Սիրտ

Սիրտի զարկերու պատկերացում

Սիրտը (լատ.` cor, յուն.` καρδιά, kardia) մկաններու ամբողջութիւն մըն է: Անոր կծկումները առիթ կու տան քաշելու արիւնը եւ զայն շրջելու մարմինին մէջ: Այս ձեւով սիրտը կը քաշէ իր թթուածինէն պարպուած արիւնը եւ զայն դէպի թոքեր կ'ուղարկէ, որպէսզի անիկա դարձեալ լեցուի թթուածինով: Ապա, արիւնը դարձեալ կ'երթայ դէպի սիրտ` հոնկէ դարձեալ դէպի մարմին ուղարկուելու համար: Սիրտին կծկումները տրոփումներն են:

Մարդկային սիրտը կը սկսի կազմուիլ մարմինին կազմուելուն 16-րդ օրը: Մօտաւորապէս մէկ շաբաթ ետք առաջին տրոփումները կը սկսին: Անշուշտ այս փուլին մարմինը տակաւին ամբողջովին չէ կազմուած:

Անօթներուն փակ համակարգի արեան անընդհատ շարժումը կը կոչուի արեան շրջանառութիւն։ Վերջինւ կազմուած է սիրտէն եւ արիւնատար անօթներէն։ Անոր հիմնական դերն է մարմնին մէջ արեան մատակարարման եւ աշխատանքի իրականացման։

Սիրտը արեան շրջանառութեան կեդրոնական գործարանն է, որ արիւնը կը մղէ անօթներուն, կ'ապահովէ անոր շարժումը եւ վերադարձը դէպի սիրտ։ Սիրտը երբ դադրի աշխատիլ, մարդը պիտի մեռնի, որովհետեւ կ'ընդհատուի դէպի գործարաններն ու հիւսուածքները թթուածինի ու սնունդի մատակարարումը եւ ոչ պիտանի նիւթերու հեռացումը:[1],[2] [3]

Սիրտին կառոյցը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սիրտը կը գտնուի մարմնին կուրծքին մէջ։ Ան կոնաձեւ, մկանային գործարան է, որուն մեծ մասը կը գտնուի կրծքավանդակի ձախ կողմը։ Սրտի մեծութիւնը մօտաւորապէս տուեալ անձին բռունցքին չափ է։ Չափահաս մարդու սրտի ծանրութիւնը 250-300 քիլօ է։ Ան կը պարունակէ քիչ քանակով հեղուկ, որ կը խոնաւցնէ սիրտին մակերեսը եւ կծկման ժամանակ կը փոքրացնէ շփումը:

Մարդուն սիրտը

Մարդու սիրտը քառախորշ է։ Ան միջամատի չաբով բաժնուած է իրարու հետ չհաղորդակցող աջ եւ ձախ կէսերու։ Իւրաքանչիւր կէս իր հերթին կազմուած է իրարու հետ հաղորդակցող 2 խոռոչներով՝ նախասրտէն եւ փորոքէն։ Փորոքներու մկանային պատը նախասրտերու համեմատութեամբ զգալիօրէն հաստ է, հատկապէս ձախ փորոքի մկանապատը, քանի որ ան մեծ աշխատանք կը կատարէ։ Նախասրտերուն եւ փողոքներուն միջեւ կան անցքեր, որոնց եզրերուն կը գտնուին փեղկաւոր փականներ։ Ատոնք ջլային թելերով ամրացուած են փորոքներու պատերուն պտկաձեւ մկաններուն։ Սրտի աջ նախասիրտին եւ աջ փորոքի սահմաններուն կը գտնուին եռափեղկ փականներ (կազմուած 3 փեղկերէ), իսկ ձախ նախասիրտին ու ձախ փորոքի բացուածքի սահմաններուն՝ երկփեղկ փականները։ Սրտէն դուրս եկող թոքային զարկերակին կան կիսալուսնաձեւ փականներ։ Իւրաքանչիւր կիսալուսնաձեւ փական կազմուած է երեք թերթերէ, որոնք գրպաններու տեսք ունին։ Գրպաններու ազատ եզրերն ուղղուած են դէպի անօթներու լուսանցքը։ Եռափեղկ եւ երկփեղկ փականները կը խոչընդոտեն արեան ետդարձ շարժումը ՝փորոքներէն նախասիրտ։ Առոտային կիսալուսնաձեւ փականներէն վեր դուրս կու գան սիրտին սնունդ տուող պսակաձեւ 2 զարկերակներ։[3]

