Jump to content

Յորդանան

Բնակավայր
Յորդանան
արաբերէն՝ االْمَمْلَكَةُ الْأُرْدُنِيَةُ الْهَاشِمِيَة
Դրօշակ Զինանշան


الله، الوطن، الملك, God, Country, King, Бог, Отечество, крал, Yes, it's Jordan, אללה, המולדת, המלך եւ Duw, Gwlad, Y Frenhiniaeth
Երկիր  Յորդանան
Ներքին բաժանում Աժլունի մարզ, Ամմանի մարզ, Աքապայի մարզ,, Պալքայի մարզ, Իրպիտի մարզ, Ժարաշի մարզ, Քարաքի մարզ, Մաանի մարզ, Մատապայի մարզ, Ալ Մաֆրաքի մարզ, Ալ Թաֆիլայի մարզ եւ Զարքայի մարզ
Յորդանանի վարչապետ Պաշըր Ալխասաունէ[1]
Օրէնսդրական մարմին Յորդանանի Խորհրդարան
Հիմնադրուած է՝ 1946
Տարածութիւն 89 341±1 քմ²
Պաշտօնական լեզու Արաբերէն[2]
Բնակչութիւն 10 428 241 մարդ (19 Յունիս 2019)[3]
Ժամային գօտի UTC+2, UTC+3։00 եւ Asia/Amman?[4]
Շրջագայութեան պետ-համարագիր HKJ
Անուանուած է Յորդանան գետ

Յորդանան[5] (մինչեւ 1950՝ ԱնդրՅորդանան) (արաբերէն՝ الأردن‎), Պաշտօնական անուանումը՝ Յորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութիւն (արաբերէն՝ لمملكة الأردنية الهاشمية‎ا անգլերէն՝ Hashemite Kingdom of Jordan), Արաբական թագաւորութիւն Առաջաւոր Ասիոյ մէջ՝ Յորդանան գետի ափին։ Հարաւէն սահմանակից է Սէուտական Արաբիոյ, հարաւ-արեւելքէն՝ Իրաքին, հիւսիս-արեւելքէն՝ Սուրիոյ, արեւմուտքէն՝ Իսրայէլին եւ Պաղեստինի Պետութեան։ Յորդանանի թագաւորութիւնը սահմանադրական միապետութիւն մըն է, որուն կառավարութեան նստավայրը մայրաքաղաք Ամմանն է։

Աշխարհագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յորդանանի տարածութիւնը 35, 637 քմ2 է, ամէնէն բարձր կէտը Ումմ ալ Տամի լեռն է (բարձրութիւնը՝ 1,855 մ, տեղը՝ 31°12′N 36°30′E / 31.2°N 36.5°E / 31.2; 36.5), ամէնէն ցածը՝ Մեռեալ Ծովուն մակերեսը (−446 մ):

Յորդանանի մէջ կը գերիշխէ միջերկրածովային կլիման։ Ամառը ջերմաստիճանը կը հասնի 30 °C-ի (86 °F) եւ համեմատաբար զով է, իսկ ձմեռը՝ 13 °C-ի(55 °F)։ Հիւսիսային շրջանները Նոյեմբերէն Մարտ ամիսներուն ընթացքին կ'անձրեւէ։ Կարմիր եւ Մեռեալ ծովերուն ջուրի ջերմաստճիանը +21 °C էն աւելի ցած չ'ըլլար։ Միաժամանակ երկիրին կեդրոնական հատուածներուն մէջ գիշերները զով կ'ընէ[6]։

Քաղաքականութիւն եւ Կառավարութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յորդանանի իրաւական համակարգը կը գործէ Շարիաթի եւ Օսմանեան-Եգիպտական օրէնքներուն հիման վրայ։ Մեծ ազդեցութիւն ունին նաեւ ցեղային աւանդոյթները։[7]

