Զմիւռնիա
Զմիւռնիա[1] (հին յուն․՝ Σμύρνα (Smúrna))‘ հնամենի քաղաք մը, հնահունական ամէնահին քաղաքներէն մին՝ Փոքր Ասիոյ մէջ։ Իր աւելի քան երկու հազարամեակեայ պատմութեան ընթացքին, Զմիւռնիան ապրեցաւ բազում վերելքներ եւ անկումներ, մինչեւ որ XV դարուն վերջնականապէս գրաւուեցաւ եւ աւերուեցաւ օսմանցիներու կողմէ։ Զմիւռնիոյ աւերակները կը գտնուին ներկայ թուրքական Իզմիր քաղաքի տարածքին։

Նախաանտիկ շրջան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մինչեւ վերջերս կը կարծուէր, թէ Զմիւռնիոյ տարածքին ամենահին բնակավայրերը կ'ենթադրուէին 3000 թուականէն առաջ, սակայն 2004 թուականին՝ Իզմիրի համալսարանի հնագէտները Ելշիլովա-Հոիւքի (թրք.՝ Yeşilova Höyük) տեղանքին մէջ պեղեցին բնակավայրեր՝ նոր քարէ դարու եւ պղնձեայ դարու ժամանակաշրջանէն, որոնք կ'ենթարկուին 6500-4000 թուականներու միջեւ։ Գ. հազարամեակին՝ Յամանլար լերան ստորոտին առաջացաւ բնակավայր մը, որ կը կոչուէր Հին Զմիւռնիա։ Այն ատեն տեղանքը փոքրիկ կղզիամերձ ցամաքամաս մը եղած է, որ կապուած էր ցամաքամասին նեղ պարանոցով (ներկայ Բայրաքլը շրջանը, հիմնական քաղաքէն հիւսիս-արեւմուտք)։ Մ.ա. 1500 թուականին շրջանը ընկաւ Խեթական Պետութեան ազդեցութեան տակ։ Խեթական փաստաթուղթերուն մէջ յիշատակուած են Իզմիրի մօտակայ տարածքներու անուանումներ։ Մօտաւորապէս մ.ա. 1200 թուականի արշաւանքներէն ետք, որոնք աւերեցին մասնաւորաբար Թրոյա VII-ն եւ Խեթական Պետութիւնը, Զմիւռնիան անկում ապրեցաւ։
Հոմերոսեան Զմիւռնիա
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երկրորդ հազարամեակի վերջաւորութեան, դորիական ճնշումներէն Եւրոպական Յունաստանէն՝ Էգեյական ծովուն միջոցաւ, էոլիացիները փոխադրուեցան եւ իրենց բնակավայրը հիմնեցին Զմիւռնիոյ ափերուն։ Փոքր ի մի ետք՝ իոնիացիներն ալ հասան։ Զմիւռնիոյ տարածքին յունական աղօթարանը նշմարուեցաւ մօտաւորապէս մ.ա. 1000 թուականին, իսկ 925-900 թուականներուն կը պատկանի հնագէտներու պեղած ամենահին տունը (ներկայ Բայրաքլը շրջանը)։ Այն լաւ պահպանուած էր, ունէր կաւեղէն պատեր եւ եղեգնեայ ծածկ, կազմուած էր մէկ փոքրիկ սենեակէ (2,45×4 մ)։ Կաւեղէն աղիւսներով կառուցուած էին նաեւ քաղաքի պարիսպները, որոնց դուրս՝ կ'ընդարձակուէին անդրանիկ այգիները, ձիթենիներով եւ խաղողի այգիներով, նաեւ կաւագործ եւ քարագործ արուեստանոցները։ Քաղաքի բնակչութիւնը կը կազմէր մօտաւորապէս 1000 հոգի։ Հոս է, որ ծնաւ Հոմերոսը (եօթը քաղաքներէն, որոնք կ'ուզեն իրենց վերագրել իր ծնունդը, Զմիւռնիան եւ Խիոսը նկատուին ամենահաւանականները)։
Արխայիկ եւ դասական Զմիւռնիա
