«Յունաստան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
կատեգորիայի հեռացում using AWB
No edit summary
Տող 1. Տող 1.
{{ԱՀ|Q41}}
{{ԱՀ|Q41}}
{{Արևելահայերեն|Հունաստան}}
{{Տեղեկաքարտ Երկիր արւմտ.
{{Տեղեկաքարտ Երկիր արւմտ.
|բնագիր_անուանում =<big><big>Ελληνική Δημοκρατία</big></big>
|բնագիր_անուանում =<big><big>Ελληνική Δημοκρατία</big></big>
Տող 96. Տող 95.
}}
}}


'''Յունաստան''' ({{Լեզու el|Ελλάδα}} {{ստեղ|{{աուդիո|Ellada.ogg|<small>[էլլատա]</small>}}}}), պաշտօնապէս Յունաստանի Հանրապետութիւն (Ελληνική Δημοκρατία <small>[էլլինիքի տիմոքրաթիա]</small><ref>{{cite web|url=https://www.cia.gov/library/publications/the-world-factbook/geos/gr.html|publisher=Central Intelligence Agency |date=15 March 2007 |accessdate=7 April 2007|title=World Factbook – Greece: Government}}</ref>), երկիր [[Հարաւ-արեւելեան Եւրոպա]]յի մէջ<ref>http://unstats.un.org/unsd/geoinfo/ungegn/docs/23-gegn/wp/gegn23wp48.pdf</ref>։ Մայրաքաղաքը եւ մեծագոյն քաղաքը [[Աթէնք]]ն է (վերջինիս վարչական տարածքի մէջ կը մտնէ նաեւ Փիրէոս համայնքը)։ Յունաստանի բնակչութեան թիւը ըստ 2011 թ. մարդահամարին՝ 11 միլիոն է։ Հիւսիսէն սահմանակից է [[Ալպանիա]]յին, [[Մակեդոնիա (արեւմտահայերէն)|Մակեդոնիային]] եւ [[Պուլկարիա|Պուլկարիոյ]], իսկ արեւելքէն՝ [[Թուրքիա (արեւմտահայերէն)|Թուրքիոյ]]։ Յունաստանը արեւելքէն կը ողողուի [[Եգէական ծով]]ով, արեւմուտքէն՝ [[Հոնիական ծով]]ով, իսկ հարաւէն՝ [[Միջերկրական ծով (արեւմտահայերէն)|Միջերկրական ծովով]]։
'''Յունաստան''' ({{lang-el|Ελλάδα}} {{ստեղ|{{աուդիո|Ellada.ogg|<small>[էլլատա]</small>}}}}), պաշտօնապէս Յունաստանի Հանրապետութիւն (Ελληνική Δημοκρατία <small>[էլլինիքի տիմոքրաթիա]</small><ref>{{cite web|url=https://www.cia.gov/library/publications/the-world-factbook/geos/gr.html|publisher=Central Intelligence Agency |date=15 March 2007 |accessdate=7 April 2007|title=World Factbook – Greece: Government}}</ref>), երկիր [[Հարաւ-արեւելեան Եւրոպա]]յի մէջ<ref>http://unstats.un.org/unsd/geoinfo/ungegn/docs/23-gegn/wp/gegn23wp48.pdf</ref>։ Մայրաքաղաքը եւ մեծագոյն քաղաքը [[Աթէնք]]ն է (վերջինիս վարչական տարածքի մէջ կը մտնէ նաեւ Փիրէոս համայնքը)։ Յունաստանի բնակչութեան թիւը ըստ 2011 թ. մարդահամարին՝ 11 միլիոն է։ Հիւսիսէն սահմանակից է [[Ալպանիա]]յին, [[Մակեդոնիա (արեւմտահայերէն)|Մակեդոնիային]] եւ [[Պուլկարիա|Պուլկարիոյ]], իսկ արեւելքէն՝ [[Թուրքիա (արեւմտահայերէն)|Թուրքիոյ]]։ Յունաստանը արեւելքէն կը ողողուի [[Եգէական ծով]]ով, արեւմուտքէն՝ [[Հոնիական ծով]]ով, իսկ հարաւէն՝ [[Միջերկրական ծով (արեւմտահայերէն)|Միջերկրական ծովով]]։


Յունաստանը ըստ ջրափնեայ գիծի երկարութեան (13.676 ք.մ.) 11-րդն է աշխարհի մէջ։ Ունի շատ մեծ թիւով կղզիներ (մօտ 1․400, որոնցմէ 227-ը բնակեցուած են), որոնցմէ են՝ [[Կրետէ]]ն, Տոտեգանէսը, Գիգլատէսը եւ Հոնիական կղզիները։ Յունաստանի տարածքին 80%-ը լեռնոտ է։ Լեռներէն ամենաբարձրը [[Ողիմպոս]]ն է (2917 մ.)։
Յունաստանը ըստ ջրափնեայ գիծի երկարութեան (13.676 ք.մ.) 11-րդն է աշխարհի մէջ։ Ունի շատ մեծ թիւով կղզիներ (մօտ 1․400, որոնցմէ 227-ը բնակեցուած են), որոնցմէ են՝ [[Կրետէ]]ն, Տոտեգանէսը, Գիգլատէսը եւ Հոնիական կղզիները։ Յունաստանի տարածքին 80%-ը լեռնոտ է։ Լեռներէն ամենաբարձրը [[Ողիմպոս]]ն է (2917 մ.)։

19:54, 18 Ապրիլ 2019-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Կաղապար:Տեղեկաքարտ Երկիր արւմտ.

Յունաստան (յուն․՝ Ελλάδα  Լսել [էլլատա] ), պաշտօնապէս Յունաստանի Հանրապետութիւն (Ελληνική Δημοκρατία [էլլինիքի տիմոքրաթիա][1]), երկիր Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի մէջ[2]։ Մայրաքաղաքը եւ մեծագոյն քաղաքը Աթէնքն է (վերջինիս վարչական տարածքի մէջ կը մտնէ նաեւ Փիրէոս համայնքը)։ Յունաստանի բնակչութեան թիւը ըստ 2011 թ. մարդահամարին՝ 11 միլիոն է։ Հիւսիսէն սահմանակից է Ալպանիային, Մակեդոնիային եւ Պուլկարիոյ, իսկ արեւելքէն՝ Թուրքիոյ։ Յունաստանը արեւելքէն կը ողողուի Եգէական ծովով, արեւմուտքէն՝ Հոնիական ծովով, իսկ հարաւէն՝ Միջերկրական ծովով։

Յունաստանը ըստ ջրափնեայ գիծի երկարութեան (13.676 ք.մ.) 11-րդն է աշխարհի մէջ։ Ունի շատ մեծ թիւով կղզիներ (մօտ 1․400, որոնցմէ 227-ը բնակեցուած են), որոնցմէ են՝ Կրետէն, Տոտեգանէսը, Գիգլատէսը եւ Հոնիական կղզիները։ Յունաստանի տարածքին 80%-ը լեռնոտ է։ Լեռներէն ամենաբարձրը Ողիմպոսն է (2917 մ.)։

Ժամանակակից Յունաստանը իր արմատներով սկիզբ առած է Հին Յունաստանի քաղաքակրթութենէն, որ ընդհանուր առմամբ կը համարուի արեւմտեան քաղաքակրթութեան օրրանը։ Անիկա ժողովրդավարութեան[3], արեւմտեան փիլիսոփայութեան[4], Ողիմպիական խաղերու, արեւմտեան գրականութեան եւ պատմագրութեան, քաղաքագիտութեան, հիմնական գիտական եւ ուսողական սկզբունքներու, եւ արեւմտեան թատերագրութեան[5], ներառեալ ողբերգութեան եւ կատակերգութեան, բնօրրանն է։

Այս ժառանգութիւնը մասամբ արտայայտուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕՀամաշխարհային Ժառանգութեան Ցանկին մէջ 17 յուշարձաններով․ այդ քանակով Յունաստանը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկին մէջ 13-րդն է աշխարհի եւ 7-րդը՝ Եւրոպայի մէջ։