Յորդանանի մէջ սահմանադրութիւնը ընդունուած է 11 Յունուար 1952-ին, սակայն միշտ փոփոխութեան ենթակայ է։ Յորդանան ունի Շարիաթի դատարաններ եւ քաղաքացիական դատարաններ։ Ամէնէն բարձր դատարանը վճռաբեկ դատարանն է, որուն կը յաջորդէ վերաքննիչ դատարանը։[7] Քաղաքացիական դատարանները քրէական եւ քաղաքացիական գործերու իրաւասութիւն ունին, իսկ շարիաթի դատարանները կը զբաղին ամուսնութեան, ամուսնալուծութեան, եւ ժառանգութեան հարցերով։[7] Շարիաթի դատարաններուն մէջ, երկու կանանց վկայութիւնը հաւասար է մէկ մարդու վկայութեան։[8]

2010-ի Արաբական Ժողովրդավարութեան բարեփոխումներու նախաձեռնութեամբ, Յորդանան ժողովրդավարական բարեփոխումներու առաջին տեղը կը գրաւէ։[9]

Պետական Համակարգ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յորդանան երկուորական միապետութիւն է: Գերիշխող ուժը կեդրոնացած է թագաւորին եւ անոր նախարարներուն խորհուրդին ձեռքը։ Թագաւորը հրամանագիրերով կը նշանակէ բոլոր դատաւորները, կը հաստատէ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնները, պատերազմ կը յայտարարէ եւ զինեալ ուժերուն հրամաններ կ'արձակէ:

Նախարարներու խորհուրդը, որ կը վարէ վարչապետը, կը նշանակուի թագաւորին կողմէ. ան վարչապետին խնդրանքով կրնայ նախարարներ պաշտօնազրկել։

Թագաւորական զինուած ուժերը նոյնպէս թագաւորին վերահսկողութեան տակ կը գտնուին։

Ապու Տարվիշ մզկիթ։
Աքապայի Մզկիթը

Իսլամութիւնը Յորդանանի պաշտօնական կրօնն է[10]։

Երկիրին բնակչութեան շուրջ 92%-ը կը կազմեն իսլամները[11]։ Սիւննի իսլամները կը գերիշխեն Յորդանանի մէջ։ Կան փոքրաթիւ Ահմատի իսլամներ[12]։

Յորդանանի մէջ քրիստոնեաները փոքրամասնութիւն են. անոնք կը կազմեն երկիրին բնակչութեան 6%-ը[13]։ Քրիստոնեաները գլխաւորաբար Հայաստանեայց առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ եւ Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ հետեւորդներ են. կան նաեւ փոքր թիւով Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ հետեւորդներ, Կաթոլիկներ եւ Բողոքականներ[14]։ Իսկ մնացեալ 2%-ը շիա իսլամներ են։

Հայ-Յորդանանեան կապեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ապտալլա Բ. Իպն Ալ-Հուսէյն Ալ-Հաշիմի թագաւորը

Դիւանագիտական յարաբերութիւններ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Յորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութեան միջեւ հաստատուած են 18 Յուլիս 1991-ին։[15] Յորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութեան Թագաւոր Ապտալլա Բ. Իպն Ալ-Հուսէյն Ալ-Հաշիմիի հրաւէրով Նախագահ Սերժ Սարգսեան 29 Հոկտեմբերին պաշտօնական այցով մը կը մեկնի Յորդանան։[16]

Հայերը Յորդանանի Մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայերը Յորդանանի տարածքին բնակութիւն հաստատած են հինէն ի վեր։ Անոնց թիւը աւելցած է խաչակրաց արշաւանքներու ժամանակաշրջանէն (ԺԱ-ԺԳ դարեր)։ Սակայն Յորդանանի հայ համայնքը կը ձեւաւորուի եւ կը ստուարանայ 1915-ի Մեծ Եղեռնին եւ անկէ ետք, երբ բազմաթիւ գաղթականներ կ'ապաստանին Յորդանանի մէջ։

