Արաբական թերակղզի
Արաբական թերակղզի (արաբերէն՝ شبه الجزيرة العربية, Շըպըհ ալ Ալժազիրա ալ-Արապիյյա) կամ Արաբիա, կը գտնուի Ասիոյ Հարաւ արեւմուտքը: Անիկա Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Ափրիկէի հատման կէտը կը համարուի։ Ունի 3,237,500 մ տարածութիւն: Բնակչութեան թիւը կը հասնի 77 միլիոնի[1]։
Արեւմուտքէն զինք կը շրջապատէ Կարմիր ծովը, հիւսիս-արեւելքէն՝ Պարսից ծոցը, իսկ հարաւ-արեւելքէն՝ Հնդկական ովկիանոսը:
Արաբական թերակղզին կարեւոր տեղ կը գրաւէ համաշխարհային պատմութեան մէջ։ Թերակղզիին դերը աւելի ազդեցիկ կը դառնայ յատկապէս ԺԹ. դարուն ընթացքին, երբ կը յայտնաբերուին «սեւ ոսկիի»՝ նաւթի եւ «կապոյտ վառելանիւթի»՝ բնական կազի հսկայական պաշարներ։ Արաբական թերակղզիին եւ Պարսից ծոցի աւազանին մէջ տեղադրուած է նաւթի համաշխարհային պաշարին 2/3-ը, իսկ բնական կազի պաշարին գրեթէ կէսը։ Հոն կան նաեւ մետաղներու օգտակար հանածոներու հանքավայրեր[2]։
Թերակղզիին վրայ կը գտնուին Սէուտական Արաբիան, Եմէնը, Օմանը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Քաթարը, Պահրէյնը եւ Քուէյթը[3]։ 1981-ին, բացի Եմէնէն, թերակղզիին պետութիւնները կը հիմնեն Պարսից ծոցի տնտեսական համագործակցութեան խորհուրդը (արաբերէն՝ مجلس التعاون لدول الخليج العربي)։ Թերակղզիին հիւսիսը կը գտնուին Յորդանանն ու Իրաքը։
Աշխարհագրական պայմաններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արաբական թերակղզին վաղուց անջատուած է Ափրիկէի ցամաքամասէն եւ միացած՝ Եւրասիոյ։ Ափրիկէի եւ թերակղզիին միջեւ յառաջացած ճեղքը լեցուած է Հնդկաց ովկիանոսին ջուրերով, որմէ յառաջացած է Կարմիր ծովը։ Հիւսիսը՝ Ասիական ցամաքամասին միացման տեղը, Հայկական լեռնաշխարհէն հոսող Եփրատ եւ Տիգրիս գետերը գետաբերուկներով ձեւաւորած են Միջագետքի դաշտավայրը։ Արաբական թերակղզին մեծագոյնն է աշխարհի վրայ իր տարածքով եւ գրեթէ աւելի քան կրկնակին՝ դրացի Հնդկաց թերակղզիին (շուրջ 1,8 միլիոն քառ.քմ)։
Բարձրաքանդակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արաբական թերակղզին հիւսիսէն Առաջաւոր Ասիոյ երեք բարձրաւանդակներուն (Իրանական բարձրաւանդակ, Հայկական լեռնաշխարհ, Փոքր Ասիոյ կամ Անատոլիոյ սարաւանդ) միացած է Միջագետքի դաշտավայրին (արաբերէն՝ ما بين النهرين) եւ Սուրիական անապատին (արաբերէն՝ بادية الشام) միջոցով։ Հիւսիսը աւազոտ անապատներն են։ Մնացեալ մասերը կ'ողողեն Հնդկաց ովկիանոսին ջուրերը։ Արեւելքը Պարսից ծոցն է (արաբերէն՝ الخليج العربي), որ Օմանի ծոցին կը միանայ Հորմուզի նեղուցով (արաբերէն՝ مضيق هرمز)։ Հարաւը կը գտնուին Ատընի ծոցն (արաբերէն՝ خليج عدن) ու Արաբական ծովը (արաբերէն՝ بحر العرب)։ Արեւմուտքը Ափրիկէի ցամաքամասէն անջատուած է Կարմիր ծովով (արաբերէն՝ بحر الأحمر)։ Վերջինս Ատընի ծոցին միացած է Պապ էլ-Մանտըպի նեղուցով (արաբերէն՝ باب المندب), որ թերակղզիին հարաւ արեւմտեան բեւեռն է։ Արտաքին աշխարհէն մեկուսացած ըլլալով՝ արաբները զայն կոչած են «Արաբներու կղզի»։
