Jump to content

Մեքքա

Բնակավայր
Մեքքա
արաբերէն՝ مكة المكرمة
Երկիր  Սէուտական Արաբիա[1]
Khalid bin Faisal Al Saud?
Տարածութիւն 760 քմ²
ԲԾՄ 277±1 մեթր
Բնակչութիւն 2 427 924 մարդ (2022)[2]
Ժամային գօտի UTC+3։00
Հեռախօսային ցուցանիշ 1
Պաշտօնական կայքէջ hmm.gov.sa
Ալ Հարամ մզկիթը եւ Քաապան

Մեքքա ( արաբերէն՝ مكة‎), քաղաք Արաբական թերակղզիին Հիժազ շրջանին մէջ։ Մեքքա նաեւ Մաքքա վարչական շրջանին մայրաքաղաքն է։ Քաղաքը կը գտնուի Ժետտա 70 Քմ, իսկ Մատինայէն 340 Քմ հեռաւորութեան վրայ եւ ունի ծովու մակերեսէն շուրջ 277 մեթր բարձրութիւն։ 2012-ի տուեալներով քաղաքին բնակչութիւնը շուրջ 2 միլիոն էր, հակառակ անոր, որ այցելուներուն այս թիւը կ'եռապատկուի ամէն տարի «հաժ»ի շրջանին, որ տեղի կ'ունենայ իսլամական լուսնային օրացոյցին 12-րդ ամիսը։

Իբրեւ իսլամութեան հիմնադիր Մուհամմէտին ծննդավայրը, ինչպէս նաեւ Մուհամմէտին առաջին յայտնութեան վայրը (յատկապէս Մեքքայէն 3 Քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող քարանձաւը)[3][4]՝ Մեքքա իսլամական աշխարհին[5] ամէնէն սուրբ քաղաքը կը համարուի, եւ ուխտագնացութիւնը դէպի այս քաղաքը, որ կը կոչուի «հաժ», պարտադիր է բոլոր իսլամներուն համար։ Մեքքայի մէջ կը գտնուի Քաապան, որ մեծամասնութեան կողմէ կը համարուի իսլամական կրօնին ամէնէն կարեւոր սրբավայրերէն մէկը. անիկա նաեւ ուղենիշ մը կը համարուի իսլամներուն համար (Կիպլա, որ կը սահմանէ, թէ դէպի ո՛ր ուղղութեամբ պէտք է աղօթեն իսլամները)։ Մեքքան երկար ատեն ղեկավարած են Մուհամմէտի ժառանգորդները, շերիֆները, որոնք հանդէս եկած են ե՛ւ իբրեւ անկախ ղեկավարներ, ե՛ւ իբրեւ ենթակայ խմբաւորումներ։ 1925-ին քաղաքը գրաւուած է Իպն Սաուտի կողմէ։ Ժամանակի ընթացքին Մեքքան ինչպէս չափերով, այնպէս ալ ենթակառուցուածքներով բաւականին ընդլայնուած է։ Հոս կը գտնուի Ապրաժ ալ-Պայթը, որ աշխարհի չորրորդ ամէնէն բարձր շինութիւնն է, իսկ իր զբաղեցուցած տարածքին մեծութեամբ՝ երրորդը։ Ընդլայնման աշխատանքներուն ընթացքին Մեքքա կորսնցուցած է որոշ պատմական եւ հնագիտական արժէք ներկայացնող կառոյցներ, օրինակ՝ Աժյատ ամրոցը[6]։ Այսօր Մեքքա կ'այցելէ տարեկան 15 միլիոն իսլամ, որոնցմէ են՝ «հաժ»ի ընթացքին այցելող քանի մը միլիոն իսլամները[7]։ Ի դէպ ոչ իսլամներուն արգիլուած է մտնել քաղաք[8][9]։ Իսլամութեան գլխաւոր օրէնքներէն մէկն այն է, որ իսլամները, աշխարհի որ ծագին ալ ըլլան, աղօթելու ատեն միշտ իրենց երեսը պէտք է դարձնեն Մեքքայի կողմը։

Վաղ շրջանի պատմութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մեքքայի վաղ շրջանի պատմութիւնը մշտական բանավէճի առարկայ է այն պատճառով, որ մինչեւ իսլամութեան վերելքը անոր մասին որեւէ յիշատակումներ չեն եղած հնագոյն գրականութեան մէջ:[10]

Ք.Ա. 106-ին Հռոմէական կայսրութիւնը իր տիրապետութեան տակ կ'առնէ Հիժազը[11], ինչպէս նաեւ Հըժրան (այժմ ծանօթ է Մատային Սալեհ անունով), որ կը գտնուի Մեքքայէն հիւսիս։ Հակառակ անոր, որ Արեւմտեան Արաբիոյ մասին մանրամասն նկարագրութիւնները ներկայացուած էին Հռոմի, օրինակ՝ Պրոկոպիոսի կողմէ, ուխտագնացութեան կամ առեւտուրի կեդրոն Մեքքայի մասին որեւէ յիշատակութիւն չկայ[12]։ Մեքքայի մասին առաջին յիշատակումը օտարալեզու գրականութեան մէջ, աւելի ճշգրիտ բիւզանդա-արաբական ժամանակագրութեան մէջ, կը վերաբերի Ք.Ա. 741-ին, հակառակ անոր, որ հեղինակը Մեքքան կը յիշատակէ Միջագետքի մէջ եւ ոչ թէ Հիժազի[12]։

