Լօզանի Համաժողովը
Լօզանի խորհրդաժողովը, միջազգային խորհրդաժողով Մերձաւոր Արեւելքի հարցով։ Թուրքիոյ դէմ անգլո-յունական արշաւանքի (1919-1922) ձախողութենէն ետք։ Տեղի ունեցած է 1922 Նոյեմբեր 20-էն 24 Յուլիս 1923, Լօզանի մէջ, Զուիցերիա։ Խորհրդաժողովին մասնակցեր են Մեծ Բրիտանիան, Ֆրանսան, Իտալիան, Յունաստանը, Ճափոնը, Ռումինիան, Հարաւ Սլաւիան, Թուրքիան, ինչպէս նաեւ՝ դիտորդի կարգավիճակով ԱՄՆ–ը։ Խորհրդային (ռուս-ուքր-վրաց.) միացեալ պատուիրակութիւնը մասնակցեր էր միայն Սեւ ծովի նեղուցներու հարցի քննարկման նպատակով։ Լօզանի խորհրդաժողովը աւարտած է շարք մը փաստաթուղթերու ստորագրութեամբ, որոնց մէջ ամենակարեւորը Լօզանի հաշտութեան պայմանագիրն էր, որով հաստատուեցան Թուրքիոյ արդի սահմանները՝ փաստօրէն փոխարինելով 1920 թուականին սահմաններուն։ Վերցուեցան օտարներու տնտեսական ու քաղաքական արտօնութիւնները Թուրքիոյ մէջ, յատուկ համաձայնութեամբ թուլատրուեցաւ առեւտրական ու ռազմական նաւերու ելումուտը Սեւ ծովեան նեղուցներով եւ այլն։
Թուրքիոյ սահմանները ըստ Սեւրի պայմանագիրին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լօզանի խորհրդաժողովին մէջ քննարկուեցաւ նաեւ Հայկական հարցը։ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան (Աւետիս Ահարոնեան, Ալեքսանտր Խատիսեան) չթուլատրուեցաւ պաշտօնապէս մասնակցիլ խորհրդաժողովին, քանի որ ան այլեւս չէր ներկայացներ Հայաստանը, ուր հաստատուեր էր խորհրդային իշխանութիւն։ Այդուհանդերձ, Ազգային պատուիրակութեան (Գ. Նորատունկեան, Լ. Բաշալեան) հետ համատեղ խորհրդաժողովին ներկայացուեցաւ յուշագիր մը, որ կ'առաջարկէր Հայկական հարցի երեք հնարաւոր լուծում. «Հայկական ազգային օճախի» ստեղծում ԱՄՆ-ի նախագահ Վ. Ուիլսընի սահմանագծած Հայաստանի տարածքին, Երեւանի հանրապետութեան ընդարձակում՝ անոր կցելով Արեւմտեան Հայաստանի մէկ մասը՝ դէպի ծով ելքով, իսկ հակառակ պարագային՝ Հայկական ազգային օճախի ստեղծում Կիլիկիոյ մէջ։ Ազգային փոքրամասնութիւններու հարցի կապակցութեամբ յանձնաժողովն ու ենթայանձնաժողովը քանի մը նիստերով անդրադարձան հայկական ազգային օճախին։ Դեկտեմբեր 12-ի նիստին նախագահողը՝ Մեծ Բրիտանիոյ արտգործնախարար լորտ Քերզոնը, անդրադառնալով Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան հարցին, խօսքը մասնաւորեց հայերու վրայ, որոնք «արժանի են յատուկ ուշադրութեան՝ աչքի առաջ ունենալով ոչ միայն սերունդներու կեանքի ընթացքին անոնց կրած դաժան տառապանքները, որոնք յարուցեր են քաղաքակիրթ աշխարհի համակրանքն ու զարհուրանքը, այլեւ նկատի առնելով ապագայի վերաբերեալ անոնց տրուած (դաշնակից տէրութիւններու կողմէ) յատուկ հաւաստիացումները», եւ Անգարայի կառավարութեան խնդրեց այդպիսի «ազգային ոգի ունեցող ու վճռականութեամբ լեցուն» ժողովուրդի համար «ազգային տուն» (օճախ) յատկացնել Թուրքիոյ հիւսիս արեւելեան նահանգներու մէջ կամ Կիլիկիոյ ու Սուրիոյ հարաւ արեւելեան սահմանագիծին վրայ։[1]