Ժամանակակից Յունաստանը հիմնադրոած է 1830 թուականին, Յունական անկախութեան պատերազմէն ետք։ 1981 թուականէն Յունաստանը Եւրոպական միութեան, իսկ 2001-էն Եւրոյի գօտիի անդամ է[6]։ ՆԱԹՕ-ի անդամ է</ref> եւ ՄԱԿ-ի հիմնադիր անդամ։ Յունաստանը զարգացած երկիր է, բարձր շահութաբեր տնտեսութեամբ, բարձր կենսամակարդակով։ Համաշխարհային դրամատան 2010 թ. տուեալներով, ըստ կեանքի որակի աշխարհի մէջ 21-րդն է[7][8]։

Անուանում

Երկրի հայերէն անունին հիմքը վերագրուած է Փոքր Ասիա թերակղզիին արեւմտեան ափը եւ յարակից կղզիներուն հին յունական «Յոնիա» անունին։ Յոյները իրենք իրենց երկիրը անուանած են Հելլաս (Հելլատա), որ կը նշանակէ «հելլեններու երկիր»։ Այս ինքնանուանումը առաջ եկած է յունական գաղթարարութեան կամ գաղթականացման (colonization) դարաշրջանին (Ք․Ա․ 8-6 դդ․)։ Ըստ յունական առասպելներուն՝ այն ծագում առած է յոյներու առասպելական նախահօր՝ Հելլենոսի անունէն։

Հռոմէացիները հին յոյներուն անուանած են «Կրեքներ»։ Սկիզբը այս անուանումը կը վերաբերէր միայն հարաւային Իտալիոյ յոյն գաղութաբնակներուն, սակայն յետագային լայն տարածում գտաւ եւրոպական ժողովուրդներու մօտ։ Յունաստանը լատիներէն կը կոչուի Graecia, ֆրանսերէն՝ Grèce, անգլերէն՝ Greece, գերմաներէն՝ Griechenland, ռուսերէն՝ Греция[9]։ Հին ժամանակ հայերը յոյներուն անուանած էին յոյն, որ համահունչ էր յոյներու արեւելեան ճիւղի ինքնանուանուման (իոն, այստեղէն՝ իոնացիներ, Իոնիա, կամ հայերէն՝ Յոնիա)։

Պատմութիւն

Մինչեւ Ք.Ա. 3-րդ Դար

Քարտէզ, որ ցոյց կու տայ Յունաստանն ու յունական գաղութները։

Պալքաններուն մարդոց բնակութեան վերաբերեալ ամենահին գտածոները մօտ 270, 000 տարուան անցեալ ունին։ Անոնք գտնուած են հիւսիսային Յունաստանի Մակեդոնիա նահանգի Փեթրանոլա քարանձաւին մէջ[10]։ Յունաստանի մէջ յայտնաբերուած Ք.Ա. 7-րդ հազարամեակի նեոլիթեան բնակավայրերը[10] կը համարուին ամենահինը Եւրոպայի մէջ, եւ այդ հասկնալի է, քանի որ Յունաստանը կը գտնուի այն ուղեծիրի վրայ, ուր գիւղատնտեսական քաղաքակրթութիւններու զարգացման համար մշակոյթը Մերձաւոր Արեւելքէն տարածուած է դէպի Եւրոպա[11]։

Յունաստանը կը հանդիսանայ Եւրոպական առաջին քաղաքակրթութիւններու բնօրրանը, որոնցմէ յայտնի են՝ Քիքլատեան քաղաքակրթութիւնը Եգէական ծովու կղզիները (մօտ.Ք.Ա. 3200)[12], Մինոսեան քաղաքակրթութիւնը Կրետէի մէջ (Ք.Ա. 2700–1500), իսկ այնուհետեւ Միքենեան քաղաքակրթութիւնը մայր ցամաքի վրայ ( Ք.Ա.1900–1100)։ Այս քաղաքակրթութիւնները ունէին իրենց գիրը, աւելին, մինոսեանները կը գրէին Գծային Ա․ տարբերակով, իսկ միքենեանները՝ Գծային Բ տարբերակով, որ յետագային վերածուեցաւ Յունարենի։ Միքենեան քաղաքակրթութիւնը աստիճանաբար սպառուեցաւ Մինոսեան քաղաքակրթութեան, բայց այն նոյնպէս վերացաւ Ք.Ա. 1200 թուականին՝ այսպէս կոչուած Պրոնզէ դարու փլուզման ժամանակաշրջանին[13]։ Այս, իբրեւ թէ, Յունական Մութ դարերու սկիզբն էր, որոնց ընթացքին գրաւոր արձանագրութիւններ չեն եղած։

Աթէնքի Ակրոպոլիսի Պարթենոնը դասական Յունաստանի խորհրդանիշը կը հանդիսանայ
Ալեքսանտրեան խճանկարիի հատուած մը, որ կը պատկերացնէ Ալեքսանտր Մակեդոնացին իր Պուքեփհալաս ձիուն վրայ

Յունական Մութ դարերու աւարտը աւանդաբար կը համարուէր Ք.Ա. 776 թուականը, երբ առաջին անգամ տեղի ունեցաւ Ողիմպիական խաղերը[14]։ «Իլիական» եւ «Ոդիսական» պոէմները կամ բնաստեղծութիւնները, որոնք կը համարուին Արեւմտեան գրականութեան հիմնական կամ էական գործերը, ստեղծուած են Ք.Ա. 8-րդ կամ 7-րդ դարուն Հոմերոսի կողմէ։ Մութ Դարերէն ետք յունական կղզիներուն մէջ ի յայտ եկան զանազան թագաւորութիւններ եւ քաղաք-պետութիւններ, որոնք տարածուեցան մինչեւ Սեւ ծով, Հարաւային Իտալիա (առաւել յայտնի որպէս «Մեծ Յունաստան») եւ Փոքր Ասիա։ Այդ թագաւորութիւնները եւ իրենց գաղութները հասան բարեկեցութեան բարձր մակարդակի, ինչ որ զարկ տուաւ աննախադէպ մշակութային թռիչքի մը դասական Յունաստանին մէջ. մեծագոյն յաջողութիւններ՝ ճարտարապետութեան, թատրերգութեան, գիտութեան, թուաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան ոլորտներուն մէջ։ Ք.Ա. 508 թուականին Քլիսթենեսի ղեկավարութեամբ Աթէնքին մէջ հաստատուեցաւ աշխարհի առաջին դեմոկրատական (ժողովուրդական) համակարգը[15][16]։

Ք.Ա. 5-րդ դարու սկիզբը՝ Մերձաւոր Արեւելքը ամբողջութեամբ, Պարսիկ կայսրութեան վերահսկողութեան տակ էր, որ գրաւած էր տարածաշրջանի բոլոր երկիրները՝ (Մարաստան, Բաբելոն, Լիդիա, Հայաստան, Եգիպտոս) ու կը սպառնար յունական քաղաք-պետութիւններուն արժանացնել նոյն ճակատագիրին։ Փոքր Ասիոյ քաղաք-պետութիւնները չկրցան արժանի դիմադրութիւն ցոյց տալ պարսիկ զօրքերուն եւ Ք.Ա. 492 թուականին Պարսկաստանը ներխուժեց մայր ցամաքային Յունաստան, սակայն Ք.Ա. 490 թուականին Մարաթոնի ճակատամարտին կրած պարտութենէն ետք ստիպուած եղաւ նահանջել։ Երկրորդ ներխուժումը սկսաւ Ք.Ա. 480 թուականին։ Հակառակ Թերմոփիլէի ճակատամարտի ընթացքին սպարտացիներուն եւ այլ յոյներու հերոսական դիմադրութեանը՝ Պարսկաստան յաջողեցաւ գրաւել Աթէնքը։ Ք.Ա. 480 եւ 479 թուականներուն՝ Սալամինի, Փլաթեայի եւ Միքալէի ճակատամարտերուն յոյներու տարած հերոսական յաղթանակները պարսիկներուն կրկին ստիպեցին նահանջել եւ վերջնականապէս հեռանալ Յունաստանէն։ Այս ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին, որոնք յայտնի են որպէս Յոյն-պարսկական պատերազմ, յոյներուն կ՝ առաջնորդէին Աթէնքն ու Սպարտան։ Իսկ այն հանգամանքը, որ Յունաստանը ամբողջական պետութիւն մը չէ եղած, կը խօսի այն մասին, որ յունական պետութիւններու միջեւ հակամարտութիւնները կը կրէին սովորական բնոյթ։ Հին Յունաստանի ամենաքայքայիչ ներքին պատերազմը Ք.Ա. 431-404 թուականներուն Փելոփոննթէսեան պատերազմն էր, որուն հետեւանքն էր, Հին Յունաստանի առաջատար, Աթէնական միութիւնը դատապարտուեցաւ կործանման եւ, շատ չանցած, Աթէնքն ու Սպարտան յայտնուեցան Թէփէի մէջ, իսկ յետագային Մակեդոնիոյ ստուերին տակ։ Վերջինս կրկին միաւորեց յունական քաղաք-պետութիւնները, ստեղծելով Կորնթոսեան միութիւնը (յայտնի է նաեւ որպէս Հելլենական լիկա կամ Յունական լիկա անունով), որուն ղեկավարը դարձաւ Մակեդոնիոյ արքայ Փիլիպոս Բ․-ը։ Ան Յունաստանի պատմութեան մեջ առաջինն էր, որ ընտրուեցաւ ամբողջական Յունաստանի առաջնորդ։

