Jump to content

Թայլանտ

Բնակավայր
Թայլանտ
թայ.՝ ประเทศไทย
Դրօշակ Զինանշան

Երկիր  Թայլանտ
Ներքին բաժանում Չիանհ Մայ?, Chiang Rai?, Lampang?, Lamphun?, Mae Hong Son?, Nan?, Phayao?, Phrae?, Uttaradit?, Kanchanaburi?, Phetchaburi?, Prachuap Khiri Khan?, Ratchaburi?[1], Tak?, Amnat Charoen?, Buri Ram?, Chaiyaphum?, Կալասին?, Khon Kaen?, Loei province?, Maha Sarakham?, Mukdahan?, Nakhon Phanom?, Nakhon Ratchasima?, Nong Bua Lamphu?, Nong Khai?, Roi Et?, Sakon Nakhon?, Սի Սա Կետ?, Surin?, Ubon Ratchathani?, Udon Thani?, Yasothon?, Bueng Kan?, Ang Thong?, Phra Nakhon Si Ayutthaya?, Պանկքոք, Chai Nat?, Kamphaeng Phet?, Lopburi?, Nakhon Nayok?, Nakhon Pathom?, Nakhon Sawan?, Nonthaburi?, Pathum Thani?, Phetchabun?, Phichit?, Phitsanulok?, Sukhothai?, Samut Prakan?, Սամուտ Սակխոն?, Samut Songkhram?, Saraburi?, Sing Buri?, Suphan Buri?, Uthai Thani?, Chachoengsao?, Chanthaburi?, Chon Buri?, Prachin Buri?, Rayong?, Sa Kaeo?, Trat?, Chumphon?, Krabi?, Nakhon Si Thammarat?, Narathiwat?, Pattani?, Phang Nga?, Phatthalung?, Պհուկետ?, Ranong province?, Satun?, Songkhla?, Surat Thani?, Trang? և Yala?
Prime Minister of Thailand? Paetongtarn Shinawatra?
Օրէնսդրական մարմին National Legislative Assembly of Thailand (2014)?
Հիմնադրուած է՝ 28 Դեկտեմբեր 1768 և 1238
Տարածութիւն 513 119,5 քմ²
Պաշտօնական լեզու թայերեն?[2]
Բնակչութիւն 66 188 503 մարդ (31 Դեկտեմբեր 2017)[3]
Ժամային գօտի UTC+7? և Asia/Bangkok?[4]
Շրջագայութեան պետ-համարագիր T
Մականուն Land of Smiles
Պաշտօնական կայքէջ thaigov.go.th

Թայլանտ, կը գտնուի Հարաւ-Արեւելեան Ասիոյ մէջ, Հնդկաչին թերակզիին արեւմուտքը եւ Մալաքքա թերակղզիին հիւսիսը։ Թայլանտ սահմանակից է Քամպոտիոյ եւ Լաոսին արեւելքէն եւ հիւսիս-արեւելքէն, Միանմայի՝ հիւսիս-արեւմուտքէն եւ հիւսիսէն, Մալեզիոյ՝ հարաւէն։

Մինչեւ 1939 թուական կը կոչուէր Սիամ թհայ (ไทย), բառը կը նշանակէ "ազատութիւն": Անուանումը լիովին կ'արդարացնէ ինքզինք: Թայլանտը Հարաւ-Արեւելեան Ասիոյ միակ երկիրն է, որ պահպանած է անկախութիւնը, երբ հարեւան բոլոր երկիրները Ֆրանսայի կամ Մեծ Բրիտանիայի գաղութներն էին։ Թայլանտը` (Thailand) երկրի անուանման անգլիականացուած տարբերակն է, որ շրջանառութեան մէջ մտած է XX դարի 30-ական թուականներէն եւ կը նշանակէ Թայ երկիր։

Երկիրին հիւսիսը եւ արեւմուտքը լեռնային է, արեւմուտքը կը գտնուի լայնարձակ աւազաքար սարահարթ՝ Քորաթը, երկիրին կեդրոնական հատուածը կը զբաղեցնէ լայնարձակ մենամական ցած վայրերը, իսկ երկիրին հարաւային մասը կը զբաղեցնեն ցած դաշտավայրերը՝ կղզիներու վրայ գտնուող լեռներով եւ բլրաշարքով։

Երկիրի տարածքը (կղզիներուն հետ միասին) կը կազմէ 517 ք. քմ։

Մայրաքաղաքը՝ Պանքոք։

Երկրի պաշտօնական անուանումը քանի մը անգամ փոխուած է։ Միջնադարէն մինչեւ 1939 թուականը կոչուել է Սիամ, որ սանսկրիտէն սայեմ կը նշանակէ «թխամորթ»։ Բնակիչները, սակայն, իրենց երկիրը կ'անուանեն Միանգթայ («Ազատներու երկիր», կարծես ընդգծելով, որ իրենց հայրենիքը իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին երբեք օտարի տիրապետութեան տակ չէ եղած)։

1939 թուականին երկիրը վերանուանուած է Թայլանտ, որ կազմուած է Թայ ժողովուրդի անունէն (բառացի կը նշանակէ «ազատներ») եւ անգլերէն land «երկիր» բառէն։ Թայ լեզուով երկիրն այժմ կը կոչուի Պրատետ֊Թայ[5]։

