Յովհաննէս Թումանեան
Յովհաննէս Թումանեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 19 Փետրուար 1869 |
Ծննդավայր | Թիֆլիս, Լոռիի Դսեղ գիւղ |
Մահացած է | 23 Մարտ 1923 (54 տարեկան հասակին) |
Մահուան վայր | Մոսկուա, Խորհրդային Միութիւն[1][2][3] |
Քաղաքացիութիւն |
Ռուսական Կայսրութիւն Խորհրդային Միութիւն |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Ուսումնավայր | Ներսիսեան դպրոց[2] |
Ազդուած է | Միխայիլ Լերմոնտով?, Ճորճ Պայրըն, Եոհան Վոլֆկանկ վոն Կէօթէ եւ Ալեքսանդր Պուշկին? |
Երկեր/Գլխաւոր գործ | Անուշ?, Թմբկաբերդի Առումը, Գիքորը, Փարվանա? եւ Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթներ |
Տեսակ | բանաստեղծութիւն, քնարապատմողական?, Հեքիաթ եւ բալլադ? |
Մասնագիտութիւն | Բանաստեղծ եւ գրող |
Անդամութիւն | Վերնատուն[2][3] |
Ամուսին | Օլկա Թումանեան(Մաճկալեան) |
Ծնողներ | Հայրը՝ Ասլան, մայրը՝ Սոնա |
Երեխաներ | 10 |
Ստորագրութիւն |
Յովհաննէս Թումանեան (19 Փետրուար 1869, Դսեղ - 23 Մարտ 1923, Մոսկուա): Ամենայն Հայոց բանաստեղծ[4], արձակագիր, գրական, ազգային եւ հասարակական գործիչ։ Գրած է բանաստեղծութիւններ, պոէմներ, քառեակներ, վիպերգներ, պատմուածքներ ու հեքիաթներ, ակնարկներ, քննադատական ու հրապարակախօսական յօդուածներ, կատարած է թարգմանութիւններ, մշակած է «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազներգութիւնը։
Տոհմ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յովհաննէս Թումանեանի հայրը՝ Տէր-Թադէոս, (աւազանի անունով՝ Ասլան), (183)-1898), գիւղի քահանան էր։ Ան ազնուական Թումանեան տոհմէն էր, որ սերած էր Ժ.- Ժա. դարերուն Տարօնէն Լոռի գաղթած Մամիկոնեաններէն։ Մայրը՝ Սոնան (1842-1936), Քոչարեաններու տոհմէն, նոյնպէս դսեղցի էր։ Զրուցասէր եւ լաւ պատմող կին մը ըլլալով՝ իր երեխաներուն առասպելներ, առակներ եւ հեքիաթներ կը պատմէր, համեմած ժողովրդական ոճով եւ դարձուածքներով։ Թումանեան՝ ընտանիքի ութ զաւակներուն անդրանիկն էր։ Եղբայրներն ու քոյրերն էին՝ Ռոստոմ (1871 -1915), Օսան (1874-1926), Իսկուհի (1878-1943), Վահան (1881-1937), Աստղիկ (1885-1953), Արշաւիր (1888-1921) եւ Արտաշէս (1892-1916)[5]։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Լոռի գաւառի Դսեղ գիւղը, հոգեւորական ընտանիքի մը յարկին տակ։ Նախնական կրթութիւնը գիւղի դպրոցին մէջ ստանալէ ետք, յաճախած է Ջալալօղլուի (այժմու Ստեփանաւան) դպրոցը, որմէ շրջանաւարտ՝ 1883-ին[6], անցած է Թիֆլիս, ուսումը շարունակելու Ներսիսեան Ճեմարանէն ներս, սակայն նիւթական ծանր պայմաններու ճնշումին տակ, 1887-ին ակամայ լքած է դպրոցը եւ նետուած կեանքի ասպարէզ` աշխատանք գտնելով նախ Թիֆլիսի հայոց Դատաստանական խորհուրդի, ապա Հայ հրատարակչական միութեան գրասենեակներուն մէջ, 1893-էն աշխատակցած է «Աղբիւր», «Մուրճ», «Հասկեր», «Հորիզոն» գրական պարբերականներուն, յետոյ ամբողջովին նուիրուած՝ գրականութեան։ 1912-ին Թումանեան ընտրուած է նորաստեղծ Հայ գրողներու կովկասեան ընկերութեան նախագահ, իսկ 1918-ին՝ Հայոց հայրենակցական միութիւններու միութեան (ՀՀՄՄ) նախագահ։ Առաջին համաշխարհային պատերազմին (1914-1918) հայ ժողովուրդի կրած վնասները հաշուելու եւ Փարիզի հաշտութեան խորհրդաժողովին (1919-1920) ներկայացնելու նպատակով ՀՀՄՄ-ն 1918-ին ստեղծուած է Քննիչ յանձնաժողով մը՝ Թումանեանի գլխաւորութեամբ։ Ոչ մէկ ջանք խնայած է՝ Եղեռնէն փրկուած եւ Էջմիածինի մէջ հաւաքուած իր ազգակիցները տեղաւորելու եւ զանոնք սնունդով ապահովելու համար։ Այդ առիթով է, որ ինքզինք կոչած է «Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ»՝ կաթողիկոսին հետ վէճի մը ընթացքին։ 1912-1921 թուականներուն եղած է Հայ գրողներու կովկասեան միութեան նախագահ։ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք նախագահած է Հայաստանի օգնութեան կոմիտէն (1921-1922)։ 1921-ի աշնան Թումանեան մեկնած է Կ.Պոլիս՝ հայ գաղթականներուն համար օգնութիւն գտնելու նպատակով։ Քանի մը ամիս հոն մնալէ ետք, հիւանդ վերադարձած է:
Անձնական կեանք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1888-ին, տասնինը տարեկան հասակին, Թումանեան ամուսնացած է տասնեօթամեայ Օլկա Մաճկալեանին հետ եւ ունեցած 10 զաւակներ՝ Մուշեղ (1889-1938), Աշխէն (1891-1968), Նուարդ (1892-1957), Արտաւազդ (1894-1918), Համլիկ (1896-1937), Անուշ (1898-1927), Արփենիկ (1899-1981), Արեգ (1900-1939), Սեդա (1905-1988), Թամար (1907-1989)։
Գլխաւոր գործերը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թումանեան իր առաջին ստեղծագործութիւնը գրած է 12 տարեկանին, երբ Ջալալօղլու դպրոցի աշակերտ էր։
Թումանեանի գրական գործունէութեան ամենայայտնի շրջանը կը համարու Ժթ. դարու վերջին տասնամեակը եւ Ի. դարու սկիզբը։ Այդ ժամանակաշրջանին է, որ Թումանեան հանդէս կու գայ որպէս ժողովրդական ստեղծագործական աւանդոյթներու վրայ հիմնուող բանաստեղծ։ Ան գրած է հեքիաթներ, վիպերգներ, պատմուածքներ, առակներ, դիւցազներգութիւններ։ Իր գործերուն հիմնական նիւթերն են հայրենի բնութիւնը, ժողովուրդը իր բարքերով, հերոսներով եւ աւանդութիւններով։
Իր ստեղծագործութիւններէն շատերուն մէջ, ան կը նկարագրէ նահապետական օրէնքներով ապրող գիւղացիներու կեանքը, որ լի է ներքին ու յաճախ ողբերգական հակասութիւններով։ Այդ թեմայով գրուած են «Մարօն» (1887, հրատարակուած՝ 1892-ին), «Լոռեցի Սագօն» (1889, հրատարակուած՝ 1890-ին), «Անուշ» ողբերգութիւնը (1890, հրատարակուած 1892-ին)։ Իր լաւագոյն գործերէն կը համարուին՝ «Սասունցի Դաւիթ»(անաւարտ, ուր Թումանեան նկարագրած է հայ ժողովուրդին ազատատենջ ոգին), «Թմկաբերդի Առումը» (1902, հրատարակուած՝ 1905-ին) , «Ախթամար», «Փարվանա» վիպերգները, «Մի Կաթիլ Մեղր»ը եւ «Գիքոր» պատմուածքները։
«Գիքորը» քաղաքի բարքերուն զոհ դարձած գիւղացի պատանիի մը ողբերգական պատմութիւնն է։ Պատմուածքին մէջ նկարագրուած են դարու նիւթապաշտութիւնը եւ մարդու վեհ երազներուն փլուզումը։
«Անուշ»ը յաւիտենական ու անմահ սիրոյ յուզիչ պատմութիւն մըն է։ Հերոսուհին՝ Անուշը, կորսցնելով իր սէրը՝ Սարօն, կը կորսնցնէ նաեւ հոգեկան հաւասարակշռութիւնը, չի կրնար ալ ապրիլ «պաղ ու տխուր» աշխարհին մէջ եւ ինքզինք կը նետէ գետը՝ վիշտը խառնելով Դեբետի ալիքներուն։ Հոս Թումանեան կը քննադատէ գիւղի հին, քարացած սովորութիւնները եւ նեղմիտ պատուախնդրութիւնը։
Թումանեանի մանկական եւ ժողովրդական ստեղծագործութիւններուն մէջ եւս պարզութեան տակ թաքնուած են մեծ իմաստներ, ինչպէս՝ «Սուտլիկ Որսկանը», «Չարի վերջը», «Շունն ու կատուն» (1886), «Անբախտ վաճառականները» (1886), «Տէրն ու ծառան», «Գառնիկ ախպերը», «Փիսիկի գանգատը», «Բզէզի դպրոցը», «Կիկոսի մահը», «Անբան Հուրին», «Ոսկու կարասը», «Ձախորդ Փանոսը», «Քաջ Նազարը» եւայլն:
1890-ին կը տպագրուի Թումանեանի առաջին գիրքը, 1892-ին՝ երկրորդը: Շուտով Թումանեան կը դառնայ հայ գրական կեանքի կեդրոնական դէմքը:
Թումանեան իր ստեղծագործութիւններով յեղաշրջում կը կատարէ հայ բազմադարեան գրականութեան մէջ։ Անոր լեզուն եւ մտածողութիւնը պարզ են, ժողովրդական։ Ան իր քնարերգութեան մէջ արծարծած է նաեւ հայրենասիրական, քաղաքական, փիլիսոփայական եւ սիրային թեմաներ։ Իրական կեանքի պատկերն ու ընկերային անարդարութեան դէմ խտացուած բողոքները արտայայտուած են «Գութանի երգը», «Խրճիթում» եւ այլ բանաստեղծութիւններու մէջ։ «Հին Օրհնութիւն» բանաստեղծութիւնը հայ ժողովուրդի վիշտին, ձգտումներուն ու երազներուն խտացումն է։ «Հայոց լեռներում» բանաստեղծութեան մէջ, խօսելով հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան, մաքառումներու եւ տանջալից ուղիին մասին, հաւատքով նկարագրած է հայրենիքի անպարտելի ու ստեղծագործ ոգին.