Հայերը Յորդանանի տարածքին բնակութիւն հաստատած են հինէն ի վեր։ Անոնց թիւը աւելցած է խաչակրաց արշաւանքներու ժամանակաշրջանէն (ԺԱ-ԺԳ դարեր)։ Սակայն Յորդանանի հայ համայնքը կը ձեւաւորուի եւ կը ստուարանայ 1915-ի Մեծ Եղեռնին եւ անկէ ետք, երբ բազմաթիւ գաղթականներ կ'ապաստանին Յորդանանի մէջ։

Մեքքայի, Մատինայի եւ Հիժազի իշխան` թագաւոր արաբներու` Շերիֆ Հիւսէյն պըն Ալի (1853-1931), որ 1201-էն 1925 առանց ընդհատումի` վերջին ժառանգորդն էր Մուհամմէտ մարգարէին տոհմին (որուն զաւակն էր Յորդանանի առաջին թագաւորը` Ապտալլա Ա.)` իր հովանաւորութիւնը կը շնորհէ տարագիր հայութեան: 1917-ին ան «Ֆաթուայով» (հրովարտակ) մը կը հրահանգէ արաբ ժողովուրդին` հոգածութիւն ցուցաբերել հայ ժողովուրդին հանդէպ` յարգելով անոնց կրօնի ու լեզուի ազատութիւնը: Այս հրովարտակին պատճէնը տեղադրուած էր ՀՄԸՄ-ի ակումբի դրան մօտ: Շերիֆ Հիւսէյն կը գլխաւորէ ու յաջողութեամբ կը ղեկավարէ արաբական յեղափոխութիւնը Օսմանեան կայսրութեան դէմ: Այս հրովարտակին տառն ու ոգին լիովին կենսագործուած էր Յորդանանի ժողովուրդին կողմէ, հաւանաբար` շատեր առանց իսկ տեղեակ ըլլալու հրովարտակէն: Հայութեան աշխատասիրութեան, հաւատարմութեան, արդարամտութեան, հմտութեան, շինարար ու ստեղծագործող ոգիին համբաւը արդէն բաւարար էր շատերուն համար:

1948-ին հայերուն թիւը շուրջ վեց հազար էր, 1980-ին՝ երեք հազար, 1995-ին՝ երկու հազար։ Անոնք գլխաւորաբար կը բնակին Ամմանի մէջ, նաեւ Աքապա, Զարքա, Իրպիտ, Մատարա եւ Ռուսեյֆա քաղաքներուն մէջ։ Անոնք արհեստաւորներ են (նշանաւոր են հայ լուսանկարիչները. Ամմանի լուսանկարիչներուն 3/4-ը հայեր են), առեւտրականներ (ոսկերիչ-գոհարավաճառներ), կան նաեւ մտաւորականներ։

Համայնքը համախմբուած է եկեղեցւոյ շուրջ. հոգեւոր պետը կը նշանակէ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքը։ Ամմանի մէջ հայերը կ'ապրին հայկական թաղամասի մը մէջ, ուր կը գործէ Ս. Թադէոս եկեղեցին (Կառուցուած՝ 25 Հոկտեմբեր, 1968-ին)[17]։