Սիրտին գործունէութեան ուսումնասիրական ձեւեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սիրտին մակերեսի մաշկերը

Սրտամկանի թրթռումը ու կծկումը կ'ուղեկցին ձայնով, մեքենական եւ ելեկտրական երեւոյթներով, որոնց արձանագրումը կ'օգտագործուի դարմանատան մէջ։ Ան ախտորոշիչ նշանակութիւն ունի եւ հնարաւորութիւն կու տայ սիրտի գործունէութեան խանգարումներու արանձնայատկութիւններուն մէջ։

Կծկուած սիրտին դիրքը որոշակիօրէն կախեալ է կրծքավանդակէն։ Ան կը դառնայ ամուր, կարծր եւ որոշ չափով կը թեքի իր շուրջը՝ ձախէն աջ եւ կը հարուածէ կրծքավանդակը։ Հինգերորդ միջկողային տարածութեան մէջ, 1 սմ ձախ ան կը փոխուի եւ կը կոչուի սրտային հրոց: Անոր արձանագրումը կը կոչուի գագաթնասրտագրութիւն:

Սիրտի կծկման իւրաքանչիւր փուլը կ'ուղեկցուի նաեւ հնչիւններով։ Անոնց յառաջացումը կապուած է փեղկաւոր փականներու, միաժամանակ անոնց ամրացուած ջլային թելերու թրթռացումներու, կիսալուսնաձեւ փականներու փակման եւ արոտայի ու թոքային զարկերակի պատերուն տատանումներուն հետ։ Փականներու ախտահարումներու՝ սիրտի արատներու պարագային կը յառաջանան աղմուկներ, որոնք կարելի է արձանագրել յատուկ ձայնասրտագրիչներու միջոցով:

Սիրտի գործունէութեան հետեւանքով կը յառաջանան թոյլ կենսաելեքտրական ազդակներ։ Քանի որ մարմինը օժտուած է բարձր ելեկտրահաղորդելիութեամբ ։[1][2]

Փոքրերու Սիրտին Արագ Տրոփումները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բազկերակը քննելու ատեն մարդիկ կը հաշուեն, թէ սիրտը քանի՛ անգամ կը զարնէ մէկ վայրկեանի մէջ: Բազկերակը կարելի է զգալ տարբեր կէտերու վրայ` դաստակին վրայ, վիզին ձախ կողմը յատուկ կէտի մը վրայ:

Որքան մարդ մը տարիքով փոքր է, այնքան անոր սիրտին զարկերուն կշռոյթը արագ կ'ըլլայ: Մարդիկ կ'անդրադառնան, թէ շատ մեծ տարբերութիւն կայ նորածինի մը, երեխայի մը եւ չափահասի մը բազկերակին կշռոյթին միջեւ:

Առողջ չափահասի մը սիրտը կը զարնէ վայրկեանին մէջ 60-80 անգամ: Մինչ նորածինինը 130-140 է- իսկ երեխայինը` 90-110:

Սակայն ճիգ թափելու պարագային սրտին զարկերը կ'արագանան:

Բազմաթիւ Թշնամիներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սիրտը ունի բազմաթիւ թշնամիներ, որոնք զայն վտանգի տակ կը դնեն: Սիրտը եւ երակները վնասող հիւանդութիւններու պատճառներէն են նաեւ առօրեայ ապրելակերպի մօտեցումները, շատ աղի կամ շատ շաքարոտ ուտելիքները, շատ իւղոտ ուտելիքներ ուտելը, ծխախոտը, ոգելից ըմպելիները, սթրեսը, անշարժութիւնը…

Այս հիւանդութիւններուն դէմ պայքարելու ամէնէն լաւ միջոցներն են շարժիլը եւ հաւասարակշռուած, սննդարար կերպով ուտելը[4]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]