Հռոմէական, պարսկական եւ հնդկական աղբիւրներուն մէջ պատմական յիշատակութեան չգոիւթեան, ինչպէս նաեւ անհիւրընկալ մթնոլորտին պատճառով,[13] պատմաբանները, անոնց մէջ ներառեալ Փաթրիսիա Քրաուն եւ Թոմ Հոլլանտ, կասկածի տակ կը դնեն Մեքքայի՝ պատմական մեծ առեւտուրի կեդրոն ըլլալու փաստը[13][14]։

Հնագոյն յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յոյն պատմաբան Թէոդորոս Սիկիլիացի «Պիպլիոթեքա հիսթորիքա» գործին մէջ Արաբիոյի սրբավայրին մասին խօսելու ատեն գրած է. «Եւ այնտեղ կը գտնուէր տաճար մը, որ բոլոր արաբներուն համար սրբազան է եւ չափազանց յարգուած»[15]։ Ենթադրութիւններ կան, որ խօսքը Մեքքայի մէջ Քաապայի մասին է։ Այնուամենայնիւ, Թէոդորոսի յիշատակութեան համաձայն այդ տաճարը կը գտնուի Արաբիոյ հիւսիս արեւմտեան հատուածին մէջ՝ Փեթրայի եւ նախկին Նապաթիոյ թագաւորութեան մօտակայքը[16][17][18]։

Պտղոմէոս Արաբիոյ մէջ կը յիշատակէ 50 քաղաքի անուն, որոնցմէ մէկը կը կոչուի «Մաքորապա»։ Ենթադրութիւններ կան, որ խօսքը հաւանաբար Մեքքայի մասին է, սակայն որեւէ համոզիչ բացատրութիւն չկայ, թէ ինչպէս երկու անունները կապուած են իրարու հետ[19]։

Իսլամական տեսակէտը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իսլամական տեսակէտին համաձայն, Մեքքայի պատմութեան սկիզբը կապուած է Իսմայիլի ժառանգորդներուն հետ։ Հին կտակարանի Սաղմոսներու գլուխ ՁԴ 3-6 տողերուն մէջ կը յիշատակուի Պաքքայի հովիտ ուխտագնացութեան մասին, զոր իսլամները կը դիտարկեն իբրեւ Մեքքայի անուան յիշատակութիւն՝ Պաքքահ ձեւով, ինչպէս Ղուրանի 3-րդ սուրայի 96-րդ տողին մէջ։ Ժամանակին, Ե. դարուն Քաապան համարուած է Արաբիոյ հեթանոս ցեղերու աստուածապաշտութեան կեդրոնը։ Մեքքայի ամէնէն կարեւոր հեթանոս աստուածութիւնը Հուպալը եղած է, ուր տարածում գտած է կառավարող Քուրէյշ ցեղին կողմէ եւ շարունակած է պահպանուիլ մինչեւ Է. դար։

Պատրիարքներու ամարական միտրաշի ժամանակագրութեան համաձայն, որ կը թուագրուի շուրջ Ք.Ե. Ժ.- դարուն, Մեքքա հիմնադրուած է Իսմայիլի անդրանիկ որդիին՝ Նեպայոթի որդիներուն կողմէ[20][21][22]։

Ե. դարուն Քուրէյշ ցեղը իր տիրապետութեան տակ կ'առնէ Մեքքան: Քուրէյշ ցեղը կը դառնայ հմուտ առեւտրական եւ վաճառական։ Զ. դարուն Քուրէյշցիք կը սկսին իրենց մասնակցութիւնը բերել շահութաբեր համեմունքներու առեւտուրին, քանի որ այլ վայրերու մէջ ընթացող ճակատամարտերը առեւտրական ուղիները վտանգաւոր ծովային ճամբաներէն կը շեղէին դէպի աւելի անվտանգ ցամաքային ուղիներ։ Բիւզանդական կայսրութիւնը նախապէս կը հսկէր Կարմիր ծովուն վրայ, սակայն ծովահենութիւնը աստիճանաբար կ'աճէր։ Մէկ այլ ճամբայ, որ կ'անցնէր Պարսից ծոցէն Տիգրիս եւ Եփրատ, կը գտնուէր Սասանեան կայսրութեան կողմէ շահագործման վտանգի տակ, ինչպէս նաեւ շարունակ կը քանդուէր լահմիտներու, ղազանիտներու եւ հռոմէ-ապարսկական պատերազմներու պատճառով։ Մեքքա իբրեւ առեւտրական քաղաք իր հռչակով կը գերազանցէր Փեթրա եւ Փալմիրա քաղաքները[23][24]։ Սասանեանները, սակայն, ոչ միշտ սպառնալիք եղած են Մեքքայի համար. Ք.Ա. 575-ին անոնք պաշտպանած են Մեքքան Աքսում թագաւորութեան նուաճումներէն[25]։

Հարաւային Արաբիոյ ցեղերը օգնութեան խնդրանքով դիմած են պարսից արքայ Խոսրով Ա.-ին, որուն ի պատասխան պարսից արքան հետեւակով գացած է Արաբիոյ հարաւը, իսկ նաւատորմով՝ Մեքքա։ Պարսկական միջամտութիւնը թոյլ չէ տուած քրիստոնեաներուն տարածուելու դէպի Արաբիոյի արեւելեան շրջանները, խոչընդոտելով այդ օրերուն Քուրէյշ ցեղին մէջ գտնուող 6 տարեկան Մուհամմէտին դաստիարակութիւնը «խաչի նշանին տակ»։

