Ճափոներէն
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Ճափոներէն (ճափ.՝ 日本語 նիհօնկօ ), արեւելաասիական լեզու։ Վիճելի կը համարուի որեւէ լեզուաընտանիքին պատկանիլը։ Ճափոներէնը մայրենի լեզու է 127 միլիոն մարդոց՝ գլխաւորապէս Ճափոնի մէջ ապրողներուն համար։ Ըստ աշխարհի լեզուներու դասակարգման՝ խօսողներու թիւով 8-րդն է։ Ճափոներէնը պաշտօնական լեզու է Ճափոնի մէջ։
Գրենական Համակարգ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ճափոներէնի մէջ կը գործածուին միաժամանակ քանի մը գրենական համակարգեր։ Անիկա կը ներկայացնէ երեք հիմնական գրենական համակարգերու խառնուրդ՝ չինական քանճի գրանշանները, որ կը գործածուին ինչպէս չինական ծագումով բառերը, մարդ (人), ծառ (木), լեռ (山), այնպէս եւ նման կամ նոյն նշանակութեան ճափոներէն բառերը գրառելու համար եւ երկու վանկակազմական՝ հիրականա եւ քաթաքանա գրենական համակարգերը։ Երբեմն կը գործածուին նաեւ լատինական գիրերը, գլխաւորաբար՝ յապաւումներու պարագային։ Կը պատահի, որ քանճիով գրուող որոշ բառեր կը գրառուին նաեւ քաթաքանա գիրերով, օրինակ՝ մարդ (ヒト, հիթոյ)
Հիրականա նիշերն աւելի յաճախ կը գործածուին զուտ ճափոնական, քան չինական ծագումով բառերը նշանակելու համար։ Բացի ատկէ, ատոնք կը գործածուին նաեւ գաղափարագիրերով գրառուող բառերու փոփոխական մասերը գրառելու համար։ Մասնաւորապէս, ատիկա կ'ըլլայ քանճին բայերու խոնարհումներու կամ ածանցի վերջաւորութիւններ կցելու համար։
Քաթաքանա նիշերը գլխաւորաբար կը գործածուին պատկերելու համար օտար բառերը, բոյսերու եւ կենդանիներու անունները եւ յուզական արտայայտչականութեան համար։ Օրինակ «Ռուսիոյ Վլատիվասթոք քաղաքին անունը կը դառնայ Ուրաթուօսութոքու (ウラジオストク), իսկ սառնանոյշին համար կը գործածուի անգլերէն ice cream-ի աիսու քուրի:մու (アイスクリーム) տառադարձումը:
Պատմականօրէն, քանճիի քանակի սահմանափակումներ ընելու փորձերը սկսած են տակաւին 19-րդ դարու կէսերէն, սակայն ատոնք չեն դարձած կառավարական միջամտութեան առարկայ մինչեւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին Ճափոնի պարտութիւն կրելը։ Յետպատերազմեան ժամանակաշրջանին եղած են տարբեր քննարկումներ, ընդհուպ մինչեւ քանճիէն ամբողջութեամբ հրաժարիլը եւ րոմաճիի՝ լատինական գիրերու բացառիկ գործածութիւն մտցնելը։
Ուսուցումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ճափոնցի աշակերտները քանճի սորվիլ կը սկսին տարրական դպրոցի առաջին դասարանէն։ Ճափոնի կրթութեան նախարարութեան մշակած ծրագիրով կ'առանձնացուի քեոյքու քանճիի (կրթութեան քանճի) 1.006 պարզ գրանշան, որոնք երեխան պէտք է սորվի մինչեւ վեցերորդ դասարանն աւարտելը։ Երեխաները միջնակարգ դպրոցէն ներս կը շարունակեն սորվիլ եւս 1.130 գրանշան, արդիւնքին տիրապետելով 2.136 ճոեոյ քանճի։ Ճոեոյ քանճիի պաշտօնական ցանկը վերանայուած է քանի մը անգամներ, սակայն անոնց պաշտօնական քանակը գլխաւորաբար մնացած է նոյնը։
Հարցական Նախադասութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հարցերն ունին նոյն կառուցուածքը, այսինքն՝ պատմողական նախադասութիւնները։ Տարբերութիւնն անիկա է, որ վերջին մասը կ'աւելնայ։ Հարցը պաշտօնական արտայայտելու համար կ'աւելցուի «-քա» վերջածանց։
- Օրինակ՝ «իի տեսու» (いいです)։ «Լաւ է»-ն կը դառնայ իի տեսու-քա (いいですか。) «Լաւ է՞»։
Շատ ոչ պաշտօնական պարագաներուն խօսակիցի հանդէպ ուշադրութիւնը շեշտելու համար կ'աւելցուի -նոյ (の) վերջածանցը՝ Տոշիթէ քոնաի-նոյ «Ինչո՞ւ (դուն) չես գար»։ Որոշ պարզ հարցեր կը ձեւակերպուին առարկան հարցական ուժգնութեամբ նշելով, ինչ որ կ'ըլլայ խօսակցի ուշադրութիւնը հրաւիրելու համար՝ Քորէ վա «Ասիկա՞», Օ-նամաէ վա (お名前は?) «(Ի՞նչ է քու) անո՞ւնը»։