Փիլիպոս Բ․-ի սպանութենէն ետք Կորնթոսեան լիկայի ղեկավարութիւնը ստանձնեց անոր որդին՝ Ալեքսանտր Մակեդոնացին, որ միաւորեց բոլոր յունական քաղաք-պետութինները եւ, Ք.Ա. 334 թուականին, ներխուժեց պարսիկ կայսրութեան տարածքը։ Կրանիքոսի, Իսոսի եւ Կաւկամելայի մէջ տարած յաղթանակներէն ետք յոյները Ք.Ա. 330 թուականին գրաւեցին նաեւ Շոշն ու Փերսեփոլիսը (Պարսիկ արքայի հիմնական աթոռանիստ քաղաքները)։ Ալեքսանտր Մակեդոնացին թէեւ կործանեց ժամանակի հզօրագոյն տէրութիւնը, սակայն, արեւելքի մէջ նուաճելով նոր տարածքներ, ստեղծեց աւելի լայնածաւալ կայսրութիւն մը, որ կերկարաձգուէր արեւմուտքէն՝ Յունաստանէն մինչեւ Փաքիստան՝ արեւելք, իսկ հարաւը կը ներառէր Եգիպտոսը։ Ալեքսանտրը կը ծրագրէր նաեւ նուաճել Արաբական թերակղզին եւ այլ նորայայտ տարածքներ արեւելքին մէջ, սակայն, անոր յանկարծակի մահը Ք.Ա. 323 թուականին, ոչ միայն չթոյլատրեց իրագործել այդ ծրագիրը, բայց պատճառ դարձաւ հսկայական կայսրութեան քայքայմանն ու, ի վերջոյ, վախճանին։ Երկիրը բաժնուեցաւ քանի մը թագաւորութիւններու, որոնցմէ ամենայայտնիներն էին Սելեւկեան կայսրութիւնը եւ Պտղոմէոսեան Եգիպտոսը։ Յոյներու կողմէ ստեղծուած միւս պետութիւնները իրենց մէջ կը ներառէին Յունա-պաքթրիական թագաւորութիւնը եւ Յունա-հնդկական թագաւորութիւնը Հնդկաստանին մէջ։ Հակառակ այն հանգամանքին, որ Ալեքսանտրի կայսրութիւնը երկար չգոյատեւեց եւ քաղաքական միասնութիւն չկար, առնուազն երկու դար Հելլենիզմը եւ յունարէնը գերակայեցին Ալեքսանտրին կողմէն նուաճուած տարածքներուն վրայ, իսկ արեւելեան միջերկրածովեան տարածաշրջանին մէջ այն տեւեց զգալիօրէն աւելի երկար[17]։

Հելլենիստական եւ Հռոմէական Ժամանակաշրջան

Ալեքսանտրին մահուան յաջորդող խառնաշփոթ ժամանակաշրջանէն ետքը՝ Ք.Ա. 276 թուականին, Մակեդոնիոյ եւ յունական քաղաք-պետութիւններու վերահսկողութիւնը անցաւ Անթիկոնոսեան տոհմին, որուն հիմնադիրը Ալեքսանտրի զօրավար Անթիքոնոս Ա․ Միակնանին էր[18]։ Յետագային, մօտ. Ք.Ա. 200 թուականէն սկսած, Հռոմը սկսաւ աւելի ու աւելի աշխուժօրէն միջամտել յունական գործերուն եւ մխրճուեցաւ մակեդոնացիներու դէմ՝ պատերազմներու մէջ[19]։ Փիտնայի ճակատամարտին (Ք.Ա. 168) մակեդոնացիներու պարտութիւնը պատճառ դարձաւ Անթիքոնոսեան տոհմի տկարացման[20] եւ, ի վերջոյ, Մակեդոնիան որպէս նահանգ Հռոմին միացման (Ք.Ա. 146)։ Մնացեալ Յունաստանը դարձաւ Հռոմի (protectorate) խնամապետութիւն[19][21]։ Յունաստանի լիակատար միացման ընթացքը աւարտեցաւ Ք.Ա. 27 թուականին, երբ Հռոմի կայսր Օգոստոսը միացուց հելլենիստական վերջին պետութինը՝ Պտղոմէոսեան Եգիպտոսը[21], որպէս նահանգ Հռոմին։ Հակառակ իրենց ունեցած ռազմական հզօրութեան, հռոմէացիները հիացած էին յունական գիտութեան եւ մշակոյթի կատարումներուն եւ հռոմէացիները աշխուժօրէն կ՛իւրացնէին զանոնք, զոր զգալիօրէն նպաստեց Հռոմի յետագայ զարգացմանն ու հզօրացման։ Հորացիուսն այդ առումով ըսած է. «Graecia capta ferum victorem cepit» ("Գրաւուած Յունաստանը գրաւեր է իր նուաճողներուն")[22]։ Յունական գիտութիւնն ու արուեստագիտութիւնը իր ցարգացման գագաթնակէտին հասաւ ճիշդ այս ժամանակաշրջանին[23]։

Հելլենիստական Արեւելքի յունախօս համայնքները Ք.Ե. 1 - 3-րդ դարերուն կարեւորագոյն դեր խաղցան քրիստոնէութեան տարածման գործին մէջ[24]։ Առաջին քրիստոնեայ առաջնորդներն ու գրագիրները (նշանաւորներէն է Պօղոս առաքեալը), որպէս կանոն, յունարէն կը խօսէին[25], հակառակ այն բանին, որ անոնցմէ եւ ո՛չ մէկը յոյն էր։ Եւ այնուամենայնիւ, Յունաստանը վաղ քրիստոնէական ազդեցիկ կեդրոններէն մէկը չհանդիսացաւ, քանի որ գիտական բարձր մակարդակի հասած յոյներու մէջ դժուար էր հաւատք սերմանել ուսմունքի մը նկատմամբ, որ կարելի էր դիտուիլ որպէս փիլիսոփայական ուղղութեան վերաձեւութիւն մը։ Եւ զարմանալի չէ, որ մինչեւ 4-րդ դար Յունաստանի մէջ կը պահպանուէր հեթանոսական հաւատքը[26], իսկ որոշ վայրերու մէջ, ինչպէս են օրինակ՝ հարաւ արեւելեան Փելոփոննեսը, հեթանոսութիւնը պահպանուեցաւ մինչեւ 10-րդ դար[27]։

Միջնադար

Յունական թերակղզին եղած է Բիւզանդական կայսրութեան մէկ մասը, վերջինիս գոյութեան զգալի ժամանակահատուածին