Քաղաքական համակարգ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թայլանտի Թագաւորութիւնը (Պրատետ-Թայը) սահմանադրական միապետութիւն է, պետութիւնը կը կառավարէ թագաւոր։ Գլխաւոր օրէնսդիր մարմինը՝ երկպալատ Ազգային ընդհանուր ժողովն է (Սենատը եւ ներկայացուցիչներու պալատը)։ Գործադիրը՝ նախարարներու խորհուրդն է, որ կը գլխաւորէ վարչապետը։

Տեսարժան վայրեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զբօսաշրջիկներու յաճախելիութեան ցուցանիշով Թայլանտը հարաւարեւելեան Ասիոյ երկիրներէն առաջատարն է։ Միլիոնաւոր այցելուներու ուշադրութիւնը կը գրաւեն հազարաւոր Պուտտայական տաճարները եւ վանքերը, հիանալի պալատները եւ սրբատեղիները Պանքոքում, Պատտայի, Սամույի եւ Փհուկետի հիանալի լողափները, աշխոյժ գիշերային կեանքը իր զանազան շօուներով ու զուարճանքներու բոլոր տեսակներով, յայտնի Թայլանտական մերսումը եւ մարտական արուեստը, փղերով զբօսանքը, դայվինգի համար հիանալի պայմանները, իւրայատուկ «լողացող» շուկաները եւ Անդամեան ծովում հարիւրաւոր էկզոտիկ անմարդաբնակ կղզիները, Թայլանտական խոհանոցի յայտնի ուտեստները եւ գեղեցիկ Պուտտայական տօնակատարութիւնները։

Պանքոք թարգմանաբար կը նշանակէ «վայրի սալորի քաղաք»։ Հիմնադրուած է Ռամոյ Առաջին թագաւորի կողմէ XVIII դարուն, յայտնի է իր ապշեցուցիչ ճարտարապետական եւ մշակութային յուշարձաններով։ Հարիւրաւոր Պուտտայական տաճարները եւ պալատները սրածայր տանիքներով, հազարաւոր մեքենաները եւ նաւերը, արտանետուող կազերէն եւ փողոցի վառարաններէն եկող մշտական գարշահոտութիւնը, անգլիական ոճի ոչ մեծ յարմարաւէտ զբօսայգիները. այս ամէնը միահիւսուած են մէկ ամբողջութեան մէջ։ Թայլանտերէն քաղաքը կ'անուանեն Կրունգ Տեպ («հրեշտակներու քաղաք»), իսկ մայրաքաղաքի պաշտօնական անուանումը աւելի երկար է եւ «ֆարանգներու» համար բոլորովին չարտաբերուող («ֆարանգներու»՝ «սպիտակ օտարերկրացիներու», զբօսաշրջիկներուն այդպէս կ'անուանեն տեղաբնակները)։

Քաղաքի պատմական կեդրոնը կը գտնուի Ռատտանակոսին («Բարձրագոյն գանձ») կղզիին վրայ, որ առաջացած է Չաօ Պրայ գետի ու անոր վտակներուն միջեւ գտնուող տարածքին մէջ։ Գլխաւոր տեսարժան վայրը այստեղ Թագաւորական Մեծ Պալատն է՝ Թայլանտացի վանականներու նստավայրը, հիանալի զբօսայգիով եւ աւանդական Թայլանտական ոճի շինութիւններով։ Պալատի տարածքը 218.4 հազար քմ է, պատերու երկարութիւնը՝ 2 քմ-էն աւելի։ Թագաւորական պալատըկ'ընդգրկէ բազմաթիւ հին շինութիւններ՝ ստեղծելով Դուզիթ-Մահապրասատ եւ Մահամոնտիէն շրջանները՝ գրադարան եւ դամբարան, ուր կը պահպանուին թագաւորական ընտանիքի բոլոր անդամներու մասունքները, Չաքրի պալատը (1868-1910 թթ) իր գահադահլիճով, որ միապետ Չաքրաբարդիբիմանի անձնական նստավայրն է, Դուսիտ, Բորոմաբիմանն իր յայտնի որմնանկարներով, Մախիշրա-Պրասադը եւ Ամիրանդա ընդունելութիւններու դահլիճը, նաեւ Պայսան դահլիճը (Պրի Տինանգ Պայսան Տակշին), ուր տեղի կ'ունենայ Թայլանտական թագաւորներու թագադրութիւնները։ Այստեղ կը գտնուի Ռամ V թագաւորի սիրելի նստավայրը եւ աշխարհի ամէնամեծ շինութիւնը, որ ամբողջովին կառուցուած է ոսկեայ հնդկակաղնիի փայտէ (Բիմանմեկ, 1900 թ, այժմ թանգարան է)։ Պալատի հարեւանութեամբ տեղադրուած է հսկայ Լակ Մուանգը ծիսակատարողական ճոճը։