Մինչ Զ. դարու կէսերը, հիւսիսային Արաբիոյ մէջ երեք մեծ բնակավայրեր կային, որոնք տեղակաիւած էին Կարմիր ծովու ափերուն՝ ծովու եւ արեւելեան բարձր լեռներու միջեւ բնակելի հատուածներու մէջ։ Հակառակ անոր, որ Մեքքայի շրջակայքը գտնուող տարածքը բերրի չէր, սակայն անիկա կը համարուէր այս երեք բնակավայրերէն ամէնէն հարուստը՝ առատ ջրային պաշարներով հանրահայտ Զամզամ ջրհորին եւ իր դիրքին շնորհիւ՝ գտնուելով մեծ կարաւանային ճամբաներու խաչմերուկին։

Արաբական թերակղզիին դիրքը եւ ծանր պայմանները կը նշանակէին, որ տեղի ցեղերուն միջեւ մշտական հակամարտութիւնները անխուսափելի էին։ Սակայն ամէն տարի անոնք զինադադար կը յայտարարէին, որպէսզի Մեքքա ուխտագնացութեան երթային։ Մինչեւ Է. դար այս ճանապարհորդութիւնը հեթանոս արաբներուն համար կրօնական ենթիմաստ մը ունէր, որոնք այս սրբավայրը կ'երթային յարգանքի տուրք մատուցելու եւ Զամզամ ջրհորէն ջուր խմելու։ Միաժամանակ ասիկա այն ժամանակահատուածն էր, երբ բոլոր վէճերը կը լուծուէին, պարտքերը կը վճարուէին եւ առեւտուր տեղի կ'ունենար Մեքքայի տօնավաճառներուն մէջ։ Այս տարեկան իրադարձութիւնները ցեղերուն ընդհանուր ինքնագիտակցութիւն կու տար եւ Մեքքան կը վերածէր թերակղզիին ամէնէն կարեւոր կեդրոնը։

Իսլամական պատմութեան մէջ Փիղի տարի կը կոչուի շուրջ Ք.Ե. 570-ը։ Ըստ իսլամական աւանդութեան, այդ տարին ծնած է Մուհամմէտը։ Անունը կապուած է միջադէպի մը հետ, որ տեղի ունեցած է Մեքքայի մէջ։ Ըստ վաղ իսլամական պատմաբաններու՝ Իպն Իշաք, Եմէնի քրիստոնեայ ղեկավար Աբրահամ Սանաայիմ կառուցած է մեծ եկեղեցի մը, որ ծանօթ է ալ-Քուիլայս անունով՝ ի պատիւ Աքսումիթի թագաւոր Նեգուսի։ Ի դէպ Եմէն այդ օրերուն կը գտնուէր Եթովպիոյ Աքսում թագաւորութեան հովանաւորութեան տակ։ Ան շատ նշանաւոր կը դառնայ՝ իր վրայ գրաւելով նաեւ Բիւզանդական կայսրութեան ուշադրութիւնը։

Աբրահամ կը փորձէ ալ-Քուիլ եկեղեցին դարձնել Քաապա գացող արաբ բնակչութեան ուխտատեղին։ Ան Մուհամմէտ իպն Քուզա անունով մէկը կը նշանակէ Մեքքայի եւ Թիհամահի թագաւոր եւ անոր կը յանձնարարէ տարածել այն տեղեկութիւնը, թէ ալ-Քուիլայս շատ աւելի լաւ տեղ է երկրպագութեան համար եւ շատ աւելի մաքուր է, քանի որ անիկա չէ պղծուած կուռքերու պաշտամունքի վայրերով։

Երբ հարթավայրի բնակչութիւնը կը տեղեկանայ, թէ ինչ նպատակներով Մուհամմէտ իպն Քուզայի իրենց երկիրը գացած է, մարդիկ կ'ուղարկեն վերջինիս քով, որ սպաննեն զինք։ Անոր եղբայրը կը շտապէ Աբրահամի քով տեղեկացնելու տեղի ունեցածին մասին։ Աբրահամ կը զայրանայ եւ կ'երդնու, վրէժ լուծել այդ ցեղէն։ Ապտուլ Մութալիպ մեքքացիներուն խորհուրդ կու տայ ապաստանելու լեռներուն մէջ մինչ ինք քուրէյշի քանի մը առաջնորդներուն հետ կը մնայ Քաապայի մօտակայքը։ Աբրահամ մարդ կ'ուղարկէ Մութալիպի քով՝ առաջարկելով հանդիպիլ եւ քննարկել հարցը։ Ապտուլ Մութալիպ հանդիպումէն ետք կը յայտարարէ, որ «տան տէրը կը պաշտպանէ այդ ախոյեաններէն»։ Աբրահամ կը յարձակի Մեքքայի վրայ։

Սակայն կ'ըսեն, թէ գլխաւոր փիղը, որուն անունը Մահմուտ էր, կանգնած է Մեքքայի սահմանին եւ հրաժարած քաղաք մտնել։ Տեսակէտ մը կայ նաեւ, որ բնական ծաղիկի հիւանդութեան պատճառով Մեքքայի գրաւման փորձը անյաջողութեան մատնուած է։ Ղուրանի մէջ այս պատմութիւնը շատ կարճ ներկայացուած է։ Համաձայն Ալ-Ֆիլ սուրահի յաջորդ օրը, երբ Աբրահամ կը նախատեսէ քաղաք մտնել, Ալլահի կողմէ ուղարկուած փոքր թռչուններէ կազմուած սեւ ամպ մը կը յայտնուի։ Թռչունները իրենց կտուցներուն մէջ պահած փոքր քարերը կը նետեն եթովպական ուժերուն վրայ եւ կը ջախջախեն զանոնք իբրեւ «կերուած ծղօտ»։

Ըստ այլ տեսակէտի մը, ուղտերու կարաւանները առաջին անգամ օգտագործուած են Մուհամմէտի հօրենական հօր կողմէ եւ կազմած են Մեքքայի զարգացող տնտեսութեան կարեւոր մասը։ Մեքքայի առեւտրականներու եւ տեղի քոչուոր ցեղերու միջեւ դաշինքներ կնքուած են, ըստ որոնց վերջիններս պէտք էր կաշի, անասուններ եւ մետաղներ բերէին, որոնք կարաւաններով պէտք էր տարուէին Շամ եւ Իրաք։ Պատմական տուեալներու համաձայն աշխարհի տարբեր կողմերէն բերուող առարկաները նոյնպէս Մեքքայէն կ'անցնէին։ Ափրիկէէն եւ Հեռաւոր Արեւելքէն բերուող առարկաները, ներառեալ՝ կաշին, համեմունքները, դեղամիջոցները, հագուստեղէնը եւ ստրուկները, կ'անցնէին Սուրիայէն. իբրեւ արդիւնք՝ Մեքքա կը ստանար դրամ, զէնքեր, հացահատիկ եւ գինի, որ կը տարածուէր ողջ Արաբիոյ մէջ։ Մեքքացիները պայմանագիրեր կը կնքեն բիւզանդացիներու եւ պետեւիներու հետ, կ'երաշխաւորեն ապահովել կարաւաններու անվտանգ երթեւեկութիւնը եւ շնորհել ջուրէ եւ արօտավայրէ օգտուելու իրաւունք։ Միւս տարածաշրջանային ուժերը՝ հապէշներ, ղասաններ եւ լաքմեր, աստիճանաբար կը տկարանային՝ հնարաւորութիւն ստեղծելով Մեքքայի առեւտուրին գերակայող դիրք ունենալ Արաբիոյ մէջ Զ. դարու վերջերուն։

Միջնադարեան եւ նոր ժամանակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Սէուտական առաջին պետութիւն

Մեքքա երբեք խալիֆաիւթեան մայրաքաղաք չէ եղած, սակայն իսլամ ղեկավարները միշտ ալ ներդրումներ կատարած են զայն բարեկարգելու համար։

Օմար Իպն Ալ Խաթապի (Ք.Ա. 634-644 ) եւ Օսման իպն Աֆֆանի (644-656 ) կառավարման տարիներուն, մտահոգուելով, որ հեղեղները կրնան վնասներ պատճառել, խալիֆաները քրիստոնեայ երկրաչափեր կը հրաւիրեն, որպէսզի վերջիններս ամբարտակներ եւ պատնէշներ կառուցեն Քաապայի շուրջ գտնուող տարածքը պաշտպանելու համար[23]։

Մուհամմէտի Մատինա տեղափոխուելէն ետք, Մեքքա կը դադրի ուշադրութեան կեդրոն ըլլալէ։ Այս փոփոխութիւնը աւելի շատ կը նկատուի, երբ Ալի Իպն Ապի Թալեպ՝ 4-րդ խալիֆան, իշխանութեան գալէ ետք մայրաքաղաքը կը դարձնէ Քուֆան։ Օմայեան խալիֆայութիւնը մայրաքաղաքը կը տեղափոխէ Դամասկոս, Սուրիա, իսկ Աբբասեան խալիֆայութիւնը՝ Պաղտատ, ներկայիս Իրաք։ Պաղտատ կը մնայ խալիֆաիւթեան կեդրոնը շուրջ 500 տարի։ Իսլամական պատմութեան մէջ Մեքքա կրկին մուտք կը գործէ Իսլամական քաղաքացիական երկրորդ պատերազմին ատեն, երբ անիկա կը գտնուէր Ապտ Ալլա իպն ալ-Զուպայրի տիրապետութեան տակ։ Վերջինս Օմայեան խալիֆաներու դէմ դուրս եկած իսլամ մըն էր։ Օմայեանները քաղաքը երկու անգամ կը պաշարեն՝ 683-ին եւ 692-ին։ Հետագայ տարիներու ընթացքին քաղաքը աւելի քիչ քաղաքական նշանակութիւն կ'ունենայ եւ կը ղեկավարուի հաշիմիտեան շերիֆներու կողմէ։

930-ին քարմաթիները, որոնք իսմայիլականութեան ուղղութեան ներկայացուցիչներ էին Ապու-Թահիր ալ-Ճաննապիի ղեկավարութեամբ կը տեղակաիւին Արաբիոյ արեւելեան շրջաններուն մէջ, կը յարձակին եւ կը գրաւեն Մեքքան[26]։ 1349-ին Մեքքա մէկ այլ հարուած կը ստանայ. այս անգամ Սեւ մահն է, որ կը տարածուի քաղաքին մէջ[27]։

1517-ին շերիֆ Պարաքաթ Պին Մուհամմէտ կը ճանչնայ օսմանեան խալիֆային գերակաիւթիւնը, սակայն կը շարունակէ պահպանել տեղական ինքնիշխանութիւնը[28]։

1803-ին Սէուտական առաջին պետութիւնը կը գրաւէ քաղաքը[29], որ մինչեւ 1813 կը մնայ անոնց ձեռքը։ Ասիկա ուժեղ հարուած մըն էր Օսմանեան կայսրութեան, որ 1517-էն ի վեր իր իշխանութեան տակ կը պահէր քաղաքը։ Օսմանցիները Եգիպտոսի խետիւին՝ Մուհամմէտ Ալի փաշային, կը յանձնարարէ վերադարձնել Մեքքան։ 1813-ին Մուհամմէտ Ալի փաշա կը յաջողի վերադարձնել Մեքքան։

