Jump to content

Մոլտովա

Բնակավայր
Մոլտովա
ռում.՝ Moldova
Դրօշակ Զինանշան


Discover the routes of life եւ Dewch i Ddarganfod Taith Bywyd
Երկիր  Մոլտովա
Ներքին բաժանում Anenii Noi District?, Basarabeasca District?, Briceni District?, Cahul District?, Cantemir District?, Călărași District?, Căușeni District?, Cimișlia District?, Criuleni District?, Dondușeni District?, Drochia District?, Dubăsari District?, Edineț District?, Fălești District?, Ֆլորեստսկի շրջան?, Glodeni District?, Հնչեշտի շրջան?, Ialoveni District?, Leova District?, Nisporeni District?, Ocnița District?, Օրգեևի շրջան?, Rezina District?, Rîșcani District?, Sîngerei District?, Սորոկի շրջան?, Strășeni District?, Șoldănești District?, Ștefan Vodă District?, Taraclia District?, Telenești District?, Ungheni District?, Քիշինև?, Bălți Municipality?, Bender Municipality?, Գագաուզիյա? եւ Administrative-Territorial Units of the Left Bank of the Dniester?
Prime Minister of Moldova? Դորին Ռեչան?[1]
Օրէնսդրական մարմին Parliament of the Republic of Moldova?
Հիմնադրուած է՝ 27 Օգոստոս 1991[2]
Տարածութիւն 33 843,5 քմ²
Պաշտօնական լեզու ռումիներեն?[2][3]
Բնակչութիւն 2 603 813 մարդ (2022)
Ժամային գօտի UTC+2
Շրջագայութեան պետ-համարագիր MD
Անուանուած է Մոլդովական իշխանություն?
Պաշտօնական կայքէջ Lua–ի սխալ՝ expandTemplate: template "ref-ro" does not exist։

Մոլտովա, պետութիւն Արեւելեան Եւրոպայի մէջ։ Մայրաքաղաքն է Քիշնեւ։ Մոլտովա դէպի ծով ելք չունեցող պետութիւն մըն է, որ արեւմուտքէն սահմանակից է Ռումանիոյ, իսկ արեւելքէն, հիւսիսէն եւ հարաւէն՝ Ուքրանիոյ[4][5]:

Մոլտովայի ներկայիս տարածքի մեծ մասը 14-րդ դարէն մինչեւ 1812 թուականը եղած է Մոլտովական իշխանութեան մաս` մինչ Օսմանեան տէրութեան կողմէ վերջինիս յանձնումը Ռուսական կայսրութեան։ Կայսերական Ռուսաստանի կազմին մէջ Մոլտովան յայտնի կը դառնայ Բեսարաբիա անուանումով։ 1856 թուականին հարաւային Բեսարաբիանկը վերադարձուի Մոլտովային, որ երեք տարի անց միաւորուելով Վալախիայի հետ կը ձեւաւորէ Ռումանիան։ Այնուամենայնիւ, շատ չանցած՝ 1878 թուականին, ռուսական տիրապետութիւնը տարածաշրջանի նկատմամբ կը վերականգնուի։ 1917 թուականի Ռուսական յեղափոխութեան շրջանին, Բեսարաբիան կարճ ժամանակով կը դառնայ ինքնավար հանրապետութիւն Ռուսաստանի կազմին մէջ։ 1918 թուականի Փետրուարին Մոլտովան կը հռչակէ իր անկախութիւնը եւ նոյն տարին ազգային ժողովի քուէարկութեամբ կը միաւորուի Ռումանիայի հետ։ Այդ որոշումը կը վիճարկուի Խորհրդային Ռուսաստանի կողմէ, որ 1924 թուականին Ուքրանական ԽՍՀ-ի կազմին մէջ կը ստեղծէ Մոլտովական ինքնավար հանրապետութիւն Բեսարաբիայէն արեւելք գտնուող Մոլտովաբնակ տարածքներուն մէջ։

