Սեւրի Դաշնագիր
| |
Ստորագրուած է | 1920 թ. Օգոստոս 10-ին |
Ստորագրման վայր | Սեւր(Փարիզի մօտ) Ֆրանսա |
Ստորագրող կողմեր | Մէկ կողմէն Օսմանեան կայսրութիւն Միւս կողմէն՝ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի Դաշնակիցները եւ Ճափոն |
Պայմանագրի լեզուները | Ֆրանսերէն Անգլերէն Իտալերէն |
Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրը ստորագրուած է 10 Օգոստոս 1920-ին, Սեւրի մէջ (Փարիզի մօտ), Թուրքիոյ օսմանեան կառավարութեան եւ 1914-18 թուականներու Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին յաղթած դաշնակից պետութիւններու (Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա, Իտալիա, Ճափոն, Պելճիքա, Յունաստան, Լեհաստան, Փորթուկալ, Ռումանիա, Հայաստան, Չեխոսլովաքիա, Սերպերու, խրուաթներու եւ Սլովեններու թագաւորութիւն, Հիժազ) միջեւ։ Հայաստանի հանրապետութեան անունով դաշնագիրը ստորագրած է Աւետիս Ահարոնեանը։ Ան եւ արեւմտահայութեան ներկայացուցիչ Ազգային պատուիրակութեան ղեկավար՝ Պօղոս Նուպարը գլխաւոր դաշնակից պետութիւններու հետ կնքած են լրացուցիչ պայմանագիր, ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքերու, դիւանագիտական եւ առեւտրական յարաբերութիւններու վերաբերեալ։
Դաշնագիրը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սեւրի Դաշնագիրը Օսմանեան Կայսրութեան բաժանման դաշնագիրն է։
Սայքս-Փիքոյի համաձայնագիրը (1916)՝ Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ, Մուտրոսի Դաշնագիրը (1918 Հոկտեմբեր 30)՝ թուրքերուն եւ դաշնակիցներուն միջեւ ստորագրուած խաղաղութեան դաշնագիր, որմով թուրքերը ապազինման կը պարտադրուին եւ Տարտանելն ու Վոսպորը կ'ապառազմականացուին եւ կը հաստատուի դէպի Սեւ Ծով եւ փոխադարձ, նաւերու ազատ շրջագայութիւնը, 1919 Յունուար 18, Փարիզի մէջ սկսած Խաղաղութեան եւ 1920 Ապրիլին Սան Ռեմոյի խորհրդաժողովները Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրին հիմքը կը հանդիսանան։
Պայմանագիրը կը բաղկանայ 552 յօդուածներէ, որոնք կը վերաբերին սահմանային եւ քաղաքական, փոքրամասնութիններու պաշտպանութեան, ռազմական, ծովային եւ օդային, գերիներու եւ պատիժներու, տնտեսական եւ նիւթական, օդային նաւագնացութեան, ջրային եւ երկաթուղային ճանապարհներու, աշխատուժի հարցերուն։
Պայմանները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Դաշինքը կը պայմանաւորէ հետեւեալները․-
Օսմանեան Կայսրութիւնը Անգլիոյ (Մեծն Բրիտանիա) թեւարկութեան կը յանձնէ Միջագետքը՝ Իրաք, Պաղեստինը եւ Անդրյորդանանը։
Ֆրանսայի թեւարկութեան՝ Սուրիան եւ Լիբանանը։
Անատոլիայի հովանաւորութիւնը՝ Իտալիոյ։
Հիժազը, Քիւրտիստանը եւ Հայաստանը (իր պատմական տարածքներու մեծ մասով) անկախ պետութիւններ կը դառնան։
Պայմանագիրը մանրամասն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սեւրի հաշտութեան դաշնագրին համաձայն՝ Թուրքիոյ կը մնային Կոստանդնուպոլիսը՝ իր շրջակայքով, Տարտանելը, Վոսպորը Մարմարա Ծովը կ'ապառազմականացուին եւ միջազգային տարածք կը յայտարարուին։
