Jump to content

Փորթուկալ

Երկիր
Փորթուկալ
փորթ.՝ República Portuguesa
փորթ.՝ Portugal
Դրօշակ Զինանշան


Europe's West Coast եւ Arfordir Gorllewin Ewrop
Երկիր  Փորթուկալ
Ներքին բաժանում Լիսաբոն?, Leiria?, Santarém?, Setúbal?, Բեժա?, Faro?, Évora?, Portalegre?, Castelo Branco?, Guarda?, Coimbra?, Ավեյրու?, Viseu?, Bragança?, Vila Real?, Պորտու?, Braga?, Viana do Castelo?, Մադեյրա? եւ Ազորյան կղզիներ?[1][2]
Prime Minister of Portugal? Անտոնիու Կոշտա?
Օրէնսդրական մարմին Ազգային ժողով
Հիմնադրուած է՝ 23 Մայիս 1179[3]
Տարածութիւն 92 225 քմ²
Պաշտօնական լեզու Փորթուկալերէն[4] եւ Mirandese?
Բնակչութիւն 10 347 892 մարդ (2021)[5]
Կը գտնուի ափին Ատլանտեան Ովկիանոս[6]
Ժամային գօտի UTC+0
Շրջագայութեան պետ-համարագիր P
Անուանուած է Portus Cale?
Սուրբ բարեխօս Սուրբ Գէորգ
Պաշտօնական կայքէջ portugal.gov.pt/en/gc21

Փորթուկալ[7] (փորթ.՝ República Portuguesa), պետութիւն՝ Հարաւային Եւրոպային մէջ։ Փորթուկալը Եւրոպայի ամէնէն արեւմուտքը գտնուող երկիրն է։ Արեւմուտքէն եւ հարաւէն սահմանակից է Ատլանտեան ովկիանոսին, հիւսիսէն եւ արեւելքէն՝ Սպանիոյ։ Մայրաքաղաքը Լիզպոնն է։

Պելեմի աշտարակը

Հին քարէ դարերէն, Փորթուկալի տարածքին, մարդիկ հոն բնակութիւն հաստատած են ։ Պրոնզէ դարուն Փորթուկալի հիւսիսային շրջանին մէջ զարգացած է մետաղամշակութիւնը։ Ք․ա․ Ա. հազարամեակի բ. կիսուն, Փորթուկալի տարածքին բնակութիւն հաստատած են կելտերը, Ք․ա․ Դ.- Գ. դարերուն՝ լուզիտանները, որոնց հիմնական զբաղումը անասնապահութիւնը եղած է։ Ք․ա․ Բ. դարերու սկիզբը անոնք պայքար մղած են երկիր ներխուժած հռոմէացիներուն դէմ եւ միայն Ք․ա․ Ա. դարու վերջը Հռոմ յաջողած է կոտրել լուզիտաններու դիմադրութիւնը եւ անոնց տարածքը դարձնել Լուզիտանիա՝ Հռոմի գաւառ։ Հռոմէացիները տիրած են մինչեւ Ք․ե․ Ե. դարու սկիզբը։

Արաբա-Սպանական Տիրապետութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

713-718-ին Փորթուկալը նուաճած են արաբներն ու պերպերները եւ 756-էն ետք անիկա դարձած է Գորտովայի էմիրութեան (929-էն խալիֆայութեան) մէկ մասը։ Ռեգոնգիստայի ընթացքին Ժա.- Ժբ. դարերու սկիզբը Փորթուկալի ազատագրուած հողերը մտած են Սպանական Լեւոնի թագաւորութեան կազմին մէջ։ Լեւոնի արեւմտեան սահմանները ամրացնելու նպատակով, թագաւոր Ալֆոնզ Դ. ստեղծած է յատուկ կոմսութիւն մը եւ շնորհած իր փեսային՝ Հենրի Պուրկունտացիին, որ անուանուած է Փորթուկալական կոմս։