Յորդանանի մէջ կը գործեն ՀԲԸՄ-ի, ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՄՄ-ի մասնաճիւղերը, Ազգային մարզական միութիւնը (Տիկնանց յանձնախումբով), մարզական (կողովագնդակի) խումբեր եւ «Մասիս» նուագախումբը։ Հայերը կը յաճախեն Եուզպաշեան ազգային վարժարան (Եուզպաշեան ազգային վարժարանին երկար տարիներու տնօրէնուհին եղած է Յակոբ Օշականին դուստրը` մտաւորական, մանկավարժ ու գրագէտ Անահիտ Ոսկերիչեանը, իսկ ամուսինը` նշանաւոր ճարտարապետ Տիրան Ոսկերիչեան, Յորդանանի պետութեան եւ Ազգային վարչութեան կողմէ Երուսաղէմի սրբավայրերու պահպանութեան ու վերանորոգման յանձնախումբի ներկայացուցիչը եղած է: Ան ճանչցուած էր իբրեւ «Ամմանի շինարարը»` իր նախագծած աւելի քան 700 բնակարանային եւ հանրային-պետական կառոյցներով ու կոթողներով, նոյնպէս` Պաղեստինի տարածքին: Ռուբէն Տէր Մինասեանի Պաղեստին կեցութեան ընթացքին Տիրան որոշ ատեն մը Ռուբէնի յուշերուն քարտուղարութիւնը կատարած է եւ ընկերակցած է անոր, երբ ձիով կը ճամբորդէին քաղաքէ քաղաք:[18]), կը գործէ Կիւլպէնկեան մանկապարտէզը։ Գրեթէ վտանգուած է հայ կաթողիկէներու Սահակ-Մեսրոպ վարժարանը (կը յաճախեն օտարները)։ 1993-էն լոյս կը տեսնէ «Անդրադարձ» ամսաթերթը։

1948-ին հայերուն թիւը շուրջ վեց հազար էր, 1980-ին՝ երեք հազար, 1995-ին՝ երկու հազար։ Անոնք գլխաւորաբար կը բնակին Ամմանի մէջ, նաեւ Աքապա, Զարքա, Իրպիտ, Մատարա եւ Ռուսեյֆա քաղաքներուն մէջ։ Անոնք արհեստաւորներ են (նշանաւոր են հայ լուսանկարիչները. Ամմանի լուսանկարիչներուն 3/4-ը հայեր են), առեւտրականներ (ոսկերիչ-գոհարավաճառներ), կան նաեւ մտաւորականներ։ Համայնքը համախմբուած է եկեղեցւոյ շուրջ. հոգեւոր պետը կը նշանակէ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքը։ Ամմանի մէջ հայերը կ'ապրին հայկական թաղամասի մը մէջ, ուր կը գործէ Ս. Թադէոս եկեղեցին։ Յորդանանի մէջ կը գործեն ՀԲԸՄ-ի, ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՄՄ-ի մասնաճիւղերը, Ազգային մարզական միութիւնը (Տիկնանց յանձնախումբով), մարզական (կողովագնդակի) խումբեր եւ «Մասիս» նուագախումբը։ Հայերը կը յաճախեն Եուզպաշեան ազգային վարժարան, կը գործէ Կիւլպէնկեան մանկապարտէզը։ Գրեթէ վտանգուած է հայ կաթողիկէներու Սահակ-Մեսրոպ վարժարանը (կը յաճախեն օտարները)։ 1993-էն լոյս կը տեսնէ «Անդրադարձ» ամսաթերթը։

Վարչական բաժանում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յորդանան կը բաժնուի 12 մուհաֆազաներու (մարզերու)։[19] Բոլորը, բացի Էլ Պալքայէն, ունին նոյնանուն վարչական կեդրոններ։[20] Մուհաֆազաները կը գլխաւորեն քաղաքապետերը, որոնք կը նշանակուին թագաւորին կողմէ։ Մարզերը իրենց հերթին կը բաժնուին 52 շրջաններու։[21][22]

Անուանում Տարածք Բնակչութիւն
1 Իրպիտ 1,572 1,770,158
2 Աժլուն 420 176,080
3 Ժարաշ 410 237,059
4 Մաֆրաք 26,551 549,948
5 Պալքա 1,120 491,709
6 Մատապա 940 189,192
7 Ամման 7,579 4,007,256
8 Զարքա 4,761
9 Քարաք 3,495 316,629
10 Թաֆիլահ 2, 209 96,291
11 Մաան 32,832 144,083
12 Աքապա 6,905 188,160

Քաղաքը կը գտնուի Յորդանանի հարաւը: Փեթրան իր շրջակայքով բնակուած է նախապատմական ժամանակներէն: Անիկա կը գտնուի Չինաստանէն եկող Մետաքսի ճամբուն, Հնդկաստանէն եկող Համեմներուն ճամբուն եւ արաբական աշխարհէն եկող ճամբուն վրայ:

Նապաթեցիները Փեթրա հաստատուած են Ք.Ա. 6-րդ դարուն: Ք.Ե. չորրորդ դարուն քաղաքը կը տարածուի աւելի քան տասը քիլոմեթրի վրայ: Կ'ենթադրուի, որ 50 թուականին հոն կ'ապրէր քսանէն մինչեւ յիսուն հազար հոգի: Ասիկա շատ բարձր թիւ մըն էր այդ ժամանակաշրջանին համար: Քաղաքը կը գրաւուի հռոմէացիներուն կողմէ, ապա Դ. դարուն անիկա կը դառնայ քրիստոնեայ քաղաք մը:

Սակայն Փեթրա կ'ենթարկուի բազմաթիւ երկրաշարժներու եւ ժամանակի ընթացքին կը լքուի իր բնակիչներուն կողմէ: 747-ի երկրաշարժէն ետք քաղաքը ամբողջովին կը լքուի:

ԺԹ. դարուն զուիցերիացի մը կը վերագտնէ այս վայրը եւ կը սկսի իր շուրջիններուն խօսիլ անոր մասին: Բազմաթիւ հնագէտներ կը հետաքրքրուին եւ, վերջապէս, Փեթրա կը դառնայ աշխարհահռչակ հնագիտական վայր մը: Այժմ անիկա Յորդանանի ամէնէն շատ այցելու ընդունող զբօսաշրջական վայրն է[23]:

Քաղաքին պատերուն վրայի գոյները ամբողջովին բնական են: Բաց սրճագոյն, կարմիր եւ մոխրագոյն գոյները գտնուած են այդ պատերը կառուցելու համար գործածուած քարերուն խաւերուն մէջ:

Փեթրայի մէջ տեղի կ'ունենան բազմաթիւ երկրաշարժներ: Այն շրջանը, ուր կը գտնուի քաղաքը, շատ յատուկ է: Անիկա կը գտնուի երկրագունդին կեղեւը կազմող տարբեր խաւերուն միջեւ, որոնք անդադար շարժումի մէջ են. այս շարժումներէն երբեմն կը յառաջանան շատ զօրաւոր երկրաշարժներ:

Այս վայրը կը գտնուի անապատային շրջանի մը մէջ, որուն պատճառով անիկա շատ կարեւոր է հնագիտական գետնի վրայ: Հակառակ այս բնութեան, բնակիչները շինած են ջրամբարներ, ջրանցքներ, որոնց շնորհիւ` անոնք կրնային ջուր ունենալ: Հաւանաբար այս պատճառով է, որ Փեթրա կրցած է դառնալ կարեւոր վայր մը եւ վաճառականական կեդրոն մը:

Փեթրա իւրայատուկ է իր կառոյցներով: Այդ կառոյցներուն կէսը շինուած է, իսկ միւս կէսը քանդակուած` կարմիր աւազաքարի Ժայռերու վրայ: Կան յատկապէս տաճարներ, որոնք շատ կը նմանին յունական տաճարներուն (ինչպէս` Աթէնքի Աքրոփոլիսը), եւ նապաթեցիներուն գերեզմաններուն (նապաթեցիները արաբներ են), հռոմէական ամֆիթատրոն մը: Այս վայրը շատ հարուստ է, որովհետեւ հոն կարելի է հանդիպիլ նախապատմական շրջաններէն մինչեւ միջին դարերու հետքերու:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. English Wikipedia community Wikipedia — 2001.
  2. 2 // Հորդանանի սահմանադրություն
  3. http://dosweb.dos.gov.jo
  4. https://data.iana.org/time-zones/tzdb-2021e/asia
  5. «Յորդանան»: Քոնկրեսի գրադարան, Յորդանան. Արխիւացուած բնօրինակէն։ Վերցուած՝ 24 Դեկտեմբեր 2014:
  6. «Եղանակը Յորդանանի մէջ»: Archived 2013-01-17 at the Wayback Machine. Պի Պի Սի, 21 Յունուար 2013:
  7. 7,0 7,1 7,2 Հուսէյնի, Ռանա։ «Յորդանան»: Կանանց իրաւունքները Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ։ Ֆրայտըմ Հաուս։ էջ 3: 5 Մարտ 2013:
  8. «Սեռերու միջեւ հաւասարութեան հարցեր Յորդանանի մէջ»: Archived 2017-06-20 at the Wayback Machine. ԵՈՒՆԻՍԵՖ՝ 9 Դեկտեմբեր 2014՝
  9. «Ժողովրդավարական բարեփոխումները արաբական աշխարհին մէջ»: Ամերիկայի Ձայնը՝ (VOANews.com). 29 Մարտ 2010,15 Յունիս 2010։
  10. Մերալ, Զիյա (2008)։ Միացեալ Թագաւորութիւն։ Համաշխարհային քրիստոնէական համերաշխութիւն։
  11. «Գլուխ 1։ Կրօնական պատկանելիութեան»: Աշխարհի իսլամներ։ Միասնութիւն եւ բազմազանութիւն։ Եկեղեցւոյ հետազօտութիւններու կեդրոն. 9 Օգոստոս 2012- 26 Հոկտեմբեր 2014։
  12. Ահմատ, Քուրտիշտ։ «Իսլամութեան տարածում»: Archived 2016-05-13 at the Wayback Machine. Ալ Իսլամ՝ 2 Մայիս 2014։
  13. Ֆլեյշման, Ճեֆրի (10 Մայիս 2009). «Յանուն քրիստոնէութեան Յորդանանի մէջ: Los Angeles Times-ը։ 10 Մայիս 2009
  14. Հորդանան, «Կրօն ու հաւատք» Archived 2009-05-04 at the Wayback Machine. (հասանելի 14.06.2009)
  15. ՀՀ Արտաքին գործերու նախարարութեան երկկողմանի յարաբերութիւններ: Archived 2014-08-22 at the Wayback Machine. 19 Դեկտեմբեր 2014:
  16. Նախագահ Սարգսեանը 29 Հոկտեմբերին պաշտօնական այցով կը մեկնի Յորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութիւն: Archived 2016-03-04 at the Wayback Machine. Tert.am՝ 19 Դեկտեմբեր, 2014:
  17. «Ս. Թադէոս Եկեղեցի» 
  18. Հայերը Յորդանանի մէջ
  19. «Յորդանանի քաղաքական համակարգ»: Archived 2012-01-17 at the Wayback Machine. Վերցուած՝ 15 Դեկտեմբերի 2014:
  20. «Յորդանանի վարչական բաժանում»: Վերցուած՝ 9 Հոկտեմբերի 2014:
  21. «Յորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութեան վարչական բաժանում»: Վերցուած՝ 9 Դեկտեմբեր 2014:
  22. Նախապատմութիւն (նախորդ հրատարակումներ), 2011, ԱՄՆ
  23. Փեթրան
  • El-Anis, Imad. Jordan and the United States: The Political Economy of Trade and Economic Reform in the Middle East (I.B. Tauris, distributed by Palgrave Macmillan; 2011) 320 pages; case studies of trade in textiles, pharmaceuticals, and financial services.
  • Goichon, Amélie-Marie. Jordanie réelle. Paris։ Desclée de Brouwer (1967-1972). 2 vol., ill.
  • Robins, Philip. A History of Jordan (2004).
  • Ryan, Curt. "Jordan in Transition: From Hussein to Abdullah" (2002).
  • Salibi, Kamal S. The Modern History of Jordan (1998).
  • Teller, Matthew. The Rough Guide to Jordan (4th ed., 2009).
  • Eran, Oded. The End of Jordan as We Know It?, Israel Journal of Foreign Affairs, Vol. 6, No. 3 (2012) Archived 2014-09-05 at the Wayback Machine.

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։