Եոհան Ուոլֆկանկ Վոն Կէօթէ
Եոհան Ուոլֆկանկ վոն Կէօթէ (գերմաներէն՝ Johann Wolfgang von Goethe,28 Օգոստոս 1749[1][2][3][…], Ֆրանքֆուրթ, Սրբազան Հռոմէական կայսրութիւն[4] - 22 Մարտ 1832[1][3][3][…], Վայմար, Սաքսեն-Վեյմար-Էյզենախ, Գերմանական միութիւն[4]), բանաստեղծ, փաստաբան, թատրոնի տնօրէն, բուսաբան, քաղաքական գործիչ, նկարիչ, փիլիսոփայ, աստուածաբան, իրաւաբան, արուեստի քննադատ, երաժշտական քննադատ, գրադարանավար, գրող ճանապարհորդ, ֆիզիքոս, գրականագէտ, վիպասան, ինքնակենսագիր, դիւանագէտ, պետական գործիչ, խորագէտ, ասացուածքներու հեղինակ, օրագրի հեղինակ, հանքաբան, կենդանաբան
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կէօթէ ծնած է Մայնի Ֆրանքֆուրթ քաղաքին մէջ։ Հարուստ ընտանիքի մը երդիքին տակ։ Անոր մեծ հայրը քաղաքապետ, հայրը՝ կայսերական բարձր պաշտօնեայ էր, որ ունէր իրաւաբանական տոքթորի աստիճան, կը հետաքրքրուէր արուեստով, իր ժամանակի առաջաւոր գաղափարներով[8]։
Պատանի Եոհանի կրթութեան ու դաստիարակութեան գործը անձամբ հոգացած է հայրը, հրաւիրած է տեղւոյն յառաջատար, գիտուն մանկավարժները։ Կէօթէն օժտուած էր արտակարգ ընդունակութիւններով. տակաւին պատանի գիտակ էր մի քանի լեզուներ, փիլիսոփայութիւն, գրականութեան պատմութիւն, լրջօրէն կը զբաղէր բնագիտութեան ուսումնասիրութեամբ։
Վոլֆկանկ Կէօթէ ուսանած է Լայպցիկի եւ Սթրազպուրկի համալսարաններուն մէջ։
Գրական կեանք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ստեղծագործած է վաղ տարիքէն։ Գրած է բանաստեղծութիւններ, վէպեր։ Անոր քնարերգութիւնը կենսասէր է՝ համակուած յուզականութեամբ ու անմիջականութեամբ։
25-ամեայ Կէօթէ հռչակաւոր դարձած է «Երիտասարդ Վերթերի տառապանքները» վէպով, որ գրուած է նամականիի ձեւով։
Ան գրական վիթխարի ժառանգութիւն մը ձգեց մարդկութեան՝ շուրջ 1600 քերթուած, թատրերկեր, վէպեր ու նորավէպեր, ինքնակենսագրական բազմահատոր «Քերթողութիւն եւ ճշմարտութիւն»։ Անոր նամականին քանի մը տասնեակ հատոր կը կազմէ։
Այս բոլորին վրայ եթէ աւելցնենք նաեւ գերմանական քերթողութեան գագաթնակէտը հանդիսացող «Ֆաուստ» ողբերգութիւնը, Կէօթէ մեր եւ գալիք սերունդներուն կը ներկայանայ որպէս անկրկնելի երեւոյթ, որպէս հանճար, բառիս մոգական իմաստով՝ Genius, որ լատիներէնէ թարգմանուած կը նշանակէ «ոգի»։
Իր ապրած 83 տարիներուն ընթացքին ան ականատես եղած է Փրուսիոյ եօթնամեայ պատերազմին, Ամերիկայի անկախութեան պայքարին, Նափոլէոնի եւրոպական արշաւանքին: Ան տեսած է ֆրանսական երկու յեղափոխութիւնները եւ մերժած է յեղափոխութեան գաղափարը այն համոզումով, որ բարօրութեան կարելի է հասնիլ ոչ թէ արեան գնով, այլ ստեղծարար գործունէութեամբ եւ անդուլ ինքնակատարելագործումով։
Երկերը՝ հայերէն թարգմանուած
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Ֆաուստ»ը հայերէնի թարգմանած է գրող, խմբագիր եւ թարգմանիչ Պարոյր Միքայէլեան (1878 -1955):
Կէօթէի ստեղծագործութիւններէն թարգմանութիւններ կատարած է նաեւ երախտաշատ թարգմանիչ եւ բանասէր Արտաշէս Աբեղեան: Ան թարգմանած է մեծ գերմանացիին նորավէպերը, պատմուածքներն ու հեքիաթները: Աբեղեան ծրագրած էր Կէօթէի գործերուն վեցհատորեակը, սակայն յաջողած է հրատարակել միայն առաջինը, Գահիրէ, 1953 թուականին: Աբեղեանի թարգմանութիւններուն երկրորդ հատորը լոյս տեսած է առաջինէն քառասուն տարի ետք եւ կ՚ընդգրկէ Կէօթէի թատրերգութիւնները:
Կէօթէի շատ մը գործեր հայերէնի թարգմանուած են 19-րդ դարուն: Թարգմանական աւանդներով հարուստ հայ գրականութիւնը իրաւամբ կրնայ հպարտանալ «Ֆաուստ»ի տասնեակը անցնող թարգմանութիւններով:
Ինք, մեծ գերմանացին, մեծապէս կը գնահատէր թարգմանչական աշխատանքը, եւ լաւ թագմանութիւնը համարժէք կը համարէր բնագրին, մինչ Յովհաննէս Թումանեան արտայայտուած է թարգմանական արուեստի դժուարութիւններուն եւ պատասխանատուութեան այն զգացումին մասին, զոր պէտք է ունենայ իւրաքանչիւր լաւ թարգմանիչ։
Իր ստեղծագործութեան մէջ Կէօթէ անդրադարձած է նաեւ Արարատին եւ հայերուն։
Յովհաննէս Թումանեանի թարգմանութեամբ յայտնի է Կէօթէի «Վարդը», զոր թարգմանած է նաեւ բանաստեղծ Յովհաննէս Յովհաննիսեան՝ «Դաշտի վարդը» վերնագիրով:
Հետաքրքրական փաստ է, որ Կէօթէի «Անտառի արքան» գեղօնին առաջին հայերէնի թարգմանութիւնը դեռ իր ողջութեան, կատարած է Խաչատուր Աբովեան, երբ դեռ ուսանող էր Թորպատի համալսարանին մէջ:
Արտասովոր է Կէօթէի «Կոփտական երգ»ին ճակատագիրը: 1787-ին, դէպի Իտալիա կատարած իր ճամբորդութեան միջոցին, Կէօթէ կը ծանօթանայ արկածախնդրութիւններուն իտալացի ալքիմիկոս եւ ոսկի խարդախող Ճուզեփփէ Պալզամոյի, որուն այդ շրջանին Հռոմի պապը բանտ նետեց։ Հին եգիպտական ղպտի քուրմի իմաստութիւն ունեցող գերմանացի մեծ բանաստեղծը իր պատանի ժամանակակիցին կը սորվեցնէ մարդ դառնալու եւ կեանքի դաժան պայմանները դիմակայելու դժուարին արուեստը։ Բանտը Կէօթէ կը նմանցնէ երկրին, իսկ մուրճը՝ երկրի տիրակալին:
Յետագային Կէօթէի այս պզտլիկ բանաստեղծութիւնը պիտի հնչէր ֆաշիստական բանտերուն մէջ, իսկ «մուրճ եւ զնդան, բանտ» խորհրդանիշները պիտի դրոշմուէին արեւելեան Գերմանիոյ պետական դրօշին։
Այդ բանաստեղծութիւնը առաջին նկատողներէն եղած է Աւետիք Իսահակեան, որուն ձեռագրերուն մէջ պահպանուած է իր իսկ ձեռքով ընդօրինակուած քերթուածը եւ կը վկայէ Կէօթէի գործերուն հանդէպ անոր հետաքրքրութեան մասին:
Կէօթէի սիրային քերթողութեան գուցէ բարձրակէտը պէտք է համարել «Էլեկիա» բանաստեղծութիւնը, որ 74-ամեայ գրողին խոստովանանքն է, 19-ամեայ Ուլրիքէ ֆոն Լեւեցովին հանդէպ ունեցած բուռն զգացմունքին պոռթկումը։ 17-ամեայ Ուլրիքէ ֆոն Լեւեցովին 72-ամեայ Կէօթէ առաջին անգամ ծանօթացաւ 1821-ի ամրան, Պոհեմիոյ հանքային ջուրերու ամարանոցին մէջ, ուր աղջիկը հանգստանալու գացած էր մօրը հետ:
Անոնց հանդիպումները կրկնուեցան 1822 թուականի յուլիսին, նոյն վայրին մէջ։ Այդ հանդիպումներուն արձագանգն է «Էոլեան տաւիղ» բանաստեղծութիւնը, որ, ըստ գրողին, Ուլրիքէէն բաժնուելու մասին է։
Երրորդ անգամ 74-ամեայ բանաստեղծը 19-ամեայ Ուլրիքէին հանդիպեցաւ 1823 օգոստոսին: Այդ ոչ-սովորական սէրը հասաւ գագաթնակէտի եւ ունեցաւ նոյնքան ցնցող հանգուցալուծում։
Կէօթէի սիրային ու գրական կեանքը եղած են մշտական միասնութեան մէջ։ Ան հատորներ կը գրէր իր ռոմանթիք զգացումներուն մասին․ իսկ ժամանակակիցները զայն անուանած են «գերմանական Շէյքսփիր»:
«Իմ բոլոր ստեղծագործութիւններս միայն բեկորներ են կեանքիս մեծ խոստովանութենէն», առիթով մը ըսած է հանճարեղ գրողը[9]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
- ↑ 2,0 2,1 Jean Wolfgang Goethe de — ministère de la Culture.
- ↑ 3,0 3,1 3,2 3,3 3,4 3,5 3,6 3,7 Internet Broadway Database — 2000.
- ↑ 4,0 4,1 4,2 4,3 4,4 4,5 Archivio Storico Ricordi — 1808.
- ↑ https://www.google.co.uk/books/edition/Kierkegaard_Eve_and_Metaphors_of_Birth/euHaDwAAQBAJ?hl=en&gbpv=1&pg=PA126&printsec=frontcover
- ↑ Biodiversity Heritage Library — 2006.
- ↑ https://www.kunstverein-sachsen.de/chronik/1828-1946.html
- ↑ «Johann Wolfgang von Goethe | Biography, Works, Faust, & Facts | Britannica»։ www.britannica.com (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2022-02-26
- ↑ «ԱՅՍՕՐ ԾՆԱԾ Է ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԻՏԱՆՆԵՐԷՆ ԿԷՕԹԷ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-02-26