Jump to content

Անտառ

Արեւադարձային անտառ՝ Թասմանիոյ մէջ

Անտառ, երկրագունդին մակերեւոյթին այն մասը, որ ծառերով ծածկուած է։ Ներկայիս անտառները ցամաքի մակերեսին շուրջ 30%-ը (38 միլիոն քմ²) կը ծածկեն (ամբողջ մակերեւոյթին 9.4%-ը)։

Անտառային գօտիին կէսը կը պատկանի արեւադարձային անտառներուն, որոնց մէկ քառորդը տեղակայուած է հիւսիսային կիսագունդին մէջ։

Անտառները մեծ կարեւորութիւն ունին ինչպէս բնութեան, այնպէս ալ մարդուն համար: Անտառները կենսոլորտը կը հարստացնեն թթուածինով, կը բարձրացնեն անոր յարաբերական խոնաւութիւնը, ունին հողապաշտպան, դաշտապաշտպան, ջրապաշտպան եւ կլիմայակարգաւորիչ դեր, ինչպէս նաեւ՝ անասնական եւ բուսական աշխարհներուն բնակավայրերն են:

Անտառը մարդուն կը տրամադրէ՝ փայտ, պտուղներ եւ հատապտուղներ, ունի գեղագիտական, առողջարար, գիտակրթական եւ բազմաթիւ այլ արժէքներ[1]:

Անտառներուն Դասակարգումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Փշոտ անտառ՝ Մատակասկարի մէջ, Իտալիա

Ըստ անտառներուն վայրին, տարիքին եւ տեսակին, գոյութիւն ունին անտառներու քանի մը դասակարգումներ[2]։

Աշխարհագրական դիրքին համաձայն կը տարբերին՝

  1. Թաց արեւադարձային անտառները՝ հասարակածի մշտադալար անտառները, որոնք ունին ֆլօրայի եւ ֆաունայի մեծ տեսականի։ Արեւադարձային անտառներուն կէսէն աւելին արդէն ոչնչացած է։ Դասական օրինակ կրնան ըլլալ Ամազոնի, Հնդկաստանի եւ Քոնկօ գետի աւազանին մացառուտները կամ ճահճուտ ու շատ խիտ անտառները։
  2. Չոր տերեւաթափող արեւադարձային անտառները, որոնք երաշտի ատեն տերեւաթափ կ'ըլլան։
  3. Աւստրալիոյ նուենիի անտառները, որոնք մշտադալար մերձարեւադարձային անտառներ են։
  4. Տերեւաթափող անտառները (լայնատերեւ եւ մանրատերեւ), որոնք գլխաւորաբար կը գտնուին հիւսիսային կիսագունդին մէջ։ Շնորհիւ լոյսի թափանցման՝ ներքին յարկերուն մէջ կեանքը աւելի աշխուժ է։
  5. Տայգա՝ փշատերեւ անտառը, որ ամէնէն տարածուածն է։ Կը ներառէ Սիպերիոյ, Քանատայի, Սկանտինաւիոյ, եւ Ալասքայի անտառներուն 50%-էն աւելին։ Հարաւային Ամերիկայի մէջ, գոյութիւն ունին նաեւ առաուկարիային պուրակներ։ Ֆլօրան ներկայացուած է մշտադալար փշատերեւ անտառներով եւ բոյսերով։
  6. Խառն անտառներu, որոնց մէջ կ'աճին ինչպէս տերեւային, այնպէս ալ փշատերեւ ծառեր։ Տարածուած է գրեթէ ողջ Կեդրոնական եւ Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ։

Շրջակայ Միջավայրին եւ Անտառին Փոխազդեցութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Անտառ Չեռնոկորիոյ մէջ

