Օրիկամի
Արտաքին տեսք
Օրիկամին թուղթերը ծալելով խրթին ձեւեր շինելու արուեստն է:
Յառաջացած է «Օրու» բառէն, որ ճափոներէն կը նշանակէ ծալել, եւ` «քամի», որ կրնայ թարգմանուիլ «թուղթ» բառով:
Օրիկամիով կարելի է շինել անասուններ, ծաղիկներ, կերպարներ եւ այլն:
Ծագում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ըստ ենթադրութիւններու, ճափոներէն բառը առնուած է չինարէն «փինեին ժէժի»էն (թուղթ ծալել): Անոր ծագումը շատ հին է: Օրիկամիի արուեստը ծնած է Չինաստանի մէջ, սակայն Ճափոնն է, որ շատ աւելի ճանչցուած է այդ արուեստով, զոր ան զարգացուցած է:
Օրիկամիի արուեստը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Օրիկամին մեծ ժողովրդականութիւն ունի, որովհետեւ առաջին հերթին ան շատ մատչելի է: Օրիկամի մը շինելու համար յատուկ կամ սուղ գործիքներու պէտքը չկայ: Միակ պայմանը թուղթեր ունենալն է: Հետեւաբար ամէն մարդ կրնայ օրիկամի շինել` անկախ տարիքէն, միջոցներէն եւ ընկերային դասակարգէն[1][2]: