Jump to content

Ասիա

Ասիա, երկրագունդի ամէնամեծ ցամաքամասը, Եւրոպայի հետ կը կազմէ Եւրասիա աշխարհամասը: Հիմնականին մէջ կը գտնուի արեւելեան եւ հիւսիսային կիսագունդին մէջ։ Այն կը գրաւէ երկրագունդին 8.7%-ը եւ ցամաքին 30%-ը։ Ասիոյ մէջ կը բնակի մօտ 4.3 միլիառ մարդ, որն աշխարհի բնակչութեան 60%-ն է: Ասիոյ բնակչութիւնը կ'աճի բաւական արագ, օրինակ՝ 20-րդ դարու ընթացքին բնակչութիւնը քառապատկուած է։ Տարածքը մօտ 43 միլիոն քմ2 է, իսկ կղզիներու հետ միասին՝ 44 միլիոն 363 հազար քմ2։ Ափագիծերու երկարութիւնը 62 հազար քմ է, ամէնաբարձր կէտը Ճոմոլունկմայ (Էւերեսթ) գագաթն է (8848 մ), ամէնացածը Մեռեալ ծովի մակերեւոյթն է՝ -405 մ։

Ասիոյ մէջ եղած են աշխարհի շատ վաղ քաղաքակրթութիւններ, որոնք կը զարգանային խոշոր գետերու շուրջը։

Դիրքը Եւ սահմանները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հիմնականին մէջ տեղակայուած է արեւելեան կիսագունդին մէջ (բացառութեամբ Չուքոթեան թերակզիի) եւ հասարակածէն հիւսիս։ Եւրոպայի հետ սահմանը սովորաբար կ'անցնի Ուրալեան լեռներու արեւելեան ստորոտներով, Մուղոջարներով, Էմբայ գետով, ապա Կասպից ծովով, Արաքս գետով, Սեւ եւ Մարմարայ ծովերով, Վոսփորի եւ Տարտանելի նեղուցներով։ Ափրիկէյի հետ Ասիան միացուած է Սուէզի պարանոցով, Հիւսիսային Ամերիկայէն առանձնացուած է Պերինկի նեղուցով:

Ասիոյ աշխարհաքաղաքական սահմանը քիչ մը կը տարբերի բնականէն։ Անիկա կ'անցնի Արխանկելսքի մարզի, Գոմիի հանրապետութեան արեւելեան սահմաններով, Սուերտլովսքի եւ Չելեապինսքի մարզերու արեւելեան սահմաններով, Ղազախստանով, իսկ այնուհետեւ հիւսիսային Կովկասի նախալեռներով մինչեւ Ազովի ծովը:

Աշխարհագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ասիան կ'ողողուի Հիւսիսային Սառուցեալ, Հնդկաց եւ Խաղաղական ովկիանոսներով, իսկ արեւմուտքին մէջ Ատլանտեան ովկիանոսի ներցամաքամասին ծովերով (Ազովի, Սեւ, Մարմարա, Եգէական, Միջերկրական)։ Ատոր հետ գոյութիւն ունի ներքին հոսքի լայն շրջաններ՝ Կասպից եւ Արաբական ծովերու աւազանները, Պայքալ լիճը եւայլն։ Պայքալ լիճը քաղցրահամ ջուրի պարունակութեան պաշարով առաջինն է աշխարհի մէջ: Հոն կեդրոնացուած է քաղցրահամ ջուրի համաշխարհային պաշարներու 20%-ը (առանց սառցադաշտերու)։ Մեռեալ ծովը կը համարուի ամէնախորը աշխարհի մէջ, իր տեկտոնական իջուածքով (-405մ)։ Ասիոյ ափերը կտրատուած են, կ'առանձնանան խոշոր թերակղզիները - փոքր Ասիա, արաբական, հինդուստան, Գորէական, Կամչատկայ, Չուկոտկայ, Թայմիր եւ այլն։ Ասիոյ ափերուն մօտ խոշոր կղզիներ են - Մեծ Զոնդեան, Նովոսիբիրեան, Սախալին, Հիւսիսային Երկիր, Թայուան, Ֆիլիպիննէր, Հայնան, Սրի-լանկայ, Ճապոնական եւ այլն, զբաղեցնելով աւելի քան 2 միլիոն քմ. սահման։ Ասիան բաղկացած է չորս հսկայ հարթավայրերէ՝ Արաբական, Հնդկական, Չինական, եւ Սիպիրեան: Տարածքի 3/4-ը կը զբաղեցնեն լեռները եւ սարահարթերը։ Արեւելեան Ասիան աշխուժ հրաբոււխային տարածք է։ Ասիան հարուստ է տարբեր հանքանիւթերով (յատկապէս՝ վառելիքա-էներգետիկ)։ Ասիոյ մէջ ներկայ են մօտաւորապէս բոլոր տեսակի կլիմաները - Արգտիկականից` ծայր հիւսիսին մէջ, մինչեւ հասարակածային` հարաւ-արեւելքի մէջ։ Արեւելեան, Հարաւային եւ Հարաւ-արեւելեան Ասիոյ կլիման մուսսոնային է։ Ասիոյ մէջ կը գտնուի երկրագունդի ամէնախոնաւ տեղը։ Այդ Չերապունջայ վայրն է Հիմալայների մէջ։ Միաժամանակ գործող կլիմաներն են - Արեւմտեան Սիպիրին մէջ՝ ցամաքամասային, Արեւելեան Սիպիրին մէջ եւ Սարիարկին մէջ՝ խիստ ցամաքամասային, Կեդրոնական, Միջին եւ Արեւմտեան Ասիոյի տափաստաններուն մէջ՝ կիսանապատային եւ անապատային, որ բարեխառն ու մերձարեւադարձային գօտիներու կլիման է։ Հարաւ-արեւմտեան Ասիոյ կլիման արեւադարձային անապատային է եւ ամէնատաքն է Ասիայի մէջ։

Անուան ծագումնաբանութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ խեթական էպոսի Փոքր Ասիայի հիւսիս-արեւմտեան մասին մէջ կը գտնուէր Ասսուայ թագաւորութիւնը։ Անոնց նկատմամբ խեթերու յաղթանակը կը յիշատակուի Թուդխալիաս IV թագաւորի գրութիւններուն մէջ։ Յունական էպոսին մէջ այդ թագաւորութիւնը կ'անձնաւորուի Ասիա արքայի կերպարով։ Ասիա անունը յունական դիցաբանութեան մէջ կը կրէ Օկէանիդայն` Պրոմեթեւսի կինը, որմէ ալ, ըստ դիցաբանական աւանդոյթներու առաջացած է աշխարհամասի անուանումը: Հերոդոտոսի ժամանակներուն յոյներու մօտ արդէն ընդունուած էր Ասիա անուանել ամբողջ աշխարհամասը:

Ֆիզիկա-աշխարհագրական բաժանումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ասիան ընդունուած է բաժնել ֆիզիկա-աշխարհագրական հետեւեալ շրջաններու.

Ասիան կը զբաղեցնէ երկրագունդի ամբողջ ցամաքի մէկ երրորդ մասը: Անոր ափերը հիւսիսէն կ'ողողուին հիւսիսային Սառուցեալ, հարաւէն` Հնդկաց, արեւելքէն՝ Խաղաղական ովկիանոսները, արեւմուտքէն՝ Ատլանտեան ովկիանոսի մաս կազմող Միջերկրական ծովը:

Ասիան ամէնաբարձր աշխարհամասն է: Անոր միջին բարձրութիւնը գրեթէ 3 անգամ աւելի է, քան Եւրոպայինը։ Այստեղ կը գերակշռեն լեռնաշղթաները եւ սարահարթերը, որոնք կը կազմեն տարածքի 3/4-ը։ Կեդրոնական մասին մէջ կը գտնուի Տիբեթի սարահարթը, որու հարաւային եզրին կը բարձրանան երկրագունդի ամէնաբարձր լեռները՝ Հիմալայները (Ջոմոլունգմայ կամ Էւերեստ գագաթի բարձրութիւնը 8848 մ է)։ Ասիոյ մէջ կը գտնուի երկրագունդի ամեէնացած կէտը՝ Մեռեալ ծովի ափին Գհոր իջուածքը (-405 մ)։

