Կեդրոնական Հետախուզական Վարչութիւն

Կեդրոնական Հետախուզական Վարչութիւն, ԿՀՎ (անգլ.՝ Central Intelligence Agency, CIA), ԱՄՆ Դաշնային Կառավարութեան արտասահմանեան հետախուզութեան կեդրոնական ծառայութիւն։ Կոչուած է ողջ աշխարհի ազգային անվտանգութեան տեղեկատուութեան հաւաքման, մշակման եւ վերլուծութեան համար։ Որպէս ԱՄՆ հետախուզական համայնքի (IC) անդամ, հաշուետու է Ազգային Հետախուզութեան տնօրէնին, ինչպէս նաեւ մասնագիտացուած է ԱՄՆ նախագահի եւ կառավարութեան համար հետախուզական ծառայութիւններ մատուցելու մէջ։
Ստեղծուած է 1947 թուականին` Ալեն Տալասի կողմէ։ ԿՀՎ-ի միջուկը կը կազմեն 5 վարչութիւնները` Թուային Նորարարութեան, Վերլուծութեան, Հետախուզական միջոցառումներու նախապատրաստում, Գիտատեխնիկական (ռատիօալիքակալում, օդային եւ տիեզերական հետախուզութիւն եւ այլն) եւ Օժանդակութեան։ ԿՀՎ տնօրէնը կը նշանակէ նախագահը եւ կը հաստատուի իր կողմէ։ Գրասենեակը կը գտնուի Լենկլի բնակավայրին մէջ (Վիրճինիա Նահանգ)։
Գործունէութեան ողջ ընթացքին ԿՀՎ-ն յաճախ յայտնուած է քննադատութիւններու կիզակէտին։ ԿՀՎ-ի նախաձեռնութեամբ տարիներու ընթացքին կատարուած են փորձարկումներ մարդոց վրայ, արտահերթ արտայանձնումներ, ֆիզիքական բռնութեամբ կիրառուած հարցաքննութիւններ, կազմակերպուած թիրախային սպանութիւններ, մահափորձեր, ինչպէս նաեւ ֆինանսաւորուած եւ մարզուած են զինեալներու խումբեր, որոնք աւելի ուշ վերածուած են դասալիքներու[1][2][3]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Resolution 1507 (2006). Alleged secret detentions and unlawful inter-state transfers of detainees involving Council of Europe member states(անգլերէն)
- ↑ DeYoung Karen, Walter Pincus (յունիս 22, 2007)։ «CIA to Air Decades of Its Dirty Laundry»։ Washington Post։ արտագրուած է՝ յունիսի 22, 2007(անգլերէն)
- ↑ Priest, Dana (նոյեմբերի 2, 2005), CIA Holds Terror Suspects in Secret Prisons, Washington Post, http://www.washingtonpost.com/wp-dyn/content/article/2005/11/01/AR2005110101644.html, վերցված է փետրուարի 19, 2007(անգլերէն)