Jump to content

Սոճի

Սոճի, շամի (լատ.՝ Pínus), սոճազգիներու ընտանիքին պատկանող մշտադալար ասեղնատերեւ ծառ, հազուադէպ՝ թուփ։

1,5-5 մ, երբեմն՝ մինչեւ 75 մ բարձրութեամբ ուղղաձիգ խոր հզօր առանցքային արմատային համակարգով, կողմնային ճիւղաւորումներով, լուսասէր բոյս է։ Մատղաշ սոճիին սաղարթը կոնաձեւ է, հասունինը՝ կլորաւուն կամ հովանոցաձեւ։ Բարակ շերտով անջատուող կեղեւը գորշ է կամ կարմրաթուխ։ 2-5-ական փունջերով, եռանիստ, կլորաւուն, կանաչ կամ կապտագորշ, երկու եւ աւելի տարի պահպանուող տերեւները ասեղնաձեւ են։ Կոներու երկարութիւնը 3-10 սմ է, տրամագիծը՝ 2,5-8 սմ։ Կ'աճին զառիթափ լանջերուն, բայց կրնայ աճիլ նաեւ ճահճուտներու մէջ[1][2]։

Տարածուած է սոճիի շուրջ 100 տեսակ՝ տարածուած Եւրասիոյ, Հիւսիսային Ամերիկայի անտառային գօտիին, հազուադէպ՝ Հիւսիսային կիսագունդին արեւադարձային գօտիի լեռներուն մէջ։ ՀՀ հիւսիսային շրջաններուն մէջ (1000-1850 մ բարձրութիւններու մէջ) կ'աճի 1 վայրի տեսակ՝ Կոխի սոճին։ Բուսաբանական այգիներուն մէջ տարածուած է շուրջ 13 տեսակ՝ Ղրիմի, սովորական եւ այլն։

Բուժական նպատակներով կ'օգտագործուին երիտասարդ ասեղնատերեւները, բողբոջները, խեժն ու երիտասարդ կոները։ Խեժէն կը ստանան կուպր, որ տարբեր քսուքներու կազմին մէջ կը կիրարկեն ռոմաթիզմի, յօդատապի, թոքերու բորբոքումներու, որոշ վէրքերու եւ մաշկային հիւանդութիւններու բուժման համար։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Սոճի
  2. Սոճիներու նկարագրութիւն