Անտառը փոխազդեցութիւն կ'ունենայ շրջակայ միջավայրին հետեւեալ բաղադրիչներուն հետ՝

  1. Արեւային ջերմուժ.- Անտառային գոյութեան հիմնական աղբիւրներէն է։ Շնորհիւ արեւի ջերմուժին՝ անտառը կ'իրագործէ ֆոթոսինթեզի գործառոյթը։
  2. Ջրոլորտ.- Անտառը անմիջականօրէն կը մասնակցի բնութեան մէջ ջուրի շրջապտոյտին եւ այդպիսով փոխազդեցութիւն կ'ունենայ ջրոլորտին հետ։
  3. Կենսոլորտ.- Անտառը աշխուժ կերպով կը մասնակցի բնութեան մէջ թթուածինի շրջապտոյտին։ Շնորհիւ անտառին հսկայական ծաւալին՝ մեծ ազդեցութիւն ունի երկիրին կենսոլորտին կազաբաղադրութեան վրայ։
  4. Անասնական աշխարհ.- Անտառը բազմաթիւ անասուններու բնակութեան միջավայրն է։ Անասունները, իրենց հերթին անտառին մէջ, մաքրման դեր կը կատարեն։
  5. Մարդ.- Անտառը մեծ դեր ունի մարդուն առողջութեան եւ կենսագործունէութեան վրայ։ Մարդուն կենսագործունէութիւնը իր հերթին կ'ազդէ անտառին վրայ։
  6. Վիմոլորտ.- Վիմոլորտին վերին շերտերուն կազմութիւնը կապուած է համապատասխան տեղերուն մէջ անտառին աճին հետ։

Անտառին Նշանակութիւնը Մարդուն Կենսագործունէութեան Համար

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Անտառ՝ Լեհաստանի մէջ

Հին ատեն, Ռուսիոյ մէջ կ'ըսէին, թէ «Անտառին մօտ ապրիլ, կը նշանակէ անօթի չըլլալ: Անտառը թագաւորէն հարուստ է։ Անտառը ոչ միայն գայլը, այլեւ մարդը կուշտ կերակրողն է»: Կարելի է առանձնացնել տնտեսական նպատակներով անտառի օգտագործման հետեւեալ հիմնական ուղղութիւնները.

  • Սնունդի աղբիւր (սունկեր, հատապտուղներ, գազաններ, թռչուններ եւ մեղր),
  • Ջերմուժի աղբիւր (փայտ),
  • Արտադրութեան հումք (թուղթի արտադրութիւն),
  • Բնական գործընթացներու կարգաւորիչ (անտառատնկումներ՝ քամիէն հողը պաշտպանելու համար)։

Հետաքրքրական տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Արեւի լոյսին միայն 2 առ հարիւրը կը հասնի մինչեւ վայրի անտառներուն գետինը, ուստի՝ գրեթէ մութ վայրերուն մէջ աճող բոյսերը չեն կրնար ապրիլ պայծառ լոյսին տակ:
  • Աշխարհի տարածքին գործածուած դեղերուն 25 առ հարիւրը կը պարունակէ նիւթեր` առնուած վայրի անտառներու բոյսերէն կամ անասուններէն:
  • Փափուա Նոր Կինէայի վայրի անտառին մէջ կ'ապրի Փաէտոֆրին ամոնենսիս կոչուած գորտ մը, որուն մեծութիւնը 7,7 մմ է:
  • Մարդոց սպառած ուտելիքներուն 80 առ հարիւրը ծագումով վայրի անտառներէն է, ինչպէս՝ պանանը, գետնախնձորը, աւոքատօն, լոլիկը, սեւ պղպեղը, սուրճը եւ շաքարը:
  • Փերուի վայրի անտառէն մէկ ծառի մէջ կարելի է հանդիպիլ մրջիւնի 43 տարբեր տեսակներու:
  • Գիտնականները ցարդ կրցած են խորունկ կերպով ուսումնասիրել վայրի անտառներու բոյսի տեսակներէն միայն մէկ առ հարիւրը:
  • Վայրի անտառին մէջ ամէն տարի կը տեղայ 254 սմ անձրեւ:
  • Ամբողջ տարուան ընթացքին, արեւադարձային վայրի անտառին մէջ, միջին հաշուով, ջերմաստիճանը միշտ 27 աստիճան է:
  • Գիտնականները կ'ենթադրեն, որ արեւադարձային անտառի բոյսերէն եւ անասուններէն 137 տեսակներ կը կորսուին ամէն օր:
  • 2000-2017 թուականներուն միջեւ, երկիր մոլորակը օժտուած է 5 առ հարիւր աւելի կանաչ մակերեսով, որ հաւասար է ամազոնեան անտառին տարածքին: Այս թիւը կարելի եղած է իրականացնել յատկապէս Չինաստանի եւ Հնդկաստանի միջոցով, որոնք մեծ ճիգ կը թափեն իրենց երկիրներուն անտառներուն տարածքները ընդարձակելու համար[3]:
  • Հայաստանի անտառ կազմող հիմնական տեսակներն են` հաճարենին, կաղնին, բոխին եւ սոճին: Կան նաեւ բազմաթիւ հազուագիւտ տեսակներ, որոնք կը ծածկեն սահմանափակ տարածքներ եւ կը համարուին բուսաշխարհին հնագոյն ներկայացուցիչները: Անոնք են՝ կենին, սովորական բաղեղը, թփային յասմիկը, արեւելեան սօսին, սովորական մտրակակոթը եւ այլն:
  • Այսօր անտառատնկումներու ծաւալը երբեմն քանի մը անգամ կը գերազանցէ անոր վերականգնման բնական ծաւալը։
  • Ամազոնի վայրի անտառներուն մէջ կ'ապրին 420 բնիկ ցեղախումբեր: Հետեւաբար, երբ ծառերը այրին, կը փճանայ նաեւ բնակավայրը հոն ապրող հազարաւոր կենդանի էակներուն, ըլլան անոնք մարդ արարածներ կամ անասուններ[4]: Ասիկա մեծ մտահոգութիւն կը պատճառէ նաեւ ամբողջ մոլորակին համար, որովհետեւ ամազոնեան անտառը կենսական դեր ունի կենսոլորտին մէջ: Անիկա աշխարհի ամէնէն մեծ արեւադարձային անտառն է, եւ շնորհիւ ֆոթոսենթեզին` անիկա կ'արտադրէ աշխարհի թթուածինէն մեծ բաժին մը: Այս պատճառով է, որ անիկա կոչուած է «Մոլորակին թոքը»: Ամազոնեան անտառը կ'օգնէ նաեւ նուազեցնելու կլիմային տաքնալու երեւոյթը`մթնոլորտը զովացնող գոլորշի արտադրելով:

Անտառներուն Տեսակները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Սոճիներու անտառ՝ Զուիցերիոյ մէջ
  • Բարեխառն գօտիին ասեղնատերեւ անտառները կը տարածուին Եւրասիոյ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի բարեխառն շրջաններուն մէջ՝ Տունդրայէն հարաւ, ուր ջերմաստիճանը ցած է: Կը տարածուին ասեղնատերեւ անտառները, ուր ծառերու ու թուփերու տերեւները կը նմանին ասեղներու (ունի պաշտպանիչ նշանակութիւն) եւ ծածկուած են լաւ զարգացած մեքենագիտական հիւսուածքով. անոնք կը նպաստեն բոյսերուն կենսագործունէութեան՝ աճին, խոնաւութեան լրիւ իւրացման, իսկ ձմրան ծառերը կը պահպանեն չորնալէ։ Մութ ասեղնատերեւ անտառներուն մէջ կը գերիշխեն ստուերասէր ծառատեսակները (եղեւինն ու սիպերիական սոճին), լուսաւոր ասեղնատերեւ անտառներուն մէջ՝ լուսասէր կուենին եւ սոճին։

Մութ ասեղնատերեւ անտառները սովորաբար ունին 2-3 շարք։ Առաջին շարքը ծառային է, երկրորդը՝ խոտային, երրորդը՝ մամռային։ Թուփերը ցանցառ են եւ ինքնուրոյն շարք մը չեն կազմեր։ Անտառին թոյլ լուսաւորութեան պատճառով, բազմաթիւ բոյսեր կորսնցուցած են քլորոֆիլը։ Լուսաւոր ասեղնատերեւ անտառներուն ծառերը աւելի նօսր դասաւորուած են, ստորին շարքերուն մէջ, լոյսին համեմատական ուժգնութիւնը կը նպաստէ թփուտային շարքին զարգացման։

Ասեղնատերեւ անտառներուն մէջ, անողնաշար անասուններուն գերակշռող մասը, որոշ կաթնասուններ, երկակենցաղներ եւ սողուններ խստաշունչ ձմրան ընթացքին կ'անշարժանան։ Կարգ մը անասուններու բնորոշ են եղանակային գաղթերը։ Ասեղնատերեւ անտառներուն մէջ, ամբողջ տարին կը գտնուի անհրաժեշտ քանակութեամբ թարմ եւ մատչելի կեր։