Ասիոյ ժամանակակից ռելիեֆը ձեւաւորուած է երկրաբանական երկարատեւ ժամանակաշրջանի ընթացքին։ Կ'առանձնացուին նորագոյն ծալքաւորութեան երկու՝ Ալպ-հիմալայեան (Մեծ եւ Փոքր Կովկասի լեռներ, Հայկական, Փոքրասիական եւ Իրանական լեռնաշխարհներ, Զագրոսի, Կոպետդաղի, Էլբուրսի լեռներ, Հիմալայներ, Կառակորում) եւ Խաղաղական ովկիանոսեան (Գորիական, Կամչատկայի, Սախալինի եւ այլ լեռներ) եւ մէկ հին (Պամիր, Տեան-շան, Ալթայի, Արեւմտեան եւ Արեւելեան Սայեաններ, Մերձբայկալի ու Անդրբայկալի լեռներ) գօտիներ։

Ասիոյ ռելիեֆին բնորոշ ձեւերէն են նաեւ սարահարթերը (Միջինսիպիրական, Արեւելաչինական, Դեկանի, Արաբական) եւ դաշտավայրերը (Միջագետքի, Ինդոս-գանգեսեան, Չինական Մեծ, Կուր-արաքսեան, Կոլխիդայի, Թուրանի)։ Ասիոյ կլիման չափազանց բազմազան է, որ պայմանաւորուած է հիմնականօրէն տարածքի ընդարձակութեամբ, հիւսիսէն հարաւ մեծ ձգուածութեամբ, ռելիեֆի մեծ հակադրութիւններով։ Հիւսիսային Ասիան աչքի կ'իյնայ արգտիկական եւ մերձարգտիկական կլիմայով։

Հիմալայները Ասիոյ ամենամեծ լեռնաշխարհն է

Վերխոյանսկի եւ Օյմեակոնի շրջաններուն մէջ կը գտնուի Հիւսիսային կիսագունդի ամէնապաղ վայրը (-870C)` սառի բեւեռը: Տարուան մեծ մասը Ասիոյ հիւսիսը ծածկուած է ձիւնով, կը մոլեգնին ձնահողմերը, կը փչեն սառցաքամիները, տունդրային մէջ կը բոցավառուին բեւեռափայլը: Դէպի հարաւ աշխարհամասին մէջ հսկայական տարածութիւններ կը զբաղեցնեն թաւախիտ ասեղնատերեւ անտառները` տայգան, ուր կ'աճին խեժափիճին, սիպիրեան եղեւնին, մայրին։ Այստեղ կը բնակին արջեր, գայլեր, աղուէսներ, ճիւղէ ճիւղ կը թռչկոտին արագաշարժ սկիւռները, ծառերու մէջ կը պահուըտին գեղեցիկ սամոյրները։

Կեդրոնական ասիական սարահարթը եզերող լեռները Ասիոյ հարաւը կը փակեն հիւսիսային ցուրտ քամիներէն։ Հնդկական տաք ովկիանոսով ողողուող աշխարհամասի հարաւային ափերուն յաւէրժական ամառ է։ Այստեղ շատ տաք է, ամբողջ տարին առատ անձրեւներ կը տեղան, կ'աճին մշտադալար անտառներ՝ ջունգլիներ։ Հիմալայներից դէպի հարաւ կը գտնուի երկրագունդի ամէնէն անձրեւոտ (12000 մմ) վայրը՝ Չերապունջին։ Տարուան ընթացքին այստեղ այնքան անձրեւ կը տեղայ, որ եթէ հաւաքենք մէկ տեղ, ջրածածկ կ'ընէ քառայարկ շէնք մը։ Անտառերու մէջ կը բնակին փիղեր, վագրեր, ռնգեղջիւրներ, կապիկնէր, բազմաթիւ գեղեցիկ թռչուններ:

Մեծ տարածութիւններ կը զբաղեցնեն անապատներն ու կիսաանապատները (Գոբի, Տակլա-մական, Կարակում, Կզըլկում, Թար, Ռուբ Էլ Խալի եւ այլն), ուր կ'աճին օշինդր, ուղտափուշ, սաքսաուլ։ Հոն կը հանդիպինք այծքաղներու, ուղտերու, կուլանիներու, Պրժեւալսկիի ձիերու, մողէսներու եւ այլն։ Ասիոյ մէջ շատ են ջրառատ, խոշոր գետերը (Եանցզի, Հուանհէ, Մեկոնգ, Ամուր, Լենայ, Ենիսեյ, Ինդոս, Գանգես, Եփրատ, Տիգրիս, Արաքս)։ Այստեղ կը գտնուին աշխարհի ամէնամեծ՝ Կասպից, եւ ամէնախոր՝ Բայկալ լիճերը։ Ընդերքին մէջ յայտնաբերուած են զանազան օգտակար հանածոներու (յատկապէս՝ նաւթի, գազի, քարածխի, երկաթի, գունաւոր մետաղներու եւ թանկարժէք քարերու) խոշորագոյն պաշարներ։

Արեւելեան Ասիոյ ափերը ողողող Խաղաղական ովկիանոսին մէջ կան բազմաթիւ հրաբխային կղզիներ, իսկ ովկիանոսի յատակին՝ քանի մը չափազանց խոր իջուածքներ (անդունդներ)։ Օրինակ՝ Մարիանեան իջուածքի ամէնամեծ խորութիւնը 11 քմ-էն աւելի է, Ասիոյ արեւելեան ծովեզերքին եւ կղզիներուն, ինչպէս նաեւ Ալպ-հիմալայեան երկրագոգածալքային գօտիին մէջ յաճախ տեղի կ'ունենան երկրաշարժեր եւ հրաբխային ժայթքումներ։ Ովկիանոսին մէջ կ'առաջանան սարսափելի փոթորիկներ՝ թայֆուններ, որոնք հսկայական ալիքներ կը բարձրացնեն։ Թայֆունները կատաղի արագութեամբ կը սլանան դէպի ցամաք՝ ճանապարհին կոծանելով ամէն ինչ եւ իրենց հետ բերելով տեղատարափ անձրեւներ։

Բրինձի աճեցման սարաւանդներ Փիլիփիններուն մէջ

Արեւմուտքին մէջ Ասիոյ ափերը կ'ողողուին Միջերկրական ծովի ջուրերով։ Անոր ափերուն ամռան տաք է, ձմռան՝ խոնաւ ու տաք։ Այստեղ կ'աճին արմաւենիներ, նարինջի ու կիտրոնի ծառեր։ Ասիոյ հարաւ-արեւմուտքին մէջ Արաբական թերակղզիի ափերը կ'ողողեն Կարմիր ծովը: Անհետացող բոյսերն ու կենդանիները փրկելու համար Ասիոյ մէջ ստեղծուած են բազմաթիւ պահպանուող տարածքներ, ազգային այգիներ ու արգելոցներ (Խազարիբագ, Ինդրապուրայ, Սիխոտե-ալինի, Ուսսուրական, Կզըլկումի, Կարակումի, Սեւան, Դիլիջան եւ այլն): Գիտնականները հնագիտական պեղումներով պարզած են, որ բանական մարդն այստեղ յայտնուած է առնուազն 400 հզ. տարի առաջ: Ասիոյ մէջ ձեւաւորուած են մոնղոլոյիդ ռասան, աշխարհի խոշոր լեզուաընտանիքներէն վեցը, անոնց կարգին ամէնամեծերը՝ հնդեւրոպական եւ չին-տիբեթական լեզուաընտանիքները։ Ասիան բազմազգ աշխարհամաս է. ազգերու եւ ազգութիւններու թիւը կ'անցնի 1000-ը։ Առաւել մեծաթիւ են չինացիները, հնդիկները, ճաբոնցիները, ռուսերը, պարսիկները, աֆղանները, տաճիկները եւ այլք։ Ասիոյ մէջ ձեւաւորուած են եւ աշխարհով մէկ տարածուած համաշխարհային 3 կրօնները՝ հինդուիզմը, քրիստոնէութիւնն ու իսլամութիւնը, առաջաւորասիական եւ արեւելեան քաղաքակրթութիւնները։ Ամէնավաղ քաղաքակրթութիւնները առաջացած են Միջագետքին մէջ, Ինդոս գետի աւազանին եւ Չինաստանին մէջ։ Այստեղ կառուցուած են աշխարհի առաջին քաղաքները, գրուած են առաջին օրէնքները, ձեւաւորուած է երկրագործութիւնը, ընտելացուած են շարք մը բոյսեր եւ կենդանիներ։