Թագաւորական նստավայրէն դէպի հիւսիս կը գտնուի Զմրուխտեայ Պուտտայի վանքը (Վատ Պրա Կեո 1782 թ), որ դարպասներով միացած է թագաւորական նստավայրին։ Այստեղ կը պահպանուի Պուտտայականութեան սրբութիւններէն մէկը՝ ոսկեայ զոհասեղանին նստած Պուտտայի յայտնի արձանը (արձանի մասին առաջին յիշատակումը եղած է 1464 թուականին)։

Քաղաքին մէջ կան մօտ 400 հիանալի տաճարներ, որոնցմէ ամէնայայտնին Ոսկեայ Պուտտայի Վանքն է (Վատ Տրիմիտիր), ուր կը գտնուի Պուտտայի արձանը՝ պատրաստուած 5.5 թոն մաքուր ոսկիէ, պառկած Պուտտայի մեծ արձանով Վատ Պո եկեղեցական մեծ համալիրը, որ Պանքոքի ամէնամեծ եւ ամէնահին եկեղեցին է, Վատ Բենչա Մաբոֆիտ (Մարմարեայ տաճար XIX-XX դար), Վատ Արուն տաճարը (Արշալոյսի կամ Մայր մտնող արեւի, որ տեղակայուած է նախկին Պհոնբուրի ամրոցին մէջ) 79 մեթրանոց աշտարակով, Վատ Սուտհատը, Տհոն Բուրիս Վատը եւ այլն։

Քաղաքի ամէնահին Նոր փողոցով կարելի է իջնել ափ, ուրկէ «սամպանէով» (երկար պոչով նաւակով) կարելի է «կլոնգներով» (ջրանցք) երկար զբօսնել ամբողջ քաղաքով։ Հին ժամանակ Պանքոքը կ'անուանէին «Արեւելքի Վենեցիա», այն պատճառով, որ անոր 140 իրար հատող ջրանցքները մեր օրերուն ալ կը շարունակեն պահել քաղաքի թեմբը։ Անիկա այլ աշխարհ է՝ աղքատութեան եւ ճոխութեան, առեւտուրի եւ ձկնորսութեան, լողացող շուկաներու եւ խորհրդաւոր գիշերային կեանքի։ Սիլոմ շրջանէն (քաղաքի գործարար կեդրոնն է) դէպի հիւսիս կը գտնուի Սիամ-Սուկէ շրջանը, որ կը համարուի մայրաքաղաքի առեւտուրի կեդրոնը։ Այստեղ կը գտնուին Քաղաքի ամէնամեծ սուբերմարքեթները, փոքր խանութները, առեւտուրի կէտերը, ուր գիները շատ բարձր չեն։ Պանքոքի ամէնամեծ խաչմերուկին՝ զբօսաշրջութեան կեդրոն համարուող Սուկհումվիտի մէջ տեղակայուած են հարիւրաւոր սրճարաններ, պարեր, հիւրանոցներ, ռեսթորաններ եւ գիշերային ակումբներ, նաեւ քաղաքի քանի մը ամէնալաւ առեւտուրի կեդրոնները։ Որեւէ խոշոր հիւրանոց ունի իր գիշերային ակումբը։ Ժամանցային տարբեր հաստատութիւններ կեդրոնացած են Պատրոնգի եւ Նիւ-Պետչաբուրի-Ռոադսիի մէջ, ուր կը գտնուին հարիւրաւոր սրահներ, պարեր, ռեսթորաններ։ Իր գիշերային կեանքով եւ ռեսթորաններով յայտնի է նաեւ Ռաչադա փողոցը։

Քաղաքին մէջ կան քանի մը թանգարաններ, պլանետարիումներ, պատկերասրահներ, մշակութային կեդրոններ։ Հիւրերը կը նախընտրեն այցելել Ազգային թատրոն, Ազգային թանգարան՝ Թայլանտական մշակոյթի հիանալի հաւաքածուով եւ Պուտտհայսաւան մատուռով (1795), Սանամ-Լուանգ հրապարակի վրա Թամմասատի համալսարանը, ինչպէս նաեւ Գիտութեան թանգարանը (տարածաշրջանի ամէնալաւ գիտատեխնիկական թանգարաններէն մէկն է)։ Ճարտարապետ եւ լրտես Ճիմ Թոմսոնի տան մէջ այժմ տեղակայուած է Մետաքսի թանգարանը եւ հարաւարեւելեան Ասիայէն անոր հաւաքած հնութիւններու ցուցահանդէսը։

Քաղաքային զբօսայգիները հանգիստ կը պարգեւեն քաղաքի աղմուկէն, անցուդարձէն յոգնած զբօսաշրջիկներուն։ Պանքոքի հիւսիսը գտնուող Կիրակնօրեայ շուկայի հարեւանութեամբ հրաշալի Չատչուակ զբօսայգին է, իսկ զուարճանքի զբօսայգի մէճիք լենտը կը գրաւէ իր կարուսելներով, սարսափներու սենեակով եւ այլ զուարճանքներով։ Քաղաքի ամէնամեծ զբօսայգին Լումպինին է, որ կը գտնուի քաղաքի գործարար կեդրոնը։ Ռամա IX-ի անունով նոր զբօսայգին բացած է նոյն ինքն թագաւորը, իսկ յայտնի Սաֆարի Ուորլտ շատ մեծ զբօսայգին (170 ակր) կը գտնուի մայրաքաղաքի ծայրամասը, որ յայտնի է իր վայրի կենդանիներով, Մարինա դելֆինարիայով եւ հսկայական Սիամ ջրաշխարհով։