  • Բարեխառն գօտիին խառն եւ լայնատերեւ անտառները կը տարածուին Արեւմտեան Եւրոպայի բարեխառն տարածութիւններուն մէջ, Ռուսիոյ եւրոպական մասին՝ միջին եւ հարաւային շրջաններուն մէջ, Ղրիմի, Կովկասի, Ասիոյ ներքին ցամաքային շրջաններուն, Հեռաւոր Արեւելքի, Սախալինի, Գամչատկայի, Արեւելեան Չինաստանի, Հիւսիսային Ճափոնի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մերձատլանտեան նահանգներուն մէջ։ Այս անտառները բնորոշ են բարեխառն գօտիին տաք եւ խոնաւ կլիմայով շրջաններուն, ուր զարգացած է փարթամ բուսականութիւն մը։ Լայնատերեւ անտառները տերեւածածկ են միայն ամրան՝ աճման բարենպաստ ամիսներուն, իսկ աշնան, նուազ ջերմաստիճանին հետեւանքով կը տերեւաթափին, իսկ ձմրան կը մերկանան։ Լայնատերեւ ծառատեսակներ են հաճարենին, կաղնին, շագանակենին, լորենին, ընկուզենին եւ այլն։ Այս անտառներուն մէջ կարելի է հանդիպիլ նաեւ մանրատերեւ ծառերու՝ ցարասիի եւ կաղամախիի։

Լայնատերեւ ծառերը աչքի կ'իյնան լայն տերեւաթիթեղիկներով, տերեւները ունին վառ կանաչ գոյն, զուրկ են մազածածկէ։ Ծառերուն բուներն ու ճիւղերը ծածկուած են հաստ կեղեւով, իսկ բողբոջները՝ ամուր իրարու վրայ նստած են թեփուկներով։ Այս առանձնայատկութիւնները ձմրան կը նուազեցնեն գոլորշիացման ուժգնութիւնը։ Ի տարբերութիւն փշատերեւներուն՝ լայնատերեւ անտառները աչքի կ'իյնան խիտ (2 ծառային, 2 թփուտային եւ քանի մը խոտային) շարքերով, հարուստ ենթանտառով եւ խոտածածկոյթով։ Լայնատերեւ անտառներուն անասնական աշխարհը հարուստ է եւ բազմազան։

  • Մերձարեւադարձային չոր անտառները կը տարածուին միջերկրածովային կլիմայով շրջաններուն մէջ՝ Միջերկրական ծովուն ափերուն, Ղրիմի թերակղզիին հարաւը, Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ՝ Քալիֆորնիոյ թերակղզիին մէջ, Աւստրալիոյ հարաւ արեւմտեան շրջաններուն մէջ, Ափրիկէի հարաւային մասին՝ Կարպի մարզին մէջ։ Այս շրջանին, ամառը տաք է եւ չոր, իսկ ձմեռը՝ տաք։ Կը զարգանան կոշտատերեւ անտառները։ Տերեւները կոշտ են, կաշեկերպ։ Կան այնպիսի բուսատեսակներ, որոնց տերեւները յետաճած են, եւ ֆոթոսինթեզը կը կատարուի կանաչ ցօղուններու միջոցով։ Որոշ բոյսեր ամբողջ տարուան ընթացքին կը շարունակեն իրենց աճը եւ մշտադալար են։ Այս անտառները կազմուած են 2, երբեմն՝ 1 ծառային, 1 թփուտային եւ խոտային շարքերէ։
  • Մերձարեւադարձային խոնաւ անտառները կը տարածուին գօտիին, աւելի խոնաւ շրջաններուն մէջ՝ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ, (հարաւային մերձափնեայ շրջաններուն եւ Ֆլորիտայի մէջ), Ճափոնի, Նոր Զելանտայի, Հիմալաեաններու հարաւային լանջերուն եւ Այսրկովկասի մէջ։ Գլխաւորաբար՝ կազմուած են երկբլթակ բոյսերէ, երբեմն կարելի է հանդիպիլ նաեւ ասեղնատերեւ ծառերու։ Ծառերուն տերեւները օժտուած են մեծ տերեւներով, կը փայլին, կաշեկերպ են եւ ձուաձեւ, ունին վառ կանաչ գոյն եւ մեծ միջբջիջային տարածութիւններ։ Արեւին ճառագայթներուն նկատմամբ միշտ ուղղահայեաց կը դասաւորուին։

Այս անտառներուն բարենպաստ պայմանները՝ մեղմ ձմեռները, տաք հողերը, սնունդի բարձր արժէք ունեցող սերմերու ու պտուղներու առատութիւնը, նպաստած են հողին եւ անտառային թաղիքին մէջ, բնակող անողնաշարներու, ինչպէս նաեւ՝ բուսակեր անասուններու բազմազանութեան։