Փորթուկալի Անկախութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հենրիի որդին՝ կոմս Աֆոնսզօ էնրիկիշը, մաւրերուն դէմ տարած մեծ յաղթանակէն (1139) ետք, ինքզինք թագաւոր հռչակած է։ Փորթուկալի անկախութիւնը Լեւոնը ճանչցած է 1143-ին։ Ժգ. դարու կիսուն, Փորթուկալի տարածքը ամբողջովին ետ նուաճուած է մաւրերէն։ Ժբ.-Ժգ. դարերուն Փորթուկալի մէջ ձեւաւորուած են աւատական յարաբերութիւնները, գիւղացիներուն հիմնական մասը անձնական կախման մէջ ինկած է աւատներէն, բայց պահպանուած է աղքատ գիւղացիութեան զգալի խաւը։ Շնորհիւ Փորթուկալի յարմար աշխարհագրական դիրքին, արագօրէն զարգացած են քաղաքները ինչպէս՝ Լիզպոնը։ Ժգ. դարուն ձեւաւորուած են քորթէզները։ Ժդ.- Ժե. դարերուն Փորթուկալի թագաւորները վարած են պետական իշխանութեան կեդրոնացման քաղաքականութիւն, ճնշած մեծ աւատներու խռովութիւնները, յենած՝ ծառայող ազնուականութեան ու կաթողիկէ եկեղեցւոյ վրայ։ Խուան Բ. թագաւորի (1481-1495) օրով յատկապէս դրսեւորուած է թագաւորական իշխանութեան զօրութիւնը. ան սահմանափակած է մեծ աւատներու իրաւասութիւնները, դաժանօրէն ճնշած 1483-1484-ի աւատական խռովութիւնը։

Վասքօ տա Կամայի արձանը, որ 1498-ին կը բացայայտէ դէպի Հնդկաստան տանող ծովային ուղին

Գաղութատիրական Ժամանակաշրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բացարձակապետութեան ամրապնդման հետ կապուած է արտաքին գրաւումներու քաղաքականութիւնը։ Ծովային առաջին արշաւանքներու կազմակերպիչը եղած է՝ արքայազն Հենրի Ծովագնացը։ Փորթուկալցիները գրաւած են Փորթու Սանթու (1419), Մատէյրա (1420) կղզիները, Ազորեան շարք մը կղզիներ (1432), յենակէտեր ստեղծած՝ Ափրիկէի արեւմտեան ծովափին։ Վասքօ Տա Կամայի կողմէ Հնդկաստան տանող ծովային ուղիի յայտնագործումով (1498) սկսած են Փորթուկալցիներու նուաճումները Արեւելեան Ափրիկէյի մէջ, Հնդկաստանի մէջ եւ Հարաւ-Արեւելեան Ասիոյ մէջ։ Ժզ. դարու 40-ական թուականներուն նուաճած են Պրազիլը: Փորթուկալը իր հզօրութեան գագաթնակէտին հասած է Մանուէլ Ա. թագաւորի (1495-1521) օրով (գրաւուած են Մոզամպիքը, Կոան եւ Տիուն (Հնդկաստանի մէջ), Մալաքքան, Օրմուզը, Մալայ Արքիբէլայոնը եւ քանի մը կղզիներ)։ Հեռաւոր Արեւելեան ամբողջ առեւտուրը անցած է Փորթուկալցիներուն ձեռքը։ Գաղութներու կողոպուտէն ստացուած եկամուտի մեծ մասը բաժին ինկած է աւատական եւ եկեղեցական վերնախաւին։ Հսկայական հարստութեան մուտքը տնտեսական վերելք ապահոված է Փորթուկալին։

Փորթուկալի Տրոհում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժզ.րդ դարու բ. կէսէն կը սկսի տնտեսական անկումը։ 1581-ին Սպանիա կը նուաճէ Փորթուկալը։ 1640-ին փորթուկալցիները կ'ապստամբին, որու հետեւանքով Փորթուկալը կ'անջատուի Սպանիայէն: Թագաւոր կը հռչակուի Պրականսայի դուքսը՝ Խուան Զ.(1640-16561668-ին միայն Սպանիա կը ճանչնայ Փորթուկալի անկախութիւնը։ Սպանական ժառանգութեան (1701-1714) համար պատերազմի մէջ ներքաշուելով Անգլիոյ եւ Հոլանտայի կողմէ, Փորթուկալ փաստօրէն կախման մէջ կ'իյնայ Անգլիայէն: Տնտեսական եւ մշակութային որոշ վերելք կը նկատուի Խոսէ Ա.-ի (1759-1777) օրով, երբ երկրին մէջ բարենորոգումներ տեղի կ'ունենան, այսպէս կոչուած, լուսաւորեալ բացարձակապետութեան ոգիով։ Նափոլէոնեան պատերազմներու ատեն 1807-ին Փորթուկալը կը գրաւեն ֆրանսական զօրքերը։ Թագաւորական ընտանիքն ու արքունիքը կը փախչին Պրազիլ:

Փորթուկալ պետութեան ստեղծում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1808-ին Փորթուկալցի ժողովուրդը կ'ապստամբի ֆրանսական տիրապետութեան դէմ։ 1811-ին ֆրանսացիները ստիպուած կը հեռանան երկիրէն։ 1820-ին Փորթուկալի մէջ կը սկսի քաղքենի յեղափոխութիւնը, որու հիմնական պահանջն էր Սահմանադրական Միապետութեան հաստատումը։ 1822-ին կ'ընդունուի բոլորովին տնտեսական կողմէ ազատ սահմանադրութիւնը, նոյն տարին Պրազիլը ինքզինք անկախ կը հռչակէ եւ կ'անջատուի Փորթուկալէն։ Սակայն քորթէզներու ընդունած յառաջդիմական վերակազմումներու մասը չ'իրագործուիր բոլորովին տնտեսական կողմէ ազատ քաղքենի երկչոտութեան պատճառով։ 1824-ին արքայազն Միկէլ Պրաքանսացիին շուրջը համախմբուած աւատակղերական տարրերը պետական յեղաշրջում մը կը կատարեն, երկրին մէջ կը սկսի քաղաքացիական պատերազմը, որ կ'աւարտի սահմանադրականներու յաղթանակով։ 1834-ին Միկէլ Պրականսացին կը ստիպուի հրաժարիլ գահէն։ Շուտով սահմանադրականներու ձախ թեւը կը հանդիսանայ 1822-ի բոլորովին տնտեսական կողմէ ազատ սահմանադրութիւնը վերականգնելու պահանջով։ Լիզպոնի մէջ կը բռնկի ապստամբութիւն մը, որ 1836-ին կը վերածուի քաղքենի յեղափոխութեան։ Իշխանութեան գլուխ կ'անցնին ձախ սահմանադրականները կամ սեպտեմբերեանականները, որոնց 1842-ին դուրս կը մղեն աջ սահմանադրականները։ Միանալով կղերա-աւատական տարրերուն հետ, աջ սահմանադրականները կը կազմեն չարթիսթներու «քարթիշթա» պահպանողական կուսակցութիւնը։ Չարթիսթներու պարագլուխ՝ զօրավար Քապրալ, կը հաստատէ ռազմական իշխանութիւնը։ 1846-1847-ի ժողովրդական ապստամբութիւնը կը ճնշուի բանակին օգնութեամբ։ 1851-ին խարթիսթներու ձախ թեւէն եւ սեպտեմբերեանականներէն կը կազմուի «ռեճեներատուշ» («վերածնունդ») կուսակցութիւնը, որու ղեկավար Սալտանեան 1851-1856-ին կը գլխաւորէ կառավարութիւնը, կ'իրականանան շարք մը տնտեսական եւ նիւթական միջոցառումներ, կը կառուցուի առաջին երկաթուղին (1853)։ Դրամատիրութեան զարգացման ու աղքատներու քանակի աճին հետ Փորթուկալի մէջ կը յառաջանայ ընկերվարական շարժում․ մը 1875-ին կը ստեղծուի ընկերվարական կուսակցութիւնը։ Միաժամանակ կը զօրանայ հանրապետական շարժումը, կը ստեղծուի հանրապետական կուսակցութիւնը։ Ի. դարու սկիզբը հանրապետական տրամադրութիւնները կը թափանցեն բանակ եւ նաւատորմ։ 1910-ի քաղքենի յեղափոխութիւնը կը վերցնէ միապետութիւնը։ Փորթուկալ հանրապետութիւն կը հռչակուի։ Սակայն կը պահպանուին կիսա-աւատական ուժեղ մնացուկներ եւ եկեղեցւոյ զօրութիւնը։

Համաշխարհային Առաջին Պատերազմ եւ Յետպատերազմեան Շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փորթուկալը Համաշխարհային Առաջին Պատերազմին (1914-1918) կը մասնակցի Անթանթի կողմէ՝ 1916-ին պատերազմ յայտարարելով Գերմանիոյ։ 1920-ի յեղափոխութեամբ կը վերցուի միապետութիւնը եւ Փորթուկալ կը դառնայ հանրապետութիւն։ 1932-ին իշխանութիւնը կ'անցնի վարչապետ Անթոնիու Տի Օլիւէյրա Սալազարին, որ յենելով կալուածատէրերու, նիւթական սակաւապետութեան եւ եկեղեցական վերնախաւի վրայ ֆաշիստ կը դարձնէ երկիրը, կ'արգիլուին բոլոր կուսակցութիւնները։ Սպանացի ժողովուրդի ազգային յեղափոխական պատերազմի (1936-1939) ատեն Փորթուկալ կ'աջակցի Սպանացի ֆաշիստներուն եւ իտալա-գերմանական ընտելացման վարժանքներուն։
1974-ի Ապրիլ 25-ի զինուած ապստամբութեամբ կը տապալի ամբողջատիրական կառավարութիւնը («Մեխակներու յեղափոխութիւն»), կը թոյլատրուի քաղաքական կուսակցութիւններու գործունէութիւնը։ Անկախութիւն կը ստանան Փորթուկալի ափրիկեան գաղութները։ 1976-ի Ապրիլին կ'ընդունուի նոր սահմանադրութիւնը։