5-րդ դարուն Արեւմտեան Հռոմէական կայսրութեան անկումէն ետք, Արեւելեան Հռոմէական կայսրութիւնը, որ պայմանադրականօրէն յայտնի էր որպէս Բիւզանդական կայսրութիւն (Byzantine Empire) գոյատեւեց մինչեւ 1453 թուական։ Բիւզանդիայի մայրաքաղաքը Կոստանդնուպոլիսն էր (Constantinople), իսկ լեզուն եւ մշակոթը՝ յունարէն։ Կրօնը գլխաւորապէս ուղղափառ քրիստոնէութիւնն էր (Eastern Orthodox Christian)[28] ։ 4-րդ դարուն պալքանեան կայսրութեան տարածքները՝ ներառեալ Յունաստանը, տուժած էին բարբարոս ցեղերու (Barbarian Invasions) արշաւանքներու հետեւանքով։ 4-րդ եւ 5-րդ դարերուն գոթերու եւ յոյներու (Goths and Huns) արշաւանքներու եւ աւերներու եւ 7-րդ դարուն սլաւներու (Slavic invasion) Յունաստանի ներխուժումը էապէս տկարացուց Բիւզանդեան կայսրութեան իշխանութիւնը յունական թերակղզիին վրայ[29]։ Սլաւներու ներխուժումէն ետք ցարական կառավարութիւնը իր վերահսկողութեան տակ կրցաւ պաշտօնապէս պահել միայն կղզիները եւ ափամերձ տարածքները՝ Աթէնքը, Կորնթոսը եւ Սալոնիքը (Athens, Corinth and Thessalonica)[29]։

Աստուածամօր բիւզանդական մանրանկար. 12-րդ դարու Բիւզանդական արուեստի նմուշ

8-րդ դարու սկզբը Բիւզանդական կայսրութիւնը կրցաւ վերականգնել վերահսկողութիւնը իր նահանգներուն վրայ։ 9-րդ դարուն յունական թերակղզիի զգալի մասը կրկին անցաւ Բիւզանդիայի տիրապետութեան տակ[30][31]։ Այդ նպաստեց յոյներու մեծ հոսքին Սիկիլիայէն եւ Փոքր Ասիայէն դէպի յունական թերակղզի։ Միեւնոյն ժամանակ սլաւներէն շատեր գերի վերցուեցան եւ վերաբնակեցուեցան Փոքր Ասիա, իսկ մնացեալ սլաւները ձուլուեցան Բիւզանդիային[32]։ 11-րդ եւ 12-րդ դարերուն կայունութիւն կը տիրէր կայսրութեան մէջ ի հաշիւ յունական թերակղզիի տնտեսական ուժեղ աճին, որ աւելի զգալի էր, քան անատոլիական միւս տարածաշրջաններուն մէջ[30]։ Չորրորդ խաչակրաց արշաւանքէն եւ Կոստանդինուպոլիսի անկումէն ետք 1204 թուականին Յունաստանի զգալի մասը անցաւ ֆրանքներու տիրապետութեան տակ[33] (ինչպէս կոչուած է Ֆրանքոքրաթիայի (Frankokratia) ժամանակաշրջան), իսկ որոշ կղզիներ անցան Վենետիկի տիրապետութեան տակ։ Հակառակ անոր, որ մինչ 14-րդ դար Փելեփոննէսը (Peloponnese) կը հանդիսանար ֆրանքներու Աքայեան (Frankish Principality of Achaea) իշխանութեան ամենակարեւոր շրջանը, բայց եւ այնպէս շատ մը կղզիներ կը գտնուէին Ճենովայի եւ Վենետիկի (Genoese and Venetian) տիրապետութեան տակ[34] եւ 1261 թուականին երբ Կոստանդինուպոլիսը կրկին անցաւ Բիւզանդիային այն ուղեկցուեցաւ բիւզանդական տիրապետութեան վերականգումով՝ յունական կզղիներու մեծամասնութեան վրայ[33]:

14-րդ դարասկիզբը Բիւզանդական կայսրութիւնը Յունական թերակղզիէն բաւական տարածքներ կորսցուց Սերպերու եւ Օսմանեան թուրքերու յարձակման հետեւանքով[35]։ 15-րդ դարուն Օսմանեան Թուրքիոյ յարձակումներուն պատճառներով Բիւզանդիայի յունական տարածքները սահմանափակուեցաւ միայն Տեսփոթէյթ Մորէանով (Despotate of the Morea)[35]։ 1453 թուականին Կոստանդնուպոլիսի անկումէն ետք Մորէան Բիւզանդական կայսրութեան միակ մնացորդն էր, որ կրցաւ դիմակայել Օսմանեան Թուրքիոյ։ Այնուամենայնիւ, 1460 թուականին Օսմանեան կայսրութիւնը կրցաւ գրաւել Յունաստանի մայրցամաքային տարածքը[36]։ Թուրքական նուաճումներուն պատճառներով շատ մը բիւզանդական յոյն գիտնականներ, որոնք հիմնականօրէն պատասխանատու էին յունական դասական գիտելիքներու պահպանման հարցին մէջ, իրենց հետ մեծ գրականութիւն վերցնելով փախան Արեւմուտք, եւ յետագային մեծ ներդրումներ կատարեցին Վերածնունդի դարաշրջանին[37]։

Օսմանեան Ժամանակաշրջան

Սալոնիկի սպիտակ աշտարակը, Յունաստանի մէջ կանգուն մնացած Օսմանեան կառոյցներէն ամենայայտնին

Հակառակ այն հանգամանքին, որ մայրցամաքային Յունաստանի եւ Եգէական ծովուն մէջ (Aegean islands) գտնուող կղզիներու մեծամասնութիւնը 15-րդ դարոը վերջը կը գտնուէր Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ, Կիպրոսը եւ Կրետէն (Crete) կը գտնուէր Վենետիկի (Venetian) տիրապետութեան տակ եւ հետեւաբար ի վիճակի եղան դիմագրաւել 1571 եւ 1670 թուականի օսմանեան կայսրութեան յարձակումը։ Միակ յունարէնով խօսող շրջանը, որ կրցաւ խուսափիլ Թուրքիայի յարձակումէն, այդ յոնիական կղզիներն էին, որ մնացին Վենետիկի տիրապետութեան տակ մինչեւ 1797 թուականը, երբ Առաջին ֆրանսական հանրապետութիւնը գրաւեց այն եւ 1809 թուականին փոխանցեց Միացեալ Թագաւորութեան։ Յոնիական կղզիները Յունաստանին միացան 1864 թուականին[38]։

Նախապէս Յոնիական կղզիներու (Ionian Islands) եւ Կոստանդնուպոլսոյ յոյները բարեկեցութեան մէջ կ՝ ապրէին, իսկ Օսմանեան Թուրքիոյ ներխուժումէն ետք եւրոպական Յունաստանի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը տառապէր տնտեսութեան կտրուկ վատթարացում[38]։ Օսմանեան Թուրքիան մեծ հարկեր կը պարտադրէր յոյներուն վրայ եւ այնուհետեւ ըստ օսմանեան կայսրութեան քաղաքականութեան յունական գիւղական շատ բնակավայրեր վերածուեցան բերդաքաղաքներու[39]:

Յունաստանի եւ Կոստանդնուպոլսոյ ուղղափառ եկեղեցիները Օսմանեան կայսրութիւնը կը դիտեր որպէս ղեկավարութիւն մը, որ կ'իշխէր իր տիրապետութեան տակ գտնուող քրիստոնեաներուն վրայ՝ անկախ այն հանգամանքէն՝ ազգութեամբ յոյն են, կամ ո'չ։ Հակառակ այն հանգամանքին, որ Օսմանեան Թուրքիան չէր պարտադրեր իր կրօնը ոչ մուսուլման բնակչութեան վրայ, բայց էական խտրականութիւն կար անոնց նկատմամբ։ Հիմնականին օսմանեան կայսրութիւնը դաժան վերաբերմունք ցոյց կու տար քրիստոնեայ բնակչութեան, որն ալ պատճառ դարձաւ, որ շատ քրիստոնեաներ դաւանափոխ ըլլան՝ իրենց իրական հաւատքը պահելով հանդերձ։ 19-րդ դարուն շատ "ծպտեալ քրիստոնեաներ" վերադարձան իրենց իրական հաւատքին[38]։

Յունաստանի մէջ Օսմանեան վարչակազմի բնոյթը բազմազան էր, բայց եւ այնպէս այն կ՝ ուղեկցուէր դաժանութեամբ[38]։ Որոշ քաղաքներու մէջ սուլթանը ղեկավարներ կը նշանակէր, իսկ միեւնոյն ժամանակ կային քաղաքներ (օրինակ Աթէնքը), որոնք ունէին իրենց սեփական քաղաքապետարանը։ Երկար դարերու ընթացքին Յունաստանի լեռնային հատուածները եւ շատ կղզիներ ի վիճակի էին պահպանել իրենց ինքնավարութիւնը[38]։

