Jump to content

Արջակատու (Փանտա)

(Վերայղուած է Փանտա-էն)
Մեծ Արջակատու
Արջակատու (Փանտա)
Գիտական դասակարգութիւն
Թագաւորութիւն Կենդանիներ
Տիպ Քորտաւորներ
Դաս Կաթնասուններ
Ընտանիք Արջեր
Լատիներէն անուանում
Ailurօpoda melanoleuca
 David, 1865 
Հատուկ պահպանութիւն
Խոցելի տեսակ
Խոցելի տեսակ
IUCN 3.1 Vulnerable : ???
Արեալ
պատկեր


Դասակարգումը
Ուիքիցեղերու մէջ


Պատկերներ
Ուիքիպահեստի մէջ




Արջակատուն (լատիներէն՝ Ailuropoda melanoleuca) նաեւ՝ Պամպուքի Արջ, մեծ անասուն մը՝ արջերու ընտանիքէն։ Հսկայ արջակատուները կ'ապրին կեդրոնական Չինաստանի լեռներու անտառներուն մէջ:

Արջակատուները շատ դիւրին ձեւով կը զանազանուին միւս արջերէն իրենց յատուկ աչքի տակի սեւ գոյնով, մարմինին սեւ ճերմակ գոյներով եւ միւս արջերէն քիչ մը աւելի մարմինի կլորութեամբ։ Անոնք կը յատկանշուին նաեւ իրենց հաստ բուրդով՝ պաշտպանուելու համար ցուրտէն։ Արու արջակատուները ընդհանրապէս աւելի մեծ կ'ըլլան իրենց չափով, քան էգերը։ Արուները կը կշռեն մօտաւորապէս 110 քկ․, իսկ էգերը՝ 95քկ․, իսկ հասակը կ'ըլլայ մօտաւորապէս 1մ. եւ 60սմ.։

Մասնագէտները յայտնած են, թէ արջակատուներուն հսկայ թաթերը այնքան զգայուն են, որ քալելու ատեն անոնք կրնան զգալ գետնին տակ տեղի ունեցող որեւէ ցնցում[1]:

Անոնք անհետացումի վտանգին ենթակայ են. ներկայիս գոյութիւն ունի շուրջ 1600 արջակատու միայն։ Թէեւ անոնք կը դասուին մսակեր անասուններու շարքին, սակայն իրենց սնունդին իննսունինը առ հարիւրը եղէգի տերեւները կը կազմեն: Արջակատուները օրական պէտք է ուտեն 38 քիլօ եղէգ` ստանալու համար իրենց անհրաժեշտ սնունդը: Անոնց կոկորդը պատուած է յատուկ խաւով մը, որ զանոնք կը պաշտպանէ եղէգին սուր կտորներէն[2]: Հսկայ արջակատուներուն մորթը սեւ է իրենց սեւ մուշտակին տակ եւ վարդագոյն` իրենց ճերմակ մուշտակին տակ:

Կ'ուտեն նաեւ մեղր, ձու, ձուկ, գետնախնձոր, նարինջ եւ պանան։

Արջակատուներուն աղիքները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Չինացի խումբ մը մասնագէտներ փորձած են գտնել, թէ ինչպէ՛ս կրնան հսկայ արջակատուները ապրիլ իննսունինը առ հարիւր համեմատութեամբ եղէգէ բաղկացած սննդականոնով մը, երբ ունին մսակերներու աղիքներ:

Անցեալին մասնագէտներ բացատրած են, թէ բուսակեր անասունները ունին համեմատաբար աւելի երկար աղիքներ, որոնք կը նպաստեն բոյսերուն պարունակած բնաթելերուն մարսողութեան, սակայն այս տուեալը գոյութիւն չունի արջակատուներուն մօտ:

2009-ին արջակատուներուն ծինային կերտուածքներուն վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ անոնց մօտ կը բացակային ա՛յն ծիները, որոնք կը նպաստեն բոյսերուն խորշանիւթ կոչուած բնաթելերը կտրտող բնախմորներուն կազմութեան:

Վերոնշեալ զոյգ տուեալները մղած են, որպէսզի մասնագէտները ենթադրեն, թէ արջակատուներուն աղիքները կրնան պարունակել խորշանիւթով սնանող մանրէներ, որոնք որոշ դերակատարութիւն ունին անոնց մարսողական համակարգին մէջ: Սակայն, օրին արջակատուներուն աղիքներուն մէջ նման մանրէներ գտնելու փորձերը ապարդիւն եղած են[3]:

Նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ մասնագէտները նկատի ունեցած են մօտաւորապէս տասնհինգ արջակատուներ եւ անոնց վրայ կատարուած համեմատաբար աւելի սերտուած փորձարկումները ցոյց տուած են, թէ անոնց աղիքները կը պարունակեն բուսակերներուն աղիքներուն մէջ գոյութիւն ունեցող մանրէներուն նմանող տասներեք տեսակի մանրէներ, որոնք կարողութիւնը ունին կտրտելու եղէգներուն պարունակած խորշանիւթը: Նշեալ մանրէներէն եօթն յատուկ են միայն արջակատուներուն` նկատի ունենալով, որ ցարդ անոնք յայտնուած են միայն արջակատուներուն աղիքներուն մէջ:

Մասնագէտները յայտնած են, թէ արջակատուները կը մարսեն օրական իրենց կերած եղէգին տասնեօթը առ հարիւր համեմատութիւնը միայն: Նշեալ երեւոյթը որոշ չափով կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ արջակատուները եղափոխուելով` ունեցած են աւելի դանդաղ ու ուժանիւթ պահպանող ապրելակերպ մը:

Արջակատուներուն սնունդը՝ անցեալին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Արջակատուի քոթոթ

Մասնագէտները բացատրած են, թէ նախապէս արջակատուները մսակեր եղած են, սակայն, երբ մարդոց թիւը հետզհետէ աճած է, ապա անոնք մարդոցմէ հեռանալով` համեմատաբար բարձր վայրերու մէջ ապրած են եւ իրենք զիրենք վարժեցուցած են եղէգի սննդականոնին, որպէսզի որսի համար մրցակցութեան մէջ չմտնեն այլ մսակեր անասուններու հետ:

Մասնագէտները նշած են, թէ երբ միս հրամցուի արջակատուներուն, անոնք կ'ուտեն, սակայն իրենք անասուն չեն որսար` միս ուտելու համար[4]:

Արեւմուտքի մէջ մեծ արջակատուն առաջին անգամ յայտնուած է 1869-ին ֆրանսացի միսիոնար Արման Տէյվիտի շնորհիւ: 1970-ականներուն Չինաստանի համար մեծ արջակատուները դիւանագիտական կարեւոր միջոց կը հանդիսանային: Այդ նպատակով այս անասունները Ճափոնի եւ Միացեալ Նահանգներու մեծ կենդանաբանական այգիներուն վարձքով կը տրուէին:

Սակայն, այս գործունէութիւնը կը դադրի 1984-ին: Անոր փոխարէն Չինաստան կ'առաջարկէ արջակատուները այլ երկիրներու տասը տարուան վարձքով տալ: Վարձակալութեան գինը կը կազմէ տարեկան մէկ միլիոն տոլար, որմէ բացի վարձակալող կողմը կ'երաշխաւորէ, որ այդ ընթացքին ծնած բոլոր ձագերը պիտի հանդիսանան ՉԺՀ-ի սեփականութիւնը:

Չինաստանի մէջ արջակատուներու սպանութեան պարագային մահապատիժ նախատեսուած է:

Արջակատու Արջակատուները Չենտուի հետազօտական կեդրոնին մէջ

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]