Jump to content

Սերոբ Աղբիւր

Սերոբ Աղբիւր
Ծննդեան անուն Սերոբ Վարդանեան
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Աղբիւր Սերոբ
Ծնած է 1864[1]
Ծննդավայր Սղարդ, Օսմանեան Կայսրութիւն[1]
Մահացած է 24 Հոկտեմբեր (5 Նոյեմբեր) 1899[2]
Մահուան վայր Կելիէկիւզան, Օսմանեան Կայսրութիւն[1]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Արևմտյան Հայաստանը Օսմանյան կայսրության կազմում?[1]
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Մասնագիտութիւն ապստամբ, ֆետայի
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն[2]
Ամուսին Սոսէ Մայրիկ[1]

Սերոբ Աղբիւր (իսկական անունը՝ Սերոբ Վարդանեան, 1864, Սոխորդ, Ախլաթ - 1 Նոյեմբեր 1899), հայ ազգային ազատագրական շարժման հերոս, ֆետայի։

Սերոբ Աղբիւր Տարօնի ԱԱխլաթ գաւառի Սոխորդ գիւղէն էր։ Կրտսերն էր չորս եղբայրներու: Մեծ եղբայրը՝ Մխօ գիւղապետն էր։ Սոխորդի մէջ ուսման հնարաւորութիւն չըլլալուն պատճառով, Սերոբ իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցուց է ձիավարութեամբ եւ որսորդութեամբ՝ Նեմրութ լերան լանջերուն թէ բարձունքներուն:

Սերոբի կազմաւորման մէջ բախտորոշ դեր ունեցած է իր Առաքել հօրեղբայրը: Առաքել երկար տարիներ Պոլիս ապրելէ եւ ուսանելէ ետք՝ 1885-ին, Սոխորդ վերադարձած էր։ 21-ամեայ Սերոբը փարած իր հօրեղբօր բերած գաղափարներուն կը սորվի գրել-կարդալ ու ինքնազարգացման ճամբով կը բացուի հայ հոգեմտաւոր ժառանգութեան: Այս բորոլը դրական դեր ունեցան Ախլաթի հայութեան կեանքէն ներս (առաւելաբար քիւրտերով եւ չերքէզներով շրջապատուած, բայց իր 35 գիւղերով զուտ հայաբնակ շրջան էր Ախլաթը):

Կանուխ տարիքէն բախում ունեցած է քիւրտերու հետ, սպաննելով անոնցմէ մէկը ու անցած արտասահման: Հրայր Դժոխքին Ռումանիոյ մէջ հանդիպելէ ետք, որոշած է վերադառնալ Արեւմտեան Հայաստան եւ զբաղիլ իր հայրենիքի պաշտպանութեամբ: Հայաստան մտնելու պահուն հանդիպած է թշնամիին ջոկատին եւ յաջողած է իր խումբով ետ մղել զանոնք:

Սերոբ աչքի ինկած է իր հայրենի Սոխորդ գիւղի պաշտպանութեան ատեն, որմէ ետք Բաբշէնի ինքնապաշտպանութեան ատեն: Սերոբի ջոկատը գործակցած է Թուրքիոյ այլ շրջաններէն Ախլաթ եկած քրտական եւ թրքական բանակներուն հետ, որոնք ծանօթ չէին տարածաշրջանին: Այդ հանգամանքը օգտագործելով, Սերոբ աշխատած է առիթ չտալ թշնամիներուն, որ տեղացի քիւրտեր գտնեն՝ իրենց ցուցմունքներ տալու համար:

Շնորհիւ Սերոբի, Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, ամէնէն քիչ ջարդերը տեղի ունեցած են Ախլաթ գաւառին մէջ, որու համար ալ ժողովուրդը անոր կու տայ Աղբիւր անունը: Իր կատարած քաջագործութիւններուն համար կոչուած է նաեւ «Նեմրութի հսկայ» կամ «Նեմրութի ասլան» (Տարօնի Առիւծ)[3]:

Բաբշէնի մարտերէն ետք, Սերոբ Աղբիւրի համար թուրքերը մեծ գլխագին խոստացած են եւ սկսած են յարձակիլ անմեղ գիւղացիներու վրայ։ Այդ պատճառով ալ, Սերոբ իր ընտանիքին հետ կ՛անցնի Սասուն եւ կը գլխաւորէ այնպիսի ֆետայիներ, որոնցմէ էին Անդրանիկ Օզանեանն ու Գէորգ Չաւուշը:

Երիտասարդութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սերոբ ամուսնացած է 17 տարեկանին՝ Սօսէ Մայրիկին հետ: Սօսէն այդ ժամանակ 13 տարեկան էր։ Ամուսնութիւնը երբեք չի խոչընդոտեր անոր անսանձ, ըմբոստ խառնուածքը՝ ժամանակի զգալի մասը կ'անցընէ Նեմրութի լանջերուն, մանաւանդ որ կինը՝ Սօսէն, նոյնպէս իր ըմբոստ բնաւորութեամբ, համերաշխ զոյգ մը կը կազմէին:

Արտասահմանի մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թրքական իշխանութիւններու դատաստանէն խուսափելու համար, 1891-ին, Սերոբ գաղտնի կ'ուղարկեն Պոլիս: Քանի մը ամիս Պոլսոյ մէջ անցընելէ ետք, Սերոբ կը տեղափոխուի Ռումանիոյ Սուլինա քաղաքը, ուր բնակութիւն հաստատած էին Հայաստանի տարբեր շրջաններէն տարագրուած պանդուխտ հայեր: Հայրենակիցներու օգնութեամբ Սուլինիոյ մէջ կը բանայ փոքրիկ սրճարան մը, որ կը դառնայ պանդխտութեան գիրկն ինկած տեղի հայութեան մշտական հաւաքատեղին: Սերոբի ապագայ գործունէութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն կը գործէ Հրայր Դժոխքը, որ այդ օրերուն կը գտնուէր Սուլինա քաղաքին մէջ։ Հրայրի կոչը նոր ուժով կը բորբոքեցնէ դեռ պատանեկան տարիներուն ազատագրական պայքարի գաղափարներու հաղորդակից Սերոբը:

1893-ի վերջին, հայրենիք մեկնելու հաստատ վճռականութեամբ, Սերոբ կը ձգէ Սուլինան եւ կը մեկնի Պաթում, ապա՝ Թիֆլիս: Թիֆլիսի մէջ կը ծանօթանայ Քրիստափորին եւ Ռոստոմին, որոնց խորհուրդով եւ օգնութեամբ, 1894-ի սկզբներուն, երեք ընկերներով կը վերադառնայ հայրենի Ախլաթ:

Իմանալով Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի կազմակերպած հայերու կոտորածներուն մասին՝ 1895-ին, բաղկացած 27 հոգինոց խումբով մը, Ախլաթի մէջ կը կազմակերպէ գաւառի հայկական գիւղերու ինքնապաշտպանութիւնը: Անոր հայդուկախումբին մէջ մարտնչած են բազմաթիւ ֆետայիներ (Պիթլիսցի Մուշեղը, Բալաբեխ Կարապետը եւ ուրիշներ), որոնք յետագային դարձած են ջոկատներու հրամանատարներ: Որոշ ժամանակով անոր խումբի անդամ եղած է նաեւ Անդրանիկը: 1896-ին, Սերոբ կազմակերպած է ինքնապաշտպանական նոր խումբեր եւ զէնք հայթայթած՝ Կովկասէն: 1897-ին, կռուած է Թեղուտի (Պիթլիսի նահանգ) եւ Սոխորդի մէջ:

Սերոբ Աղբիւրի սուսերը Ֆետայական շարժման «Զօրավար Անդրանիկ» թանգարան

Ախլաթի շրջանի ժողովուրդը ինքնապաշտպանութեան կոչելով ՝ Սերոբ կ'ըսէր.

