կամ կը թափէին, կամ ալ կ'օգտագործէին ձուկի նոր չափաբաժին պատրաստելու համար[1]։
Մօտաւորապէս Է. դարուն, Չինաստանի եւ Թայլանտի վաճառականներուն միջոցով պատրաստման այս եղանակը տարածում կը ստանայ նաեւ Ճափոնի մէջ[2]։ Սնունդի մէջ թթուած ձուկին օգտագործումը Հարաւային Ասիոյ երկիրներուն մէջ պահպանուած է մինչեւ մեր օրերը։
Սուշիի չինական գաղափարագիրը կը նշանակէ թթու դրուած ձուկ մը, սակայն պատրաստման աւանդական ձեւը ա՛լ չ'օգտագործուիր Չինաստանի մէջ։ Ճափոնի մէջ ներկայիս այս ձեւով կը պատրաստեն նարեձուսին։
ԺԷ. դարուն կը սկսի տարածուիլ բրինձի սուշին, որ կը ներառէր խաշած բրինձ, բրինձի ածիկ, ծովային մթերքներ եւ բանջարեղէն։ Շուտով կը սկսին պատրաստել բրինձի քացախ, զոր կ'աւելցնէին բրինձին մէջ՝ խմորման նպատակով, ինչ որ զգալիօրէն կը կրճատէր սուշիի պատրաստութեան համար անհրաժեշտ ժամանակը։
Ամբողջ աշխարհին ժամանակակից տեսքով ծանօթ եւ մեծ պահանջարկ վայելող սուշին ԺԹ. դարուն ստեղծած է խոհարար Հանայա Եոհէյը՝ Թոքիոյի մէջ։ Ան կ'որոշէ ամբողջովին հրաժարիլ թթու դրուած ձուկ օգտագործելէ եւ զայն մատուցել հում վիճակով։ Այս նոր ձեւին շնորհիւ սուշիի պատրաստութիւնը կը դառնայ քանի մը վայրկեանուան գործ։
Սննդարարութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աւանդական ճափոնական սուշիի բաղադրիչները՝ հում ձուկն ու բրինձը քիչ ճարպ կը պարունակեն, միաժամանակ հարուստ են սպիտակուցներով, ածխաջրածիններով, կենսանիւթերով եւ հանքանիւթերով։ Բանջարեղէնը, որոնց մէջ կը փաթթուի սուշին, նոյնպէս աղբիւր է տարբեր կենսանիւթերու եւ հանքանիւթերու:
Վնասներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սուշիի որոշ բաղադրամասեր կրնան առողջութեան վտանգ սպառնալ։ Մեծ ծովային գիշատիչները կը պարունակեն methylsidic-ի մեծ պարունակութիւն, որ կրնայ յառաջացնել սնդիկային թունաւորում։
Սուշիի որոշ տեսակներու, առաւելապէս ֆուկու ձուկ պարունակող սուշիի ոչ ճիշդ պատրաստումը կրնայ թունաւորում պատճառել։ Ֆուկուի յատկապէս լեարդին մէջ կայ tetrodotoxin-ի մահացու չափաբաժինի պարունակութիւն եւ այդ ձկնատեսակով սուշին պէտք է պատրաստուի միայն յատուկ մասնագէտ խոհարարի մը կողմէ։ Խոհարարներու արտօնագրումը բաղկացած է ձուկը ճանչնալու, ինչպէս նաեւ զայն պատրաստելու եւ ուտելու քննութիւններէ։ Թեկնածու խոհարարներու միայն 35 տոկոսը կրնայ անցնիլ փորձ- քննութիւնները եւ ստանալ համապատասխան վկայական։ Ճափոնի կայսեր եւ անոր ընտանիքի անդամներուն արգիլուած է ֆուկու ուտելը՝ իրենց կեանքը վտանգի չենթարկելու համար։
Սուշիի տեսակները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կայ սուշիի աւելի քան 20 տեսակ, որոնցմէ են.
- Էպի Նիկիրի Սուշի (Ebi Nigiri Sushi - 海老握り),
- Սալմոնի նիկիրի (Salmon Nigiri - 鮭握),
- Թորօ նիկիրի (Toro Nigiri - 鮪とろ握り), Սալմոնի փաթեթ (Salmon roll - [巻き鮭]),
- Քաքինոհա սուշի (Persimmon leaf Sushi - 柿の葉寿司),
- Ուրամաքի (Western California Rolland Tuna Roll in Uramaki - カリフォルニア巻き) եւ այլն։
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]-
Էպի նիկիրի սուշի
-
Թորօ նիկիրի
-
Սալմոնի փաթեթ
-
Քաքինոհա սուշի
-
Չաքին սուշի
-
Սուշիի տեսականի
-
Իկուրա գունքան-մաքի
-
Սասա
-
Ունաքի սուշի
-
Թոքիոյի վաճառատուներուն մէջ վաճառուող նիկիրի սուշի
-
Արեւմտեան Սուշի
-
Արեւմտեան կծու սուշիի տեսակ
-
Խեչափառով կծու սուշի