Ժխտականները կը ձեւաւորուին՝ բայը խոնարհելով։
- Օրինակ՝ Փան օ թապերու (パンを食べる。) «Ես հաց պիտի ուտեմ» կամ «Ես հաց կ'ուտեմ» արտայայտութիւնը կը դառնայ Փան օ թապենաի (パンを食べない。) «Ես հաց պիտի չուտեմ» կամ «Ես հաց չեմ ուտեր»։
Այսպէս՝ «-թէ» բայաձեւը կը գործածուի տարբեր նպատակներով՝ կա՛մ ընթացող, կա՛մ կատարեալ կերպի ժամանակներու համաձայնեցման համար բայերը կապակցելու։
- (Ասակոհան օ թապեթէ սուկու տեգաքերու «Ես պիտի ուտեմ նախաճաշս եւ անմիջապէս պիտի երթամ»), թոյլտուութիւն խնդրելու պարագային (տեքաքեթէ-մո իի) «Կրնա՞մ ես երթալ» եւ այլն։
«Տա» (հասարակ), «տեսու» (բարեկիրթ) բառը հանգուցային բայ է։ Անիկա մօտաւորապէս կը համապատասխանէ հայերէն «ըլլալ» բային, սակայն յաճախ կը պատահի նաեւ այլ դերերու մէջ՝ ներառեալ ժամանակ նշող, երբ բայը կը խոնարհուի՝ ընդունելով անցեալի հասարակ «տաթթա» եւ բարեկիրթ «տեշիէայ» ձեւերը։
«Ընել» (սուրու, բարեկիրթ ձեւը՝ շիմասու) բայը յաճախ կը կիրառուի գոյականներէն բայեր ստանալուն համար (րեորի սուրու «թխել», պենքեոյ սուրու «սորվիլ», եւ այլն) եւ շատ կը հանդիպի ժամանակէն ժարկոնային բառեր ստեղծելու ատեն։ Ճափոներէնն ունի նաեւ հսկայական քանակութեան բաղադրեալ բայեր։
- Օրինակ՝ թոպիտասու «դուրս թռչիլ», որ ստացուած է թոպու «թռչիլ, ցատկել» + տասու «դուրս հանել, արձակել» միացութենէ։
Րենտաքու
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ճափոներէնի բառակազմութիւնն ունի առանձնայատկութիւն մը, երբ որոշ պարագաներուն բառարմատի առաջին խուլ բաղաձայնը կը դառնայ զրնգուն, եթէ անկէ առաջ կայ մէկ ուրիշ բառարմատ կամ նախդիր։ Այդ երեւոյթը ճափոներէն կ'ըսուի՝ րենտաքու 連濁, թարգմանաբար՝ հնչեղաւորում։
Րենտաքուն կիրառելու ոչ էեկ որոշակի օրինաչափութիւն կայ։ Բնորոշ օրինակ մըն է ճափոնական քաթաքանա 片仮名 եւ հիրականա 平仮名 այբուբեններու անունները։ Միեւնոյն քա 仮 արմատն առաջին պարագային կը կարդացուի խուլ ք-ով, իսկ երկրորդ դէպքին կը կատարուի րենտաքու եւ ք-ն փոխակերպուելով կը դառնայ զրնգուն կ։
Րենտաքուի օրինակներ՝
- հիթոյ + հիթոյ > հիթոպիթոյ ( «մարդ» + «մարդ» → «մարդիկ»);
- թոքի + թոքի > թոքիտոքի ( «ժամանակ» + «ժամանակ» → «երբեմն»);
- թէ + քամի > թէկամի ( «ձեռք» + «թուղթ» → «նամակ»):
Լայմընի Օրէնք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ամերիկացի լեզուաբան Պենճամին Լայմընի (անգլերէն՝ Benjamin Smith Lyman) անունով կոչուած օրէնքը կ'ըսէ, որ եթէ բաղադրեալ բառի երկրորդ արմատին մէջ արդէն կայ հնչեղ բաղաձայն, ապա անիկա րենտաքուի չ'ենթարկուիր՝
- եամայ + քաճի → եամաքաճի, այլ ոչ եամակաճի («լեռ» + «կրակ» → «անտառի հրդեհ»)
- հիթորի + թապի → հիթորիթապի, այլ ոչ հիթորիտապի ( «մարդ մը» + «ճամբորդութիւն» → «մինակ ճամբորդել»)
Րենտաքուն կը կատարուի այն բառերու 60%-ին մէջ, որոնց մէջ հնարաւոր է ըստ Լայմընի օրէնքի։
Բառակազմութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բառակազմութիւններու ժամանակ կը կիրառուի վերջաւորութիւններ միացնելը՝
- ։ -կաքու -学, գիտութիւններու անուններուն համար՝ կէնկոյ 言語 լեզու-կենկոկաքու 言語学 լեզուաբանութիւն, թիրի 地理 երկրագունդ-թիրիկաքու 地理学 աշխարհագրութիւն;
- ։ -քէյ -計, չափող գործիքներու անուններուն համար՝ քիացու 気圧 մթնոլորտային ճնշում-քիացուքէյ 気圧計 ճնշաչափ;
- ։ -շեոյ, -ճեոյ -所, հաստատութիւններու անուններուն համար՝ սայպան 裁判 դատ-սայպանշեոյ 裁判所 դատարան։
Ճափոնական մշակոյթի արտահանումէն շատ բուն ճափոնական բառեր եւրոպական լեզուներուն մէջ դարձած են սովորական եւ այսօր կը գործածուին նաեւ հայերէնին մէջ՝ քամիքազէ, օրիկամի, սուտոքու, սամուրայ, ցունամի, սուշի եւ այլն։