Մեզի հասած են հնագոյն ժամանակներու մշակոյթի այնպիսի աշխարհահռչակ գլուխգործոցնէր, ինչպիսիք են Բաբելոնի, Բալմիրայի, Չինաստանի, Հնդկաստանի բազմաթիւ հեքիաթային տաճարները, պալատները, մզկիթները:

Ասիոյ երկիրները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ներկայիս Ասիոյ տարածքին մէջ ամբողջութեամբ կամ մասամբ կը գտնուին 54 պետութիւն, որոնցմէ չորսը (Աբխազիա, Չինաստան, Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութիւն) գրեթէ ճանչցուած են։ Չճանչցուած պետութիւններէն է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը:

  • Արեւելեան Ասիա

Ասիոյ համար բնորոշ է բնակչութեան քանակի շատ բարձր միջին տարեկան աճը։ Այդ ցուցանիշով Ասիան կը զիջի միայն Ափրիկէին: Վերջին ժամանակներուն սակայն, աճի տոկոսը քիչ մը իջած է եւ կազմած է 1.3 %: Ասիոյ մէջ կ'ապրին երկրագունդի բնակչութեան 60 %-ը։ Չինաստանի ու Հնդկաստանի բնակչութիւնը միասին վերցուած, կը կազմեն երկրագունդի բնակչութեան 40 %-ը։ 7 պետութիւն ունի աւելի քան 100 միլիոն բնակչութիւն։

Ասիոյ մէջ կ'ապրին մարդկութեան երեք գլխաւոր ռասաները. մոնկոլոիդ (չինացիներ եւ այլ), եւրոպոիդ (հիւսիսային եւ արեւմտեան Ասիոյ ժողովուրդներ) եւ նեգրոիդ (հարաւային եւ հարաւ-արեւելեան Ասիոյ քանի մը ժողովուրդներ)։ Բնակչութեան կազմը շատ բազմազան է։ Ասիոյ մէջ առաջացած են շատ հնագոյն քաղաքակրթութիւնները՝ չինական, հնդկական, տիպեթա-մոնկոլական, միջինասիական, բաբելոնեան եւ այլն։ Հարաւային եւ հարաւ-արեւելեան Ասիոյ հողագործութեան համար բարենպաստ շրջանները կը հանդիսանան մեծ թիւով ժամանակակից ժողովուրդներու ծագման վայրը։

Հիմնական տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Մակերեւոյթը՝ 43475 հազար քմ2 (կղզիներուն հետ)
Ամէնամեծ բարձրութիւնը ծովի մակարդակէն՝ 8 848 մ (Էվերեստ լեռ)
Ամէնափոքր բարձրութիւնը ծովի մակարդակէն՝ - 405 մ (Մեռեալ ծովու մակարդակէն)
Ամէնահիւսիսային կէտը՝ 43°40′52″N 87°19′52″E / 43.6811°N 87.3311°E / 43.6811; 87.3311 Չելիւսքին հրուանդան
Ամէնահարաւային կէտը՝ 43°40′52″N 87°19′52″E / 43.6811°N 87.3311°E / 43.6811; 87.3311 Պիայ հրուանդան
Ամէնաարեւմտեան կէտը՝ 43°40′52″N 87°19′52″E / 43.6811°N 87.3311°E / 43.6811; 87.3311 Բաբա հրուանդան
Ամէնաարեւելեան կէտը՝ 43°40′52″N 87°19′52″E / 43.6811°N 87.3311°E / 43.6811; 87.3311 Տէժնեովի հրուանդան

Ասիոյ աշխարհագրական կեդրոնին մէջ գտնուող քաղաքները՝ Իրկուտսկ, Կիզիլ:

Բուսականութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ալթայի լեռներ

Ասիան կը պատկանի Հոլարկտիկն Պալէոարեւադարձային բուսա-աշխարհագրական մարզերուն։ Վերջինս զարգացած է տաք պայմաններու մէջ պահպանել դեռեւս պալէոզոյեան եւ մեզոզոյեան ֆլորայէն (հնագոյն պտերներ, գինկգոյ ծառն այլն) ժառանգուած տեսակներու բացառիկ հարստութիւն։ Հոլարկտիկ ֆլորան սառցապատումներու, տրանսգրեսիաներուն նորագոյն բարձրացումներու հետեւանքով աղքատ է ու միօրինակ։