Սամուտպրակարնայի մէջ (Պանքոքէն 30 քմ դէպի հարաւ-արեւելք) կը գտնուի աշխարհի ամէնամեծ «Կոկորդիլոսի ֆերման»՝ աւելի քան 40 հազար կոկորդիլոսներով, իր կենդանաբանական այգիով եւ հոյամողէզներու թանգարանով։ Պանքոքէն 30 քմ դէպի հարաւ կը գտնուի Բան-Նամ-Պուենգը՝ լողացող մեծ շուկան։ Հանգիստի օրերուն 08։00-14։00 այստեղէն կարելի է ձեռք բերել տարբեր տեսակի բազմաթիւ ապրանքներ՝ ծովամթերք, միրգ, ծաղիկներ, տեղական անուշաբոյրեր եւ ձեռքի աշխատանքներ։ Շուկայի իւրայատկութիւնը պայմանաւորուած է առեւտրականներով, որ նաւակներով կ'անցնին շարքերու մէջէն։ Պանքոքէն 33 քմ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի Մուանգ-Բորան (Հին քաղաք) զբօսայգին, ուր վերարտադրուած է ամբողջ թագաւորութիւնը՝ ամէնայայտնի պատմական յուշարձաններով։

Պանքոքէն 86 քմ դէպի հիւսիս կը գտնուի Սիամ հնագոյն մայրաքաղաքը եւ ժամանակակից Այուխտայեան պատմական զբօսայգին (1350-1767 թթ), որ յայտնի է իր հին աւերակ տաճարներով՝ Վատ Պրա Չաօ Պխանան Չոենգ (14-րդ դար), Չաօ Մոնգկոլ, Վատ Պրա Սի Սանպհետ (14-րդ դար), Վատ Պրա Մերու, Վատ Չայ Վատտանարամ, նաեւ Բանգ Պա Ին դղեակի աւերակները (ամառնային գահանիստը Չակրի դինաստային առաջին թագաւորներուն)։ Քաղաքը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ է։ Պանքոքի արեւմուտքը՝ Նակխոնպատխոմ փոքրիկ քաղաքի կողքին կը գտնուի Պուտտայի ամէնամեծ արձանը (127 մեթրանոց Պրա Պատհոն Չեդին), իսկ Կանչանաբուիր փոքրիկ քաղաքէն ոչ այնքան հեռու՝ Պանքոքէն 130 մեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի տխրահռչակ կամուրջը, որ կ'անցնի Կվայ գետի վրայով եւ «Մահուան ճանապարհը», որ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ կառուցած են զինուորական գերիները։ Ոչ շատ հեռու՝ «Վարդերի այգին» է, մշակութային կեդրոնը (երկրի ամէնալավ ազգագրական ցուցասրահներէն մէկը)։ Հարեւանութեամբ կը գտնուի կենդանաբանական այգին եւ փիղերի արգելոց Սամպհրան։

Հարաւային Թայլանտը զբօսաշրջիկներուն քիչ ծանօթ է, սակայն կը հանդիսանայ Թայլանտական քաղաքակրթութեան օրրան, յայտնի է իր գեղատեսիլ անտառներով, ջրվէժներով, ազգային գունագեղ տօներով, տասնեակ հին քաղաքներով եւ տաճարներով։ Չիանգմայը (Պանքոքէն 700 քմ) իր մեծութեամբ եւ կարեւորութեամբ երկրի երկրորդ քաղաքն է։ Սարերու լանջերուն տեղակայուած (2600 մ) «հին քաղաք» Չիանգմայը ստեղծուած է 1296 թ։ Շրջապատուած է հուժկու, հզօր բերդային պատով եւ պաշտպանողական խրամատով։ Քաղաքին եւ անոր շրջակայ տարածքին մէջ կան մօտաւոր 300 տաճարներ եւ պատմական յուշարձաններ։ Այնպիսի շինութիւններ, կառոյցներ ինչպիսիք են՝ Դոյի Սուտեր Շրինեն, Վատ Պրա Սինգհը, Վատ Չիանգ Մանը (1296 թ. տարածաշրջանի ամէնահին վանքն է), Պրա Սատանգ Ման, որու վրայ պատկերուած են Պուտտայի պատկերները (մօտ 2000 տարեկան), Վատ Չեդի Լուանգ, նաեւ պուտտիզմի սրբութիւններէն մէկը, որ տեղակայուած է սարի գագաթին, Չինգմայից 16 քմ. դէպի հիւսիս-արեւմուտք Վատ Դոյի Սուտխեպ տաճարը (XIII-XIV դար) եւ թագաւորական ընտանիքի ամառնային գահանիստ՝ Պխուպինգ դղեակը։ Այս բոլորը քաղաքին համաշխարհային ճանաչում տուած են։