Թուրքիոյ սահմանները ըստ Լօզանի պայմանագիրին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նոյն ոգիով արտայայտուեցան նաեւ Անտանտի միւս ներկայացուցիչները (Բարրեր, Գարրոնի, Մոնտանա, Վենիզելոս, Չայլդ եւ ուր.), որոնք «մարդասիրական» ճառեր չխնայեցին ի պաշտպանութիւն հայոց դատին։ Բայց թրքական պատուիրակութիւնը (Իսմեթ փաշա, Ռեզա Նուր պէյ) վճռականօրէն մերժեց Թուրքիոյ տարածքին մէջ որեւէ հայկական ազգային օճախ ստեղծելու գաղափարը՝ պատճառաբանելով, թէ Թուրքիան ոչ իր արեւելեան նահանգներուն, ոչ ալ Կիլիկիոյ մէջ ունի «տարածքի որեւէ պատառ», որու բնակչութեան մեծ մասը թուրքեր չըլլան, եւ որ կարելի ըլլար որեւէ կերպ անջատել մայր հայրենիքէն։ Եւ բացի այդ, Թուրքիան միջազգային իրաւունքին համապատասխան պայմանագրեր կնքեր է (նկատի ունին Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագրերը) եւ «բարի դրացիական յարաբերութիւններ» հաստատել ներկայիս գոյություն ունեցող «անկախ Հայաստանի», այսինքն՝ ՀԽԱՀ-ի հետ, եւ անոր հակառակ կ'ըլլար պատկերացնել որեւէ «այլ Հայաստանի գոյութիւնը»։ Յաղթած Թուրքիան այսպէս իր կամքը կը պարտադրէր Անտանտի պետութիւններուն։ Մեծ Բրիտանիան ու Ֆրանսան, որոնք շահադիտական նպատակներ կը հետապնդէին Թուրքիոյ ու Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, քայլ առ քայլ տեղի կու տային թրքական պատուիրակութեան համառութեան առջեւ՝ զիջումներու երթալ ի հաշիւ ազգ. փոքրամասնություններու (հայեր, յոյներ, Թրակիոյ Պուլկարներ եւ այլն) օրինական շահերուն։ Վերջին անգամ Հայկական Հարցը շօշափուեցաւ առաջին յանձնաժողովի 17 յուլիս 1923-ի նիստին եւ վերածուելով «հայ գաղթականութեան» հարցի, փոխանցուեցաւ Ազգերու լիկային (տե՛ս Ազգերու լիկան եւ Հայկական հարցը)։ Եւ արդէն կնքուած պայմանագիրին մէջ յիշատակութիւն անգամ չկար հայերու ու Հայաստանի մասին։ Այդպիսով Թուրքիան ո՛չ միայն իւրացուց Արեւմտեան Հայաստանն ու Կիլիկիան, այլեւ՝ մերժեց բազմահազար տարագիր արեւմտահայերու վերադարձը հայրենի երկիր։ Պայմանագիրի 42-րդ յօդուածով թրքական կառավարութիւնը կը պարտաւորուէր «պաշտպանութիւն ցույց տալ» Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններու աղօթարաններուն, գերեզմանոցներուն ու կրօնական միւս հաստատութիւններուն։ Լօզանի խորհրդաժողովի խորհրդային պատուիրակութիւնը (ղեկ. Գ. Չիչերին) յուշագիրով մը պատրաստակամութիւն յայտնեց Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ մէջ ապաստան տալ հայ գաղթականներուն։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Հայաստանը միջազգային դիւանագիտութեան եւ սովետական արտաքին քաղաքականութեան փաստաթղթերուն մէջ (1828-1923)»
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Армянский вопрос на Лозаннской конференции. Извлечения из протоколов։ Тифлис 1926. с. 3-36.
- Mandelstam А N.. La Socie'te' des Nations at les Puissances devant le proble'me arme'nien, 2 e'me e'd, Beyrut, 1970, p. 260-280։