Առափնեայ անտառներ Թայլանտի մէջ

Ասիոյ բուսականութիւնը կը փոխուի լայնակի զոնաներով՝ ծայր հիւսիսի տունդրաներէն մինչեւ խոնաւ արեւադարձային անտառներն ու հարաւային կիսագնդի սաւաննաները։ Տունդրաներն անտառազուրկ են. կը բաժանուին սառուցիալ եւ տիպիկ (քարաքոսային, մամռային, թփուտային) տունդրաներու։ Տունդրային կը փոխարինէ անտառատունդրան, որմէ ետք հարաւ կը տարածուի անտառային զոնան։ Ասիոյ մէջ առաւել լայն է տայգայի ենթազոնան։ Լայնատերեւ անտառներու ենթազոնան հիմնականին պահպանուած է հեռաւոր արեւելքի մէջ՝ Բրիմորիէի, Մանջուրիայի, Գորէայի մէջ եւ յայտնի է Ճաբոն–Մանջուրական ֆլորիստական ենթամարզ անուամբ։ Անիկա չէ կրած անթրոպոգենի սառցապատումների ազդեցութիւնը, հարուստ է տեսակներով, էնդեմիկներով ու ռելիկտներով (թխկենի, ընկուզենի, հացենի, լորենի, լիանաներ եւ այլն)։ Անտառատափաստաններու եւ տափաստաններու զոնան լաւ արտայայտուած է Սիպիրի հարաւ-արեւմուտքին մէջ, մասամբ Հիւսիսային Սոնղոլիայի մէջ, Անդրբայկալիի մէջ եւՉինաստանի հիւսիս-արեւելքի մէջ։ Ղազախստանի եւ մոնկոլիայի կեդրոնական մասին մէջ կը տարածուի կիսաանապատներու զոնան, Միջին Ասիայի, Ջունգարիայի, Տակլայ–Մականի մէջ եւ Մոնկոլիայի հարաւին մէջ՝ բարեխառն գօտիի անապատներու, իսկ լեւանտի եւ իրանական բարձրաւանդակին մէջ՝ մերձարեւադարձային անապատներու զոնան։ Անապատներուն եւ տափաստաններուն բնորոշ են չորասէր հացազգիները, օշինդրային խմբաւորումները, ինչպէս նաեւ աղադիմացկուն բոյսերը, որոնք կարելի կը դարձնեն այդ շրջակայքը միացնել Պոնտայ–Կեդրոնա-ասիական ֆլորիստական ենթամարզին մէջ։

Միջերկրականի Ասիական մասին մէջ (Փոքր Ասիա, Լեւանտ) տարածուած են միջերկրածովեան տեսակէն չորասէր–թփուտային խմբակցութիւնները (մակուիս, շիբլեակ, ֆրիգանայ), իսկ առաջաւոր Ասիոի կիսանապատային բարձրաւանդակներուն մէջ՝ լեռնային տափաստանները եւ ֆրիգանան։ Մուսոնային մերձարեւադարձներու համար նման են մշտադալար անտառները (Գորէայի եւ Ճաբոնի հարաւ, հարաւ-արեւելեան Չինաստան)։ Արեւադարձային անապատներու զոնան արտայայտուած է Ասիոյ միայն արեւմտեան մասին մէջ (Արաբական թերակղզի, Թոար անապատ)։ Մնացած արեւադարձային շրջանները բռնուած են սաւաննաներով, չոր արեւադարձային եւ խոնաւ արեւադարձային անտառներով։ Հասարակածային զոնայի մէջ զարգացած են նման գիլէաները։ Հարաւային կիսագունդի արեւադարձային գօտիի (Զոնդեան կղզիներ) բուսականութիւնը մասամբ նման է աւստրալիականին։ Զարգացած են լեռնային բուսականութեան տիպերը (տունդրա, տայգա, փշատերեւ–լայնատերեւ եւ լայնատերեւ անտառներ եւ այլն)։

Ասիոյ բուսականութիւնը բարեխառն է եւ արեւադարձային լայնութիւններուն մէջ մարդու ներգործութեամբ այնքան փոխուած է, որ այժմ հնարաւոր չէ վերականգնել անոր սկզբնական տեսակը։ Ասիան տուած է կուլտուրական բոյսերու 65%-ը։