1940 թուականին՝ Մոլոթով-Ռիպենտրոբ պայմանագրի արդիւնքով, Ռումանիան ստիպուած կ'ըլլայ Խորհրդային Միութեան զիջիլ Բեսարաբիան եւ հիւսիսային Պուկովինան, ինչ որ հիմք կը դառնայ նաեւ Մոլտովական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութեան (Մոլտովական ԽՍՀ) ստեղծման համար։ 1991 թուականի Օգոստոս 27-ին, երբ Խորհրդային Միութեան փլուզման եզրին էր, Մոլտովական ԽՍՀ-ն կը հռչակէ իր անկախութիւնը՝ վերանուանուելով «Մոլտովա»[6]։ Նոյն ժամանակ բռնկուած ռազմական հակամարտութեան աւարտէն յետոյ, Տնեսդրի արեւելեան ափին գտնուող Մոլտովայի տարածքը կը գտնուի Մերձդնեստրի անջատողական կառավարութեան փաստացի վերահսկողութեան ներքոյ։ Մոլտովայի Սահմանադրութիւնն ընդունուած է 1994 թուականին։ Անիկա երկիրը կը հռչակէր խորհրդարանական հանրապետութիւն, ուր նախագահը պետութեան ղեկավարն է, իսկ վարչապետը՝ կառավարութեան ղեկավարը։

Մոլտովան Եւրոպա աշխարհամասի երկրորդ ամէնէն աղքատ երկիրն է (Ուքրանիայէն յետոյ)՝ մէկ շունչին ինկող պաշտօնական ՀՆԱ-ի ցուցանիշով, եւ վերջինիս ՀՆԱ-ի մեծ մասը բաժին կ'իյնայ ծառայութիւններու ոլորտին մէջ[7]։ Անիկա ունի Մարդկային զարգացման ամէնէն ցած ցուցանիշներէն մէկը Եւրոպայի մէջ՝ զբաղեցնելով 76-րդ տեղը աշխարհի մէջ (2022-ի տուեալներով)։ Մոլտովան Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութեան, Եւրոպայի խորհուրդի, Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան, Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան, ՎՈՒԱՄ-ի, Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ է։ Մոլտովայի Հանրապետութիւնը Եւրոպական միութեան անդամակցելու պաշտօնական թեկնածու է 2022 թուականի Յունիսէն[8]։

Գինիի Արտադրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկիրը գինի կ'արտադրէ: Ունի խաղողի այգիներ՝ 147,000 հա (360,000 հա), որմէ 102,500 հա (253,000 հա) կ'օգտագործուի առեւտրական արտադրութեան համար: Գոյութիւն ունին 3 պատմական գինիի շրջաններ՝ Valul lui Traian (հարաւ-արեւմուտք), Stefan Voda (հարաւ-արեւելք) եւ Codru (կեդրոն), որոնք նախատեսուած են գինիներու արտադրութեան համար: Mileștii Mici-ն աշխարհի ամէնամեծ գինիի մառանն է: Անիկա կ'երկարի 200 Քմ տարածութեան վրայ եւ իր մէջ կ'ամբարէ շուրջ 2 միլիոն շիշ գինի:

Գիւղատնտեսութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մոլտովիոյ բերրի հողը եւ բարեխառն կլիման (տաք ամառ եւ մեղմ ձմեռ) հին ժամանակներէն ի վեր երկիրը դարձուցած են ամէնէն արդիւնաւէտ գիւղատնտեսական շրջաններէն մէկը եւ հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի մէջ գիւղատնտեսական արտադրութիւններու հիմնական մատակարարը: Մոլտովա կ'արտադրէ բանջարեղէն, միրգեր, խաղող, գինի եւ հացահատիկ:

Փոխադրամիջոցներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մոլտովիոյ հիմնական փոխադրամիջոցներն են 1,138 Քմ (707 մղոն) երկաթուղիները եւ մայրուղային համակարգը (ընդհանուր առմամբ 12,730 Քմ կամ 7,910 մղոն, ներառեալ 10,937 Քմ կամ 6,796 մղոն սալիկապատ մակերեսները): Մոլտովիոյ միակ միջազգային օդային դարպասը Չիչինաուի միջազգային օդակաեանն է: Դանուբի Giurgiulești ծայրամասը համատեղելի է փոքր ծովային նաւերուն հետ:

Ծագումնաբանութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մոլտովա անունը կու գայ Մոլտովա գետի անունէն, որու աւազանը 1359-ին հիմնուած Մոլտովիոյ իշխանութեան քաղաքական կեդրոնն էր[9]։ Անյայտ է գետին անուան ծագումը։ Սակայն ըստ կարգ մը պատմագիրներու, գետը անուանուած է իշխան Տրակոշի կողմէ. որսի ընթացքին, անոր որսաշունը՝ Մոլտան, կը խեղդուի գետին մէջ. գետը կ'անուանուի ի պատիւ շան։

1990-ականներու սկիզբը շատ կարճ ժամանակով երկիրը կոչուած է նաեւ «Մոլտովիա»։ Ճիշդ այդ անուանումով ալ հանրապետութիւնը կը յիշատակուի Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան կազմակերպութեան հիմնադիր փաստաթուղթին մէջ։

Այսուհանդերձ, Խորհրդային միութեան փլուզումէն յետոյ, պետութիւնը կը վերականգնէ իր անուան ռումանական տարբերակը, այն է՝ «Մոլտովա»[10]։ ՄԱԿ-ի կողմէ պետութիւնը կը ճանչցուի որպէս Մոլտովայի Հանրապետութիւն։

Հնագոյն պատմութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2010 թուականին օլդովանեան հատիչ գործիքներ յայտնաբերուեցան Պայրակիի մէջ, որոնք 800,000-1.2 միլիոն տարեկան են։ Սա ցոյց կու տայ, որ հնագոյն մարդիկ բնակուած են Մոլտովայի տարածքին մէջ Պալէոլիթի ժամանակաշրջանին[11]։ Նէոլիթեան քարի դարուն Մոլտովայի տարածքը խոշոր Գուգուդենի-Դրիբիլլական մշակոյթի կեդրոնն էր, որ եզերուած էր արեւելքէն Տնեստր գետով Ուքրանիայի մէջ եւ արեւմուտքէն՝ Գարբադեան լեռներով Ռումանիայի մէջ։ Այս քաղաքակրթութեան մարդիկ, որոնք ապրած են մօտաւորապէս Ք.Ա. 5500 թուականէն մինչեւ Ք.Ա. մօտ 2750 թուականը, կը զբաղուէին գիւղատնտեսութեամբ, որսորդութեամբ, անասնապահութեամբ եւ աչքի կ'իյնային կաւէ անօթներու յուրօրինակ ձեւաւորմամբ։

Հին եւ Միջին դարեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ստեֆեն Մեծը՝ Մոլտավիայի իշխանը 1457-1504 թուականներուն

Անթիք շրջանին Մոլտովայի տարածքը բնակեցուած էր տագիական ցեղերով։ Մեր թուարկութեան առաջինէն եօթերորդ դարերու միջեւ հարաւային շրջանները կը գտնուէին նախ Հռոմէական, ապա Բիւզանդական կայսրութիւններու տիրապետութեան տակ։ Կապուած իր ռազմավարական նշանակութեան տարածքէն Ասիայի եւ Եւրոպայի միջեւ՝ ժամանակակից Մոլտովայի տարածքը յաճախ գրաւուած է ուշ հնադարուն եւ վաղ միջնադարուն տարբեր ցեղերու կողմէ, այդ կարգին՝ գոթերու, հուներու, աւարներու, պուլկարացիներու, մագեարներու, բեչենեկներու, գումաններու, մոնկոլներու եւ թաթարներու կողմէ։