Ոչ շատ հեռուն տեղակայուած է առեղծուածային Մեխոնգսոն քաղաքը իր Վատ Չհոնգ Կհամը տաճարով, որ քաղաքի ամէնահին շինութիւններէն մէկն է։ Հետաքրքիր է նաեւ Վան Պրախտատ Դոն Կոնգ Մու տաճարը, Պուտտայի սուրբ մասունք պահպանող Վատ Կիտտի Վոնգը, Վատ Չոնգ Կլանգ տաճարը։

Մեխոնգսոնի շուկաներուն մէջ կարելի է գտնել ազգային յուշանուէրներ Լաոսէն, Բիրմայէն եւ Թայլանտի հիւսիսային ցեղերու բացառիկ աշխատանքները։ Մեխոնգսոն շրջանը կը գտնուի Չիանգմայի եւ Չիանգրայի միջեւ։ Անիկա իւրայատուկ է իր զբօսայգիներով, հրաշալի ջրվէժներով, հարիւրաւոր քարանձաւներով, իսկ շրջակայ լեռները հարուստ են տաք հանքաղբիւրներով եւ առողջարար բուժացեխերով։ Նամտոկ-Պա-Սիա անտառային զբօսայգիին մէջ տեղակայուած համանուն վեցյարկանի ջրվէժը, Տհամ Պլա զբօսայգին մէջ կը գտնուի անկրկնելի «Ձուկերու քարանձաւը», ուր կան միլիարդաւոր գոյնզգոյն ձուկեր, իսկ ոչ այնքան մեծ գրոտի մէջ տարբեր չափերու եւ գոյներու խխունջները։ Ազգային Զբօսայգի Նամ Տոկ Մէ Սուրինը յայտնի է հարիւր մեթրանոց Մէ Սուրին ջրվէժով, ինչպէս նաեւ Նամ Լոտ քարանձաւը իր աներեւակայելի շթաքար եւ պտկաքար «այգիով»։ Մեխոնգսոնէն դէպի Չիանգմայ ճամբուն վրայ կը գտնուի ունիկալ «խոլորձներու ագարակը», ինչպէս նաեւ փիղերու յայտնի գիւղը, ուր կը բազմացնեն եւ կը վարժեցնեն այդ հսկայական կենդանիները՝ տնտեսութեան աշխատանքներու եւ զբօսաշրջիկներուն զուարճացնելու համար։

Չիանգմայէն 5 քմ դէպի հարաւ կը գտնուին Վիանգ Կում Կամի փլատակները (տարածաշրջանի ամէնահին պատմական բնակութեան վայրը, մօտաւոր X-XI դար)։ Սուկհոտայ պատմական արգելոցը տեղակայուած է Պանքոքէն դէպի 447 քմ դէպի հիւսիս եւ կը գրաւէ 70 քքմ ներառեալ Իյոմ գետի ձախ ափը, որ կը պահպանէ այս հնագոյն մայրաքաղաքի աւելի քան 100 կիսաքանդ շինութիւնները (XIII-XV դարեր), այդ կարգին նաեւ յայտնի Վատ Սի Չխում տաճարը։ Այստեղ Պուտտայի նստած արձան կայ, որու ոտքերու երկարութիւնը 11 մեթր է։ Չիանգմայը եւ անոր մօտակայ տարածքները բնակեցուած են բազմաթիւ ցեղերով ու ժողովուրդներով (մօտաւոր 550 հազար մարդ), այդ շրջանի իւրօրինակ մշակոյթը մինչեւ 20-րդ դար իր վրայ չէ զգացած քաղաքակրթութեան ազդեցութիւնը։ Տարածաշրջանի ամէնէն առեղծուածային ցեղը՝ կարեններն են («պա դոնգ», «պգհանօ»)։ Այդ ցեղերէն մէկուն մէջ կնոջ գեղեցկութեան իտէալ կը համարուին երկար պարանոցով եւ երկար ականջներով կանայք, այդ պատճառով աղջիկներուն դեռ կանուխ տարիքին պարանոցներուն տաքցուած պղնձեայ օղակներ կ'անցընէին։ Տարիքի հետ օղակները կ'աւելնան, հետեւաբար, պարանոցն ալ կ'երկարէր, որ նաեւ կանանց էկզոտիկ տեսք կու տար։ Հետաքրքրական է նաեւ «լիսի» ցեղի հիւսիսային գիւղը, որ աչքի կ'իյնայ իր հիւրընկալութեամբ։ Անոնք կը պատրաստեն շատ գեղեցիկ, վառ ազգային տարազներ, որոնք զարդարուած կ'ըլլան մեծ թիւով արծաթեայ զարդերով։ Շատ ցեղերու մէջ պաշտամունք կը համարուի օբիում ծխելը, որ որպէս մշակութային աւանդոյթներու մաս՝ իշխանութիւնները օրէնքով թոյլ կու տան (այդ թոյլտուութիւնը չի վերաբերիր զբօսաշրջիկներուն)։