Կենդանական աշխարհ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Մեծ փանտան Չինաստանի մէջ բնակուող հազւագիւտ արջ է:

Ասիոյ զգալի մասի կենդանական աշխարհը կը պատկանի Հոլարկտիկ մարզի Պալէոարկտիկ բաժնին։ Կրելով սառցապատման ազդեցութիւնը՝ անիկա զարգացած է պաղ եւ չորային պայմաններու մէջ եւ նման է Եւրոպայի ու Հիւսիսային Ամերիկայի կենդանական աշխարհին։ Արաբական թերակղզիի հարաւի կենդանական աշխարհը մօտ է ափրիկեանին եւ կը պատկանի եթովպիական մարզին, Հարաւային Ասիայինը (Հնդկաստան, Հնդկաչին, Մալայեան արշիպելագ)` Հիմալայեան, մասնակիօրէն` Աւստրալիական (Սուլաւեսի, Փոքր Զոնդեան կղզինէր) մարզին։ Ասիոյ մէջ պահպանուած են երրորդական ժամանակաշրջանի շատ կենդանիներ։ Կենդանական աշխարհն իր տարածմամբ ենթակայ է լայնակի զոնայականութեան եւ ուղղաձիգ գօտիականութեան։ Որոշակիօրէն արտայայտուած են հիւսիսի ծայրամասային ծովափնեայ եւ տունդրայի, տայգայի, տափաստանների, անապատների եւ անապատային լեռներու, կենտրոնասիական բարձրաւանդակներու, հեռաւոր արեւելքի լայնատերեւ եւ մերձարեւադարձային անտառներու, հարաւային Ասիոյ արեւադարձային անտառներու զոնաները։

Կենդանական աշխարհը մարդու ներգործութեամբ փոխուած է եւ աղքատացած (Արեւելեան Չինաստան, Հնդկաստան, Ճաւայ, Արեւմտեան Սիպիրի հարաւ)։