Մոլտավիայի իշխանութիւնը, հիմնուած՝ 1359 թուականին, երիզուած էր Կարպատներով արեւմուտքէն, Դնեստր գետով արեւելքէն եւ Դանուբ գետով ու Սեւ ծովով հարաւէն։ Այդ տարածքը կը ներառէր ներկայիս Մոլտովայի տարածքը, Ռումանիայի 41 երկիրներէնց արեւելեան ութը եւ Ուքրանիայի Չերնիվցի օպլասդն ու Բուդեակի մարզը։ Ինչպէս ժամանակակից հանրապետութիւնն ու Ռումանիայի հիւսիսարեւելեան շրջանը՝ տեղացիներուն կողմէ կը կոչուէր Մոլտովա։ Մոլտավիան գրաւուած է թաթարներու եւ, 15-րդ դարէն սկսած՝ թուրքերու կողմէ։ 1538 թուականին իշխանութիւնը դարձաւ Օսմանեան կայսրութեան հարկատու, սակայն կը պահպանէր ներքին եւ, մասամբ, արտաքին անկախութիւն[12]։

Ռուսական կայսրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1812 թուականի Պուխարեստի պայմանագրին համաձայն եւ անկախ մոլտավական ազնուականութեան բազմաթիւ բողոքներու եւ անհամաձայնութեան, Օսմանեան կայսրութիւնը, որու վասսալն էր Մոլտավիան, Ռուսական կայսրութեան փոխանցեց Մոլտավիայի իշխանութեան արեւելեան հատուածը Խոթինի եւ հին Բեսարաբիայի հետ միասին, որոնք Ռուսաստանն արդէն գրաւած էր ու աւերած։ Ռուսական նոր գաւառը կոչուեցաւ Մոլտավիայի եւ Բեսարաբիայի օպլասդ եւ նախնական շրջանին կը վայելէր մեծ ինքնավարութիւն։ 1828 թուականէն ետք այս ինքնավարութիւնը զգալիօրէն կրճատուեցաւ, իսկ 1871 թուականին օպլասդը փոխակերպուեցաւ Բեսարաբիայի գուբերնիայի։ Որպէս այս գործընթացի մաս՝ ցարական կառավարութիւնը աստիճանաբար հեռացուց ռումաներէնը ազգային եւ եկեղեցական լեզուի իրավիճակէն[13]։ Մոլտավիայի արեւմտեան մասը պահպանեց իր ինքնավար իշխանութիւնը եւ 1859 թուականին, միանալով Վալախիայի, հիմնեց Ռումանիայի թագաւորութիւնը։ 1856 թուականի Փարիզի համաձայնագիրը Մոլտավիային վերադարձուց Բեսարաբիայի երեք դքսութիւններ՝ Քահուլը, Բոլգրադն ու Իսմայիլը, սակայն 1878 թուականի Պերլինի համաձայնագիրը ստիպեց Ռումանիայի թագաւորութեան վերադարձնել այս տարածքները Ռուսական կայսրութեան։

19-րդ դարու ընթացքին ռուսական իշխանութիւնները կը խրախուսէին ռումանացիներու[14], Ուքրանիացիներու, լիպովաններու, կոզակներու, պուլկարացիներու[15], գերմանացիներու[16], գագաուզներու կողմէ երկրի հարաւի գաղութացումը եւ առաւել ընդլայնեցին բնակութեան հնարաւորութիւնները հրեաներուն համար, որպէսզի ճնշէին 1770-80 ական թուականներուն՝ Ռուս-թուրքական պատերազմներու ժամանակ[17], այստեղ տարածուած նոկայի թաթարները։ Այս շրջանին Մոլտովական բնակչութիւնը մեծցաւ եւ հասաւ 86%-ի 1816 թուականին[18]։ 1905 թուականին, իսլամական հոսանքներու ազդեցութեան ներքոյ Մոլտովական բնակչութիւնը կը կազմէր գուբերնիայի 52%-ը[19]։ Այս շրջանին գուբերնիայի մէջ տիրական էին հակասեմական տրամադրութիւնները, որ բերաւ հազարաւոր հրեաներու արտագաղթի դէպի ԱՄՆ[20]։