Իմվրօ եւ Թենետօ կղզիները, Արեւելեան Թրակիան մինչեւ Չաթալծա՝ Կոստանտնուպոլսոյ արեւելքը Յունաստանի կը յանձնուին, իսկ ըստ յօդուած 26-ին, Զմիւռնիոյ շրջանը հինգ տարի ետք հանրաքուէարկութեամբ կրնար Յունաստանին կը միանայ։
Օսմանեան Կայսրութեան տնտեսական հսկողութիւնը Դաշնակիցները կ'ունենան։
Արաբական նահանգները, ապստամբած՝ 1916-1918 (Արաբական Մեծ Ապստամբութիւն), Ազգերու Լիկայի որոշումով կը յանձնուին Ֆրանսայի (Լիբանան եւ Սուրիա) եւ Անգլիոյ (Իրաք, Պաղեստին, Անդրյորդանան) թեւարկութեան։
Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրը ճամբայ կը բանայ վարչական, իրաւաբանական, ռազմական ու տնտեսական վերահսկման համար։ Էութեան մէջ կը հաշտեցնէ Միջին Արեւելքի ժողովուրդները եւ կը ճանչնայ մեծ մասին իրաւունքները։
Առնչութիւնը Հայկական հարցին հետ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սեւրի հաշտութեան դաշնագրի Հայաստանի նկատմամաբ բաժինը կ'ընդգրկէ 88-93-րդ յօդուածները․-
Յօդուած 88․ Թուրքիա Հայաստանը կը ճանչնայ իբրեւ ազատ ու անկախ պետութիւն, զոր արդէն դաշնակից պետութիւնները կատարած են։
Յօդուած 89․ Թուրքիա ու Հայաստան, ինչպէս նաեւ Սեւրի Պայմանագրի բարձր պայմանաւորուող կողմերը կը համաձայնին Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի ու Պիթլիսի նահանգներուն մէջ (վիլայէթներ), երկու պետութիւններուն միջեւ սահմանագիծը վստահիլ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու որոշումին եւ ընդունիլ անոր որոշումը, նոյնպէս բոլոր առաջարկները։
Յօդուած 90․ Հետեւելով յօդուած 89-ին, Թուրքիան կը հրաժարի յանձնուած տարածքներուն նկատմամբ բոլոր իրաւունքներէն եւ իրաւասութիւններէն։
Յօդուած 91․ Հետեւելով յօդուած 89-ին, եթէ տարածքներուն մէկ մասը միայն Հայաստանին յանձնուի, Սեւրի վեհաժողովէն ետք, երեք ամսուան ընթացքին կը ստեղծուի սահմանագծման յանձնախումբը, երբ արդէն յիշեալ յօդուածին որոշումը ընդունուած ըլլայ երկու կողմերէն՝ Թուրքիա եւ Հայաստան։
Յօդուած 92․ Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի հետ Հայաստանի սահմանները պիտի որոշուին այդ պետութիւններուն հետ ուղղակի բանակցություններու միջոցով։ Եթէ այդ պետութիւնները չյաջողին համաձայնութեան մը յանգիլ, ապա Դաշնագրի գլխաւոր/բարձր պայմանաուորուող կողմերը խնդիրը պիտի լուծեն յատուկ յանձնաժողովի օգնութեամբ։
Յօդուած 93․ Հայաստանը կ'ընդունի Սեւրի հաշտութեան դաշնագրին համապատասխան յօդուածները, որոնք կը թելադրեն բնակչութեան կամաւոր փոխադրումը՝ տասնութէն բարձր տարիք ունեցող անձերը իրաւունք ունին տարածաշրջանի ուրիշ երկիրներու քաղաքացիութիւնը ընտրել, իրենց ազգութեան կամ կրօնական պատկանելիութեան համապատասխան, ուր անոնք մեծամասնութիւն կը կազմեն։ Այս մարդիկը կը պահպանէին իրենց իրաւունքը անշարժ գոյքի մը պէս, բայց պարտաւոր էին մէկ տարուայ ընթացքին իրենց շարժական գոյքը փոխադրել այն երկիրը, որ ընտրած են։
Յաւելեալ մանրամասնութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յօդուածներուն մէջ նաեւ անօրինական կը յայտարարուի օսմանեան կառավարութեան 1915-ի օրէնքը՝ որեւէ քաղաքացիի լքուած գոյքի մասին։