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Շուտով Զմիւռնիան անցաւ էոլիացիներէն՝ իոնիացիներուն։ Հերոդոտոսը մանրամասնօրէն կը պատմէ, թէ ինչպէս ատիկա պատահեցաւ։ Զմիւռնիացիները ընդունեցին աքսորուածները Կոլոֆոնէն, որոնք պարտուած էին քաղաքական կռուին մէջ։ Մէկ առ մէկ երբ բոլոր քաղաքացիները դուրս եկան քաղաքէն՝ տօնելու Դիոնիսի տօնը, կոլոֆոնցիները փակեցին դարպասները եւ այսպէսով դաւաճանաբար գրաւեցին քաղաքը։ Միւս ԺԱ էոլիական քաղաքները շտապեցին օգնելու իրենց համազգիներուն, սակայն ոչինչ չկրցան ընել եւ ստիպուած եղան համաձայնութիւն ստորագրելու կոլոֆոնցիներուն հետ, ըստ որոր էոլիացիները կը թողուին Զմիւռնիան, սակայն փոխարէնը կ'ստանան իրենց բոլոր ունեցուածքը։ Զանոնք բաժնեցին միմեանց միջեւ միւս էոլիական քաղաքները, իսկ Զմիւռնիան ընդունուեցաւ Իոնիական միութիւնին մէջ եւ հետագային մինչեւ Ի-րդ դար նկատուեցաւ Իոնիոյ մայրաքաղաքը։ Հին Զմիւռնիոյ գլխաւոր սրբավայրը Աթենաս տաճարն էր, կառուցուած մ.ա. ԶԼ-ՀԾ տարիներուն եւ մասնակի վերականգնուած մեր օրերուն։ Այս էին Զմիւռնիոյ առաջին վերելքի տարիները, որ թէեւ թուլացուած էր լիտիական թագաւոր Ալիատտոս (մ.ա. ՆԺ-Ս տարիներ) գրաւումով։ Մ.ա. 545 թուականին քաղաքը գրաւուեցաւ պարսկական արքայ Կիւրոսի կողմէ, որ հանգեցուց Զմիւռնիոյ անկումին։
Քաղաքի հարստութեան մասին ոսկեդարեան ժամանակաշրջանին կը վկայէ այն փաստը, որ հոս գտնուեցաւ բազմասենեակ տան ամենահին օրինակը (մ.ա. Է-րդ դարու երկրորդ կէսը). երկյարկանի տուն մը՝ հինգ սենեակներով եւ ներքին բակով (պերիստիլ)։ Զմիւռնիան վերաշինուեցաւ Հիպոդամոսի համակարգով. ուներ ուղիղ քարուքանդ փողոցներ, որոնք երկարում են հիւսիսէ հարաւ եւ արեւմուտքէ արեւելք եւ կը խաչաձեւեն իրարու կանգնած անկիւնով. Զմիւռնիան է Հին Արեւելքէն դուրս նման պլանաւորման ամենավաղ օրինակը։
հունական շրջան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մ.ա. 334 թուականին Ասիա ծովածոցը ելաւ Մեծն Աղեքսանտրն, որ շուտով գրաւեց Զմիւռնիան։ Քաղաքը՝ Նոր Զմիւռնիա անունով, փոխադրուեցաւ կղզիամերձ տարածքէն, ուր կրնար տեղաւորուիլ միայն փոքրաթիւ բնակիչներ, հարաւ-արեւմուտք՝ Պագոս լերան անդրանկներուն (հին յուն․՝ Πάγος, ներկայ Գատիֆեգալէ)։ Ալեքսանդրոսի մահէն ետք քաղաքին տիրացաւ անոր դիադոխներէն մէկը՝ Լիսիմաքոս, որու օրով (մ.ա. 300 թուականին մօտ) Պագոսի վրայ կառուցուեցաւ հզօր ամրոց, որ հետագային վերաշինուեցաւ եւ մասնակի աւերուած վիճակով հասաւ մեր օրերը։ Այս ժամանակէն սկսեալ, եւ մասնաւորապէս Պերգամոնի թագաւորութեան իշխանութեան տակ, քաղաքը ապրեցաւ նոր վերելք. մասնաւորաբար Զմիւռնիոյ մէջ կառուցուեցան թատրոն եւ ստատիոն։
Հռոմէական շրջան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Մ.ա. 133 թուականին Զմիւռնիան իր ամբողջ թագաւորութեամբ անցաւ Հռոմի իշխանութեան տակ եւ դարձաւ Հռոմէական Ասիա նահանգի մայրաքաղաքը։ Ժամանակակից պատմաբաններու կարծիքով՝ հռոմէական գրաւումը Զմիւռնիոյ համար, ինչպէս նաեւ միւս Յունաստանի, այն ժամանակուայ քաղաքական եւ մշակութային համատեքստին մէջ աւելի դրական, քան բացասական նշանակութիւն ունեցաւ. ամբողջ անտիկ աշխարհը միացուեցաւ Հռոմէական կայսրութեան դրօշներուն