Չիանգմայէն հիւսիս-արեւելք եւ Պանքոքէն 785 քմ վրայ կը գտնուի Չիանգրայը, Լաննա Տայ պետութեան նախորդ մայրաքաղաքը («միլիոնաւոր բրինձի դաշտերու թագաւորութիւնը»)։ Մեր օրերուն ալ քաղաքը յայտնի է իր արտասովոր գեղեցիկ բնութեամբ եւ բազմաթիւ Պուտտայական տաճարներով։ Նախապէս Բատ Պրա Կեոում պահպանուած է զմրուխտեայ Պուտտայի արձանը, որ այժմ կը գտնուի Պանքոքի մէջ, Նգամ Մուանգ Խիլը լեգենտար Մենգրայ Մեծի գերեզմանատունը կը համարուի, իր ճարտարապետութեամբ հետաքրքրական է նաեւ Վատ Պրա Սինխը եւ այլ շատ պաշտամունքային շինութիւններ։

Մեկոնգ գետի ափին՝ Չիանգրայէն դէպի հիւսիս-արեւելք, կը գտնուի եւս հնագոյն մայրաքաղաք մը՝ Չիանգսէն (Չիանգսաէն), որ յայտնի է իր՝ Վատ Պրա Տհատ Չոմ Կիտտի, Պրա Տհատ Դոյի Տունգ, Չեդի Վատ Պա Սակ եւ Չեդի Լուանգ տաճարներով եւ հարուստ գաւառագիտական թանգարանով։ Անմիջապէս քաղաքի սահմանէն կը սկսի յայտնի «Ոսկի եռանկիւնին» (Սոպ Ռուակը)՝ Բիրմայի եւ Լաոսի սահմանին գտնուող լեռնային անտառային շրջանը, որ Թայլանտական քաղաքակրթութեան օրրանն է եւ ուր շատ դարեր առաջ առաջացած են Թայլանտական առաջին անկախ պետութիւնները։ Այժմ այդ շրջանը յայտնի է իբրեւ «օբիումի մայրաքաղաք», բայց այդ վայրերու իսկական հմայքն են՝ լեռնային բնապատկերները, խիտ անտառներու մէջ բնակող փիղերը, ջրվէժները։

Զբօսաշրջիկներու համար առանձին հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն Թայլանտական յայտնի մարտարուեստները՝ պոքսը կամ Մուաու-Թայը («ծովամարտը»), չաեան («յաղթանակը»), շա-ֆուտ-ֆանը («հինգ մարտական կատուներու գլանը») եւ կրաբի-կրաբոնգ («ձող-փայտ»)։ Յայտնի է, որ Թայլանտցիները կը սիրեն կենդանիները ներգրաւել մոլի մարզաձեւերու մէջ. աքլորներու կռիվ, ձուկերու մրցում եւ նոյնիսկ էկզոտիկ փիղերու մարտ։ Օտարներուն թոյլ չեն տար դիտել այս մենամարտերը:

Աւանդական խոհանոց

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թայլանտական խոհանոցի իւրայատկութիւնը պայմանաւոուված է 2 հանգամանքով՝ կլիմայով եւ մշակոյթով, չնայած որ մեծ ազդեցութիւն ունեցած են նաեւ երկրի պատմութիւնը, ներգաղթը եւ արշաւանքները։ Մեծ ազդեցութիւն ունեցած է Չինաստանը, Բիրման եւ Կամբոջան։ Բարենպաստ կլիման թոյլ կու տայ, որ տարեկան երկու, նոյնիսկ երեք անգամ բերքահաւաք կատարուի, իսկ ամբողջ տարին այստեղ կ'աճի տարբեր տեսակի կանաչեղէն։ Երեւի թէ այս առատութեամբ կարելի է բացատրել այն, որ Թայլանտերէնի մէջ չկայ «սով» բառը։ Թայլանտցիներու մեծ մասը Պուտտայականութիւն կը դաւանի, որ սնունդին մէջ սահմանափակում չի դներ։ Թայլանտցիները իրենց խոհանոցին մէջ կ'օգտագործեն միսի բոլոր տեսակները, ձուկ, տարբեր տեսակի բանջարեղէն ու բազմատեսակ միրգեր։ Թայլանտցիները բարձր կը գնահատեն իրենց մշակոյթը եւ աւանդոյթները։ Անոնք կը հպարտանան իրենց ազգային ճաշատեսակներով եւ բաւական հիւրասէր են։ Փողոցներուն մէջ, ամէնուրեք տարբեր տեսակի խորտիկներ կը վաճառուին։ Թայլանտի մէջ շատ կը սիրեն տօներ եւ երեկոյթներ։ Աղմկոտ եւ ուրախ փառատօներու ժամանակ կը մատուցուին աւանդական ճաշատեսակներ, տարբեր խորտիկներ, էկզոտիկ միրգեր, թայլանտական գարեջուր կամ տեղական ուիսքի։ Բոլոր ճաշատեսակները կը մատուցուին մէկ անգամէն, որպէսզի տանտիրուհին հիւրերուն հետ նոյնպէս վայելէ ճաշը։ Թայլանտական խոհանոցի ճաշատեսակները կը ձեւաւորեն վառ ու գեղեցիկ կերպով. գեղարուեստական մօտեցումը թայլանտական խոհանոցի անբաժանելի մասնիկն է։

