Միապետութիւն
Միապետութիւն, պետութեան կառավարման համակարգ է, երբ իշխանութեան գլուխ կանգնած է մէկ անձնաւորութիւն՝ միապետը։ Յաճախ միապետութիւնը ժառանգական [1], հետեւաբար տուեալ պետութեան իշխանութիւնը կը պատկանի մէկ գահատոհմի։ Կը զատորոշուին միապետական եւ սահմանադրական միապետական կարգեր[2]։
Հին եւ Միջնադարեան Հայաստանի մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ըստ Մովսէս Խորենացիի հայոց առաջին միապետը եղած է Հայկեան տոհմէն Պարոյր Սկայորդին։ Հայոց միապետը կրած է արքայ կամ արքայից-արքայ տիտղոսը, զոր շատ պարագաներու եղած է հաւասարազօր հռոմէական կեսարին կամ կայսրին։ Հին Հայաստանի արքայատոհմերն են՝ Հայկազունիները, Երուանդունիները,Արտաշէսեանները, Արշակունիները, իսկ միջնադարեան Հայաստանի մէջ՝ Բագրատունիները եւ Ռուբինեանները,Հեթումեանները,Լուսինեանները (Կիլիկիան Հայաստանի մէջ)։ Բացի այդ, հայոց պատմութեան տարբեր ժամանակաշրջաններուն եղած են նաեւ տեղական թագաւորական տոհմեր, որոնցմէ են Առանշահիկները, Արծրունիները, Սիւնիները, Կիւրիկեանները եւ այլն։
5 - 9 դդ. պետականութեան բացակայութեան պարագային, հայոց միապետի դերի որոշ մասը, իրենց վրայ կը վերցնէին՝ հայոց մարզպանը, հայոց իշխանը, հայոց իշխանաց իշխանը։ Հայոց միապետը (արքան) Հայաստանի միահեծան տիրակալն էր՝ զօրքերու գլխաւոր հրամանատարը։ Ան կը նշանակէր եւ պաշտօնազուրկ կ'ընէր պետական գործակալութիւններու ղեկավարները, քրիստոնէութիւնը ընդունելէն ետք, կը միջամտէր կաթողիկոսի ընտրութիւններուն, կը յայտարարէր պատերազմ, կը կնքէր դաշինք՝ օտար պետութիւններու եւ ցեղերու հետ։ Հայոց միապետի իշխանութիւնը ժառանգական էր, սովորաբար իշխանութիւնը կ'անցնէր հօրմէն աւագ որդիին։ Եթէ չկար արու ժառանգ, ապա գահը կրնար անցնիլ նաեւ տոհմի իգական ներկայացուցիչներուն։
Ուշ միջնադարուն՝ հայոց միապետութեան կորուստէն ետք, միապետի որոշ գործառոյթներ իր վրայ վերցուց հայոց կաթողիկոսը։ Սակայն հայոց միապետի տիտղոսը՝ Հայոց Արքայի տիտղոսը Լուսինեաններէն ժառանգաբար անցաւ Իտալիոյ Սավոյեան արքայատան եւ պահպանուեցաւ մինչեւ մեր օրերը։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Monarch»։ Oxford Dictionaries։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ -ին
- ↑ Stuart Berg Flexure and Lenore Carry Hack, editors, Random House Unabridged Dictionary, 2nd Ed., Random House, New York (1993)