ներքոյ, դադրեցան քանդիչ պատերազմները առանձին պոլիսներու եւ պետութիւններու միջեւ։ Զմիւռնիան ապրեցաւ երկրորդ ոսկեդարը։ Զգալիօրէն աւելցաւ բնակիչներու թիւը, վերելք ապրեցաւ առեւտուրը։ Կառուցուեցան նոր առեւտրական հրապարակներ ու ջրատարեր, փողոցները ամբողջովին քարուքանդ եղան։ 121 եւ 125 թուականներուն Զմիւռնիան այցելեց կայսր Հատրիանոսը. անոր հրամանով նաւահանգիստի մօտ կառուցուեցաւ հացահատիկի պահեստ։ 178 թուականին քաղաքը աւերուեցաւ երկրաշարժով, որ կը նկատուի քաղաքի պատմութեան ամենալուրջ աղէտներէն մէկը։ Կայսր Մարկոս Աւրելիոսը մեծ ներդրում ունեցաւ քաղաքի վերականգնման մէջ։ Մեր օրերը հասած՝ աւերակներով աղորան (ներկայ՝ բաց երկինքի տակ թանգարան) կառուցուեցաւ Բ-րդ դարու վերջաւորութեան՝ յատկապէս Մարկոս Աւրելիոսի օրով։
Քաղաքը շուտով ընկալեց քրիստոնէութիւնը։ Զմիւռնիոյ եկեղեցին Ասիոյ եօթը եկեղեցիներուն մէջ արդէն յիշատակուած է Յայտնութիւնին մէջ։ Յովհաննէս Առաքեալը ինք ապրեցաւ Զմիւռնիոյ մէջ եւ իր աշակերտին՝ սրբազան Վուկոլին նշանակեց որպէս առաջին եպիսկոպոս։ Վուկոլի մահէն ետք (100-110 թուականներուն միջեւ) եպիսկոպոս դարձաւ առաքեալ Յովհաննէսի միւս աշակերտը՝ Սուրբ Պողիկարպոսը, որ այրուեցաւ 166 թուականին։ Ան կը նկատուէր քաղաքի սրբազան պահապանը եւ հէնց իրեն է նուիրուած քաղաքին մէջ պահպանուած երեք եկեղեցիներէն ամէնահինը։
Պիւզանդական շրջան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հին Հռոմի անկումով Զմիւռնիան անկում ապրեցաւ։ Վաղ պիւզանդական ժամանակաշրջանին այն տակաւին կը մնար խոշոր կրօնական եւ տնտեսական կեդրոն, սակայն փոքրացաւ իր չափերով եւ երբեք չվերագտաւ նախկին բարգաւաճման մակարդակը։
Ստրկատիրական կարգի մնացորդները այստեղ կը համադրուին աւատատիրութիւն հետ։ Պիւզանդական ազդեցութեան թուլացումը սկսաւ XI դարու վերջաւորութեան, երբ Մանծիկերտի ճակատամարտէն ետք՝ սելջուկ թուրքերը ներթափանցեցին Փոքր Ասիա եւ, պիւզանդացիներուն մէկ պարտութիւն հասցնելով միւսին ետեւէն, գրաւեցին բազմաթիւ քաղաքներ։ 1084 թուականին հերթը հասաւ Զմիւռնիոյ։ Չաքա Պէյի ղեկավարութեամբ թուրքերը տիրեցին քաղաքին։ Նոյնպէս գրաւուեցաւ Ֆոկեան եւ բազմաթիւ էգէական կղզիներ։ Չաքա Պէյ Իզմիրը կ'օգտագործէր որպէս ծովային արշաւանքներու բազա՝ Պիւզանդիոյ դէմ։ Անոր մահէն ետք՝ 1102 թուականին, քաղաքը եւ հարակից շրջանը վերադարձուեցան Պիւզանդական կայսրութեան։ Աւելի քան դար մը տեւեց պիւզանդական իշխանութիւնը քաղաքին մէջ։ Այնուամենայնիվ՝ 1204 թուականին, Կոստանդնուպոլիսի խաչակիրներու կողմէ գրաւումէն եւ Պիւզանդիոյ անկումէն ետք, քաղաքը գրաւուեցաւ Յովհաննէսի աւագներու կողմէ, որոնք այն ատեն կը տիրէին Ռոդոսին, իսկ քանի մը տարիներ ետք՝ Նիկիական կայսրութիւնը գրաւեց քաղաքը։ Բայց այս շատ մեծ գին արժեցուց կայսրութեան. քաղաքի բոլոր առեւտուրը զաւթեցին դաշնակից գենուացիները, որոնց պատկանում էր նաեւ քաղաքի մէկ ամրոցը։ 