Թուրքիոյ մէջ մնացող փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը, կեանքը, ազատութիւնն ու հաւասարութիւնը օրէնքով ապահովուած են կառավարութեան կողմէ։ Պատերազմի ժամանակ թուրքերուն կատարած վայրագութիւններուն պատճառած չարիքը առաւելագոյն չափով քաւելու համար, օսմանեան կառավարութիւնը պարտաւոր է իր եւ օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ ցոյց տալ ամէն տեսակ աջակցութիւն՝ 1 նոյեմբեր 1914-էն ետք անհետացած, առեւանգուած, արգելափակուած եւ ազատազրկուած ամէն ցեղի եւ ամէն կրօնի մարդոց փնտռելու եւ ազատելու համար։ Պատիժներուն մասին թրքական կառավարութիւնը կը ճանչնայ դաշնակից տէրութիւններու իրաւունքը՝ ռազմական ատեանին յանձնելու պատերազմի օրէնքներն ու կանոնները խախտած մեղաւոր անձերը, նաեւ կը համաձայնի յանձնել այդ մարդիկը, ինչպէս նաեւ անոնց կատարած ոճրագործութիւններուն վերաբերեալ տեղեկութիւններն ու փաստաթուղթերը. «…Այդ անձերը պատասխանատու են կատարուած ջարդերուն համար այն ժամանակ, երբ երկիրը կը գտնուէր պատերազմի վիճակի մէջ, այն տարածքին մէջ, որ կը կազմէր օսմանեան կայսրութեան մասը 1 Օգոստոս 1914-ին»։ Դաշնակիցները իրաւունք ունին այդ անձերը դատելու համար ատեան նշանակել։
Համաձայնութիւն կը կայանայ, որպէսզի Վրաստանը, Հայաստանը, Ատրպէյճանը եւ Պարսկաստանը Պաթումի նաւահանգիստով ազատ մուտք ունենան դէպի Սեւ ծով։ Դաշնակիցները բարեացակամօրէն կը վերաբերին Կարսէն Ճորոխ, դէպի Պաթում հայկական միջանցքի գաղափարին, սակայն դաշնագիրը ստորագրելու պահուն Վրաստանը անոր փոխարէն հայերուն կ'առաջարկէ երկաթուղի կառուցել Վրաստանի տարածքին մէջ։ Եւ քանի որ տակաւին յայտնի չէր՝ եթէ Տրապիզոնի նաւահանգիստը Հայաստանի նոր սահմաններուն մէջ պիտի մտնէ թէ ոչ, ապա յատուկ յօդուածով Հայաստանին կ'երաշխաւորէր թրանզիթային արտօնութիւններ ու այդ նաւահանգիստի մէկ մասի առյաւէտ վարձակալութիւն։
Մինչեւ Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրի ստորագրումը, նախագահ Ուտրօ Ուիլսընի նշանակած Հարպորտ առաքելութիւն-յանձնաժողովը կ'ուսումնասիրէ տեղագրութիւնը, տնտեսութիւնը, փոխադրամիջոցները, ջրային աղբիւրները, առեւտրական ճամբաները, ժողովրդագրական եւ միւս խնդիրները, որոնք սահմանները որոշելու ժամանակ պէտք է հաշուի առնեն։ Յանձնաժողովը իր յանձնարարականները քննարկման կը ներկայացնէ 1920 Սեպտեմբերին, իսկ նախագահը իր որոշումը եւրոպական տէրութիւններուն կը յանձնէ Նոյեմբերին։ Անոր որոշումին համաձայն՝ Հայաստանը պէտք է ստանար Վանի եւ Պիթլիսի նահանգներու երկու երրորդը, Էրզրումի գրեթէ ամբողջ նահանգը, Տրապիզոն նահանգի մեծ մասը՝ ներառեալ նաւահանգիստը։ Ընդհանուր առմամբ այդ տարածքը կը կազմէր մօտ 90․000 քմ2․։ Միաւորելով Անդրկովկասի արդէն գոյութիւն ունեցող Հայաստանի Հանրապետութեան հետ՝ հայկական անկախ պետութիւնը կ'ունենար շուրջ 160․000ք․քմ․ տարածութիւն՝ դէպի Սեւ ծով ելքով։
Սեւրի ոդիսականը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրը կրնար նպաստել Հայկական հարցի լուծման եւ հայ ժողովուրդին տրամադրել անոր ազգային համախմբման համար բաւարար տարածք։ Սակայն Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրը մնաց թուղթի վրայ։ Զայն չվաւերացուց նոյնիսկ օսմանեան կառավարութիւնը։ Քեմալականները դիմեցին անոր հաստատումը կանխող բոլոր միջոցներուն եւ որպէս առաջին քայլ՝ նոր արշաւանք սկսան Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ, զայն ոչնչացնելու մտադրութեամբ։