Արաբական թերակղզին, որ կը կոչուի նաեւ Արաբական ենթացամաք, ծովու մակերեւոյթէն 760 մ միջին բարձրութիւն ունի։ Անոր հարաւ-արեւմուտքը կը գտնուին հնագոյն լեռները, որոնք կ'իջնեն դէպի առափնեայ դաշտավայրային շերտը։ Թերակղզիին արեւմտեան ափին զուգահեռ Հիժազի լեռնաշղթան է (արաբերէն՝ الحجاز)։ Անոր եւ Կարմիր ծովուն միջեւ ինկած նեղ տարածքը ծանօթ է Թիհամայի հարթավայր (արաբերէն՝ التهامة) անունով։ Արեւելեան հատուածին Թուէյք լեռնաշղթան 1200 մ. (արաբերէն՝ الطويق), Պարսից եւ Օմանի ծոցերու ափին կը կիսէ թերակղզին։ Հիժազը հիւսիսային լայնութեան 20-րդ զուգահեռականէն հարաւ կը վերածուի լեռնային Ասիր շրջանին, իսկ հարաւը՝ Եմէնն է։ Հոս կը գտնուի ամէնէն բարձր գագաթը՝ ալ-Նապի Շուէյպ (3666 մ)։ Այդ լեռնաշղթաներուն միջեւ ինկած է Նաժտի ընդարձակ սարահարթը։ Հոս կը գտնուին երեք անապատներ՝ Նաֆուտը (արաբերէն՝ نفود), Ալ Տահնան (արաբերէն՝ الدحنة) եւ մեծագոյնը՝ Ռըպը ալ-Խալին (արաբերէն ربع الخالي)[4]։
1256-ին Հիժազի լեռներէն քանի մը գործող հրաբուխներէն մէկը ժայթքած է Մատինա քաղաքին մօտ։ Տարածաշրջանը հարուստ է չորցած գետահուներով՝ «ուատիներով», որոնք կը փաստեն, որ ժամանակին հոն ջուրեր կը հոսէին։ Նաժտիի կեդրոնը կ'երկարի մեծագոյն ուատին՝ ալ-Ռուման (500 քմ)։ Այդ ուատիները անձրեւներու ատեն կը լեցուէին ջուրերով։ Անոնց ակունքներուն մէջ դիւրութեամբ կարելի է ջրհորներ գտնել։ Թերակղզիին հարաւ-արեւմուտքը գտնուող լեռներուն մէջ բաւականաչափ տեղումներ կ'ըլլան (տարեկան մինչեւ 1000 մ.մ.)։ Սակայն թերակղզիին հսկայական մէկ հատուածը տեղումներ գրեթէ չկան (10-100 մ.մ.), որովհետեւ պարբերական տեղումները գետնին չեն հասնիր։ Ամէնէն առատ տեղումներով շրջանը Եմէնն է, որ կը զբաղեցնէ շուրջ 200.000 քմ տարածութիւն։ Հոս աւելի քան 4000 տարի առաջ սկսած է ձեւաւորուիլ հնագոյն քաղաքակրթութիւնը։
Բուսական եւ անասնական աշխարհ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հազարամեակներ շարունակ՝ շուրջ 10.000 տարի առաջ, Արաբական թերակղզին պատուած էր արեւադարձային մշտադալար անտառներով, իսկ Հիժազի լեռներէն հոսած են բազմաթիւ գետեր։ Այդ մէկը կը վկայեն այսօրուան չորցած գետահուները, ստորգետնեայ ջուրերուն մեծ քանակը եւ նաւթի ու բնական կազի հսկայական պաշարները։ Այսօր այդ անտառներէն մնացած են ովասիսներ, որոնք