Ամէնօրեայ ճաշատեսակները կախեալ են եղանակէն, տարուայ ժամանակէն, բերքահաւաքէն եւ անձրեւային տարեջրջանէն։ Թայլանտցիները կերակուրին շատ լուրջ կը վերաբերին, կ'ընտրեն միայն ամէնաթարմ բաղադրամասերը։ Հիմնական մթերքներէն է բրինձը, որ կ'օգտագործուի որպէս խաւարտ, հիմնական ճաշատեսակ եւ աղանդեր։ Ուտելիքը հասարակ թայլանտցիի համար «կապ կհաօ» է, ինչ որ թարգմանաբար կը նշանակէ «այն, ինչ կ'ուտեն բրինձի հետ»։ Կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէ նաեւ կոկոսը։ Բոլոր շրջանները ունին իրենց իւրայատուկ խոհանոցը։ Խոհարարը կրնայ փոխել այս կամ այն բաղադրամասերը կամ համեմունքները՝ պահպանելով միայն հիմնական պատրաստման կարգը։ Օրինակ շատ բաղադրատոմսերու մէջ խոզի միսը կը փոխարինուի հաւի միսով կամ մանր ծովախեցգետիններով։

Կան մթերքներ, որոնք պարտադիր են բոլոր տուներուն մէջ։ Անոնք են կոկոսը, լայմը, բրինձը, չիլին, սխտորը, կոճապղպեղի արմատը եւ գինձը։

Աւանդոյթներ եւ վարքի կանոններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկրին մէջ մեծաթիւ են իւրայատուկ դաւանանքներն եւ աւանդոյթները, այդ իսկ պատճառով վարքագիծի մէջ անհրաժեշտ է ըլլալ ծայրայեղ զգուշաւոր։ Աւելի ճիշդ է հետեւիլ թայլանտցիներու վարքագիծին եւ չկողմնորոշուելու պարագային վարուիլ՝ ինչպէս տեղացիները։

Թայլանտի մէջ աւանդական բարեւը «վայ»-ն է՝ «նաւակի» նման ձեռքերուն ափերը պահելով՝ կը դնեն գլխուն, կամ կրծքավանդակին։ Ատիկա ո՛չ միայն ողջոյնի ժեստ է, այլ ամբողջ կարգավիճակային գործողութիւն մը՝ համապատասխան էթիքեթով։ «Վայ»-ի աւարտման կարգը շատ խիստ է եւ կ'ենթարկուի շարք մը օրէնքներու. ձեռքերու դիրքը եւ ժեստի շարունակականութիւնը կախեալ է դիմացինին ընկերային կարգավիճակէն. որքան բարձր է ընկերային կարգավիճակը, այնքան վեր կը բարձրանան ափերը եւ աւելի երկար կը շարունակուի «վայ»-ը։ Կարելի չէ «վերադարձնել վայը» երեխաներուն եւ սպասարկող անձնակազմին, այդ իսկ պատճառով նպատակայարմար չէ, որ զբօսաշրջիկները ընդօրինակեն այս աւանդոյթը, եթե նախօրօք չեն ուսումնասիրած ատոր կատարման բոլոր մանրամասները։ Առօրեային մէջ թայլանտցիները կը բաւարարուին ընկերական գլխով բարեւելէ եւ համաշխարհային «հելօ»-ով։ Ձեռքսեղմումը ընդունուած չէ։

Կարելի չէ դպնալ թայլանտցիի գլխուն (նաեւ փոքրիկ երեխաներուն). այդ վիրաւորական է։ Նստած մարդը, առաւել եւս, եթէ ոտքը ոտքին վրայ դրած է, ոչ մէկ պարագայի ոտնաթաթերը պէտք չէ ուղղէ մարդոց, Պուտտայի արձաններուն եւ թագաւորին կողմը։