Երբ Օսմանեան կայսրութիւնը մարտի կը բռնուէր այլ տիրութիւններուն հետ, յոյները գրեթէ միշտ կը մարտնչէին ընդդէմ կայսրութեան։ Մինչեւ Յունական յեղափոխութիւնը յոյները քանի մը անգամ ճակատամարտած են Օսմանեան կայսրութեան դէմ, որոնցմէ յիշարժան են 1571 թուականի Լեփանթոյի ճակատամարտը (Battle of Lepanto), 1600–1601 թուկաններուն Իփիրեան ապստամբութիւնները (Epirus peasants' revolts إبيروس البيزنطية), 1684–1699 թթ. Մորէեան ճակատամարտը (Morean War) եւ 1770 թուականի Ռուսաստանի հետ միասին կազմակերպած Փելեփոննէսեան (Peloponnesian) ապստամբութիւնը, որ նպատակադրուած էր քայքայելու Օսմանեան կայսրութիւնը յօգուտ Ռուսաստանին[38]։ Օսմանեան Թուրքիան ճնշեց այդ ապստամբութիւնը մեծ արիւնահեղութեամբ։[40][41]։

Հակառակ անոր, որ Օսմանեան կայսրութիւնը Յունաստանը կտրած էր նշանաւոր եւրոպական մտաւորական շարժումներէն, ինչպէս են՝ օրինակ Բարեկարգութեան եւ լուսաւորութեան շարժումները (Reformation and the Enlightenment (عصرإصلاح عصر التنوير), սակայն Ֆրանսական յեղափոխութեան (French Revolution) եւ ռոմանթիզմի՝ վիպապաշտութեան ազգայնականութեան (romantic nationalism الرومانسية القومية) գաղափարները Յունաստան թափանցեցին առեւտրականներու միջոցաւ[38]։ 18-րդ դարուն Ռիկաս Ֆերաիոսը (Rigas Feraios) առաջին յեղափոխականն էր, որ Յունաստանին կը պատկերացնէր որպէս ազատ երկիր։ Ան ստեղծեց շարք մը փաստաթուղթեր, որոնք կը վկայէին Յունաստանի անկախութեան մասին, հոգ տարաւ, որ Յունաստանը ունենայ իր օրհներգը (national anthem) եւ Վիեննայի մէջ ստեղծեց Յունաստանի առաջին մանրամասն քարտէսը։ Ան սպանուած է 1798 թուականին օսմանեան գործակալներու կողմէն[38][42]։

Անկախութեան Համար Պատերազմ

1814 թուականին հիմնադրուեցաւ գաղտնի կազմակերպութիւն մը, որ կը կոչուէր Ֆիլիքի Էթերիա (Filiki Eteria) Յունաստանի ազատագրման համար։ Ֆիլիքի Էթերիան ծրագրեց սկսիլ յեղափոխութիւնը Փելեփոնեսի, Տանուպեան դքսութեան (Danubian Principalities) եւ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ։ Առաջին ընդվզումը սկսաւ 1821 թուականի Մարտ 6-ին Տանուպեան դքսութեան Ալեքսանտր Իփսիլանթիսի (Alexandros Ypsilantis) գլխաւորութեամբ, բայց շուտով ճնշուեցաւ թուրքերուն կողմէն։ Նոյն ամսուան վերջը Փելեփոնեսին մէջ սկսաւ ընդվզումներ Օսմանեան կայսրութեան դէմ եւ 1821 թուականի Հոկտեմբերին գրաւեցին յունական Թրիփոլիցա քաղաքը՝ Թէոտորոս Քոլոքոթրոնիսի գլխաւորութեամբ։ Փելեփոնիսեան յեղաշրջումին յաջորդեցին արագ յեղաշրջումներ Կրետէի, Մակեդոնիոյ եւ Կեդրոնական Յունաստանի մէջ, որ շուտով ճնշուեցան։ Մինչ այդ Եգէական ծովուն մէջ յունական ռազմածովային ուժերը գերակշռութիւն ունեցան Օսմանեան ռազմածովային ուժերու նկատմամբ եւ կանխեցին օսմանեան օգնական զօրքերը, որ հասնին ծովու վրայով։ Սակայն 1822 եւ 1824 թուականներուն թուրքերը եւ եգիպտացիները ներխուժեցին կղզիներ, մասնաւորապէս Քիոս եւ Փսարա, զանգուածային ջարդի ենթարկելով տեղի բնակչութիւնը[43]։ Լարուածութիւնը շուտով աճեցաւ երկու յունական խմբակցութիւններու միջեւ, որ բերաւ քաղաքացիական պատերազմի։ Նոյն ժամանակ Օսմանեան սուլթանը բանակցութիւններու մեջ մտաւ եգիպտական սուլթան Մուհամմէտ Ալիին հետ, որ պէտք է ուղարկեր իր որդին՝ Իպրահիմ փաշային՝ ճնշելու ապստամբութիւնը, փոխարէնը իրեն խոստացաւ տարածքներ։ 1825-ի Փետրուարին Իպրահիմը հասաւ Փելեփոնեսի եւ անմիջապէս յաջողութիւններ ունեցաւ. 1825 թուականի վերջը եգիպտացիներու հսկողութեան տակ անցաւ Փելեփոնեսի մեծ մասը։ Հակառակ անոր, որ Իպրահիմը պարտութիւն կրեց Մանի թերակղզիին մէջ, բայց ան ճնշեց ապստամբութեան մեծ մասը եւ վերանուաճեց Աթէնքը։

Քանի մը տարի բանակցելէ ետք երեք մեծ տէրութիւնները (Ռուսաստան, Մեծ Բրիտանիա եւ Ֆրանսա) որոշեցին միջամտել հակամարտութեան եւ Յունաստան ուղարկեցին ռազմանաւեր։ Այս նորութիւններէն ետք օսմանա-եգիպտական ռազմածովային ուժերը որոշեցին յարձակիլ յունական կղզիներուն վրայ։ Մէկ շաբաթուան բախումէն ետք օսմանա-եգիպտական ուժերը պարտութիւն կրեցին։ Ֆրանսական զօրքերը ստիպեցին եգիպտական զօրքերուն ազատել Փելեփոնեսը, իսկ յունական ուժերը ազատագրեցին կեդրոնական Յունաստանը՝ 1828 թուականին։ Որպէս արդիւնք երկարամեայ պայքարի որպէս արդիւնք ստեղծուեցաւ Առաջին հելլենական հանրապետութիւնը, որ վերջնական ճանաչում ստացաւ Լոնտոնի արձանագրութեամբ՝ 1830 թուականին։

20-րդ Դար

Պալկանեան պատերազմներու ատենը Յունաստանը մեծացրեցաւ իր տարածքները եւ բնակչութիւնը։ Սակայն, ատորեն ետք թագաւոր Կոնստանտին I-ի եւ քարիսմատիկ վարչապետ Էլեֆթերիոս Վենեզիլոսի միջեւ քաղաքական կրքերը խորացան։ Արդիւնքին Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի նախաշեմին երկրին մէջ ձեւաւորուեցան երկու հակամարտ քաղաքական թեւեր։ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Յունաստանն ունէր երկու կառավարություն՝ գերմանամէտ ռոյալիստական, որի նստատեղը Աթէնքն էր եւ բրիտանամէտ վենեզելիստական, որի նստատեղը Սալոնիկն էր։ 1917 թուականին, երբ Յունաստանը պաշտօնապէս պատերազմի մէջ մտաւ որպէս Անթանթի դաշինքի կողմնակից, երկու պետութիւնները միացուեցին միմեանց։

Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք Յունաստանը փորձեր ըրաւ իր տարածքներն ընդլայնիլ Փոքր Ասիոյ մէջ, ուր համեմատաբար շատ կար յունախօս բնակչութիւն, բայց Յունաստանը ջախջախիչ պարտութիւն կրեց 1919-1922 թուականներու պատերազմին մէջ, որի արդիւնքով ըստ Լոզանի խաղաղութեան պայմանագրի տեղի ունեցաւ բնակչութեան փոխանակում Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ:[44] Տարբեր աղբիւրներու համաձայն,[45] մի քանի հարիւր հազար պոնտոսցիներ մահացած են այդ ընթացքին, որն ալ կը համարուի Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութիւնը:[46] Ատորէն բացի Յունաստանը մտահոգուած էր Թուրքիայէն եկած 1.5 միլիոն յոյն փախստականներով։ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ երբեւէ բնակած 300, 000 յոյներու փախարեն 20-րդ դարին հոն մնացած էին ընդամենը 3, 000-ը։[47]
Այնուհետեւ Յունաստանն անցաւ անկայուն վիճակի։ Յեղաշրջումներն սկսեցան ետեւիլ իրարու։