Տղաք, առանց հացի մնացէ՛ք, առանց զէնքի մի՛ մնաք:
- Սերոբ Աղբիւր

1895-ի դաժան օրերուն, երբ ողջ հայութեան գլխուն ծառացած էր համիտեան ջարդարար սուրը, Սերոբ մարտական խումբով կը հասնի Ախլաթ եւ անմիջապէս կը յայտնուի մարտերու հնոցին մէջ։ Թշնամիին ուշադրութիւնը առաւելապէս կեդրոնացած էր Սոխորդ գիւղի վրայ, որ շնորհիւ աշխարհագրական ամուր դիրքին, քաջակորով զաւակներուն եւ յատկապէս Խչէենց անուանի գերդաստանի՝ Ախլաթի ինքնապաշտպանութեան ոգին էր։ Սերոբ հայրենի շրջանը կոտորածէ փրկելու, ժողովուրդը ոգեկոչելու եւ մարտական ինքնապաշտպանական խումբեր ստեղծելու նպատակով, զինակիցներ կ'ուղարկէ թշնամիին կողմէ սպասուող յարձակման առաւել վտանգաւոր ուղղութիւններ, իսկ ինք տասը ֆետայիներով կը մնայ Սոխորդի մէջ։ «Բոլոր գիւղերուն մէջ, Սերոբի հայդուկներուն շուրջ կը համախմբուի տեղական, երիտասարդութիւնը, իսկ ինք՝ Սերոբ, քանի մը ընկերներու հետ կը շրջէր գիւղէ - գիւղ՝ հսկելու ապահովութեան վրայ»:

Սերոբի զինուորները, քաջածանօթ ըլլալով գաւառին, կը կարողանան կարճ ժամանակամիջոցի մէջ գիւղերուն մէջ կազմակերպել մարտունակ ինքնապաշտպանական խումբեր: Բաղէշի կոտորածէն քանի մը օր անց, թուրք զինուորներու աջակցութեամբ, հասնանցի քիւրտերն ու Տիարպեքիրի չերքէզները կը յարձակին Սոխորդի վրայ։ Սերոբ կը սանձէ շրջակայ քիւրտերու եւ չերքէզներու ալան¬թալանի նկրտումները եւ գիւղացիներու կազմած մարտական խումբով դիրքեր կը գրաւէ գերեզմանոցի մօտակայքը, իսկ ինք ֆետայիներով կը շրջի գիւղէ գիւղ, գետով բաժնուող ձորերուն մէջ, որպէսզի վճռական պահուն թիկունքէն հարուածէ թշնամին: Քիւրտերը հայերու նախապատրաստութենէն անտեղեակ, համարձակօրէն անցնելով ձորն ու գերեզմանոցը՝ կը մօտենան Սոխորդցիներու դիրքերուն:

Կը սկսի մարտը, 600 զինուած քիւրտերու եւ չերքէզներու գերակշռութիւնն ակնյայտ էր։ Գիւղացիներու մարտական խումբը փոքր դիմադրութենէ ետք, կը սկսի նահանջել, եւ այդ վճռական պահուն, թշնամիին թիկունքէն կը հարուածէ Սերոբի խումբը: «Ու Սերոբ կ'ընտրէ վճռական անձնազոհութիւնը: Իրեն հետ եղող տասը մարտիկներով կատաղի յարձակում կը գործէ թշնամիին վրայ, դիակներ կ'իյնան եւ խուճապ կ'առաջանայ»: Ոգեւորուած ֆետայիներու գրոհէն՝ գիւղացիները համարձակօրէն կը նետուին թշնամիին վրայ։ Անակնկալի եկած քիւրտերը՝ մարտադաշտին մէջ կը ձգեն սպանուածները եւ քառասուն գերի ու խուճապահար կը փախչին: Հետաքրքական է, երբ գաւառապետի միջնորդութեամբ գերուածները ազատ կ'արձակուին, անոնք չհաւատալով, որ հայերը ընդունակ են նման յանդգնութեան, գաւառապետին կ'ըսեն.