1222 թուականին նիկիական յոյները փորձեցին վերջին անգամ վերականգնել քաղաքը, բայց անոր մեծ մասը այդպէս ալ մնաց աւերակներու մէջ մինչեւ 1330 թուականը։ Նիկիական կայսրութեան ձմեռային մայրաքաղաքը մօտակայ Նիմփէոն էր (ներկայ՝ Կեմալպաշա), որ տեղակայուած էր ծովէն որոշ հեռաւորութեամբ եւ հետեւաբար աւելի պաշտպանուած՝ ծովահեններէ։ 1317-1329 թուականներուն քաղաքի եւ անոր ամրոցներուն համար կռիւ մղեցին թուրքերը, ճենովացիները եւ խաչակիրները։ Յաղթանակը տարան ցամաքէն յառաջացող Այտին պեյլիքի թուրքերը։ 1402 թուականին քաղաքը գրաւեց Լենկ-Թիմուրը։

Թուրքական գրաւում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թուրքական գրաւումը Զմիւռնիոյ տեղի ունեցաւ մի քանի փուլերով. 1317 թուականին Մեհմետ-պէյի թուրքական զօրախումբը գրաւեց Գատիֆէգալէի վերին ամրոցը։ Այդ ժամանակ Պիւզանդիան արդէն անկարող էր անոնց դիմադրել, իր իոնական ափամերձ տիրոյթներու (Ֆոկեայի եւ Զմիւռնիոյ) մնացորդները յանձնելով տարբեր լատինական խմբերու։ Բայց Մեհմեդի ժառանգորդ Ումուրը շուտով կոտրեց նրանց դիմադրութիւնը եւ 1329 թուականին գրաւեց ներքին Զմիւռնիան՝ նաւահանգիստով միասին։ Ինչպէս Չաքա-պէյը, Ումուրը քաղաքը օգտագործեց իր նաւատորմիղի բազան՝ որ գրեթէ բացառապէս կը զբաղուէր կողոպուտով եւ արշաւանքներով[2]։
1344 թուականին Զմիւռնիան գրաւեցին Յովաննիտեան ասպետները։ 1402 թուականին ամրոցը գրոհով գրաւեց թիւրք-մօնղոլական նուաճողը՝ Լենկ-Թիմուր, որ վերջ դրեց Անատոլիոյ քրիստոնեական իշխանութեան։
Այնուամենայնիւ, թուրքական իշխանութեան չնայելով, մինչեւ Ի դարը յոյները կազմում էին բնակչութեան մեծամասնութիւնը. 1890—1922 թուականներուն՝ մօտաւորապէս 60%։ Այս ընթացքին մուսուլմանները քաղաքի բնակիչներուն մօտ կազմում էին մօտաւորապէս 20%։
Զմիւռնիան XIX դարու վերջին եւ XX դարու սկզբին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Օսմանեան կայսրութեան մէջ Զմիւռնիան էր առանձին փաշայութիւնի մայրաքաղաքը, իսկ 1864 թուականէն՝ Այտընի վիլայէթի կեդրոնը։ Մինչեւ Ի դարու սկիզբը քրիստոնեաները կը շարունակէին կազմել քաղաքի բնակչութեան մեծամասնութիւնը, ահա թէ ինչու մուսուլմանները զայն կը կոչէին «Կաֆիր Իզմիր» («Անհաւատ Զմիւռնիա»)[3][4]։
1890 թուականին Զմիւռնիոյ բնակչութիւնը կը կազմէր 210000, որոնցմէ՝ 107000 յոյներ, 52000 մուսուլմաններ (առանց ազգային պատկանելիութիւն որոշելու), 23000 հրեայեր, 12000 հայեր, 6500 իտալացիներ, 2500 ֆրանսիացիներ, 2200 աւստրիացիներ, 1500 անգլիացիներ (հիմնականում Մալթայից) եւ այլն։
Քաղաքին մէջ կային աւելի քան 40 մզկիթեր, 13 առաքելական, 4 կաթողիկան, 3 աւետարանական եւ 3 հայոց եկեղեցի, 6 ժպտարաներ, մի քանի քրիստոնեական վանքեր, բազմաթիւ դպրոցներ՝ հիմնուած քրիստոնեաներու կողմէ, որոնցմէ ամենահայտնին «Աւետարանական դպրոցն» էր՝ հունական գիտական ընկերութեան, որ ուներ գրադարան եւ հնութիւնների թանգարան։