Ու մեր աչքերը նայում են կարօտ՝ |
«Հայրենիքիս հետ» բանաստեղծութիւնը Թումանեան գրած է Մեծ Եղեռնի օրերուն. անոր իւրաքանչիւր տունը մեր պատմութեան ու գոյափիլիսոփայութեան իւրօրինակ խտացումն է։ Առաջին 2 քառատողերուն մէջ «Զարկուած ու զրկուած, ողբի ու որբի հայրենիքի» պատկերներն են, իսկ երրորդը եւ չորրորդը կ'աւարտին «Լոյսի եւ յոյսի, նոր ու հզօր հայրենիք» արտայայտութիւններով։
Թումանեանի ստեղծագործական ուղին տեւելով քանի մը տասնամեակ, կ'աւարտի քառեակներով: Քառեակները Յովհաննէս Թումանեանի վերջին ներշնչումներն են: Կեանքի վերջին տարիներուն ան կը գրէ քանի մը տասնեակ քառեակ` թիւով 46, որոնց մեծ մասը կը տպագրուին բանաստեղծին կենդանութեան օրերուն: Ճիշդ է, որ քառեակները գրած շրջանին ան գրած է չափաւոր` «Հայրենիքի հետ» ժողովածուն` նաեւ քաղաքացիական, խոհափիլիսոփայական եւ անձնական բանաստեղծական շարքեր: Սակայն այդ տարիներուն Թումանեանի ստեղծագործական որոնումներուն կիզակէտը կ'ըլլան քառեակները, որոնք կը դառնան անոր երեսնամեայ գրական գեղարուեստական եւ փիլիսոփայական աշխարհայեացքին ամփոփումը: Ան իր ստեղծագործական ուղին կ'աւարտէ բանաստեղծական մանրանկարի` քառեակի ժանրով: Գոյութեան մեծ գաղտնիքներուն հասնելու ձգտումով, ժանրային իր այս խախտումը (մեծէն դէպի փոքրը գացող) պայմանաւորուած էր անով, որ քառեակը լայն հեռաւորութիւն կու տար բանաստեղծին` հասնելու միտքի եւ յոյզի առաւելագոյն խտացման: Ստեղծագործական այդ միտումները Թումանեանին քով աւելի շուտ սկսած էին, սակայն իրենց ամենացայտուն արտայայտութիւնը կը գտնեն քառեակին մէջ։ Իրենց հոգեբանական բովանդակութեամբ քառեակները բազմաթիւ թելերով կապուած են Թումանեանի ստեղծագործական մնացեալ ժանրերուն եւ զարգացման նախորդ փուլերուն հետ: Իւրաքանչիւր քառեակի մէջ կարելի է նկատել գրողին ամբողջ ստեղծագործութեան ընդմէջէն անցնող, իրեն բնորոշ միտումներ, պատկերներ, որոնք քառեակի ձեւով կը ստանան սեղմ, բայց առաւել կատարեալ եւ ամբողջական իրենց արտայայտութիւնը[7]:
Թումանեան մասնակցած է «Լուսաբեր» դասագիրքի եւ «Հայ գրողներ» գիրքի ստեղծման։ Իր յօդուածներուն մէջ արծարծած է հասարակական կեանքի, գրականութեան, բանահիւսութեան, հայոց լեզուի ու բարբառներու զարգացման հարցեր, գրած է ուսումնասիրութիւններ Նահապետ Քուչակի, Նաղաշ Յովնաթանի, Խաչատուր Աբովեանի եւ անոր «Վէրք Հայաստանի» վէպին, Սայեաթ-Նովայի, հայ հերոսական վէպին պատմական արմատներուն մասին։ Թարգմանած է Ալեքսանդր Փուշկինի, Ճորճ Պայրընի, Միխայիլ Լերմոնտովի, Հենրի Լոնկֆելլոյի եւ ուրիշներու գործերէն։ Թումանեանը ծաւալած է նաեւ հասարակական եւ գրական լայն գործունէութիւն։
Յովհաննէս Թումանեան մարդն ու հայը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ամենայն հայոց բանաստեղծին, մարդուն, հայուն, գրողին եւ ազգային-հասարակական գործիչին տիրական յատկանիշներէն կարելի է նշել հետեւեալները.