Ազգային օդանաւային ընկերութեան օդանաւ

Փորթուկալը արդիւնաբերա-գիւղատնտեսական երկիր է։ Արդիւնաբերութեան կարեւոր աւանդական ճիւղերէն է մանածագործութիւնը, գինեգործութիւնը, ձիթաիւղի, ձուկի պահածոներու արտադրութիւնը, խցանակեղեւի մշակումը (առաջատար դիրքով աշխարհի վրայ), սեւ եւ գունաւոր մետաղամշակութիւնը, նաւաշինութիւնը։ Զարգացած են նաեւ քիմիական, նաւթավերամշակման, նաւթաքիմիական եւ կրափոշիի արտադրութեան բնագաւառները։
Գիւղատնտեսութեան մէջ կը գերակշռէ հողամշակութիւնը։ Մշակուած հողերու գրեթէ կէսը կը զբաղեցնէ ցանքը։
Արտաքին առեւտրաշրջանառութեան հիմնական գործընկերները Եւրոպական Միութեան երկիրներն են։

Կենդանական Աշխարհ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միջերկրածովեան տեսակի է, Միջին Եւրոպայի յատուկ տեսակներու լայն տարածմամբ (գայլ, աղուէս, կզաքիս եւ այլն) եւ հիւսիս-ափրիկեան ֆաունայի ներկայացուցիչներով (ալճերիական ոզնի, սպանական նապաստակ)։ Շատ են կրծողները, չղջիկները, թռչուններն ու սողունները։ Ջուրերը հարուստ են ձուկերով։

Ազգային տարազով փորթուկալուհիներ

Փորթուկալը աշխարհի ամէնէն միատարր ազգային կազմ ունեցող երկիրներէն է։ Բնակչութեան աւելի քան 99%-ը փորթուկալցիներ են[8], կը բնակին նաեւ 50 հզ․ օտարերկրացիներ։ Պաշտօնական լեզուն փորթուկալերէնն է, կրօնքը՝ կաթոլիկութիւնը։ Բնակչութեան խտութիւնը 1 քմ2-ի վրայ 106 մարդ է, ափամերձ քանի մը շրջաններու եւ կղզիներու վրայ՝ մինչեւ 200 մարդ։ Մեծ քաղաքներն են՝ Լիզպոնը եւ Փորթուն։

Փորթուկալ Միացեղ երկիր է, պաշտօնական լեզուն փորթուկալերէնն է, զոր աշխարհի 3 ցամաքամասերուն վրայ կը խօսի շուրջ 184 միլիոն մարդ (ամէնէն մեծ փորթուկալախօս երկիրը Պրազիլն է)։

Բնակչութեան 81%-ը կաթոլիկներ են[9]: Մնացեալ քրիստոնեաները կը կազմեն բնակչութեան շուրջ 3.3%-ը։ Իսլամադաւանները կը կազմեն բնակչութեան 0.6%-ը[9]: Լիզպոնի եւ Փորթուի բնակչութեան 200 հազարը հրեաներ են։ Բնակչութեան շուրջ 6.8%-ը աթէիստներ են[9]:

Վարչական Բաժանում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Շրջաններ[10]
  Շրջան Տարածք
քմ2
Բնակչութիւն   Շրջան Տարածք
քմ2
Բնակչութիւն
1 Լիզպոն 2 761 2 250 533 10 Կուարտայ 5 518 160 939
2 Լէիրիա 3 517 470 930 11 Քոիմպրա 3 947 430 104
3 Սանթարեմ 6 747 453 638 12 Աւէյրու 2 808 714 200
4 Սեթուպալ 5 064 851 258 13 Վիշէու 5 007 377 653
5 Պէժայ 10 225 152 758 14 Պրականսա 6 608 136 252
6 Ֆարու 4 960 451 006 15 Վիլայ Ռէալ 4 328 206 661
7 Էվորա 7 393 166 706 16 Փորթու 2 395 1 817 117
8 Փորթալեկրէ 6 065 118 506 17 Պրակա 2 673 848 185
9 Քասթելու Պրանքու 6 675 196 264 18 Վիանա տու Քասթելու 2 255 244 836
Ինքնավար տարածքներ
Ինքնավար տարածք Տարածք
քմ2
Բնակչութիւն
Ազորներ 2 333 246 772
Մատէյրայ 801 267 785

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]