Հրաբուխ
Հրաբուխ, երկրաբանական կառուցուածք՝ երկրակեղեւին ճեղքերուն կամ խողովականման մղանցքներուն վրայ, որմով երկիրին ընդերքը գտնուող մակմայական օճախներէն պարբերաբար կամ անընդհատ կը ժայթքին (կամ ժայթքած են) լաւա, մոխիր, խարամ, այլ ապարներու (հանքերու) բեկորներ, շիկացած կազեր եւ գոլորշի։
Ժայթքում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հրաբուխները կը ժայթքին Երկիրին ընդերքէն, հոն ուր ապարները շատ կը տաքնան եւ կը փոխակերպուին կազերով յագեցած մեծ ճնշման հրահեղուկ զանգուածի մը՝ մակմայի։ Մակման երկիրին խորքէն մեծ ուժով կը ճնշէ երկրակեղեւնի վրայ եւ, համեմատաբար անկայուն տեղամասերուն մէջ զայն ճեղքելով դէպի մակերեւոյթ կ'արտահոսէ։ Դուրս ժայթքած մակման կը սառի, կը կազազրկուի եւ կը վերածուի լաւայի։ Այն ուղին, որմով կը բարձրանայ մակման, կը կոչուի հրաբուխի մղանցք, որ կ'աւարտի ձագարաձեւ տեղամասով մը՝ խառնարանով։ Հրաբուխին խառնարանէն դուրս կը մղուին նաեւ հրաբխային փոշի, մոխիր, քարեր, կազեր, որոնց կուտակումը կը ձեւաւորէ հրաբխային լեռը։
Եթէ հրաբխային լեռը նախքան ժայթքիլը ձիւնածածկ ըլլայ, ապա շիկացած լաւան զանոնք կը հալեցնէ եւ ջուրը մոխիրին հետ խառնուելով, կը յառաջանան հզօր ցեխահոսքեր, որոնք մեծ արագութեամբ կը տարածուին լանջն ի վար։
- Ք.Ե. 79-ին, Վեզուվ (Vesuvius) հրաբուխին ժայթքման հետեւանքով, կործանած են հռոմէական չորս հին քաղաքներ՝ Փոմփէյը, Հերքուլեանումը, Օփլոնթիսը եւ Սթապիան, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ գիւղեր ( Pompeii, Herculaneum, Oplontis, Stabiae)։
- 1883-ին, Ինտոնեզիոյ մէջ Քրաքաթաու (Krakatoa) հրաբուխին ժայթքման հետեւանքով կղզին պայթած է, անոր մեծ մասը վերածուած է քարաբեկորներու ու փոշիի։ Կազափոշիին ամպերը հասած են 80 մ բարձրութեան։ Հրաբուխին զոհ գացած է 36 հազար հոգի:
- 1985-ին, Քոլումպիայի մէջ Նեւատօ Տել Ռուիզ (Nevado del Ruiz) հրաբուխին ժայթքման հետեւանքով, ցեխահոսքը քանի մը վայրկեանուան ընթացքին ոչնչացուցած է քանի մը բնակավայրեր, զոհուած է աւելի քան 25 հազար հոգի։
Բազմազանութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ըստ արտավիժած նիւթերու կուտակումներուն, կ'առանձնանան կեդրոնական եւ ճեղքային հրաբուխներ։ Ըստ կառուցուածքի բնոյթին գործունէութեան յարաբերականութեան, յաճախականութեան, տեւողութեան, արտավիժած նիւթերու կուտակումներուն, կազմին եւ ժայթքման առանձնայատկութիւններուն անոնք կը դասակարգուին՝
- գործող հրաբուխներ (մշտական կամ պարբերական աշխուժ),
- մարած հրաբուխներ (գործած են ոչ վաղ երկրաբանական անցեալին, վերջին երեք միլիոն տարուան ընթացքին),
- հին հրաբուխներ (գործած են վաղ երկրաբանական անցեալին),
- բազմածին հրաբուխներ (բազմաթիւ ընդմիջումներով կը գործեն կամ գործած են երկար ատեն),
- միածին հրաբուխներ (գործած են կարճ ժամանակահատուածի մէջ),
- բարդ հրաբուխներ (քանի մը գագաթներով եւ խառնարաններով),
- մակաբոյծ հրաբուխներ (բազմածին հրաբուխի լանջերուն տեղաբաշխուած միածին հրաբուխներ) եւ այլն։