Աշխարհագրական յայտնագործութիւններու պատմութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առաջ Ասիայի մասին որոշ տեղեկութիւններ ունէին ասուրացիները, բաբելացիները, հնդիկները, չինացիները, եգիպտացիները, յոյները, հայերը եւ ուրիշներ, միջին դարերուն՝ խորեզմցիները, արաբները (Մասուդի, Իդրիսի, Բիրունի, Իպն Պաթութա եւ ուրիշ), չինացիները (Ֆա–Սեան, Սիւան–Ցզան եւ ուրիշներ), հայերը (Սմբատ Գունդստաբլ, Հեթում թագաւոր), եւրոպացիները՝ XII–XIII դարերու խաչակրաց արշաւանքներուն դեսպանութիւններու (Պլանոյ Կարպինի, Ռաբրուկ) միջոցով։ XIII դարու երկրորդ կիսուն վենետիկցի Մարքօ Փոլօն Չինաստանի մէջ 17 տարի բնակելէն ետք աշխարհագրական կարեւոր տեղեկութիւններ հաղորդեց Ասիոյ մասին։ 1466–72 թուականներուն Իրան եւ Հնդկաստան ճամբորդեց ռուս վաճառական ԱՅ. Նիկիտինը։ 1498 թուականին բորթուգալցի Վասգոյ տա Կամայն ծովով հասաւ Հնդկաստան, 1521-ին Մագելանը՝ Ֆիլիբիններ, 1542 թուականին բորտուգալցիները՝ Ճաբոնական կղզիներ եւ այլն։ Երմակի արշաւանքը (1581–82) ընդարձակ տեղեկութիւններ տուաւ արեւմտեան Սիպիրի մասին։ 1649–52 թուականներուն Ամուրով եւ Մերձամուրով անցաւ ռուս երկրագնաց Է. Խաբարովը։ 1648 թուականին Ս. Դեժնեւը նաւարկեց հիւսիսային ծովով դէպի Անադիր եւ յայտնագործեց Ասիոյ եւ Ամերիկայի միջեւ գտնուող նեղուցը։ Աշխարհագրական հարուստ տեղեկութիւններ ձեռք բերին քրիստոնէական քարոզիչները, յատկապէս՝ ճիզուիտները, որոնք եղան Չինաստանի եւ Թիպեթի մէջ։ XVIII դ. վերջերուն անգլիացիները ուսումնասիրեցին Հիմալայները։ Ասիոյ հեռաւոր արեւելեան ափերը քարտէսագրեցին ծովագնացներ՝ ֆրանսացի Ժ. Ֆ. Լափերուզը (1787), ռուս Ի. Ֆ. Կռուզենշտեռնը (1804–05) եւ ուրիշներ։ Սիպիրական բեւեռը ուսումնասիրեցին (1820–24) ռուս հետազօտողներ Ֆ. Պ. Վրանգելը, Ֆ. Ֆ. Մատիւշկինը։ XIX դարու կէսերէն կը մեծնայ առանձին ինստիտուտներու, ակադեմիաներու, թանգարաններու, ռազմա-աշխարհագրական ծառայութեան դերը Ասիոյ հետազօտման մէջ։ Եւրոպական երկիրներուն մէջ ստեղծուեցան ԱՅ. ուսումնասիրող ընկերութիւններ, XIX դ. վերջը իրենց գործունէութիւնն ընդլայնեցին նաեւ ճաբոնցիները։ Արտասահմանեան գիտական ուժերով աշխարհագրական ընկերութիւններ ստեղծուեցան Չինաստանի, Թուրքիոյ եւ Իրանի մէջ։ Ասիոյ ուսումնասիրութիւնն ընդարձակուեցաւ Ռուսական աշխարհագրական ընկերութեան կազմակերպմամբ (1845)։ 1870–1885 թուականներուն Ն. Մ. Պրժեւալսկին 4 անգամ ճանապարհորդեց Կենդրոնական Ասիոյ մէջ՝ յայտնագործելով Կունլունը, Նանշանը, Հուանհէի վերին հոսանքը, Լոբնոր լիճը։ Կովկասը ուսումնասիրած են Մ. Ի. Վենիւկովը (1861-63), Գ.Ի. Ռադեն (1863-93)։ XIX դարու վերջը եւ XX դարի սկիզբի հետազօտողներէն առանձնապէս յայտնի են Վ. ԱՅ. Օբրուչեւը (Սիպիր), ԱՅ. Ի. Վոյեյկովը (արեւելեան եւ հարաւային Ասիա), Կ. Ի. Բոգդանովիչը (կեդրոնական Ասիա, Կամչատկայ, Կովկաս, Իրան), Լ. ԱՅ. Բերգը (Արալեան ծով), Վ. Վ. Դոկուչանը (Կովկասի հողեր)։ Կովկասը եւ հայկական լեռնաշխարհը ուսումնասիրած են Հ. Վ. Աբիխը, Հ. Ֆ. Բ. Լինչը, Ֆ. Օզվալդը, ԱՅ. Ղուկասովը, Ի. Ի. Խոձկոն, ԱՅ. Ֆ. Լեաստերը, Ս. Դ. Լիսիցեանը, Հ. Տ. Կարապետեանը, Կ. Ն. Պաֆֆենհոլցը, ԱՅ. Լ. Թախտաջեանը եւ ուրիշներ։ Ասիոյ ժամանակակից հետազօտողներէն են անգլիացի Լ. Դ. Ստամպը, ֆրանսացիներ Ժ. Սիոնը, Ռ. Բլանշարը, ամերիկացի Զ. Բ. Կրեսին, աւստրալիացի Օ. Խ. Կ. Ապեյտը եւ ուրիշներ։ Ասիոյ ուսումնասիրութեան մէջ բացառիկ յաջողութիւններու հասած են Խորհրդային Միութեան հետազօտողները։ Խորհրդային արշաւախումբերու ուժերով յայտնագործուած եւ լրացուած են նախկին ԽՍՀՄ Ասիական մասի քարտէսի «սպիտակ բիծերը»:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Կեդրոնական իշխանութեան վերահսկողութենէ դուրս գտնուող տարածք
  2. 2,0 2,1 Ինքնահռչակ
  3. 3,0 3,1 Եթէ սահմանը կ'անցնի Քումա-Մանիչի իջուածքով
  4. Միայն Սինայի թերակղզին
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։