Յաջորդ տարիներուն ընթացքին, քեմալական Թուրքիան օգտուելով միջազգային նոր իրադարձութիւններէն, կը փորձէ Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրը փոխարինել կամ անկէ հրաժարիլ հետեւեալ համաձայնագրերով, որոնք սակայն զուրկ են որեւէ իրաւականութենէ ստորեւ նշուած պատճառներով.-
Ալեքսանդրուպոլի դաշնագիր (1920 Դեկտեմբեր 3 լուսաբացին), Թուրքիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչին միջեւ, սակայն մէկ օր առաջ՝ Դեկտ․ 2 կ․ե․ ժամը 5-ին Հայաստանի պետական լիազօրութիւնը ստանձնած էր պոլշեւիկեան Յեղկոմը։
Մոսկուայի համաձայնագիր (1921 Մարտ 16), Ռուսիոյ Սոցիալիստական Դաշնակցային Խորհրդային Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովին միջեւ․ Հայաստանի վերաբերող տրամադրութիւններ, առանց Հայաստանի ներկայութեան։
Կարսի դաշնագիր (1921 Հոկտեմբեր 13), Թուրքիոյ՝ Քեմալի ներկայացուցիչին, որ սակայն լիազօրուած չէր օսմանեան կառավարութեան կողմէն եւ Խորհրդային Հայաստանի (ո՛չ ազատ, այլ Մոսկուայի հովանիին տակ) միջեւ։
Լոզանի դաշնագիր (1923 Յուլիս 24), առանձին համաձայնագիր մըն է, տարբեր նիւթով․ անոր 16-րդ յօդուածը կ'ըսէ թէ Թուրքիա կը հրաժարի իր բոոր իրաւունքներէն եւ իրաւասութիւններէն բոլոր այն տարածքներուն մէջ, որոնք մաս չեն կազմէր Լոզանի Դաշնագրի քննարկման (Սեւրի դաշնագրի Հայաստանի հողատարածքի սահմանները Լոզանի դաշնագրին քննարկման նիւթ չէին կազմեր)։
Դաշնակիցները կը ճանչնան Մուսթաֆա Քեմալի Անգարայի կառավարութիւնը եւ անոր իրաւունքը՝ Արեւելեան Թրակիոյ, Իզմիրի (Զմիւռնիա), Կիլիկիոյ նկատմամբ, բոլոր այն տարածքները, որոնք անցած էին Հայաստանի, Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրով։ Սակայն, Սեւրի Դաշնագիրը կամ Պայմանագիրը մինչեւ այսօր ի զօրու է, որովհետեւ Սեւրի Պայմանագիրը ստորագրող պետութիւնները Դաշնագիրը չներկայացուցին իրենց օրէնսդիր իշխանութիւններուն (որ պարտաւոր էին ըստ միջազգային իրաւական եւ «բարոյական» օրէնքներով), առաւել Սեւրի Դաշնագիրը որեւէ Միջազգային համաձայնագրով չէ փոխարինուած։
Աղբիւրներ եւ գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Սեւրի Դաշնագիրը Եւ «Հայաստանի Հովանաւորութիւնը», Չէքիճեան Յարութ (19 Սեպտեմբեր 2016)։[1]
- «Սեւրի Դաշնագիրը Եւ Նախագահ Ոուտրօ Ուիլսընի «Քինկ-Քրէյն» Եւ «Հարպորտ Առաքելութիւն»-ները – Ա. Չէքիճեան Յարութ (10 Օգոստոս 2017) http://www.aztagdaily.com/archives/359654[2]
- «Սեւրի Դաշնագիրը Եւ Նախագահ Ուտրօ Ուիլսընի «Քինկ-Քրէյն» Եւ «Հարպորտ» Առաքելութիւնները – Բ.» Չէքիճեան Յարութ (11 Օգոստոս 2017)
- Հայրենիք շաբաթաթերթ, Սեդօ Պոյաճեան. «Սեւրի դաշնագիրը Հայոց ազգային ուխտին պատուանդանն է»էջ 15-19[3]
- Թուրքիայի մղձավանջը. Սեւրի պայմանագրի նկատմամբ թուրք «գիտական» շրջանակների նոր մոտեցումները եւ անհեթեթ առաջարկները, Մելինե Անումյան, 2020/08/03[4]
- Ազատյան Հենրիկ «Բախտորոշ պայմանագրեր», 2002, 172 էջ։