Զմիւռնիան բաժնուած էր երկու գլխաւոր մասերու. ֆրանքեան (վերին) քաղաքը, որ աչքի էր ընկնում մաքրութեամբ եւ կարգաւորուածութեամբ, եւ թուրքական (ներքին) քաղաքը՝ աչքի ընկնող անկարգութեամբ։ Այս երկուսի միջեւ տեղակայուած էր հրեական թաղամասը։ Զմիւռնիոյ լաւագոյն մասը համարուում էր նրա նաւահանգիստը (Մարինա), որ կառուցուած էր հարուստ տներով՝ եւրոպական ճարտարապետութիւնով։
1922 թուականի ազգային կազմի մասին տուեալները հակասական են՝ կոտորածից առաջ: Յոյները, տարբեր տեղեկութիւնների համաձայն, կազմում էին բնակչութեան կէսը կամ մի փոքր աւելին[5][6][7]: Երկրորդ ամենամեծ խումբը թուրքերն էին: Բացի այդ, քաղաքում բնակվում էին հայկական եւ հրեական համայնքներ, ինչպէս նաեւ հազարաւոր եւրոպական պետութիւնների հպատակներ:

Երկրորդ յոյն-թուրքական պատերազմի ընթացքին՝ 15 մայիս 1919 թուականին, Զմիւռնիան կ'անցնի Յունաստանի իրաւազորութեան ներքեւ: Այնուամենայնիւ, յունական զինուորական ջոկատի անյաջող առաջխաղացումը Անատոլիա խորքում կը զրկէ Յունաստանին այս նուաճումը պահպանելու իրաւունքէն: 9 սեպտեմբեր 1922 թուականին թուրքական զօրքերը կը գրաւեն Զմիւռնիան եւ կ'այրեն զայն: Ապա կը հետեւի կոտորած՝ սկզբում հայկական, իսկ ապա յունական բնակչութեան նկատմամբ (Զմիւռնիոյ կոտորածը): Թուրքական հանրապետութեան հռչակումէն ետք կը սկսի Իզմիրի պատմութիւնը:
Կոտորածը, այնուհետեւ քեմալականներու կողմէ պարտադրուած 1923 թուականի բնակչութեան փոխանակումը կը հանգեցնեն Իզմիրի կրօնական կազմի կտրուկ փոփոխութեան: Քաղաքը կը դառնայ գրեթէ ամբողջովին մուսուլմանական:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ abbas Mechithar Sebastensis (1769)։ Bargirkh haykazean lezoni. Bazaneal yerkous hators. Arareal i Mhitharay Sebastathuory. (etc.) (Wörterbuch der armenischen Sprache. in 2 Bd, verfasst von Mhithar aus Siwas etc.) armen (հայերեն)։ Bortoli
- ↑ Nicol Donald M. (1993-10-14)։ The Last Centuries of Byzantium, 1261-1453 (անգլերեն)։ Cambridge University Press։ ISBN 978-0-521-43991-6
- ↑ «Путеводитель по Измиру, Турция: Все, что нужно знать - Astons»։ web.archive.org։ 2023-09-19։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2023-09-19-ին։ արտագրուած է՝ 2025-01-25
- ↑ «Утраченная Эллада | Публикации | Вокруг Света»։ www.vokrugsveta.ru (ռուսերեն)։ արտագրուած է՝ 2025-01-25
- ↑ Fleming K. E. Greece: A Jewish History. — Princeton University Press, 2008. — P. 81.
- ↑ Lowe C. J. The Mirage of Power. — Vol. 2: British Foreign Policy 1914-22. — Routledge, 2002. — P. 367.
- ↑ «The Ruined City of Smyrna: Giles Milton's 'Paradise Lost' - July 16, 2008 - The New York Sun»։ web.archive.org։ 2010-08-15։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-08-15-ին։ արտագրուած է՝ 2025-01-25