կը գտնուին թերակղզիին ստորգետնեայ ջուրեր ունեցող վայրերուն մէջ։ Արեւադարձային անտառները մնացած են յատկապէս Եմէնի եւ Օմանի մէջ։ Տարածքը գլխաւորաբար պատուած է տափաստաններով, կիսանապատներով եւ աւազոտ անապատներով։ Ովասիսներուն մէջ հանդիպող հիմնական ծառատեսակը փիւնիկեան արմաւենին է եւ այլ լայնատերեւ բոյսեր։ Անապատային շրջաններուն մէջ խոնաւութեան խիստ սակաւ պայմաններու մէջ բոյսերուն տերեւները վերածուած են փուշերու, ինչպէս՝ ուղտափուշ, օշինտր եւ այլն։
Ովասիսներուն մէջ հանդիպող միասապատ եւ երկսապատ ուղտերը ընտելացած են մարդու կողմէ։ Ի դէպ, միասապատ ուղտերուն գերշահագործման եւ զանգուածային ոչնչացման արդիւնքով անիկա յայտնուած է Կարմիր գիրքին մէջ։ Կան նաեւ անապատային տարբեր գիշատիչ անասուններ, յատկապէս բորենիներ եւ շնագայլեր. նախապէս հոն եղած են նաեւ առիւծներ։ Անապատներուն մէջ շատ են սարդերը, օձերը եւ մողէսները։ Հարաւի խոնաւ շրջաններուն մէջ մնացած են արեւադարձային անտառները: Եմէնի մէջ կարելի է հանդիպիլ նաեւ՝ կապիկներու։ Արաբական թերակղզին շրջապատող Հնդկաց ովկիանոսի ջրային տարածքներուն մէջ կան զանազան տեսակի բոյսեր եւ անասուններ։ Նշանաւոր են յատկապէս՝ Կարմիր ծովուն քորալները եւ Պարսից ծոցին փափկամարմինները։ Այդ շրջանին մէջ ապրող արաբները մասնագիտացած էին մարգարիտի որսի, ձկնորսութեան եւ այլ ոլորտներուն մէջ։
Հարաւային լեռնային շրջանները, ինչպէս նաեւ՝ ալ-Ասիրը, հին ժամանակներէ ի վեր ծանօթ է իբրեւ երկրագործական եւ անասնապահական կեդրոններ։ Այս քաղաքները յարատեւ տնտեսական կապի մէջ էին եգիպտական եւ սուրիական քաղաքներու հետ։ Հնդկաց ովկիանոսէն եկող ծովային առեւտրականները խարիսխ կը դնէին Եմէնի Քանա նաւահանգիստին մէջ։ Դէպի Երուսաղէմ գլխաւոր ճամբան կ'անցնէր Հիժազով, որուն կեդրոնը ձեւաւորուած էին մեծ քաղաքներ Եասրիպը (արաբերէն՝ يثريب), Մաքքան (արաբերէն՝ مكة) եւ ալ-Թաիֆը (արաբերէն՝ الطائف)։ Հին Եմէնի քաղաքներուն մէջ մարդիկ կը զբաղէին մետաղամշակութեամբ, կաշեգործութեամբ, կաւագործութեամբ եւ այլ արհեստներով։ Անապատային պայմաններուն լաւ կը յարմարէին ուղտերը, այծերը եւ ոչխարները։ Տարածուած էին ցորենի եւ գարիի մշակումը։ Եմէն նշանաւոր էր այգեգործութեամբ: Տարածուած էր նաեւ Նռան, թուզի, արմաւի քանի մը տեսակներու, խաղողի եւ այլ այգիներու մշակումը։ Եմէնը եւ Եթովպիան կը համարուին սուրճի հայրենիքը։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հին պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արաբական թերակղզին սեմական ժողովուրդներու հայրենիքն է։ Ք.