Յունական Աղցան

Յունական աղցան, յունական ճաշացուցակին մաս կը կազմէ:

Անիկա կը պատրաստուի մանրուած լոլիկով, վարունգով, սոխով, ֆեթա պանիրով եւ ձիթապտուղով (ընդհանրապէս Քալամաթա ձիթապտուղով): Աղցանին մէջ կ'աւելցուին աղ, օրեկանօ եւ ձիթապտուղի ձէթ: Յունական աղցանին մէջ շատ հաւանական է ըլլալ կանաչ պղպեղ կամ կապար:

Յունաստանէն դուրս, Յունական աղցանին մէջ կարելի է տեսնել հազար, առանց ատոր աղցանը կը կոչուի հօրիաթիքի, գիւղական աղցան կամ տեղական աղցան: Օրինակ Ամերիկայի մէջ, յունական աղցանը պատրաստուած կ'ըլլայ հազարէ, լոլիկէ, ֆեթա պանիրէ եւ ձիթապտուղէ, որուն մէջ նաեւ կ'ըլլայ վարունգ, փեփերոնչինի՝ Իտալական կծու պղպեղի տեսակ, պղպեղ, սոխ, բողկ, տոլմա եւ սարտին, ինչպէս Տիթրոյթի յունական աղցանը կը պարունակէ ճակնդեղ, իսկ Թամպա Պէյի մէջ՝ գետնախնձոր: Յունական հազարով աղցանին մէջ պարց ձիթապտուղի ձէթէն եւ քացախէն զատ, զանազան բոյսերէ եւ այլ նիւթերէ պատրաստուած խառնուրդներ կ'աւելցնեն երբեմն, որոնք ընդհանրապէս մերժուած են Յունաստանի մէջ:

Այլ աղցաններ ալ, որոնց բաղադրութիւնը բոլորովին տարբեր է յունական աղցանէն կը կոչուին «յունական» աղցան, ինչպէս 1925-ին Աւստրալիական թերթի մը խաշած խառնուրդով եւ թթու կաթով[1] աղցանը եւ 1934-ի Ամերիկեան թերթի մը մայոնեզով, հազարով, մանրուած կաղամբով ու ստեպղինով աղցանը[2]:

Այլ Աղցաններ Յունաստանի եւ Կիպրոսի մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ուրիշ շատ աղցանի տեսակներ կան յունական ճաշացուցակին մէջ, ինչպէս հազարի աղցանը հազարով, սոխով եւ սիմիթով պատրաստուած, կաղամբի աղցանը (լահանօսալաթա)՝ ձիթապտուղի ձէթով, կիտրոնի հիւթով եւ սխտորով, ճանկնդեղի աղցանը՝ մանրուած ճակնդեղով, երբեմն ճակնդեղի տերեւներով, ձիթապտուղի ձէթով եւ կարմիր քացախով, ռոքայի աղցանը՝ ռոքայով, ձիթապտուղի ձէթով եւ կարմիր քացախով կամ կիտրոնի հիւթով, երբեմն ալ սարտինով, գետնախնձորի աղցանը՝ գետնախնձորով, ձիթապտուղի ձէթով, մանրուած սոխով, լիմոնի հիւթով կամ քացախով, լուբիայի աղցանը եւ մայնթանուրին՝ ազատքեղի աղցանը:

Կիպրական աղցանը, որ շատ կը նմանի յունականին աղցանին պատրաստուած կ'լլայ մանրանրուած լոլիկէ, կապարէ, վարունգէ, սոխէ, ազատքեղէ, ֆեթա պանիրէ, որուն մէջ կ'աւելցուին ձիթապտուղի ձէթ եւ լիմոնի հիւթ կամ կարմիր քացախ:

Կարգ մը ճաշեր, որոնք մաս կը կազմեն յունական աղանդերին, կը պատկանին «աղցան»ի ընտանիքին ըստ յոյներուն, ինչպէս՝ մելիթանօսալաթան, թարամասալաթան եւ ցացիքին:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]