  • Արեւադարձային փշոտ չոր նօսրանտառները բնորոշ են մերձհասարակած գօտիին։ Կը տարածուին Ափրիկէի, Հարաւային Ամերիկայի եւ Աւստրալիոյ մէջ. կազմուած են ցած ծառերէ եւ թուփերէն, որոնք չոր ժամանակաշրջանին կը տերեւաթափին։ Կան նաեւ մշտադալար տեսակներ։ Հոս ծառերը եւ թուփերը նօսր դասաւորուած են, ունին ծուռ ու մուռ բուն։ Երբեմն կը գտնուին շշաձեւ ծառեր, որոնք ունին հաստ բուն, ուր ջուր կը պաշարեն։ Այս անտառներուն բնորոշ է փշոտ, ամուր բնափայտ ունեցող ծառերու առատութիւնը, որուն համար զանոնք յաճախ կ'անուանեն կացնակոտրուկ։

Չոր ժամանակաշրջանին, նօսր անտառներու անասուններուն գերակշռող մեծամասնութիւնը չի բազմանար. անողնաշարներն ու երկակենցաղները կը ձմեռեն իրենց թաքստոցներուն մէջ, կարգ մը անասուններ պաշար կը հաւաքեն կլիմայական անբարենպաստ ժամանակաշրջանին համար, իսկ ուրիշներ ալ կը մնան ոչ մեծ տարածքներու մէջ, ուր առկայ են իրենց գոյութեան համար բարենպաստ պայմաններ։

Նօսր անտառները աւելի խոնաւ շրջաններու մէջ, կը փոխարինուին արեւադարձային տերեւաթափ անտառներով։ Չոր ժամանակաշրջանին, սովորաբար կը տերեւաթափին միայն վերին շարքի ծառերը, երկրորդ շարքինները մշտադալար են։ Այս անտառներուն մէջ, կը գերակշռեն փոքր ծառերը։ Առատ տեղումներով շրջաններուն մէջ, կը տարածուին արեւադարձային կիսամշտադալար անտառները, ուր թփուտային շարքը կը բացակայի։ Այս անտառները կը տարածուին Հարաւ արեւելեան Ասիոյ մէջ, Հնդկաստանի, Հնդկաչինի, Հարաւային Ամերիկայի, Ափրիկէի մէջ։

  • Խոնաւ մշտադալար արեւադարձային «անձրեւային» անտառը բուսականութեան ուրոյն տիպ է, որուն գոյութիւնը կապուած է աւելի բարենպաստ բնակլիմայական պայմաններու հետ։ Անոնք կը տարածուին տաք եւ խոնաւ շրջաններու մէջ, ուր այս երկու գործօնները տարուան ընթացքին հաւասարաչափ կը բաշխուին։ Այս անտառները անընդհատ գօտի չեն կազմեր, որովհետեւ անտառներով զբաղած հարթավայրերը կ'ընդհատին բարձրաւանդակներով եւ լեռներով։ Խոնաւ արեւադարձային անտառները կը տարածուին Հարաւային Ամերիկայի մէջ՝ Ամազոն գետի աւազանին, Կեդրոնական Ամերիկայի արեւելեան ափերուն, Ափրիկէի՝ Գոնկօ գետի աւազանին եւ Գվինէական ծոցին մերձափնեայ շրջաններուն մէջ, Հարաւ արեւելեան Ասիոյ, Ֆիլիպպինեան կղզիներուն հարաւային մասերուն, Սրի Լանգայի հարաւ արեւմտեան մասին եւ Մալակա թերակղզիին մէջ։

Խոնաւ արեւադարձային անտառներուն ծառերը եւ թուփերը աչքի կը զարնեն իրենց իւրայատուկ տերեւներով։ Անոնք մեծ են, կոշտ, կաշեկերպ եւ կը պարունակեն մեծ քանակութեամբ կայծքարահող, նուենի: Տերեւին վերին մակերեսը հարթ է եւ փայլուն, իսկ ստորինը՝ երբեմն թաւոտ։ Փայլուն մակերեսը ունի պաշտպանողական դեր. կ'անդրադարձնէ արեւին ճառագայթները եւ կը նպաստէ տերեւներու վրայէն անձրեւի կաթիլներուն արագ արտահոսքին։

Խոնաւ արեւադարձային անտառները հարուստ են ծառերու բուներու վրայ բնակող բոյսերով՝ եւ աչքի կը զարնեն անասուններու բազմազանութեամբ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Կարդացէ՛ք «անտառ» բառի բացատրութիւնը Հայերէն Ուիքիբառարանին մէջ։