- Անսահման բարութեամբ եւ միշտ լաւատեսութեամբ՝ անհուն ժպիտով կեանքին նայող մարդն էր Թումանեան։
- Ազգին բազմաչարչար պատմութեամբ տառապող, հայու սեփական սխալները սրտցաւօրէն քննդատող, ինքնաքննադատութեան եւ ինքնամաքրման յառաջապահ դիրքերուն վրայ կանգնող եւ, մանաւա՛նդ, հայ ժողովուրդին ու Հայաստանի վաղուան պայծառ օրուան հաւատացող ու պայքարող հաստատամիտ հայն էր ան։
- Հայոց աշխարհի բնական գեղեցկութիւններով ու հայ ժողովուրդի տոհմիկ բարքերով գինովցած գրողն էր ան, որ բոլորին հանճարեղ երգիչը դառնալով՝ կ'անմահանայ ու իրեն հետ կ'անմահացնէ Հայաստանն ու հայութիւնը։
- Հայ ժողովուրդի ազգային զարթօնքին եւ ազատագրական պայքարին անձնուէր դրօշակիրն էր ան՝ ազգային-հասարակական իր գործունէութեամբ ու մտածողութեամբ:
Վերնատունը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1899-ին Թումանեանի նախաձեռնութեամբ Թիֆլիսի մէջ ստեղծուած է «Վերնատուն» գրական խմբակը, որու անդամներն էին Աւետիք Իսահակեան, Դերենիկ Դեմիրճեան, Լեւոն Շանթ, Ղազարոս Աղայեան, Պերճ Պռոշեան, Նիկոլ Աղբալեան եւ շատ այլ յայտնի արուեստագէտներ:
Հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան հանճարեղ վերանորոգողի եւ ջերմեռանդ պահապանի իր գրական ստեղծագործութեամբ, ու մանաւա՛նդ իր վերնայարկ բնակարանին մէջ հիւրընկալած ատենի հայ լաւագոյն մտաւորականութեան «Վերնատան հանդիպումներով»՝ ան 1900-ականներուն կ'իրագործէ հոգեկան-գաղափարական միասնութեան ոգեշնչող մթնոլորտ մը, որ մինչեւ օրս կը պահպանէ օրինակելի աւանդի եւ ներշնչման աղբիւրի իր այժմէականութիւնն ու թելադրականութիւնը։
Թումանեան ազգային գործիչի կերպարը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Երբ մեծապետական սադրանքներու եւ ծաւալապաշտական նենգ հաշիւներու հետեւանքով Անդրկովկասի գլխաւոր երեք ազգերուն՝ հայերուն, վրացիներուն եւ թաթար-թուրքերուն միջեւ արիւնալի ընդհարումներ կը հրահրուին 1905-ին, Թումանեան հաշտարար խառն յանձնախումբերու առաջին դիրքերուն վրայ կը կանգնի, ազգամիջեան ներքին համերաշխութեան ի սպաս հաւատաւոր աշխատանք ծաւալելով։
- Կուսակցականի խառնուածք չունենալով հանդերձ, Թումանեան կարճատեւ անդամակցութիւն կ'ունենայ Դաշնակցութեան, որուն ազգային-գաղափարական ուղիին հաւատացող համակիրը կը մնայ մինչեւ վերջ։ Այդ պատճառով ալ, միտքի եւ գրիչի իր ընկերներուն հետ, 1909-ին բանտ կը նետուի ցարիզմին կողմէ, որ ձեռնամուխ եղած էր Դաշնակցութեան «կազմալուծումին», համառուսական առաջին յեղափոխութեան շրջանին Դաշնակցութեան ծաւալած հակացարական պայքարը սանձելու քաղաքականութեամբ։
- Թումանեան ազգային գործիչին կերպարը իր առաւելագոյն հնչեղութիւնը կը ստանայ Ա. Աշխարհամարտի տարիներուն, երբ Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպման իր աշխոյժ մասնակցութիւնը կը բերէ։ Յատկապէս մեծ կ'ըլլայ Թումանեանի ներդրումը թրքական պետութեան գործադրած Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հարիւր-հազարաւոր հայ գաղթականներու պատսպարման, բուժման եւ սննդաւորման դժուարին գործին մէջ։ Այդ ժամանակ, Ս. Էջմիածնի վերանորոգուած վեհարանը գաղթականներուն առջեւ իբրեւ պատսպարան բանալու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի դժկամութեան առ ի պատասխան՝ Թումանեան կը յայտարարէ, թէ ինքն ալ «Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ»ն է եւ, այդ իրաւունքով, բանալ կու տայ վեհարանը։
