Jump to content

Անթանթ

1914 թուականի ռուսական պաստառ
1917 թուականի ռուսական պաստառ

Անթանթ (ֆրանսերէն՝ entente — համաձայնութիւն), ռազմաքաղաքական դաշինք Ռուսաստանի, Անգլիայի եւ Ֆրանսայի միջեւ՝ ստեղծուած որպէս հակակշիռ Եռեակ միութեան՝ A-Entente ՝ Գերմանիային, Աւստրօ-Հունգարիային եւ Իտալիային։ Ձեւաւորուեր է գլխաւորաբար 1904-1907 թուականներուն եւ մեծ տէրութիւններու սահմանազատումը աւարտեց Առաջին համաշխարհային պատերազմի նախաշեմին։ Եզրոյթն առաջացեր է 1904 թուականին՝ ի սկզբանէ նշանակելով անգլօ-ֆրանսական դաշինքը, ընդ որում կը կիրառուէր l’Entente cordiale («սրտակից համաձայնութիւն») արտայայտութիւնը՝ ի յիշատակ 1840-ական թուականներուն նոյն անուանումը կրող անգլօ-ֆրանսական կարճատեւ դաշինքին։

Անթանթի կազմաւորումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ռազմա-քաղաքական միութիւնները Եւրոպայի մէջ Առաջին համաշխարհային պատերազմի նախաշեմին

20–րդ դարու սկիզբը միջազգային յարաբերութիւններու մէջ եղան զգալի փոփոխութիւններ։ Բրիտանիան ստիպուած էր դուրս գալ իր կողմէն իրականացուող փայլուն մեկուսացման քաղաքականութենէն եւ սկսիլ հաւասարակշռող դաշինքներու որոնման եւ ձեւաւորման քաղաքականութիւն։ 1902 թուականին կնքուեցաւ անգլօ-ճափոնական համաձայնութիւնը, որմով Անգլիան ինքզինքը ապահովեց ընդդէմ Ռուսաստանի, քանի որ Ռուսաստանը եւ Ճափոնը հակամարտող կողմեր էին։ Անհրաժեշտ էր նաեւ դաշնակից որոնել ընդդէմ Գերմանիային: Գերմանիան ունէր հզօր ցամաքային բանակ եւ եւրոպական միակ պետութիւնը, որ կարող էր իր ցամաքային բանակով մրցիլ Գերմանիայի հետ եւ անոր հետ ունէր հակասութիւն. այդ Ֆրանսան էր։ Ուստի անգլիական դիւանագիտութիւնը սկսաւ աշխատիլ ֆրանս-անգլիական դաշինքի ձեւաւորման օգտին։ Ֆրանսան իր հերթին դաշնակից կը փնտռէր ընդդէմ Գերմանիայի, քանի որ անոր հիմնական դաշնակից Ռուսաստանը զբաղուած էր Հեռաւոր Արեւելքի մէջ Ճափոնի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորմամբ։ 1904 թուականի 8 Ապրիլն Լոնտոնի մէջ հանդիպեցան ֆրանսական եւ անգլիական կողմերը, կնքուեցաւ ֆրանս-անգլիական արտաքին համաձայնագիրը, որ կոչուեցաւ entente (համաձայնութիւն)։ Պայմանագիրը բաղկացած էր երկու մասէ՝ մէկը ենթակայ էր հրապարակման, միւսը գաղտնի էր։ Հրապարակման ենթակայ բաժինի կողմերը կը պարտաւորուէին Մարոքի հարցի շուրջ պահպանել 1880 թուականի Մատրիտեան համաժողովի սկզբունքները, իսկ գաղտնի հատուածի մէջ Անգլիան կը ճանչնար Ֆրանսայի իրաւունքները՝ Մարոքի, իսկ Ֆրանսան՝ Անգլիայի իրաւունքները Եգիպտոսի նկատմամբ։

Ռուս-ճափոնական պատերազմի աւարտէն յետոյ ձախողած Ռուսաստանը դարձեալ թեքուեցաւ դէպի Եւրոպա, ուր սակայն ուժերու վերադասաւորման հետեւանքով Ռուսաստանի շահերու տարածքին մէջ արդէն ներկայ էր ո՛չ թէ Մեծն Բրիտանիան, այլ Գերմանիան։ Հետեւաբար Մեծն Բրիտանիան այլեւս չէր դիտարկուեր որպէս հակառակորդ եւ նոյն այս հիմնաւորմամբ Ռուսաստանը Մեծն Բրիտանիայի կողմէն նոյնպէս չէր դիտարկուեր որպէս հակառակորդ։ Բացի այդ, առկայ էր նաեւ Ֆրանսայի գործօնը, քանի որ վերջինս կը համարուէր այս երկու երկիրներու դաշնակիցը։ 1907 թուականի 31 Օգոստոսն Փեթերսպուրկի մէջ հանդիպեցան անգլօ-ռուսական կողմերը եւ կնքուեցաւ անգլօ-ռուսական համաձայնութիւն, որմով վերջնական ձեւաւորում ստացաւ Անթանթը՝ դառնալով ֆրանս-անգլօ-ռուսական եռեակ խմբաւորում, որ պիտի պայքարէր Եռեակ միութեան դէմ Մեծ պատերազմի մէջ։