ա. 4-3-րդ հազարամեակներէն ի վեր ժողովուրդներուն մեծ մասը տեղափոխուած է «Բարեբեր Մահիկի»ն տարածաշրջանը՝ Միջագետքի եւ Միջերկրական ծովուն արեւելեան ափերը։ Անոնց մէկ մասը հաստատուած է Հապէշական բարձրաւանդակին մէջ՝ Եթովպիա։ Սեմական ժողովուրդները հիմնած են տարբեր պետութիւններ, ինչպէս՝ Սումարը (արաբերէն՝ سومر, Սումար), Աքքատը, Բաբելոնեան (Պիլատ Պապըլ), Փիւնիկէն(արաբերէն՝ فينيقيا, Ֆինիքիա), Ասորեստանը (արաբերէն՝ آشور, Աշշուր), Ասորիքը (արաբերէն՝ سوريا, Սուրիա) եւ Միջագետքի (արաբերէն՝ بلاد الرافدين, Պիլատ ալ-Ռաֆիտէյն) հռչակաւոր քաղաք-պետութիւնները[5]։Սեմական քաղաքակրթութիւնը ստեղծած էր հարուստ մշակոյթ մը եւ հսկայական ներդրում կատարած մարդկութեան պատմութեան զարգացման համար։
- Աքքատը մարդկութեան առաջին կայսրութիւնն էր, որուն իշխանութեան կ'ենթարկուէին Բարեբեր Մահիկին եւ Հայկական լեռնաշխարհին հարաւային շրջաններու երկիրները։
- Բաբելոնը մարդկութեան պատմութեան մեծագոյն քաղաքն էր, որ կարգ մը աղբիւրներու համաձայն ունեցած է 200.000 բնակիչ:
- Փիւնիկէի Օկարիթ քաղաքին մէջ Ք.ա. 2-րդ հազարամեակին կերտուած է աշխարհի առաջին այբուբենը։ Արամէացիներու լեզուն եւ այբուբենը դարեր շարունակ՝ մինչեւ հելլենիզմի դարաշրջանը, տիրապետող եղած են տարածաշրջանին մէջ։ Չինաստանն ու Հնդկաստանը Միջերկրական ծովուն կապող առեւտրական ճամբաներու կեդրոնը գտնուելով՝ զբաղած են առեւտուրով եւ մշակութային փոխառութեամբ։
- Ժամանակակից Սուրիոյ եւ Յորդանանի տարածքներուն մէջ գտնուած են Անպաթի (արաբերէն՝ مملكة الأنباط, Մամլաքաթ ալ-Անպաթ) եւ Փալմիրայի (արաբերէն՝ تدمر, Թատմոր)՝ հելլենիստական ոճով կառուցուած քաղաքները: Այսօր չնչին բեկորներ մնացած են այդ պետութիւններէն, ժողովուրդներուն մեծ մասը ձուլուած է։ Սակայն արաբ ժողովուրդը մնացած է պատմական նախահայրենիքին մէջ եւ դարձած՝ աշխարհի ամէնէն նշանաւոր ժողովուրդներէն մէկը[6]։
Նախաիսլամական նստակեաց քաղաքակրթութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արաբական թերակղզին դարեր շարունակ բնակուած է տասնեակ ազգերով, ցեղերով եւ ցեղային միութիւններով։ Սակայն գերիշխողները եղած եւ մնացած են արաբները, որոնք իրենց մէջ ձուլած են մեծ թիւով ցեղային խումբեր։ Արաբական ցեղերը ծանօթ էին երկու մեծ խումբերով՝ հիւսիսային, որուն հիմնադիրը Ատնանն էր, եւ հարաւային, որուն հիմնադիրն էր Քահթանը։ Նշանաւոր էին (արաբերէն՝ بنو أسد, պանու ասատ)՝ առիւծի որդիները, (արաբերէն՝ بنو نسر, պանու նասր)՝ արծիւի որդիները, (արաբերէն՝ تغليب, Թաղլիպ), (արաբերէն՝ القريش, ալ-Քուրէյշ) եւ այլ ցեղեր: Արաբները կը բնակէին հիմնականօրէն ծովափնեայ շրջաններու մէջ, ինչպէս նաեւ անապատներով եւ տափաստաններով կղզեակներուն՝ ովասիսներուն մէջ։ Յատկապէս մեծ էր բնակչութեան թիւը հարաւային Արաբիոյ մէջ՝ Եմէն։