- Թումանեան միշտ կը քարոզէ եւ կը գործէ ռուս ժողովուրդին հետ բարեկամութեան եւ զինակցութեան օգտին։ Այդ ճամբով ալ, Հայաստանի անկախութեան նուաճումէն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք, Թիֆլիս մնալով եւ Ազգային Խորհուրդի ճամբով իր գործունէութիւնը շարունակելով, ան ամէն ճիգ կը թափէ, որպէսզի հայ եւ ռուս բարեկամութիւնը հեռու պահէ հակադրութեան եւ թշնամանքի որոգայթներէն։ Թումանեանի վերջին առաքելութիւնը կ'ըլլայ Հայաստան ժամանումը 1921-ի Մարտին, պոլշեւիկներու խժդժութեանց դէմ Փետրուարեան համաժողովրդային ապստամբութենէն անմիջապէս ետք, որպէսզի Սիմոն Վրացեանի «Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէ»ին եւ խորհրդայիններուն միջեւ հաշտեցման եզրեր գտնէ։
Մահը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թումանեան կը տառապի դեղնախտէ։ Վիրահատման ենթարկուելու համար ճամբայ կ'ելլէ դէպի Մոսկուա՝ Պերլին անցնելու եւ հոն մասնագիտական գործողութեամբ բուժուելու համար։ Բայց խլիրդը խոր բոյն դրած էր մէջը եւ հայ գրականութեան փառքը կազմող «Հանճարեղ Լոռեցին» կը մահանայ Մոսկուայի մէջ՝ 23 Մարտ 1923-ին։
Պատի դեղատուփն ու Թումանեանին սիրտը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թումանեանին թիֆլիսեան տան մէջ պատին զետեղուած դեղերու փոքրիկ պահարան մը կար: Գրողին մահէն ետք, դեղատուփին մէջ դեղեր չէին պահուեր: Անոր մէջ, մինչեւ անցեալ դարու 40-ականները կը պահուէր բանաստեղծին սիրտը: Թումանեան կը մահանայ Մոսկուա՝ հիւանդանոցին մէջ։ Անոր հետ էին 10 զաւակներէն երեքը: Թումանեանի մահէն ետք, որդին՝ Արեգը, դիահերձարանէն կը վերցնէ հօր սիրտը: Արեգ եղբօրը նամակ մը կը գրէ. «Ես չուզեցի հայրիկին բարի սիրտը թափեն: Թաքուն վերցուցի»: Թիֆլիսի մէջ գրողին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի կ'ունենայ, իսկ սիրտը՝ աւելի քան 20 տարի կը պահեն տունը:
Թումանեանի մահէն ետք գիշեր մը Թիֆլիս այցելած Աւ.Իսահակեան Թումանեանի ընտանիքը կ'այցելէ , եւ ուշ ժամի պատճառով կ'որոշէ հոն գիշերել: Ամբողջ գիշերը չի կրնար քնանալ: Առտու Թումանեանին տղան ներս կը մտնէ եւ կ'ըսէ, որ դեղատուփին մէջ հօր սիրտը կը պահուի: Իսահակեան կը հասկնայ անքնութեան պատճառը. «Ամբողջ գիշեր Օհաննէսի սրտի հետ էի, դրա համար էլ չքնեցի»: Շատ յուզուած դուրս կու գայ սենեակէն եւ խորհուրդ կու տայ տան մէջ չպահել սիրտը:
Բանաստեղծին սիրտը 1994-ին կը թաղուի Դսեղի հայրական տան բակին մէջ[8]:
Ժառանգութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թումանեանի ստեղծագործութիւնները ժողովրդականացած են, լոյս տեսած են տարբեր նկարիչներու պատկերազարդումներով, վերածուած՝ երգերու։ Անոր գործերուն հիման վրայ Արմէն Տիգրանեան երգահանը գրած է «Անուշ»ը, Ալեքսանտր Սպենդիարեան՝ «Ալմաստ»ը (ըստ «Թմկաբերդի առումը» գործին) օփերաները, նկարահանուած են «Ձախորդ Փանոսը», «Սուտլիկ որսկանը», «Անուշ»ը, «Գիքորը», «Տէրն ու ծառան», «Չախ-Չախ թագաւորը»։