1818-ին սալաֆիական իրաւական դպրոցին հետեւորդները կրկին պարտութեան կը մատնուին, սակայն Ալ-Սաուտի տոհմին որոշ ներկայացուցիչներ կը փրկուին եւ կը հիմնեն Սէուտական երկրորդ պետութիւնը, որ կը գոյատեւէ մինչեւ 1891 եւ հիմքը կը դրուի ժամանակակից Սէուտական Արաբիոյ ստեղծման։

Մեքքայի մէջ կը տարածուի նաեւ «Քոլերա»յի ալիք մը։ 1830-1930 թուականներու ընթացքին «Քոլերա»ն 27 անգամ կը տարածուի Մեքքայի ուխտաւորներու շրջանակին մէջ:

Թամուտեան արձանագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հարաւային Յորդանանի մէջ գտնուած թամուտեան արձանագրութիւններուն մէջ կը խօսուի որոշ անձնաւորութիւններու մասին, զորս կոչած են «Ապտ Մեքքա» (արաբերէն՝ عَـبْـد مَـكَّـة‎, «Մեքքայի ստրուկ»)[30]։

Եղած են նաեւ այլ արձանագրութիւններ, ուր անձնանուններ նշուած են, օրինակ՝ Makky (արաբերէն՝ مَـكِّي‎, «մեքքացի»). Պաղտատի համալսարանէն Ժաուատ Ալի այն տեսակէտը յայտնած է, թէ ասիկա կրնայ նաեւ որեւէ ցեղի անուանում ըլլալ[31]։

Մեքքայի նկարագրութիւնը Իպն Պաթութայի կողմէ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ԺԵ. դարու ճանապարհորդ Իպն Պաթութա այցելած է Մեքքա։ Իր ճանապարհորդութիւններուն միջոցով ան գրի առած է քաղաքին մանրամասն նկարագրութիւնը։ Մօտաւորապէս 729-ին Իպն Պաթութա ժամանած է Մեքքա։ Երբ Պաթութա ժամանած է Մեքքա, ան անմիջապէս զգացած է, որ քաղաքը սրբավայրի նշանակութիւն ունի, ուստի ուխտագնացութիւն մը իրականացուցած է։ Պաթութա մնացած է Մեքքայի մէջ քանի մը տարի։ Մեքքայի մէջ անցուցած երկրորդ տարին Պաթութայի կարաւանը ժամանած է քաղաք՝ «Մեքքայի եւ Մատինայի մէջ մնացողներուն համար մեծ քանակի օգնութիւն բերելով»։ Պաթութա այս ողորմութիւնը տուած է աղքատներուն՝ այսպիսով իրականացնելով իսլամութեան հինգ հիմնասիւներէն եւս մէկը. պէտք է նշել նաեւ, որ ան միաժամանակ իրականացուցած է ուխտագնացութիւնը Մեքքայի մէջ։

Մեքքայի մէջ գտնուած տարիներուն ան աղօթած է Իրաքի թագաւորին համար, ինչպէս նաեւ Էլ Մելիք Էլ-Նասրին համար։ Այս աղօթքները կատարուած են Մեքքայի տաճարին մօտ։ Ըստ Պաթութայի ան բաւականին մեծ եղած է, սակայն ոչնչացած է, իսկ նորակառոյց շինութիւնը նախնականէն աւելի փոքր էր։ Տաճարին մէջ եղած են հրեշտակներու, մարգարէներու, Յիսուսի, վերջինիս մայր Ս. Կոյս Աստուածամօր Մարիամի եւ շատ ուրիշներու պատկերներ։ Այս տաճարը Մեքքայի ամէնէն կարեւոր մասերէն մէկը կը համարուի, որովհետեւ հոն հազարաւոր մարդիկ կու գային ուխտագնացութեան։

Իպն Պաթութա Մեքքայի բնակչութիւնը կը ներկայացնէ իբրեւ խոնարհ եւ բարի մարդիկ, որոնք պատրաստ էին կիսել իրենց ունեցածը չունեւորներուն հետ։ Մեքքայի եւ գիւղի բնակչութիւնը բաւականին մաքուր էին։ Պաթութա գիւղը կը նկարագրէ՝ տալով շքեղութեան որոշ չափանիշներ։ Իպն Պաթութա Մեքքայէն հեռանալէն 3 տարի ետք՝ կը նպատակադրէ շարժիլ դէպի Եմէն։

Մեքքա այժմ ամբողջովին կը տարբերի անկէ, որ Պաթութա անցեալին կը ներկայացնէր. միակ բանը, որ նոյնը մնացած է՝ սրբավայրն է։ Հակառակ անոր քաղաքը զարգացած է նոր արհեստագիտութեան շնորհիւ, կառուցուած են երկնաքերեր եւ մեծ թիւով կեդրոններ: Մեքքա դեռ կը շարունակէ պահպանել ուխտագնացութեան համար կարեւոր վայրերը[32]։

Մուհամմէտ եւ Մեքքայի գրաւումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ժապալ ալ-Նուր, ուր կ'ըսեն, թէ Մուհամմէտ տեսած է աստուածային առաջին յայտնութիւնը՝ ուղարկուած Ալլահէն (Աստուծոյ կողմէ) Գաբրիէլ հրեշտակին միջոցով:

Մուհամմէտ ծնած է Մեքքա 570-ին, կառավարող քուրէյշ ցեղի հաշեմիտներու տոհմին մէջ։ Իսլամական աւանդութեան համաձայն, Մեքքայի Ժապալ ալ-Նուր լեռներու Հիրա քարանձաւին մէջ, 610-ին Մուհամմէտ կը սկսի աստուածային յայտնութիւններ ստանալ Ալլահէն (Աստուծոյ կողմէ) Գաբրիէլ հրեշտակին միջոցով։ Այսպէս ալ մեքքացիներու հեթանոսութեան դիմաց Մուհամմէտ կը բերէ Աբրահամեան միաստուածութիւնը։ 13 տարի հեթանոս ցեղերու կողմէ հալածանքի ենթարկուելէ ետք, Մուհամմէտ 622-ին իր հետեւորդներուն՝ մուհաժիրներուն հետ կը տեղափոխուի Եասրիպ (հետագային՝ Մատինա)։ Քուրէյշ ցեղին եւ իսլամներուն միջեւ հակամարտութիւնները կը շարունակուին. այս երկու ուժերը կը կռուին իրարու դէմ՝ Պատրի ճակատամարտին, ուր իսլամները պարտութեան կը մատնեն Քուրէյշները, Մատինայի մօտակայքը, իսկ Ուհուտի ճակատամարտին վերջնական յաղթանակ կը տանին։ Ընդհանուր առմամբ, մեքքացիներու ջանքերը իսլամութիւնը ոչնչացնելու ուղղութեամբ անյաջողութեան կը մատնուին։ 627-ի «Խրամատի» ճակատամարտին Արաբիոյ միաւորուած զօրքերը չեն յաջողիր պարտութեան մատնել Մուհամմէտի ուժերը[33]։

628-ին Մուհամմէտ եւ իր հետեւորդները կը փափաքին մտնել Մեքքա ուխտագնացութեան համար, սակայն Քուրէյշները կը փակեն անոնց ճամբան։ Իբրեւ արդիւնք՝ իսլամներն ու մեքքացիները կը կնքեն Խուտապիոյ պայմանագիրը, ըստ որուն Քուրէյշները կը խոստանան, որ իսլամներու դէմ գործողութիւնները կը դադրեցնեն եւ յաջորդ տարի թոյլ կու տան անոնց ազատօրէն մուտք գործել Մեքքա ուխտագնացութեան համար։ Այս պայմանագիրը 10 տարուան զինադադար մըն էր։ Սակայն ընդամէնը երկու տարի ետք Քուրէյշները կը խախտեն պայմանագիրը՝ սպաննելով խումբ մը իսլամներ եւ անոնց դաշնակիցները։ Մուհամմէտ եւ իր հետեւորդները, որոնց թիւը կը հասնէր 10.000-ի, կը շարժին դէպի Մեքքա։ Սակայն իրենց պայքարը շարունակելու փոխարէն Մեքքան կը յանձնեն Մուհամմէտի։ Վերջինս խաղաղութիւն կը հռչակէ եւ ներում կը շնորհէ բնակչութեան։ Հեթանոսական պատկերները կը վերացուին Մուհամմէտի հետեւորդներուն կողմէ. տարածութիւնը եւ բնակչութիւնը կ'իսլամացուին։ Մեքա կը հռչակուի իսլամութեան ամէնէն սուրբ քաղաքը, որ կը հանդիսանայ նաեւ իսլամներու ուխտագնացութեան կեդրոնը։ Իսկ այդ ուխտագնացութիւնը կը համարուի Իսլամութեան հինգ հիմնասիւներէն մէկը։ Այնուհետեւ Մուհամմէտ կը վերադառնայ Մատինա, Աքիպ իպն Ուսաիթի քաղաքին կառավարիչը նշանակուելէն ետք։ Մուհամմէտի միւս գործողութիւնները դէպի Արաբիա, կը նպատակադրէին թերակղզիին միաւորումը[23][33]։

Մուհամմէտ կը մահանայ 632-ին՝ իր ումմային (իսլամական համայնքին) ձգելով միասնութեան ոգին։ Իսլամութիւնը կը սկսի արագօրէն տարածուիլ եւ միւս քանի մը տարիներուն ընթացքին Հիւսիսային Ափրիկէէն կ'անցնի Ասիա եւ Եւրոպայի կարգ մը երկիրներ։ Իսլամական կայսրութեան ուռճացման զուգընթաց Մեքքա կը շարունակէ ուխտաւորներ գրաւել իբրեւ կարեւոր եւ սրբազան կեդրոն տարեկան հաժը իրականացնելու համար։ Այն պատճառով, որ հաժը իրականացնելը բաւական ծախսալից եւ բարդ էր, ուխտաւորները նաւով կը ժամանէին Ժետտա, ուրկէ ցամաքի ճամբով, յաճախ նաեւ միանալով Սուրիայէն եւ Իրաքէն եկող կարաւաններուն, Մեքքա կ'երթային։

Ուխտագնացութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Հաժին մաս կը կազմէ ալ-Հարամ մզկիթին այցելութիւնը. հոն ուխտաւորները վրան կը լարեն եւ ժամանակ կ'անցընեն Մինա եւ Արաֆա հարթավայրերուն մէջ:

Դէպի Մեքքա ուխտագնացութիւնը կը գրաւէ միլիոնաւոր իսլամներ։ Գոիւթիւն ունի երկու տեսակի ուխտագնացութիւն՝ հաժ եւ ումրա։ Հաժը, որ հիմնական ուխտագնացութիւնն է, կը կատարուի տարին մէկ անգամ Մեքքայի եւ շրջակայ տարածքներուն մէջ։ Հաժի ընթացքին ազգային տարբեր պատկանելութեան միլիոնաւոր մարդիկ մէկ վայրի մէջ ուխտագնացութեան կու գան։ Իւրաքանչիւր չափահաս, առողջ իսլամ, որ նիւթական եւ ֆիզիքական կարողութիւն ունի Մեքքա ճամբորդելու համար, պէտք է իր կեանքին ընթացքին նուազագոյնը մէկ անգամ հաժ կատարէ։ Ի տարբերութիւն հաժի, ումրան պարտադիր չէ, սակայն Ղուրանի մէջ խորհուրդ կը տրուի ասիկա եւս կատարել[34]։ Յաճախ ումրան կը կատարուի պարզապէս ալ-Հարամ մզկիթ այցելութեամբ։

Մեքքայի բնորոշ է տաք անապատային կլիման։ Ինչպէս բազմաթիւ սէուտարաբական քաղաքները, այնպէս ալ Մեքքան կը պահպանէ իր տաք եղանակը նոյնիսկ ձմրան ընթացքին: Ամրան օդը շատ տաք է: Նոյեմբեր եւ իւնուար ամիսներուն ընթացքին Մեքքայի մէջ մերթ ընդ մերթ կրնայ քիչ քանակութեամբ անձրեւ տեղալ:

Տեսարժան վայրեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մեքքայի մէջ կը գտնուի աշխարհի ամէնէն մեծ մզկիթը՝ Ալ-Հարամը։ Մզկիթին ներսը կը գտնուի Քաապան, որ կը ճշդէ իսլամներու աղօթելու ուղղութիւնը։ Մզկիթը ծանօթ է նաեւ Մեծ մզկիթ անունով[35][36]։

Քաղաքին ընդարձակման գործողութիւնները կը շարունակուին եւ իրենց մէջ կ'ընդգրկեն նաեւ Ալ-Հարամ մզկիթին մօտակայքը 601 մ բարձրութիւն ունեցող Ապրաժ ալ-Պայթ աշտարակներու կառուցումը[37]։ 2012 -ին շինարարութեան աւարտէն ետք, աշտարակները աշխարհի տարածքին իրենց բարձրութեամբ երրորդը կը համարուին։ Աշտարակներու կառուցման նպատակով քանդուած է Այժատ ամրոցը, որ հակասութիւններու պատճառ դարձած է Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ[38]։

Զամզամ ջրհորը Մեքքայի ջուրին ամէնէն նշանաւոր աղբիւրն է։ Մեքքայի Քըշլան (թրքերէնի թարգմանաբար Kışla բառը կը նշանակէ զօրանոց) օսմանեան ամրոց էր, որ կը գտնուէր Մեծ մզկիթին դիմաց եւ պաշտպանական նշանակութիւն ունէր։ Սակայն սէուտական կառավարութիւնը ոչնչացուցած է այս կառոյցը, որպէսզի բաւականաչափ տեղ ապահովէ ժամանակակից հիւրանոցներու եւ վաճառականներու կեդրոններու կառուցման համար[39]։ Հիրան (արաբերէն՝ حِـرَاء‎) Մեքքայի մօտակայքը՝ Ժապալ ալ-Նուր (արաբերէն՝ جَـبَـل الـنُّـوْر‎, «Լոյսի լեռ») կոչուող լերան վրայ գտնուող քարանաձաւ մըն է։ Այս քարանձաւը նշանաւոր է, որովհետեւ Մուհամմէտի առաջին յայտնութիւնը տեղի ունեցած է Ժըպրայիլ հրեշտակին միջոցով (արաբերէն՝ جِـبْـرَائِـيْـل‎). վերջինս քրիստոնեաներու կողմէ նշանաւոր է Գաբրիէլ հրեշտակ անունով[40][41]։

Մեքքան Միջազգային տիեզերական կայանէն

Ղուրանին դարպասը կամ Մեքքային դարպասը Ժետտա-Մեքքա մայրուղիին վրայ կը գտնուի եւ կը նշէ այն սահմանը, որ ոչ իսլամները չեն կրնար հատել։ Ասիկա Մուհամմէտի ծննդավայր՝ Մեքքա տանող մուտքն է։ Դարպասը նախագծուած է եգիպտացի ճարտարապետ Սամիր Էլ ապտի կողմէ 1979-ին։ Կառոյցը ունի գիրքի մը տեսքը, որ կը ներկայացնէ Ղուրանը՝ դրուած գրքակալի մը վրայ[42]։

Ծանօթագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. archINFORM — 1994.
  2. Saudi Census 2022General Authority for Statistics, 2023.
  3. Khan, A M (2003)։ Historical Value Of The Qur An And The Hadith։ Global Vision Publishing Ho։ էջեր 26–։ ISBN 978-81-87746-47-8 
  4. Al-Laithy, Ahmed (2005)։ What Everyone Should Know About the Qur'an։ Garant։ էջեր 61–։ ISBN 978-90-441-1774-5 
  5. Nasr, Seyyed (2005). Mecca, The Blessed, Medina, The Radiant: The Holiest Cities of Islam. Aperture 089381752X
  6. Taylor Jerome (սեպտեմբերի 24, 2011)։ «Mecca for the rich: Islam's holiest site 'turning into Vegas'»։ The Independent (Londonարխիւացուած բնօրինակէն հունիսի 16, 2017-ին 
  7. A Saudi tower: Mecca versus Las Vegas: Taller, holier and even more popular than (almost) anywhere else, The Economist (24 June 2010), Cairo.
  8. Peters Francis E. (1994)։ The Hajj: The Muslim Pilgrimage to Mecca and the Holy Places։ Princeton University Press։ էջ 206։ ISBN 978-0-691-02619-0 
  9. Esposito John L. (2011)։ What everyone needs to know about Islam։ Oxford University Press։ էջ 25։ ISBN 9780199794133։ «Mecca, like Medina, is closed to non-Muslims» 
  10. Holland, Tom; In the Shadow of the Sword; Little, Brown; 2012; Page 303: ‘Otherwise, in all the vast corpus of ancient literature, there is not a single reference to Mecca – not one’
  11. The New Encyclopædia Britannica: Micropædia Volume 8. USA: Encyclopædia Britannica, Inc. 1995. p. 473. 0-85229-605-3
  12. 12,0 12,1 Holland, Tom; In the Shadow of the Sword; Little, Brown; 2012; Page 471
  13. 13,0 13,1 Crone, Patricia; Meccan Trade and the Rise of Islam; 1987; Page 7
  14. Holland, Tom; In the Shadow of the Sword; Little, Brown; 2012; Page 303
  15. Translated by C H Oldfather, Diodorus Of Sicily, Volume II, William Heinemann Ltd., London & Harvard University Press, Cambridge, Massachusetts, MCMXXXV, p. 217.
  16. Jan Retsö, The Arabs in Antiquity (2003), 295–300
  17. Photius, Diodorus and Strabo (English): Stanley M. Burnstein (tr.), Agatharchides of Cnidus: On the Eritraean Sea (1989), 132–173, esp. 152–3 (§92).)
  18. Morris, Ian D. (2018)։ «Mecca and Macoraba»։ Al-ʿUṣūr al-Wusṭā 26: 1–60, pp. 42–43, n. 200։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-11-17-ին։ արտագրուած է՝ 2019-01-09 
  19. Crone, Patricia (1987)։ Meccan Trade and the Rise of Islam։ Princeton University Press։ էջեր 134–135։ ISBN 1593331029  Morris, Ian D. (2018)։ «Mecca and Macoraba»։ Al-ʿUṣūr al-Wusṭā 26: 1–60։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-11-17-ին։ արտագրուած է՝ 2019-01-09 
  20. Crown, Alan David (2001) Samaritan Scribes and Manuscripts. Mohr Siebeck. p. 27
  21. Crone, Patricia and Cook, M. A. (1977) Hagarism: The Making of the Islamic World, Cambridge University Press. p. 22.
  22. Lazarus-Yafeh, Hava (1992). Intertwined Worlds: Medieval Islam and Bible Criticism. Princeton University Press. pp.61–62
  23. 23,0 23,1 23,2 "Makka – The pre-Islamic and early Islamic periods", Encyclopaedia of Islam
  24. Lapidus, p. 14
  25. Bauer, S. Wise (2010)։ The history of the medieval world: from the conversion of Constantine to the First Crusade։ W. W. Norton & Company։ էջ 243։ ISBN 978-0-393-05975-5 
  26. «Mecca»։ Infoplease.com։ արխիւացուած բնօրինակէն օգոստոսի 17, 2010-ին։ արտագրուած է՝ ապրիլի 6, 2010 
  27. «The Islamic World to 1600: The Mongol Invasions (The Black Death)»։ Ucalgary.ca։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ հուլիսի 21, 2009-ին։ արտագրուած է՝ ապրիլի 6, 2010 
  28. Chisholm Hugh, խմբգր․ (1911)։ «Mecca»։ Encyclopædia Britannica 17 (11th հրտրկթն․)։ Cambridge University Press։ էջ 952 
  29. "The Saud Family and Wahhabi Islam Archived 21 July 2011 at the Wayback Machine.". Library of Congress Country Studies.
  30. G. Lankester Harding & Enno Littman, Some Thamudic Inscriptions from the Hashimite Kingdom of the Jordan (Leiden, Netherlands – 1952), Page: 19, Inscription No. 112A
  31. Jawwad Ali, The Detailed History of Arabs before Islam (1993), Vol.4, Page: 11
  32. Battuta Ibn (2009)։ The Travels of Ibn Battuta։ Cosimo 
  33. 33,0 33,1 Lapidus, p. 32
  34. «What is Umrah?»։ islamonline.com։ դեկտեմբերի 5, 2007։ արխիւացուած բնօրինակէն հուլիսի 22, 2011-ին 
  35. «Visits to the Haram Sharif in Makkah»։ Cgijeddah.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ ապրիլի 9, 2007-ին։ արտագրուած է՝ ապրիլի 6, 2010 
  36. Մէջբերման սխալ՝ Invalid <ref> tag; no text was provided for refs named independent.co.uk
  37. Kee Hua Chee (դեկտեմբերի 4, 2010)։ «Going mega in Mecca»։ The Star։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ դեկտեմբերի 6, 2010-ին։ արտագրուած է՝ դեկտեմբերի 27, 2010 
  38. Saudi government demolishes historic Ottoman castle Archived 10 May 2008 at the Wayback Machine.. Wsws.org (28 January 2002). Retrieved 2013-02-03.
  39. WikiMapia Archived 26 March 2008 at the Wayback Machine. – About the Qishla and its location
  40. «In the Shade of the Message and Prophethood»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ փետրվարի 15, 2008-ին։ արտագրուած է՝ 2008-02-15 
  41. http://www.witness-pioneer.org Archived 11 November 2010 at the Wayback Machine.. Retrieved 3 February 2013.
  42. IDEA Center Projects Archived 8 February 2015 at the Wayback Machine. – Makkah Gate