- Ահարոնեան Աւետիս «Սարդարապատից մինչեւ Սեւր եւ Լոզան», Պոսթըն, 1943, 213 էջ, Կլէնտէյլ, 1993, 226 էջ, Երեւան, 2001, 252 էջ։
- Գալոյան Գալուստ «Հայաստանը եւ Մեծ տերութիւնները 1917 – 1923 թթ.», 1999, 539 էջ։
- Եսայեան Աղասի «Հայաստանի միջազգային – իրաւական դրութիւնը», 1967, 431 էջ։
- Խատիսեան Ալեքսանդր «Հայաստանի հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը», Աթէնք, 1930, 367 էջ, Պէյրութ, 1968, 487 էջ։
- Կարապետյան Հ. «Սեւրի պայմանագիրը հայոց ճակատագրում», 2004, 128 էջ։
- Հայաստանի Հանրապետութիւնը 1918-1920 թթ. (քաղաքական պատմություն), (փաստաթղթերի եւ նյութերի ժողովածու), խմբ. Գ. Գալոյան, Վլ. Ղազախեցյան, Երեւան, 2000, 456 էջ։
- Հայկական հարցը հաշտութեան կօնֆերանսի առաջ, Թիֆլիս, 1919, 32 էջ, Պոսթըն, 1919, 28 էջ։
- Հայոց պատմութիւն, հատ. IV, Նորագոյն ժամանակաշրջան (1918 թուականից մինչեւ մեր օրերը), գիրք I (1918–1945 թթ.), 2010, 800 էջ։
- Հարությունյան Ա. «Սեւրի պայմանագիրը եւ հայ հասարակական – քաղաքական միտքը», 2004, 140 էջ։
- Յովհաննիսեան Ռիչարտ «Հայաստանի հանրապետութիւն», հատ. 2. (Վերսալից Լոնտոն 1919–1920 թթ.), 2014, 689 էջ։
- Ղազարյան Հայկ «Սեւրի պայմանագիրը եւ Միացյալ անկախ Հայաստանի հռչակումը», 2012, 732 էջ։
- Ղազարյան Հայկ «Վուդրո Վիլսոնի իրավարար վճիռը Հայաստան – Թուրքիա սահմանաբաժանման վերաբերյալ», 2012, 732 էջ։
- Ղորղանեան Գ. «Հայաստանի հանրապետութիւնը եւ պետութիւնները Սեւրից Լօզան», Փարիզ, 1934։
- Յարութիւնեան Ա. «Սեւրի դաշնագրի վերլուծումը», Պէյրութ, 1999։
- Նասիպեան Ագապի «Բրիտանիա եւ Հայկական հարցը 1915–1923 թթ.», Պէյրութ, 1994, 343 էջ։
- Պօղոսեան Սամուել «Պօղոս Նուբար փաշա: Ազգային գործիչը», 2004, 264 էջ։
- Վրացեան Սիմոն «Բանակցութիւններ Ազգային պատուիրակութեան եւ Հայաստանի պատուիրակութեան միջեւ», Պոսթըն, 1920, 67 էջ։
- Վրացեան Սիմոն «Հայաստանի հանրապետութիւն», Փարիզ, 1928, 548 էջ, 2-րդ հրատ., Պէյրութ, 1958, 684 էջ, 3-րդ հրատ., Թեհրան, 1982, 684 էջ, 4-րդ հրատ., Երեւան, 1993, 704 էջ։
- Քառյան Սամսոն «Հայաստանի միջազգային դրությունը եւ արտաքին քաղաքականությունը (1918–1923 թթ.)», 2005, 240 էջ։
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Մուտրոսի Դաշնագիրը(անգլերէն)
- Սան Ռեմօի Խորհրդաժողովը(անգլերէն)
- Արաբական Մեծ Ապստամբութիւնը(ֆր.)
- Հիժազ (անգլերէն)
- ↑ «Անդրադարձ. Սեւրի Դաշնագիրը Եւ «Հայաստանի Հովանաւորութիւնը»»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2016-09-19։ արտագրուած է՝ 2024-11-21
- ↑ says Յարութ չէքիճեան (2017-08-10)։ «Անդրադարձ. Սեւրի Դաշնագիրը Եւ Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի «Քինկ-Քրէյն» Ե»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ արտագրուած է՝ 2024-11-21
- ↑ Հայրենիք շաբաթաթերթ, Սեդօ Պոյաճեան. «Սեւրի դաշնագիրը Հայոց ազգային ուխտին պատուանդանն է»էջ 15-19
- ↑ Թուրքիայի մղձավանջը. Սեւրի պայմանագրի նկատմամբ թուրք «գիտական» շրջանակների նոր մոտեցումները եւ անհեթեթ առաջարկները, Մելինե Անումյան, 2020/08/03