Jump to content

Նոր Տարի

Ամանորեայ զարդարանքներ

Ամանոր (Կաղանդ կամ Նոր Տարի), Ամանոր կը կոչուի նոր տարուան առաջին օրը, կը կոչուի նաեւ Կաղանդ կամ Նոր Տարի։ Ամանորը հին ժամանակ պտուղներուն պահապան, տարին նորոգող, պտղաբերութիւն պարգեւող աստուածն էր։

Այժմ Ամանորի երեկոն ուրախութեան եւ խրախճանքի օր է։ Նոր Տարուան նախընթաց գիշերը մրգեղէններով եւ այլազան տեսակի ուտելիքներով սեղան կը պատրաստուի, եւ ընտանիքի բոլոր անդամներն ու հարազատները ուրախութեամբ կը դիմաւորեն Նոր Տարին, նուէրներ կը փոխանակեն իրարու եւ բարեմաղթութիւններ կը կատարեն։

Նոր Տարին յատկանշական է նաեւ իր տօնածառով։ Ժամանակին ծառը կը կտրէին, տուն կը բերէին եւ կը զարդարէին փայլուն խաղալիքներով եւ մանր մոմերով։ Այժմ արուեստական ծառ կ՚օգտագործուի։

Նոր Տարուան սովորութիւն է նաեւ «Կաղանդ Պապան» կամ «Ձմեռ Պապին», որ Կաղանդի գիշեր կու գայ եւ երեխաներուն նուէրներ բաժնելով կ՚ուրախացնէ զանոնք։

Պայթուցիկ նիւթեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Հրավառութիւն

Ամանորի տօնակատարութիւններուն յաճախ կ՚օգտագործեն տարբեր տեսակի պայթուցիկներ եւ ուղղակի կրակ արձակող նիւթեր՝ հրավառութիւններ, հրթիռներ, հռոմէական մոմեր եւ այլն։

Այսօր աշխարհի տարբեր երկրներու մայրաքաղաքները եւ, նոյնիսկ, որոշ երկրներ միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսեն Ամանորին հրարուեստի ցուցադրութեան համար։