Ռուսական յեղափոխութիւնն ու Մեծ Ռումանիան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Մեծ Ռումանիայի քարտէս

Առաջին աշխարհամարտը առաջ բերաւ քաղաքական եւ էթնիկ-մշակութային տեղեկացուածութեան վերելք, մինչ 300.000 բեսարաբցիներ տեղակայուած էին 1917 թուականին կազմաւորուած ռուսական բանակին մէջ։ Այս շրջանին շարք մը Մոլտավացի զինուորներու կոմիտէներ ստեղծուեցան։ 1917 թուականի Ռուսական յեղափոխութենէն յետոյ բեսարաբիական խորհրդարանը՝ Սֆաթուլ Թարիին (ռումաներէն՝ Sfatul Țării, [sfatul tsərij]) կազմաւորուեցաւ եւ բացուեցաւ Դեկտեմբեր 3-ին։ Սֆաթուլ Թարիին յայտարարեց Մոլտավական Ժողովրդավարական Հանրապետութիւնը՝ ռուսական դաշնային պետութեան մէջ, որմէ յետոյ ձեւաւորուեցաւ կառավարութիւնը։

Բեսարաբիան յայտարարեց իր անկախութիւնը 1918 թուականի Փետրուարի վեցին եւ խնդրեց Ռումանիայի մէջ տեղակայուած ֆրանսական բանակի օժանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ ռումանական բանակի օժանդակութիւնը։ Ապրիլ 9-ին Սֆաթուլ Թարիին ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ որոշում առաւ միաւորուիլ Ռումանիայի հետ։ Միաւորումը կ'ենթադրէր ագրարային յեղափոխութեան աւարտ, ինքնավարութիւն եւ մարդու իրաւունքներու հանդէպ յարգանք[21]։ Խորհրդարանի անդամներու մէկ մասը համաձայնեցաւ յետաձգել միացումը, մինչեւ Բուկովինան եւ Տրանսիլվանիան եւս միանան Ռումանիայի թագաւորութեան, սակայն պատմաբանները կը պնդեն, որ անոնք ատիկա ընելու համար չունէին համապատասխան ձայներ[22][23][24][25][26]։ Այս միութիւնը ճանչցուեցաւ Անտանտի պետութիւններուն կողմէ 1920 թուականի Փարիզի համաձայնագրով, որ սակայն, չէր վաւերացուած բոլոր ստորագրողներուն կողմէ[27][27][28]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Factbox: Who is new Moldovan Prime Minister Dorin Recean?
  2. 2,0 2,1 Մոլդովայի անկախության հռչակագիր — 1991.
  3. Hotărârea nr. 36 din 05.12.2013 privind interpretarea articolului 13 alin. (1) din Constituție în corelație cu Preambulul Constituției și Declarația de Independență a Republicii Moldova — 2013.
  4. "Moldova". CIA World Factbook
  5. «Մոլտովա»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-03-08-ին։ արտագրուած է՝ 2021-01-13 
  6. «"Wine Road" in Republic of Moldova»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019 թ․ մայիսի 18-ին։ արտագրուած է՝ 2019 թ․ մայիսի 18 
  7. «GDP per capita, PPP (current international $)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022 թ․ հուլիսի 27-ին։ արտագրուած է՝ 2022 թ․ հուլիսի 27 
  8. «EU awards Ukraine and Moldova candidate status»։ BBC News (en-GB)։ 2022 թ․ հունիսի 23։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022 թ․ հունիսի 23-ին։ արտագրուած է՝ 2022 թ․ օգոստոսի 16 
  9. "History, Official site of Republic of Moldova". Moldova.md. Retrieved 2013-10-09.
  10. «The End of the Soviet Union; Text of Accords by Former Soviet Republics Setting Up a Commonwealth»։ The New York Times։ 1991 թ․ դեկտեմբերի 23։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021 թ․ մարտի 9-ին։ արտագրուած է՝ 2017 թ․ փետրվարի 17։ «...Republic of Kazakhstan, the Republic of Kirghizia, the Republic of Moldavia, the Russian Federation...» 
  11. "Articles".
  12. "Moldova Library of Congress Country Studies". Lcweb2.loc.gov. Retrieved 2013-10-09.