Էֆենտիմ, այս կեաւուրները չէին որ մեզ յաղթեցին, այլ Մոսկոֆին կեաւուրները բռնեցին մեր ետեւէն եւ երկինքէն կրակ թափեցին մեր վրայ, մեր գնդակները անոնց չէին հասներ, իսկ անոնցները մեզմէ մարդ չձգեցին վար գլորեցին

Թուրքերը ի դէմս ֆետայիներու, կը սկսին կասկածիլ, որ գործ ունին առաւել կատարելագործուած զէնքերով զինուած մարտական յատուկ խումբերու հետ: Ախլաթի ինքնապաշտպանական կռիւները Սերոբի ֆետայական կեանքի առաջին մարտական գործողութիւններն էին:

1895-ին, Սերոբի խումբի առաջնորդութեամբ, Ախլաթի հայութեան մղած պայքարը մէկ անգամ եւս հաւաստեց, որ ջարդերու արհաւիրքները կարելի է կանխել միմիայն ընդհանուր ինքնապաշտպանութեան կազմակերպմամբ: Համիտեան արիւնոտ տարիներուն, երբ թրքական ջարդարարներու վայրագութիւններուն զոհ գացին 300.000 հայեր, Տարօնը Արեւմտահայաստանի այն եզակի շրջանն էր, որ զերծ մնաց կոտորածներէն Սերոբ Աղբիւրի շնորհիւ: Թրքական իշխանութիւնները կը յաջողին տեղեկանալ նահանգին մէջ հայերուն կողմէ իրականացող աշխատանքներուն մասին: Յեղափոխական շարժումները բացայայտելու եւ զանոնք ոչնչացնելու նպատակով, թրքական կառավարութիւնը կը ստեղծէ լրտեսներու մատնիչներու լայն ցանց մը, որուն հաղորդած գաղտնի տեղեկութիւններէն Բաղէշի թրքական ոստիկանութիւնը քաջատեղեակ կը դառնայ, որ Ախլաթի մէջ գործող մարտական կազմակերպութիւններու գլխաւոր դէմքը Սերոբն է:

Նեմրութի Ասլանը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1887-ի Փետրուար 27-ին, թուրքերը կը գտնեն Սերոբ Աղբիւրի հետքերը: Մեծ հայդուկն այդ ժամանակ Թեղուտ գիւղի մէջ էր։ Սերոբ այնպէս մը կ'ընէ, որ թշնամին ուշադրութիւն դարձնէ իր վրայ եւ կը վերցէ իր դահոյկներն ու ճամբայ կը բռնէ դէպի Նեմրութ: Թշնամին կը սկսի հետապնդել, բայց ձիւնը կը խանգարէ զանոնք եւ անոնք կը մխրճուին ձիւնին մէջ եւ չեն կրնար յառաջանալ:

Սերոբ երկու օր կը մնայ Նեմրութի տաք աղբիւրներուն մօտ, որմէ ետք կ'երթայ Դատվան գիւղ: Բոլորը կը կարծէին, թէ Սերոբ մահացած է: Ժողովուրդը հայդուկը տեսնելով զինք կը կոչեն «Նեմրութի Ասլան»:

Ֆետայական շարժման պատմութեան հերոսական էջերէն 1898 Հոկտեմբեր 20-ին, Սերոբ Աղբիւրի խումբին մղած կռիւը Պիթլիսէն ոչ հեռու՝ Բաբշէն գիւղի մօտ: Մարտը տեւած է մինչեւ ուշ երեկոյ: Սերոբի 14-16 հոգինոց ֆետայական ջոկատը կը կռուի թշնամիին քանի մը հազարնոց կանոնաւոր ջոկատին դէմ: Թշնամին թնդանօթներն անգամ գործի կը լծէ: Սակայն Սերոբն իր սակաւաթիւ ջոկատով կը կարողանայ թշնամիին էական կորուստներ պատճառել:

Բաբշէնի կռիւի ժամանակ հայդուկները կը սպաննեն 70 թուրք եւ քիւրտ զինուոր, իսկ հայդուկներէն միայն մէկ հոգի կը զոհուի: Մարտի յաղթանակը պայմանաւորուած էր Սերոբի ռազմագիտական հմտութեամբ եւ մոսին հրացաններու առկայութեամբ: Պէտք է նշել նաեւ, որ թշնամին եկած էր այլ գաւառներէ եւ շրջանին ծանօթ չէր, իսկ Սերոբ լաւ գիտէր իր հայրենի գաւառի ամէն մէկ քարը:

Հերոսամարտէն ետք, թրքական կառավարութիւնը ամէն տեղ կը հետապնդէ Սերոբը: Հեռանալով Ախլաթէն՝ Սերոբ կ'ապաստանի Սասուն:

Սերոբ եւ Գէորգ Չաւուշ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայկական գիւղերը իրարու հետ կը թշնամանային, նոյնիսկ արիւնալի մարտեր կը մղէին միրարու դէմ, երբ գիւղէն աղջիկ կը փախցնէին: Իսկ ատիկա անթոյլատրելի արարք էր, մանաւանդ այն օրերուն, երբ թշնամին կը կոտորէր հայերը. Անոնք պէտք էր որ համերաշխ եւ համախմբուած ըլլային:

Սերոբ կը հրամայէ, որ այնուհետեւ, ով որ աղջիկ փախցնէր գիւղէն, շատ խիստ կերպով պիտի պատժուէր: Սերոբ Աղբիւրի այս կարգադրութենէն որոշ ժամանակ մը ետք, աղջիկ փախցնելու համար Տալւորիկն ու Աղբրիկը կը թշնամանան Փսանաց գաւառին հետ: Պատճառն այն էր, որ Գէորգ Չաւուշի հօրեղբայր՝ Աւէն, փախցուցած էր Առաքելոց վանքի տնտեսուհի՝ Հերմօն:

Սերոբ կը դասաւորէ, որ Գէորգ արժանի պատիժ տայ իր հօրեղբօրը, քանի որ վերջինս նման բան չէր համարձակեր ընել, եթէ Գէորգ այդքան մեծ հեղինակութիւն չվայելէր հայդուկներու շրջանին մէջ։ Գէորգ Չաւուշ ստիպուած կը սպաննէ հօրեղբայրը: Բայց անկէ ետք, մեծ հայդուկին հոգին կը խռովի եւ ան կը լքէ Սերոբի ջոկատը եւ քանի մը օր առանձին կը մնայ:

Դաւաճանութիւն եւ մահ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թուրք իշխանութիւնները Սերոբը վերացնելու համար, կեդրոնացուցին զինուորական ու ոստիկանական մեծ ուժեր, քրտական զինուած խումբեր եւ քաջ գիտնալով անոր տեղը՝ այնուամենայնիւ չհամարձակեցան առճակատ զինք գերեվարելու փորձեր ընել. զինք վերացնելու համար դիմեցին թունաւորելու զազրելի միջոցին: Սերոբը թունաւորելու հայրենադաւ գործը յանձն կ'առնէ՝ Խալիլի ոսկիներուն փայլքէն շլացած Գեղաշէնցի Աւէն:

Հայդուկներու վստահութիւնը շահելու դիտաւորութեամբ, ան քանի մը անգամ կու գայ Կելիէկուզան եւ կը հանդիպի գիւղի քահանայ՝ Տէր Քաջի, տան մէջ ապաստանած Սերոբին: Շողոքորթութիւնն ու ֆետայիներուն բազմիցս բերած ուտելիքը կը կատարեն իրենց սեւ գործը: Սերոբ չկասկածելով Աւէին՝ բարեկամաբար կ'ընդունի դաւաճանին թունաւորած ծխախոտը: Մինչ այդ, հայերուն ուշադրութիւնը շեղելու նպատակով թուրքերը լուրեր կը տարածեն, թէ՝ Թահսին փաշայի զօրագունդը կը պատրաստուի արշաւել Խութ–Բռնաշէն՝ տեղի քրտական ցեղերու ապստամբութիւնը ճնշելու: Բայց իրականութեան մէջ, թրքական զօրախումբը Խալիլի հրոսակախումբին միացած, կ'արշաւԷ Կելիէկուզան, ուր ապաստանած Էին Սերոբ եւ իր 12 ֆետայիներն ու ընտանիքը:

Գեղաշէնցի Աւէն արդէն հասած Էր կատարելու իր սեւ գործը եւ անյապաղ տեղեկացուցած Պշարէ Խալխին: Երկու հազար թուրք զինուորներ ու քիւրտեր կը պաշարեն գիւղը: Նկատելով թշնամիին բազմութիւնը, այդ օրհասական պահուն մրրիկի արագութեամբ կը յայտնուին Սերոբի չորս զինուորները եւ վերցնելով կիսամեռ հայդուկապետը՝ գիւղէն դուրս կը տանին:

Սերոբը կարծես յոգնած խնդրեց իր հաւատարիմ հայդուկներէն. «Դրէք ինձ այս քարին առջեւ՝ իմ վերջին օրն է, եւ ջանացէք գէթ ձեր կեանքն ազատել, մնաք բարեաւ»:


Տեսնելով Սերոբի անկարող վիճակը՝ թշնամին համարձակօրէն կը նետուի գրոհի: Բուռ մը քաջեր հայդուկապետը փրկելու վճռականութեամբ կը դիմադրեն թշնամիին մեծաթիւ ուժերուն: Անհաւասար կռիւի ընթացքին կը զոհուին Սերոբը, որդին՝ Յակոբը, եղբայրները՝ Մխէն եւ Զաքարը: Քաջարի ֆետայուհի Սօսէն, վերցնելով ամուսինին հրացանը, կը շարունակէ քաջաբար մարտնչիլ: Թշնամիին գնդակներէն վիրաւոր՝ Սօսէ այլեւս անկարող կը դառնայ շարունակելու մարտը, իսկ թշնամին արդէն հասածէր: Պշարէ Խալիլ կը կտրէ հերոսին գլուխը եւ գերի կը բռնէ Սօսէն. Վերջինս շուտով ազատ կ'արձակուի: Թուրքերը հայերը ահաբեկելու նպատակով Սերոբի գլուխը ձողին Սասունի լեռներէն կը հասցնեն մինչեւ Բաղէշ: Այնուհետեւ ժողովուրդը Սօսէն կ'օծէ Մայրիկ պատուանունով:

Սօսէ Մայրիկ 1904 թուականի Սասնոյ ապստամբութենէն ետք տեղափոխուած է Վան, ապա՝ Կովկաս: Անոր միւս որդին՝ Սամսոնը, զոհուած է Կարնոյ մէջ։ 1920-ի վերջին, Սօսէ Մայրիկը տեղափոխոած է Կոստանդնուպոլիս, ապա հաստատուած է Եգիպտոսի Ալեքսանդրիա քաղաքը, ուր 1953-ին մահացած է: 1998-ին, անոր աճիւնները տեղափոխուած են Երեւան եւ ամփոփուած Եռաբլուրի մէջ:

Սերոբի Մահուան Վրէժը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մեծ հայդուկին մահէն ետք, Անդրանիկն ու Գէորգ Չաուշը հետամուտ կ'ըլլան, որ բոլոր դաւաճանները կրեն իրենց արժանի պատիժը: Առաջին հերթին, կ'որոշեն պատժել դաւաճան ռես Աւէն, որ թունաւորած էր Սերոբը: Երբ վերջնականապէս կը ստուգեն Աւէի դաւաճանութիւնը 1900-ի Ապրիլ ամսուն Գէորգ Չաուշ շէնիկցի Մանուկի եւ Ղազարի հետ կը մտնեն Աւէին տունը եւ անկէ կ'իմանան բոլոր դաւաճաններուն անունները, որմէ ետք բոլորն ալ մէկ առ մէկ կը սպաննեն:

1900-ի Նոյեմբերին, Անդրանիկի, Գէորգ Չաուշի, Մակարի եւ Գալէի հետ 25 հայդուկներ Մառիկի կիրճին մէջ դարան կը մտնեն, ուրկէ պէտք էր անցներ Խալիլ պէյը: Ան իր 40 զինուած հեծեալներուն հետ էր։ Երբ հեծեալները բաւական կը մօտենան, հայդուկները կրակ կը բանան: Բազմաթիւ թշնամիներ կը զոհուին: Կը սատկի Խալիլի ձին: Խալիլը կը խուզարկեն եւ կը յայտնաբերեն 13 հայ դաւաճաններու անուններ: Անկէ ետք, Խալիլի գլուխը կը կտրեն:[4]

Սերոբ Աղբիւրը Արուեստի Գործերուն Մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սերոբ Աղբիւրին ձօնուած են «Գլուխդ՝ Բաղէշ, մարմինդ՝ Մուշ» եւ աշուղ Ֆահրատի «Ով որ քաջ է» երգերը: Սերոբի մասին իր «Հերոսապատում» (Երեւան, 1990, 352 էջ) գիրքին մէջ ակնարկ-պատում ունի արձակագիր Սուրէն Սահակեանը, իսկ Սերօ Խանզադեան՝ Սերոբ Աղբիւրի մասին հրատարակած է գրքոյկ մը «Աղբիւր Սերոբ» վերնագրով:

  • Ռուբէն, Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները, Գ. հատոր, Թեհրան, 1982, Երեւան, 1990:
  • Աղբիւր Սերոբ եւ Գէորգ Չաւուշ, Աթէնք, 1933, 64 էջ:
  • Վաղարշակ Օխիկյան, Աղբիւր Սերոբ (կեանքն ու գործունեութիւնը), «Հայրենիք» ամսագիր, Պոսթըն, 1926 թ., թիւ 11, էջ 38-48, թիւ 12, էջ 75-85:
  • Սերոբ Վարդանեան (Աղբիւր), Ժընեւ, 1907, 48 էջ։
  • Չիլինկիրեան եպիսկոպոս Եղիշէ, Փնջիկ բարոյական առածներու եւ յիշատակ առաջնորդութենէս, Երուսաղէմ, 1928, 112 էջ։
  • Փափազեան Վահան, Իմ յուշերը, Ա. հատ., Պոսթըն, 1950, 600 էջ։
  • Գեւորգյան Համլետ, Էջեր հայոց ազատամարտի, 300 էջ, Երեւան 2006, 2-րդ հրտ., Երեւան, 2010, 363 էջ։
  • Գեւորգյան Համլետ, Ազատագրական պայքարի հերոսապատումից, Երեւան, 2006, 574 էջ։
  • Վարանդեան Միքայէլ, Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութիւն, Երեւան, 1992, 536 էջ:
  • Սասունի Կարօ, Պատմութիւն Տարօնի աշխարհի, Պէյրութ, 1957, 1252 էջ։
  • Չելեպեան Անդրանիկ «Յեղափոխական դէմքեր», Միշիկըն, 1991, 464 էջ, 2-րդ հրտ., Սաութֆիլդ, 1994, էջ 125–172:
  • Ներսիսյան Աշոտ, Ազգային-ազատագրական պայքարը Տարոնում 1894-1908 թթ., Երեւան, 1999, 130 էջ։
  • Յակոբեան Կարապետ, Կարսի մարզից Երկիր անցած խմբերն ու դրանց դերը արեւմտահայերի ինքնապաշտպանութեան գործում 1892-1895 թթ., «Բանբեր Հայաստանի արխիվների», Երեւան, ՀԱԱ, 2012, թիվ 1-2, էջ 172-183:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին Յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]