Հիմնական թուականներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հակագերմանական դաշինքի ամբողջական կազմը[1]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Պետութիւն Պատերազմին մէջ մտնելու թուականը Ծանօթագրութիւն
Սերբիա 28 Յուլիս 1914 Պատերազմէն յետոյ դարձաւ Հարաւսլաւիայի հիմնաքարը։
Ռուսաստան 1 Օգոստոս 1914 1918 թուականի Մարտ 3-ին Գերմանիայի հետ կնքեց սեպարատ հաշտութիւն։
Ֆրանսա 3 Օգոստոս 1914
Պելկիքա 4 Օգոստոս 1914 Ըլլալով չեզոք երկիր՝ հրաժարեցաւ երկրէն ներս ձգել գերմանական զօրքերը, ինչ որ յանգեցուց Անթանթի կողմէ պատերազմի մեջ ընդգրկուելուն։
Մեծ Բրիտանիա 4 Օգոստոս 1914
Չերնոգորիա 5 Օգոստոս 1914 Պատերազմէն յետոյ մտաւ Հարաւսլաւիայի կազմին մէջ։
Ճափոն 23 Օգոստոս 1914
Եգիպտոս 18 Դեկտեմբեր 1914
Իտալիա 23 Մայիս 1915 Ըլլալով Եռեակ միութեան անդամ՝ սկիզբը հրաժարեցաւ սատարել Գերմանիային, իսկ յետոյ անցաւ անոր հակառակորդներուն կողմը։
Պորթուկալ 9 Մարտ 1916
Հիճազ 30 Մայիս 1916 Պատերազմի ընթացքին անկախութիւն հռչակած Օսմանեան կայսրութեան արաբներով բնակեցուած տարածք։
Ռումանիա 27 Օգոստոս 1916 1918 թուականի Մայիս 7-ին սեպարատ հաշտութիւն կնքեց, բայց նոյն թուականի Նոյեմբեր10-ին մտաւ պատերազմի մէջ։
ԱՄՆ 6 Ապրիլ 1917 Հակառակ տարածուած կարծիքի՝ երբեք Անթանթի անդամ չէ եղած՝ հանդիսանալով միայն դաշնակիցը։
Բանամա 7 Ապրիլ 1917
Գուպա 7 Ապրիլ 1917
Յունաստան 29 Յունիս 1917
Սիամ 22 Յուլիս 1917
Լիբանան 4 Օգոստոս 1917
Չինաստան 14 Օգոստոս 1917 Չինաստանը պաշտօնապէս մտաւ պատերազմի մեջ Անթանթի կողմէ, բայց կը մասնակցէր միայն ձեւականօրէն. ռազմական գործողութիւններուն մէջ Չինաստանի զինուած ուժերը մասնակցութիւն չունեցան։
Պրազիլ 26 Հոկտեմբեր 1917
Կուաթեմալա 30 Ապրիլ 1918
Նիքարակուա 8 Մայիս 1918
Գոսթտա Ռիքկա 23 Մայիս 1918
Հայիթի 12 Յուլիս 1918
Հոնտուրաս 19 Յուլիս 1918
Պոլիվիա
Տոմինիքեան Հանրապետութիւն
Բերու
Ուրուկուէյ
Էքուատոր
Սան Մարինօ

Որոշ պետութիւններ Կեդրոնական տէրութիւններուն (Գերմանիա, Աւստրօ-Հունգարիա, Թուրքիա, Պուլկարիա) պատերազմ չյայտարարեցին՝ սահմանափակուելով միայն դիւանագիտական յարաբերութիւններու խզումով։

1919 թուականին՝ Գերմանիայի դէմ յաղթանակ տանելէն յետոյ, Անթանթի Գերագոյն խորհուրդը փաստացի կը կատարէր «համաշխարհային կառավարութեան» գործառոյթները՝ զբաղելով յետպատերազմեան կարգուկանոնի հաստատմամբ, բայց Անթանթի քաղաքականութեան տապալումը Ռուսաստանի եւ Թուրքիայի նկատմամբ սահմանեց անոր ամէնազօրութեան սահմանագիծը՝ յանգեցնելով յաղթող պետութիւններու միջեւ հակասութիւններու։ «Համաշխարհային կառավարութեան» նման կարգավիճակով Անթանթը դադրեցաւ գոյութիւն ունենալէ Ազգերու լիկայի կազմաւորումէն յետոյ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]