  13. Charles Upson Clark (1911-06-12). "Bessarabia". Depts.washington.edu. Retrieved 2013-10-09. Naturally, this system resulted not in acquisition of Russian by the Moldavians, but in their almost complete illiteracy in any language. Check date values in: |year= / |date= mismatch (help); |chapter= ignored (help)
  14. Vasile Baican, "Human settlements in Moldavia represented on "the Russian map" between 1828-1829", Scientific Annals of "Alexandru Ioan Cuza" University of Iasi - Geography series, 54, 2008, p. 65.
  15. Charles Upson Clark (1927). "Bessarabia". Depts.washington.edu. Retrieved 2013-10-09. Today, the Bulgarians form one of the most solid elements in Southern Bessarabia, numbering (with the Gagauzes, i.e., Turkish-speaking Christians also from the Dobrudja) nearly 150,000. Colonization brought in numerous Great Russian peasants, and the Russian bureaucracy imported Russian office-holders and professional men; according to the Romanian estimate of 1920, there were about Great Russians were about 75,000 in number (2.9%), and the Lipovans and Cossacks 59,000 (2.2%); the Little Russians (Ukrainians) came to 254,000 (9.6%). That, plus about 10,000 Poles, brings the total number of Slavs to 545,000 in a population of 2,631,000, or about one-fifth |chapter= ignored (help)
  16. "The Germans from Bessarabia". Ualberta.ca. Retrieved 9 October 2013.[dead link]
  17. "Mennonite-Nogai Economic Relations, 1825–1860". Goshen.edu. Retrieved 2013-10-09.
  18. Ion Nistor, Istoria Bassarabiei, Cernăuți, 1921
  19. (German) Flavius Solomon, Die Republik Moldau und ihre Minderheiten (Länderlexikon), in: Ethnodoc-Datenbank für Minderheitenforschung in Südostosteuropa, p. 52
  20. Ariel Scheib (1941-07-23). "Moldova". Jewishvirtuallibrary.org. Retrieved 2013-10-09.
  21. King, Charles (2000). "From Principality to Province". The Moldovans: Romania, Russia, and the politics of culture. Hoover Press. pp. 33–35. ISBN 0-8179-9792-X. Retrieved 2010-10-31.
  22. "Sfatul Țării ... proclaimed the Moldavian Democratic Republic" (in Romanian). Prm.md. Archived from the original on 2007-12-04. Retrieved 9 October 2013.
  23. Charles Upson Clark (1927). "24:The Decay of Russian Setiment". Bessarabia: Russia and Romania on the Black Sea – View Across Dniester From Hotin Castle. New York: Dodd, Mead & Company. Retrieved 31 October 2013.
  24. Ion Pelivan (Chronology)
  25. Petre Cazacu (Moldova, pp. 240–245)
  26. Cristina Petrescu, "Contrasting/Conflicting Identities:Bessarabians, Romanians, Moldovans" in Nation-Building and Contested Identities, Polirom, 2001, pg. 156
  27. 27,0 27,1 Malbone W. Graham (October 1944). "The Legal Status of the Bukovina and Bessarabia". The American Journal of International Law (American Society of International Law) 38 (4): 667–673. doi:10.2307/2192802. JSTOR 2192802
  28. Mitrasca, Marcel (2002). "Introduction". Moldova: a Romanian province under Russian rule: diplomatic history from the archives of the great powers. Algora Publishing. p. 13. ISBN 1-892941-86-4. Retrieved 2010-10-31.