Հիւսիսային եւ Կեդրոնական Արաբիոյ բնակչութիւնը եւս կը զբաղէր նստակեաց հողագործութեամբ։ Նպաստաւոր էին ոչ միայն Եամամայի եւ Եմէնի ոռոգուած տարածքները, այլեւ Նաժտի սարահարթի, Պահրէյնի դաշտավայրին եւ Հիժազի լեռնային ովասիսները։ Նստակեաց ցեղերը ստեղծած էին քաղաք-պետութիւններ՝ շաապաներ (արաբերէն՝ الشعبة, ալ-շա'նա)։ Անոնք իրենց ազդեցութիւնը կը տարածէին նաեւ շրջակայ գիւղերուն վրայ՝ նպաստելով անոնց զարգացման[6][4]։ Զ. դարուն շաապաներու, ինչպէս նաեւ Եմէնի մէջ ձեւաւորուած թագաւորութիւններուն թուլացումը եւ անկումը բացասական անդրադարձ կ'ունենայ ընկերական, տնտեսական եւ քաղաքական կեանքին վրայ։ Պատճառը Մերձաւոր Արեւելքին մէջ եւ Հռոմէական կայսրութեան մէջ տիրող փոփոխութիւններն էին, որոնք կը յանգին հին՝ նախնադարեան եւ ռազմագիտական կարգերուն վերջնական վերացման եւ նոր հասարակարգի ստեղծման։ Արեւելքի ժողովուրդները կը թեւակոխեն աւատատիրութեան դարաշրջանը, որ կը տեւէ 1,2-1,5 հազարամեակ։ Նախաիսլամական շրջանին՝ 6-7-րդ դարերուն թերակղզիին բնակչութեան 4-4,5 միլիոնը նստակեացներ էին, իսկ 2,5-3 միլիոնը կը զբաղէր քոչուոր կամ կիսաքոչուոր անասնապահութեամբ, հողագործութիւնը պատուազրկութիւն նկատելով։
Նախաիսլամական շրջանի ցեղային համակարգը ունէր շուրջ երկու հազարամեայ պատմութիւն։ Արաբական ցեղերը ունէին հիմնական անդամներ, որոնք իրարու հետ կապուած էին արիւնակցական կապերով, եւ երկրորդական անդամներ, որոնք պատերազմի ընթացքին յաղթած ցեղերուն ստրկացուած անդամներն էին կամ թոյլ տոհմերու հնազանդ անդամները։ Պետեւիները կը զբաղէին քոչուոր անասնապահութեամբ եւ մասամբ յարձակումներով։
Արաբական թերակղզիին հիմնական փոխադրամիջոցը, անասնական սնունդը, հագուստ ապահովողը եւ հարստութեան չափանիշը, հարիւրաւոր տարիներու ընթացքին եղած է եւ կը մնայ ուղտը։ Ան կրնայ առանց ջուրի եւ կերակուրի ճամբորդել 4-5 օր, օրական 120-130 քմ[4]։ Ուղտի միսն ու կաթը դարեր շարունակ քոչուոր պետեւիներուն հիմնական սնունդն էր։ Ուղտի կաշիէն եւ բուրդէն մարդիկ պատրաստած են հագուստներ։ Պետեւիին առօրեայ սնունդը կը լրանար արմաւենիի պտուղով։ Վերջինիս կորիզէն հաց կը պատրաստէին։
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Ասիական քաղաքներու բնակչութիւն
- ↑ Արաբական թերակղզին
- ↑ Թերակղզիին պետութիւնները
- ↑ 4,0 4,1 4,2 Նիկոլայ Յովհաննիսեան, Արաբական երկիրներու պատմութիւն, Երեւան 2003
- ↑ Robert G.Hoyland, Arabia and the Arabs, New York, 2001
- ↑ 6,0 6,1 Hitti Ph., History of the Arabs, 10th editionPalgrave McMillan 2002
|