1924 թուականին Փոքր Ասիոյ աղէտալի դէպքերէն ետք հանրաքուէի միջոցով Յունաստանի մէջ վերացուեցաւ միապետութիւնը եւ ստեղծուեցաւ Երկրորդ Յունական Հանրապետութիւնը։ Վարչապետ Կեորկիոս Քոնֆիլիսը իշխանութեան գլուխ եկաւ 1935 թուականին եւ արդիւնաւետ կերպով վերացրեց հանրապետութիւնը՝ հանրաքուէի միջոցով վերականգնելով միապետութիւնը։ 1936 թուականին տեղի ունեցած քաղաքական յեղաշրջման արդիւնքին երկիրը գլխաւորեցաւ Իոանիս Մեթեխասը որպէս ֆաշիստական ռեժիմի գլխաւոր։

Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմ
Նացիստական դրօշը Աթէնքի Ակրոպոլիսի մէջ
Պրիթանացի զինուորները Աթէնքին մէջ

1940 Օգոստոս 28ին ֆաշիստական Իտալիան Յունաստանէն պահանջեց անձնատուր լինել, բայց յոյն բռնապետ Մեթեխասը մերժեցաւ զայն եւ յաջորդող Յունա-իտալական պատերազմին մէջ Յունաստանը կրցաւ Իտալիոյ զօրքերը հետ շպրտել մինչեւ Ալպանիա: Ֆաշիստական Գերմանիան այն չհանդուրժեց եւ շտապ զօրք ղրկեց Յունաստան, ուր հանդիպեցաւ յոյներու մէծ դիմադրութեանը։

Յունաստանի ազատագրումէն ետք երկրին մէջ սկսուեցաւ քաղաքացիական պատերազմ համայնավարական եւ հակահամայնավարական ոյժերու միջեւ, որուն արդիւնքին երկրի տնտեսութիւնը էապէս քայքայուեցաւ եւ ստեղծուեցաւ մեծ լարուածութիւն աջակողմեաններու եւ ձախակողմեաններու միջեւ, որը շարունակուեցաւ շուրջ երեսուն տարի։[48] Յաջորդ քսան տարիներու ընթացքին Յունաստանը կեդրոնացաւ տնտեսութեան վրայ՝ առաջնորդուելով Մարշալի նախագիծով, եւ արդիւնքին տնտեսութիւնը մէկէն վերելք ապրեց։

1965 թուականի Յուլիսին կեդրոնական ղեկավարութենէ Կոնստանտին II թագաւորի կողմէ Կէօրկ Փափանտրեույին հեռացումը քաղաքական մեծ ալիք բարձրացրեց, որուն արդիւնքին 1967 Ապրիլ 21-ին քաղաքական յեղաշրջում եղաւ: Երկրի գլուխ անցաւ Սեւ Գնդապետներու Ռեժիմ անունով ռազմական բռնապետութիւնը։ 1973 Նոյեմբեր 17-ին Աթէնքի Ճարտարագիտական Համալսարանի ապստամբութեան դաժան ճնշումը մեծ հիասթափութիւն առաջացրեց նոր յեղաշրջում առաջացրեց։ Երկրի գլուխ անցաւ Տիմիթրիոս Իոանիտիսը, որ նոյնպս բռնատիրական իշխանութիւն ծաւալեց։ Ռեժիմը փլուզուեցաւ 1974 Յուլիս 20-ին, երբ Թուրքիան ներխուժեցաւ Կիպրոս:

Նախկին վարչապետ Կոնստանտինոս Քարամանլիսը վերադարձաւ Փարիզեան աքսորէն։ Այդ թուականէն սկսուեցաւ մետապոլիտեֆսի դարաշրջանը։ 1974 Օգոստոս 14-ին, որպէս Թուրքիոյ կողմէ Հիւսիսային Կիպրոսի բռնազավթման դէմ բողոքի նշան, Յունաստանը դուրս եկաւ ՆԱԹՕ-յի կազմէն։[49][50] Առաջին բազմակուսակցական ընտրութիւններն անցկացուեցան 1964 թուականին՝ Ճարտարագիտական Համալսարանի Ապստամբութեան տարելիցի առթիւ: 1975 Յունիս 11-ին ժողովրդավարական եւ հանրապետական սահմանադրութիւնում օրէնք հրատարակուեցաւ, որու համաձայն Յունաստանն այլեւս միապետութեան չ'անցնէր։

Միեւնոյն ժամանակ, Քարամանլիսի Նոր ժողովրդավարութիւն կուսակցութեանն ի պատասխան, Անտրեաս Փափանտրէուն հիմնեցաւ Համայունական ընկերվարական շարժումը: Սա երկու քաղաքական ոյժերը մինչեւ վերջին ժամանակները կը յաջորդէին միմեանց։ Յունաստանը ՆԱԹՕ-յին վերամիաւորուեցաւ 1980 թուականին։[49] Աւանդական լարուած յարաբերութիւնները հարեւան Թուրքիոյ հետ լաւացան 1999 թուականին երկու երկիրներուն մէջ պատահած երկրաշարժէն ետք։ Յունաստանը վերացրեց Եւրոպական Միութեանը Թուրքիոյ անդամակցութեան հարցին յունական վեթօն։

1981 Յունուար 1-ին Յունաստանը դարձաւ Եւրոպական Միութեան տասներորդ անդամը։ Այդ տարի Յունաստանն ունէր բարձր տնտեսական աճ։ Եւրոպական Միութեան միջոցներու լայն ներդրումները արդիւնաբերական ենթակառուցուածքներու եւ ծանր արդիւնաբերութեան մէջ, եւ զբոսաշրջութեան աճի հաշուին ավելացուած եկամուտները էապես բարձրացրեցին երկրի կենսամակարդակը։ 2001 թուականին երկրի դրամական միաւորը դարձավ եւրոն, իսկ 2004-ին Աթէնքին մէջ անցկացուեցան Ամառային Ողիմպիական խաղերը։

2010-ականներուն Յունաստանի տնտեսութիւնը կտրուկ անկում ապրեց համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամի պատճառաւ, որը նկատելի ազդեցութիւն թողած էր Եւրոպական Միութեան տնտեսութեան վրայ։

Քաղաքական Կարգը

Յունական Խորհրդարան
Խորհրդարանի շէնքը
Պատուոյ պահակախումբը

Գործող սահմանադրութիւնն ոյժի մէջ մտած է 1975 Յունիս 11ին: Ըստ կառավարման համակարգի՝ Յունաստանը խորհրդարանական հանրապետութիւն է։

Պետութեան ղեկավարը նախագահն է, որ կ'ընտրուէ խորհրդարանի կողմէ 5 տարի ժամկետով։ Սահմանադրութեան կողմէ նախագահն ստացած է լայն լիազորութիւններ՝ անոր վրայ թողնուած է գործադիր իշխանութեան իրականացումը։ Նախագահը կը նշանակէ վարչապետը եւ վերջինիս խորհուրդով կը նշանակէ ու ետ կը կանչէ կառավարութեան մնացած անդամներուն։ Հանրապետութեան Խորհուրդի որոշմամբ, որ կը ձեւաւորէ Սահմանադրութեան կողմէ նախատեսուած դեպքերին, նախագահը կրնայ ցրել կառավարութիւնը, եթէ այն չ'վայելէր խորհրդարանի վստահութիւնը։ Նախագահը կրնայ հանրաքուէ նշանակիլ եւ ազգին ուղերձ յղել։ Ան նաեւ Յունաստանի զինուած ոյժերու գլխաւոր հրամանատարն է։ Նախագահն իրաւունք ունէ երկիրը ներկայացնել արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ, պատերազմ յայտարարիլ եւ խաղաղութիւն կնքել, ինչպես նաեւ ցրել խորհրդարանը, եթե այն երրորդ քվեարկութենէ ետք չի կրնար ընտրել նախագահ։