Թումանեանի բազմաթիւ երկերը թարգմանուած են ռուսերէնի, ուքրաներէնի, Պելառուսերէնի, վրացերէնի, տաճիկերէնի, ուզբեկերէնի, լիթվերէն, անգլերէն, պարսկերէն, իտալերէն, սպաներէնի, յունարէնի, արաբերէնի, ճափոներէնի, շուետերէնի, չինարէնի, ղազախերէնի եւ այլ լեզուներու: 1980-ին սահմանուած է Հայաստանի գրողներու միութեան Թումանեանի անուան ամենամեայ մրցանակը։ 1957-ին օփերայի եւ պալեթի թատրոնի շէնքին առջեւ՝ Թատերական հրապարակին մէջ, կանգնեցուցած են յուշարձանը։ Հետեւեալ վայրերը անուանուած են ի պատիւ Յովհաննէս Թումանեանի՝
- Թումանեանի հայրենի Դսեղ գիւղը 1938-1969 թուականներուն կը կոչուէր Թումանեան[9],
- 1951-ին Լոռիի Ծաղիկձոր գիւղը կը վերանուանուի Թումանեան
- Վանաձորի պետական համալսարանը,
- Երեւանի տիկնիկային թատրոնը,
- Երեւանի Թումանեան փողոցը,
- Երեւանի Աջափնեակ համայնքի Թումանեան այգին:
Հայաստանէն դուրս
- Թումանեանի հրապարակ - Մոսկուայի Հիւսիսային Վարչական շրջանին մէջ։
- Թիֆլիսի, Քիեւի եւ Դոնեցկի մէջ կայ Թումանեանի փողոց:
Հայաստանի մէջ կայ երկու թանգարան՝ տուն-թանգարանը ծննդավայր Դսեղ, իսկ միւսը Երեւան: Երեւանի Թումանեանի թանգարանը բացուած է 1953-ին:
2011-ի աշնան Հայաստանի կառավարութիւնը կը գնէ Թումանեանի թիֆլիսեան տունը։ Այդ տան բանալիները ներկայիս կը պահպանուին Հայաստանի գրողներու միութեան մօտ:Կը նախատեսուի Թումանեանի տունը վերածել թանգարանի։
ՀՀ 5-հազարնոց թղթադրամին վրայ մինչեւ 2019 պատկերուած է Թումանեանի դիմանկարը:
Նամականիշներ եւ թղթադրամներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]-
Խորհրդային նամականիշ, 1969
-
Թումանեանին նուիրուած մետաղադրամ, 1994
-
Հայկական 5000 թղթադրամին դարձերեսը, 1998
-
Ռուսական նամականիշ, 2011
-
Հայկական նամականիշ, 2011
-
«Մեծանուն հայեր. Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակը» նամականիշով գեղաթերթիկ, 2019[10]
Այլ տեղեկութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Յովհաննէս Թումանեան երբեք ժամացոյց չէ կրած, հակառակ անոր որ իր ընտանիքի բոլոր անդամները ժամացոյց ունէին։
- Յովհաննէս Թումանեանի անունը կը կրէ Վանաձորի պետական համալսարանը։
- Թումանեանի որդիներէն մէկը՝ Արտաւազդը (1894-1918), մահացած է 1918-ին, Կովկասի ճակատին թրքական զօրքերու յարձակումին ընթացքին։
- Ստալինիզմի դարաշրջանին միւս երեք որդիները՝ Մուշեղը (1889-1938), Ամթիկը (1896-1937) եւ Արեգը (1900-1938) կը բռնեն եւ մահապատիժի կ'ենթարկեն։
Գիրքերու մատենագիտութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Բանաստեղծութիւններ, հատ. 1, Մոսկուա, 1890, 164 էջ:
- Բանաստեղծութիւններ, հատ. 2, Մոսկուա, 1890, 164 էջ:
- Բանաստեղծութիւններ, Թիֆլիս, 1903, 304 էջ:
- Բանաստեղծութիւններ, Պաքու, 1908, 281 էջ:
- Բանաստեղծութիւններ, Կ. Պոլիս, 1922, 345 էջ:
- Երկերի ժողովածու, Երեւան, 1926, 336 էջ:
- Հեքիաթներ, Երեւան, 1930, 240 էջ:
- Գեղարուեստական երկեր, Երեւան, 1934, 372 էջ:
- Թարգմանութիւններ եւ փոխադրութիւններ, Երեւան, 1934, 122 էջ:
- Երկեր (Միհատորեակ). Երգեր, Քառեակներ, Պալլատներ, Առակներ, Ժողովրդական երգեր, Պոեմներ, Պատմուածքներ, Երեւան, 1938, 480 էջ:
- Հեքիաթներ, Երեւան, 1938, 104 էջ:
- Երկերի ժողովածու, հատ. 2. Պոեմներ, Երեւան, 1940, 448 էջ:
- Ընտիր երկեր, Երեւան, 1941, 172 էջ:
- Հեքիաթներ, Երեւան, 1944, 165 էջ:
- Երկերի ժողովածու, հատ. 5. Նամակներ, Երեւան, 1945, 516 էջ:
- Պատմուածքներ եւ հեքիաթներ, Գահիրէ, 1948, 128 էջ:
- Երկերի ժողովածու, հատ. 3. Պատմուածքներ, Հեքիաթներ, Երեւան, 1949, 544 էջ:
- Երկերի ժողովածու, հատ. 1. Բանաստեղծութիւններ, Լեգենտներ, Պալլատներ, Առակներ, Երեւան, 1950, 788 էջ:
- Երկերի ժողովածու, հատ. 4. Քննադատական եւ հրապարակախօսական յօդուածներ, Երեւան, 1951, 524 էջ:
- Ընտիր երկեր, Երեւան, 1953, 436 էջ:
- Երկեր, հատ. 1. Բանաստեղծութիւններ, Լեգենդներ, Պատմուածքներ, Թարգմանութիւններ, Երեւան, 1958, 520 էջ:
- Երկեր, հատ. 2. Պոեմներ,Պատմուածքներ,Հեքիաթներ, Երեւան, 1958, 508 էջ:
- Երկերի ժողովածու, հատ. 6. Գեղարուեստական երկեր, յօդուածներ, Ուսումնասիրութիւններ, Նամակներ, Երեւան, 1959, 528 էջ:
- Հատընտիր (մանուկների եւ պատանիների համար), Երեւան, 1959, 236 էջ:
- Թումանեան. Ուսումնասիրութիւններ եւ հրապարակումներ, հատ. 1, Երեւան, 1964, 408 էջ:
- Հեքիաթներ, Երեւան, 1967, 340 էջ:
- Արուեստի մասին, Երեւան, 1969, 284 էջ:
- Երկերի ժողովածու, հատ. 1. Պալլատներ, Պոեմներ, Երեւան, 1969, 428 էջ:
- Երկերի ժողովածու, հատ. 2. Բանաստեղծութիւններ, Քառեակներ, Թարգմանութիւններ, Երեւան, 1969, 480 էջ:
- Երկերի ժողովածու, հատ. 3. Պատմուածքներ, Հեքիաթներ, Թարգմանութիւններ, Փոխադրութիւններ, Երեւան, 1969, 436 էջ:
- Երկերի ժողովածու, հատ. 4. Քննադատական եւ հրապարակախօսական յօդուածներ, Նամակներ, Երեւան, 1969, 488 էջ:
- Հատընտիր, Երեւան, 1969, 144 էջ:
- Շեքսպիրի մասին, Երեւան, 1969, 101 էջ:
- Թումանեան. Ուսումնասիրութիւններ եւ հրապարակումներ, հատ. 2, Երեւան, 1969, 472 էջ:
- Հեքիաթներ, Երեւան, 1970, 296 էջ:
- Ընտիր երկեր. Բանաստեղծութիւններ, Քառեակներ, Պալլատներ, Պոեմներ, Պատմուածքներ, Հեքիաթներ, յօդուածներ, Երեւան, 1978, 504 էջ:
- Հեքիաթներ, Երեւան, 1978, 293 էջ:
- Բանաստեղծութիւններ եւ լեգենդներ, Երեւան, 1981, 101 էջ:
- Թումանեան. Ուսումնասիրութիւններ եւ հրապարակումներ, հատ. 3, Երեւան, 1983, 424 էջ:
- Ընտիր երկեր, հատ. 1. Բանաստեղծութիւններ, Պոեմներ, Պալլատներ, Լեգենդներ, Քառեակներ, Առակներ, Թարգմանութիւններ, Երեւան, 1985, 464 էջ:
- Ընտիր երկեր, հատ. 2. Պատմուածքներ, Հեքիաթներ, Թարգմանութիւններ, յօդուածներ, Ելոյթներ, Նամակներ, Երեւան, 1985, 544 էջ:
- Հեքիաթներ, Երեւան, 1985, 320 էջ:
- Թումանեան. Ուսումնասիրութիւններ եւ հրապարակումներ, հատ. 4, Երեւան, 1985, 392 էջ:
- Հեքիաթներ, Երեւան, 1988, 320 էջ:
- Երկերի լիակատար ժողովածու, 10 հատորով, հատ. 1. Բանաստեղծութիւններ, Երեւան, 1988, 696 էջ:
- Երկերի լիակատար ժողովածու, հատ. 3. Պոեմներ. Մարօն, Լոռեցի Սագօն, Ալեք, Մեհրի, Մերժած օրէնք, Հառաչանք, Անուշ, Դէպի անհունը, Պոետն ու մուսան, Դարձ, Գրագիր Մուզան, Տարբերակներ, Ծանօթագրութիւններ, Երեւան, 1989, 544 էջ:
- Երկերի լիակատար ժողովածու, հատ. 2. Քառեակներ, Պալլատներ, Թարգմանութիւններ, Փոխադրութիւններ, Երեւան, 1990, 636 էջ:
- Երկերի լիակատար ժողովածու, հատ. 4. Պոեմներ. Սասունցի Դավիթը, Սասունցի Դաւիթը, Բ. մասը, Թմբկաբերդի առումը, Հին կռիւը, Հազարան պլպուլ, Թարգմանական պոեմներ եւ վիպերգեր, Երեւան, 1991, 624 էջ:
- Երկերի լիակատար ժողովածու, հատ. 5. Պատմուածքներ, Հեքիաթներ, Թարգմանութիւններ, Փոխադրութիւններ, Սեւագիր եւ անաւարտ էջեր, Երեւան, 1994, 832 էջ:
- Երկերի լիակատար ժողովածու, հատ. 6. Քննադատութիւն եւ հրապարակախօսութիւն (1887–1912 թթ.), Երեւան, 1994, 672 էջ:
- Երկերի լիակատար ժողովածու, հատ. 7. Քննադատութիւն եւ հրապարակախօսութիւն (1913–1922 թթ.), Երեւան, 1995, 720 էջ:
- Երկերի լիակատար ժողովածու, հատ. 9. Նամակներ (1885–1904 թթ.), Երեւան, 1997, 708 էջ:
- Թումանեան. Ուսումնասիրութիւններ եւ հրապարակումներ, հատ. 5, Երեւան, 1998, 416 էջ:
- Երկերի լիակատար ժողովածու, հատ. 8. Ուսումնասիրութիւններ, Օրագրեր, Ինքնակենսագրական նոթեր, յօդուածներ, Գրառումներ, Թարգմանական հատուածներ, Երեւան, 1999, 712 էջ:
- Երկերի լիակատար ժողովածու, հատ. 10. Նամակներ (1905–1922 թթ.), Երեւան, 1999, 772 էջ:
- Հեքիաթներ, Երեւան, 1999, 156 էջ:
- Ընտրանի, Երեւան, 2001, 936 էջ:
- Հեքիաթներ, Երեւան, 2002, 232 էջ:
- Բանաստեղծութիւններ: Քառեակներ, Երեւան, 2009, 154 էջ:
- Հատընտիր, Երեւան, 2009:
- Հեքիաթներ, Երեւան, 2009, 108 էջ:
- Պալլատներ, Երեւան, 2010, 102 էջ:
- Պոեմներ, Երեւան, 2010, 205 էջ:
- Արուեստի մասին, Երեւան, 2011, 274 էջ:
- Ժողովրդական հեքիաթներ, Պատմուածքներ, պոեմներ, Պալլատներ, լեգենդներ, բանաստեղծութիւններ եւ Քառեակներ, Երեւան, 2011, 285 էջ:
- Հեքիաթներ, Երեւան, 2011, 172 էջ:
- Պատմուածքներ, Երեւան, 2011, 140 էջ:
- Ստեղծագործութիւնների ժողովածու, Երեւան, 2011, 247 էջ:
- Թարգմանութիւններ եւ փոխադրութիւններ, Երեւան, 2012, 238 էջ:
- Հեքիաթներ, Երեւան, 2012, 168 էջ:
- Հեքիաթներ, Երեւան, 2013, 232 էջ:
- Ընտրանի, Երեւան, 2016, 856 էջ:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Туманян Ованес Тадевосович // Большая советская энциклопедия: [в 30 т.] / под ред. А. М. Прохорова — 3-е изд. — М.: Советская энциклопедия, 1969.
- ↑ 2,0 2,1 2,2 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. Խուդավերդյան — Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
- ↑ 3,0 3,1 Հայկական համառոտ հանրագիտարան — Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1990. — հատոր 2.
- ↑ Ջրբաշյան Ե.։ «Հովհաննես Թումանյանի կենսագրությունը»։ armenianhouse.org։ արտագրուած է՝ հուլիսի 11, 2012
- ↑ «ԹՈՒՄԱՆՅԱՆԻ ՏՈՀՄԸ»։ Հովհաննես Թումանյանի թանգարան։ արտագրուած է՝ հուլիսի 10, 2012
- ↑ Յովհաննէս Թումանեան (1869-1923) Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ` «Հանճարեղ Լոռեցին»
- ↑ «Երկնայինը Թումանեանի Քառեակներուն Մէջ»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2015-03-07։ արտագրուած է՝ 2019-08-31
- ↑ «Թումանյանի 10 իրերը»։ mediamax.am (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-08-31
- ↑ «Կիեսլինգ, Վերահայտնագործելով Հայաստանը, էջ. 67»։ արխիւացուած բնօրինակէն 2006-09-22-ին։ արտագրուած է՝ 2006-09-22
- ↑ Մեծանուն հայեր. Հովհաննես Թումանյանի ծննդյան 150-ամյակը
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
|