Առասպել

Առասպել (անգլերէն՝ Myth, յունարէն՝ μύθος - խօսք, ասք, աւանդութիւն), ժողովրդական բանահիւսութեան վիպերգական ժանրերէն մին, որուն մէջ գերբնական ու չափազանցուած ձեւով արտացոլուած են հնագոյն ժողովուրդներու կեանքի կարեւորագոյն դէպքերը, աշխարհի վերաբերեալ մարդոց պատկերացումներն ու ընկալումները։ Առասպելներու հիմքինմէջ, հիմնականօրէն, ընկած են տուեալ ցեղի, ժողովուրդի կեանքին մէջ տեղի ունեցած իրական դէպքերը, սակայն բնութեան դէմ՝ դեռեւս անզօր, մարդն իր սնոտիապաշտ մտածողութեամբ երեւոյթները բացատրած է, որպէս՝ աստուածներու եւ ոգիներուի գերբնական ոյժի արտայայտութիւն։ Այդ պատճառով ալ իրական հիմք ունեցող դէպքերու ու հերոսներու պատմութիւնն ի սկզբանէ ընդունած է չափազանցուած եւ գերբնական բնոյթ։ Չնայած անոր, առասպելները կ՛օգնեն որոշակի պատկերացում կազմելու հնագոյն ժողովուրդներու, յատկապէս՝ նախագրային շրջանի պատմութեան վերաբերեալ։ Աշխարհի տարածքին մեծ ճանաչում ունին Անթէի, Պրոմեթեւսի, Հերակլեսի, Իկարի մասին եւ այլ հին յունական առասպելներ, որոնց մէջ բանաստեղծօրէն կ'արտայայտուին հին յոյներու աշխարհըմբռնումն ու գեղարուեստական մտածողութիւնը։ Մովսէս Խորենացիի «Հայոց պատմութեան» շնորհիւ պահպանուած եւ մեզ հասած են հայ ժողովուրդի ստեղծած՝ «Հայկ Եւ Բել», «Արա Գեղեցիկ Եւ Շամիրամ», «Վահագնի Ծնունդը», «Տորք Անգեղ» առասպելները։ Առասպելներէն շատերը յետագային ենթարկուած են գրական մշակման (օրինակ՝ Էսքիլեսի «Շղթայուած Պրոմեթեւսը», Սոֆոկլեսի «Էդիպ Արքան» յունական գրականութեան մէջ, Նայիրի Զարեանի «Արա Գեղեցիկը», Ղազարոս Աղայեանի «Տորք Անգեղը», Յովհաննէս Յովհաննիսեանի «Վահագնի Ծնունդը», «Արտավազդը» հայ գրականութեան մեջ եւ այլն)։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Էդ. Ջրբաշեան, Հ. Մախչանեան, «Գրականագիտական Բառարան», 1980, էջ 26