1986 Մարտին շարք մը փոփոխութիւններ ընդունուեցան, որոնք զրկեցին նախագահը կարեւոր լիազօրութիւններէ՝ այդ թւին՝ նաեւ վարչապետը պաշտօնանկ ընելը։ Խորհրդարանը ցրել ան կրնայ միայն այն պարագային, եթէ երկու կառավարութիւններն անընդմէջ կը ստեղծեն քաղաքական անկայունութիւն։ Սահմանափակուած է նաեւ անոր՝ հանրաքուէ յայտարարելու իրաւունքը, իսկ արտակարգ դրութիւն յայտարարելու իրաւունքը փոխանցուած է խորհրդարանին։

Օրէնսդիր իշխանութիւն

Օրէնսդիր իշխանութիւնը կ'իրականացուէ խորհրդարանին կողմէ, որ միապալատ ներկայացուցչական մարմին է եւ կ'ընտրուէ ուղիղ ընտրութիւններու միջոցաւ 4 տարի ժամկէտով։ Անոր կազմին մէջ կը մտնին ոչ պակաս քան 200 եւ ոչ աւել քան 300 մարդ։ Խորհրդարանի կողմէ ընդունուած օրինագիծերը պէտք է վաւերացուէն նախագահին կողմէ, իսկ նախագահի վեթօն կրնայ անվաւեր համարուիլ պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի բացարձակ մեծամասնութեամբ։

Քաղաքական կուսակցութիւններ

  • Սիրիզայ
  • ՓԱՍՕՔ
  • Նօր Տեմօքրաթիա

Տարածքային-Վարչական Բաժանում

Երկրամաս Մայրաքաղաք Տարածք (քմ²) Բնակչութիւն[51]
1 Աթթիքա Աթէնք 3, 808.10 3, 828, 434
2 Կեդրոնական Յունաստան Լամիա 15, 549.31 547, 390
3 Կեդրոնական Մակեդոնիա Սալոնիկ 18, 810.52 1, 882, 108
4 Կրետէ Հերակլիոն 8, 259 623, 065
5 Արեւելեան Մակեդոնիա Եւ Թրակիա Քոմոթինի 14, 157.76 608, 182
6 Իփէյրոս Եոաննիա 9, 203.22 336, 856
7 Հոնիական Կղզիներ Քորֆու 2, 306.94 207, 855
8 Հիւսիսային Եգէական Կղզիներ Միտիլենէ 3, 835.91 199, 231
9 Պելոպոնես Տրիպոլի 15, 489.96 577, 903
10 Հարաւային Եգէական Կղզիներ Երմուպոլի 5, 285.99 309, 015
11 Թեսալիա Լարիսսա 14, 036.64 732, 762
12 Արեւմտեան Յունաստան Պատրաս 11, 350.18 679, 796
13 Արեւմտեան Մակեդոնիա Քոզանի 9, 451 283, 689
Ինքնավար Տարածք Մայրաքաղաք Տարածք (քմ²) Բնակչութիւն
(14) Աթոս Լեռ Կարիես 390 1, 830

Խոհանոց

Յունական խոհանոցը միջերկրածովեան նաեւ՝ պալքանեան խոհանոցի բնորոշ օրինակ մըն է։ Սակայն շատ առումներով յունական խոհանոցը կը գերազանցէ իր հարեւան Պուլկարիոյ, Ալպանիոյ եւ Իտալիոյ խոհանոցները։ Կը գերազանցէ նախ եւ առաջ համեմունքով։ Յոյներն իրենց ուտեստներուն մէջ աւելի յաճախ են համեմունք կ'օգտագործեն, քան եւրոպական որեւէ այլ ազգ։ Այդուհանդերձ յունական խոհանոցը կծու չ'համարուէր։

Յունական խոհանցի այլ իւրահատկութիւնը մը կը համարուի ձիթաիւղի առատ օգտագործումը։ Այն կ'ավելացուի գրեթէ ցանկացած ուտեստին եւ ոչ միայն կ'օգտագործուի որպէս անոյշաբոյր համեմունք, այլեւ սննդի ջերմային մշակման ժամանակ։ Այլ անփոխարինելի բաղադրիչ մըն է նաեւ կիտրոնը։

Յունական խոհանոցի ուտեստներ
Սփանիքոփիթայ
Կիրոս
Ծածիքի

Յոյներու հպարտութիւնը պանիրն է։ Յունաստանին մէջ կը պատրաստուի մօտ 50 տեսակի պանիր (իւրաքանչիւր շրջան ունի այն պատրաստելու իր բաղադրատոմսը)։ Յոյներն աշխարհին մէջ ամենաշատ պանիր օգտագործողներն են՝ մէկ մարդու հաշուարկով տարեկան 25քկ-էն ավել։ Պանիրի ամենայայտնի տեսակը ֆեթան է՝ հէնց ատիկա կ'օգտագործուի հանրայայտ յունական աղցանը պատրաստելիս։ Յունաստանին մէջ այդ աղցանը կը կոչուի «խորիաթիքի» (գիւղական)։

Շատ տարածուած է նաեւ միսը։ Նախապատւութիւնը կը տրուի խոզի, ոչխարի եւ այծի միսին։ Ամենէ յայտնի խորտիկներէն են փասթիցիոն, ինչպես նաեւ մուսաքան, որ կը պատրաստուի միսով եւ աւանդական բանջարներէ։ Տարածուած է նաեւ ձուկը, փափկամորթները եւ այլ ծովամթերք։ Կաղապար:ՎՊԵԱ