Թայլանտցիները շատ յարգալից կը վերաբերին այլ ազգերու աւանդոյթներուն։ Անոնք բաւական հաւասարակշռուած եւ հանգիստ են. ձայն բարձրացնելը, գոռալը կը համարուի անքաղաքավարութեան դրսեւորում։ Թայլանտցի ոստիկաններուն կարելի է դիմել որեւէ հարցով։ Շատ յաճախ խօսակցականի մէջ կ'օգտագործուի օրուայ ժամանակի 6 ժամեայ կտրուածքը, այսինքն կարելի է լսել «օրուայ ժամը 5» եւ «գիշերուայ ժամը 5» (եւրոպական 17։00 եւ 23։00)։ Թագաւորական տունը ժողովուրդին կողմէ մեծ յարգանք կը վայելէ, ընդունուած է ոտքի ելլել երկրի օրհներգի կատարման ժամանակ (կը հնչէ 08։00-ին եւ 18։00-ին բոլոր հեռուստաալիքներով եւ ռատիոներով), իսկ կինոթատրոններուն մէջ բոլոր ներկայացումներէն առաջ կը ցուցադրուի թագաւորին նկարը։ Թագաւորական օրհներգի ժամանակ օտարներուն ալ խորհուրդ կը տրուի ոտքի կենալ կամ կանգ առնել, եթէ փողոցն են։ Պուտտայի բոլոր արձանները սրբութիւն կը համարուին։ Այդ պատճառով հարկ չկայ անոնց վրայ բարձրանալ՝ նկարուելու համար. սահմանուած է խիստ պատժամիջոց, կ'ոչնչացուի նոյնիսկ տեսաժապաւէնը, ուր սրբապղծութիւն նկարահանուած է։ Կանայք իրաւունք չունին դիմել վանականին, իր հերթին Պուտտայական վանականը իրաւունք չունի դպչելու կնոջը կամ անոր ձեռքէն որեւէ բան ընդունիլ։ Այդ իսկ պատճառով, եթէ կինը կ'ուզէ նուիրատուութիւն կատարել, նախ պէտք է փոխանցէ տղամարդուն, տղամարդն ալ իր կարգին պէտք է փոխանցէ վանականին։ Կարելի է զայն ուղղակի դնել վանականի հագուստին ծայրը, կամ թաշկինակի վրայ։ Մզկիթին մէջ տղամարդիկ պէտք է գլխարկ կրեն, իսկ կանանց թոյլ կը տրուի ներս մտնել տափատով, երկար շրջազգեստով, երկար թեւեր ունեցող, մինչեւ վեր կոճկուած վարտիքով եւ գլուխը ծածկող շորով։ Մզկիթ մտնելէն առաջ անհրաժեշտ է կօշիկները հանել։ Կրօնական արարողութիւններու ժամանակ այլ մարդոց մուտքը կ'արգիլուի։ Հիւրանոցներու մեծ մասը սեփական լողափ չունին։ Բարձրակարգ հիւրանոցներու լողափերուն մէջ կը կախեն դրօշներ, որոնք ցոյց կու տան ծովի վիճակը. կանաչը կը նշանակէ, որ ծովը հանգիստ է եւ կարելի է առանց սահմանափակումներու լողալ, դեղինը կը նշանակէ, որ ծովը փոթորկոտ է եւ փրկարարները ուշադիր կը հետեւին լողացողներուն։ Կարմիր դրօշը կ'արգիլէ լողալը, եւ փրկարարները նոյնիսկ իրաւունք ունեն թոյլ չտալ մօտենալու ծովին։ Պառկելաթոռի համար կը գանձուի 20-30 բատ։ Լողալ եւ արեւի լոգանք ընդունիլ առանց լողազգեստի արգիլուուած է (կը գանձուի մեծ տուգանք)։ Շատ հիւրանոցներու մէջ գիշերը լողալ արգիլուած է։ Խորհուրդ չի տրուիր անվճար երթեւեկութենէն, էքսկուրսիաներէն, անծանօթ մարդոց կողմէ առաջարկուող սնունդէ եւ խմիչքէ օգտուիլը (շատ յաճախ այդ կ'առաջարկեն թաքսիի վարորդները)։ Թաքսի նստելէն առաջ անհրաժեշտ է ճշդել՝ թաքսիի վարորդը ձեզ ճիշդ հասկցե՞ր է, թէ ոչ։ Անհրաժեշտ է հիւրանոցէն քարտ վերցնել, ուր թայլանտերէնով գրուած է հիւրանոցի հասցէն եւ երթեւեկութեան ուղին (կը պատահին վարորդներ, որոնք կարդալ չեն գիտեր)։ Երկրի ճանչցուած որոշ առողջարաններուն մէջ վերջերս սկսած են խնդիրներ առաջացնել բաւական «ազատ» բարքերը. շուրջօրեայ պարեր, թեթեւ թմրադեղերու օգտագործում, կասկածելի բաղադրութեամբ սնունդ, մարմնավաճառներ, կեղծ մուրացկաններ, կասկածելի մերսման սրահները, որոնք հեղեղած են քաղաքներու արեւմտեան ափի առողջարանային քաղաքները։

Տղամարդոց եւ կանանց թոյլ կը տրուի կիսատափատներ կրել միայն լողափը եւ հիւրանոցին մէջ։ Իւրաքանչիւր տուն, առաւել եւս տաճար մտնելու համար անհրաժեշտ է կօշիկները հանել։ Քանի մը տաճարներ կարելի է մտնել դիմացի հատուածը փակ կօշիկներով։ Հասարակական վայրեր այցելելու ժամանակ, առավել եւս տաճարներ, տափատներու եւ կիսաշրջազգեստներու երկարութիւնը պէտք է բաւական երկար ըլլայ (փակէ կոճերը)։

Օգտակար հեռախօսահամարներ զբօսաշրջիկներու համար

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զբօսաշրջիկներու համար ոստիկանութեան բաժին (062) 221-06, 221-10 եւ 16-99։ Շտապ օգնութիւն՝ (062) 281-15-44, 281-11-99։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. http://www.ratchaburi.go.th/
  2. Central Intelligence Agency The World FactbookWashington, D.C.: Central Intelligence Agency, U.S. Government Printing Office, 1981. — ISSN 0277-1527; 1553-8133
  3. http://stat.dopa.go.th/stat/statnew/upstat_age_disp.php
  4. https://data.iana.org/time-zones/tzdb-2021e/asia
  5. Հ. Ղ. Գրգեարյան, Ն. Մ. Հարությունյան (1987)։ Աշխարհագրական անունների բառարան։ Երևան: «Լույս» 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։