Գործող հրաբուխներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մշտական կամ պարբերաբար աշխուժ հրաբուխները կը կոչուին գործող հրաբուխներ։ Այժմ երկիրին տարածքին կան աւելի քան 1300 գործող հրաբուխներ, ներառեալ՝ երկրագունդին մեծագոյն եւ յատկապէս ահարկու Աւաչինսքի (Avachinsky) եւ Քլիւչեւսքայա սոփքա (Klyuchevskaya Sopka) հրաբուխները Ռուսիոյ Քամչաթքա թերակղզիին մէջ, Վեզուվը՝ Իտալիոյ մէջ, Հեքլան (Hekla)՝ Իսլանտայի մէջ, Ֆուծիյաման (Fuji)՝ Ճափոնի մէջ, Քրաքաթաու Krakatoa՝ Ինտոնեզիոյ մէջ, Օրիզապան (Pico de Orizaba)՝ Մեքսիքոյ մէջ, Մաունա Լոան (Mauna Loa)՝ Հաուայեան կղզիներուն մէջ եւ այլն։
Գործող հրաբուխներ կան ոչ միայն երկիրին մակերեւոյթին, այլեւ՝ ովկիանոսներու եւ ծովերու յատակին (Submarine volcano)։ Անոնց ժայթքման ընթացքին ովկիանոսին ջուրերը հրաբուխի խառնարանին վրայ կը սկսին ալեկոծիլ, եռալ ու փրփրիլ։ Ստորջրեայ ժայթքումէն յառաջացած նիւթերը կուտակուելով դուրս կու գան ջուրի մակերեւոյթ եւ կը գոյացնեն կղզիներ, օրինակ՝ Քուրիլեան եւ Հաուայեան կղզիները։
Գործող հրաբուխներու տարածման շրջաններու մէջ յաճախ կը հանդիպին պարբերաբար տաք ջուր եւ գոլորշի շատրուանող աղբիւրներ, որոնք «կէյզըրներ» կը կոչուին ։
Չգործող հրաբուխներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այն հրաբուխները, որոնք երկար ատեն չգործելով կը պահպանեն իրենց ձեւն ու կառուցուածքը, կը համարուին «հանգած» հրաբուխներ, որոնցմէ են՝ Էլպրուսը՝ (Mount Elbrus) Ռուսիա, Քազպեքը (Kazbek)՝ Կովկասեան լեռներուն վրայ, Վրաստան, Մեծ ու Փոքր Մասիսները՝ Հայկական լեռնաշխարհ։
Հայկական լեռնաշխարհ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայկական լեռնաշխարհին մէջ կան նշուած բոլոր տեսակներու աւելի քան 1000 հրաբուխ։ Անոնցմէ գործող են Նեմրութ եւ Թոնդրակ բազմածին բարդ հրաբուխները, որոնց խառնարաններուն մէջ կը շարունակուին ծծումբային կազերու եւ տաք գոլորշիի արտավիժումները։ Պայմանականօրէն գործող կը համարուին նաեւ Մասիսը եւ Վայոց սարը։ 189-ին եւ 341-ին Մասիսի եւ Է. դարուն Վայոց սարի գործելուն մասին կան գրաւոր յիշատակութիւններ (Յակոբ Մծբնացի, Ստեփանոս Օրբելեան)։ Բազմածին, կեդրոնական եւ շերտաւոր հրաբուխներ են Մասիսը, Արագածը, Սիփանը, Նեմրութը, Իշխանասարը եւ Արայի լեռը։ Բազմածին ճեղքային հրաբուխ են Ջաւախքի եւ Գեղամայ հրաբխային լեռները։ ՀՀ բազմածին կեդրոնական եւ ճեղքային հրաբուխներու լանջերուն ամէնուր տարածուած են միածին եւ կեդրոնական խարամային հրաբուխներ։ ՀՀ տարածքին կան աւելի քան 500 «հանգած» հրաբուխներ, որոնցմէ ամէնէն մեծը Արագած լեռն է։ Հրաբուխներու ժայթքումը մեծ արհաւիրքներ կը պատճառէ. հրաբոսոր գետը ամէն ինչ կ'այրէ իր ճամբուն վրայ։ Ժայթքման վայրէն հարիւրաւոր քիլոմեթրեր հեռու ալ դեռ օրեր շարունակ գետին կը թափի քամիէն քշուած մոխիրը։
Հետաքրքրական փաստեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Որոշ հրաբուխներ կը ծնին բառացիօրէն մարդոց աչքին առջեւ։ Այդպէս յառաջացած է, օրինակ, Փարիքութեն (Parícutin) հրաբուխը Մեքսիքոյի մէջ։ 20 Փետրուար, 1943-ին եգիպտացորենի դաշտին մէջ գիւղացիները կը տեսնեն ծուխի թանձր քուլաներ, որոնք կը բարձրանային 7 սմ տրամագիծով անցքէ մը։ Օրուան վերջին կը սկսին պայթումները, որոնք գրեթէ առանց ընդհատումներու կը շարունակուին քանի մը ամիս։ Միայն առաջին երեք օրերուն ընթացքին հրաբխային մոխիրէն եւ բեկորներէն կը յառաջանայ 160 մ բարձրութեամբ կոնաձեւ սար մը, որ 1 տարի ետք կը հասնի 430 մ-ի։ Փարիքութենը վերջնականապէս կը հանգի 1952-ին, երբ իր բարձրութիւնը կը հասնի 2800 մ-ի։
|
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։ |