Ծանօթագրութիւններ

  1. «World Factbook – Greece: Government»։ Central Intelligence Agency։ 15 March 2007։ արտագրուած է՝ 7 April 2007 
  2. http://unstats.un.org/unsd/geoinfo/ungegn/docs/23-gegn/wp/gegn23wp48.pdf
  3. Finley, Moses I.(1985). Հին և ժամանակակից ժողովրդավարություն. 2d ed. London: Hogarth Press.
  4. Ֆրետերիք Քոփլեսթըն. Փիլիսոփայության պատմություն, հատոր 1.
  5. Brockett, Oscar G. (1991)Թատրոնի պատմություն (sixth edition). Boston; London: Allyn & Bacon.
  6. երկրներ/Հունաստան/index_en.htm «Member States of the EU: Greece»։ Եվրամիություն։ արտագրուած է՝ 7 April 2007 
  7. «World Economic Outlook Database April 2011—WEO Groups and Aggregates Information»։ International Monetary Fund։ արտագրուած է՝ 27 June 2011 
  8. «Appendix B :: International Organizations and Groups»։ The World Factbook։ Central Intelligence Agency accessdate=19 August 2010 
  9. Հ․Ղ․ Գրգեարյան, Ն․Մ․ Հարությունյան, «Աշարհագրական անունների բառարան» (Հ-Ֆ), Լույս հրատ․, Երևան 1989: ISBN 5-545-00029-1
  10. 10,0 10,1 Borza, E.N. In the Shadow of Olympus: The Emergence of Macedon, page 58 [1]. Princeton University Press, 1992.
  11. Perlès, Catherine. The Early Neolithic in Greece: The First Farming Communities in Europe, page 1 [2]. Cambridge University Press, 2001.
  12. Sansone, David. Ancient Greek civilzation, page 5 [3]. Wiley, 2011.
  13. Drews, Robert. The End of the Bronze Age: Changes in Warfare and the Catastrophe Ca. 1200 B.C., page 3 [4]. Princeton University Press, 1995.
  14. John R. Short. An Introduction to Urban Geography, page 10 [5]. Routledge, 1987
  15. John Dunn, Democracy: the unfinished journey 508 BC – 1993 AD, Oxford University Press, 1994, ISBN 0-19-827934-5
  16. Kurt A. Raaflaub, Josiah Ober, Robert W. Wallace, Origin of Democracy in Ancient Greece, University of California Press, 2007, ISBN 0-520-24562-8, Google Books link
  17. «Հելենական դարաշրջան»։ Բրիտանիկա օնլայն հանրագիտարան։ արտագրուած է՝ 29 Ապրիլ 2012 
  18. Ջ. Սփիելվոգել Ջեքսոն (2005)։ M1 Արևմտյան քաղաքակրթություններ. Հատոր I։ Թոմսոն Ուադսվորթ։ էջեր 89–90։ ISBN 0-534-64603-4 
  19. 19,0 19,1 Ֆլովեր Հարիեթ (խմբ.) (2004)։ Հռոմեական Հանրապետություն։ էջեր 248, 258։ ISBN 0-521-00390-3 
  20. Բրիտանիկա, Անտիգոնոսյան տոհմ, 2008, Օ. Ե.
  21. 21,0 21,1 Ուարդ Ալեն Մասոն (2003)։ Հռոմեական ժաղովրդի պատմություն։ էջ 276։ ISBN 978-0-13-038480-5 
  22. Զոչ Փաուլ (2000)։ Հին Հռոմ. Պատմության ներածություն։ էջ 136։ ISBN 978-0-8061-3287-7։ արտագրուած է՝ 29 Ապրիլ 2012 
  23. Cynthia Kosso, Anne Scott. The Nature and Function of Water, Baths, Bathing, and Hygiene from Antiquity Through the Renaissance BRILL, 2009 - 538 pages, p. 51 [6]
  24. Ֆերգյուսոն Եվերեթ (2003)։ Վաղեմի քրիստոնեության պատկերը։ էջեր 617–618։ ISBN 978-0-8028-2221-5 
  25. Դանսթոն Ուիլյամ (2011)։ Հին Հռոմ։ էջ 500։ ISBN 978-0-7425-6834-1։ արտագրուած է՝ 29 Ապրիլ 2012 
  26. Միլբուրն Ռոբերտ (1992)։ Վաղ քրիստոնեության մշակույթը և ճարտարապետությունը։ էջ 158։ արտագրուած է՝ 29 Ապրիլ 2012 
  27. Մարկիդես Նիկոլաս (2009)։ Հելենական տաճարները և քրիստոնեական եկեղեցիները. Հունական կրոնական մշակույթի համառոտ պատմություն հին դարերից մինչև մեր օրերը։ NYU Press։ էջ 206 ։ ISBN 978-0-8147-9568-2։ արտագրուած է՝ 29 Ապրիլ 2012 
  28. Ջեֆրեյս Էլիզաբեթ (խմբ.) (2008)։ Բյուզանդիայի մասին օքսֆորդյան տեղեկատու։ էջ 4։ ISBN 978-0-19-925246-6։ արտագրուած է՝ 29 Ապրիլ 2012 
  29. 29,0 29,1 Ֆայն Ջոն Անթվերպ (1991)։ Հին միջնադարը Բալկաններում։ VI-XII դարերի քննադատական ուսումնասիրություն։ Միչիգանի համալսարան։ էջեր 35–36, 376։ ISBN 978-0-472-08149-3 
  30. 30,0 30,1 «Հունաստանը Բյուզանդական դարաշրջանում. Բյուզանդիայի վեր հառնումը»։ Բրիտանիկա օնլայն հանրագիտարան։ արտագրուած է՝ 28 Ապրիլ 2012 
  31. Ֆայն Ջոն Վան Անթվերպ (1991)։ Հին միջնադարը Բալկաններում։ VI-XII դարերի քննադատական ուսումնասիրություն։ Միչիգանի համալսարան։ էջեր 79–83, 376։ ISBN 978-0-472-08149-3 
  32. Ֆայն Ջոն Վան Անթվրեպ (1991)։ Հին միջնադարը Բալկաններում։ VI-XII դարերի քննադատական ուսումնասիրություն։ Միչիգան Համալսարամ։ էջեր 63–66, 376։ ISBN 978-0-472-08149-3 
  33. 33,0 33,1 «Հունաստանը Բյուզանդական դարաշրջանում։ Չորրորդ խաչակրաց արշավանքի արդյունքները»։ Բրիտանիկա օնլայն հանրագիտարան։ արտագրուած է՝ 28 Ապրիլ 2012 
  34. «Հունաստանը Բյուզանդական դարաշրջանում»։ Բրիտնական օնլայն հանրագիտարան։ արտագրուած է՝ 14 Մայիս 2012 
  35. 35,0 35,1 «Հունաստանը Բյուզանդական դարաշրջանում։ Սերբերի և Օսմանյան թուրքերի ձեռքբերումները»։ Բրիտանիկա օնլայն հանրագիտարան։ արտագրուած է՝ 28 Ապրիլ 2012 
  36. «Հունաստանը Բյուզանդական դարաշրջանում։ Պելեպոնեսի ձեռք բերումները»։ Բրիտանիկա օնլայն հանրագիտարան։ արտագրուած է՝ 28 Ապրիլ 2012 
  37. Նորվիչ Ջոն Ջուլիաս (1997)։ Բյուզանդիայի պատմության համառոտագիր։ Vintage Books։ էջ xxi։ ISBN 0-679-77269-3 
  38. 38,0 38,1 38,2 38,3 38,4 38,5 38,6 38,7 Ռիչարդ Կլոգ, Հունաստանի պատմության համառոտագիր, էջեր 10-37, 257. Քեմբրիջի համալսարան, 1992. ISBN 0-521-37228-3. [7]
  39. Ջորջ Կոուվետարիս և Բեթթի Դոբրաց Հունաստանի ժամանակից դեմքը. Ինքնության որոնում, էջեր 33, 226 [8]. Clarendon Press, 1987
  40. Լին Հարինգթոն, Հունաստանը և հույները, page 124 [9]. T. Nelson, 1968 - 221 pages.
  41. Ջամիե Սթոքես, Էնթոնի Գորման, Աֆրիկայի և Մերձավոր Արևելքի ժողովուրդների հանրագիտարան, page 256 [10]. Infobase Publishing, 2010, ISBN 978-1438126760.
  42. Olga Katsiaridi-Hering. La famiglia nell'economia europea, secc. XIII-XVIII։ atti della "quarantesima Settimana di studi, " 6-10 Aprile 2008. Istituto internazionale di storia economica F. Datini. Settimana di studio, Simonetta Cavaciocchi. Firenze University Press, 2009 - 790 pages. ISBN 978-8884539106. Page [410 https://books.google.am/books?id=WsyHfHzeP_8C&pg=PA410&dq=rigas+feraios+murdered&hl=en&sa=X&ei=GHu1T_jTE-LjiAKuoeSUBw&ved=0CDcQ6AEwATgK#v=onepage&q=rigas%20feraios%20murdered&f=false]
  43. Brewer, D. The Greek War of Independence։ The Struggle for Freedom from Ottoman Oppression and the Birth of the Modern Greek Nation. Overlook Press, 2001, ISBN 1-58567-172-X, pp. 235-236.
  44. 1518, 451140, 00.html Սփյուռքը ողջունում է Հռոմի Պապին. Der Spiegel. 28 Նոյեմբեր 2006
  45. R. J. Rummel (1998). "The Holocaust in Comparative and Historical Perspective". Idea Journal of Social Issues, Vol.3 no.2.
  46. Chris Hedges (17 Սեպտեմբեր 2000).Few Words in Greek Tell of a Homeland Lost. The New York Times
  47. Վիկտոր Ռոուդոմեթոֆ, Ռոլանդ Ռոբերտսոն (2001). Ազգայանականությունը, գլոբալիզացիան և ուղղափառ եկեղեցին. Բալկաններում էթնիկական խնդիրների սոցիալական ծագումը. Վեսպորտ Կոնեքտիկուտ, Greenwood Publishing Group, էջ. 186. ISBN 978-0-313-31949-5.
  48. Mark Mazower. After the War was Over.
  49. 49,0 49,1 History, Editorial Consultant: Adam Hart-Davis. Dorling Kindersley. ISBN 978-1-85613-062-2.
  50. «ՆԱՏՕ-յի թարմացումները 1974 թվականին»։ ՆԱՏՕ։ 26 Հոկտեմբեր 2001։ արտագրուած է՝ 22 Մարտ 2009 
  51. «Πίνακας 1: Προσωρινά αποτελέσματα του Μόνιμου Πληθυσμού της Ελλάδος» (PDF)։ GR: National Statistical Service։ 22 July 2011 

Կաղապար:Ծանօթագրութիւններ

Կատեգորիա:Եւրոպայի երկիրներ Կատեգորիա:Եւրոպական Միութեան անդամ երկրներ Կատեգորիա:Յունաստան Կատեգորիա:Եւրոպայի երկրներ Կատեգորիա:ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներ (արւմտ․)