Jump to content

Նահապետ Քուչակ

Նահապետ Քուչակ
Ծնած է անհայտ
Մահացած է 1592[1]
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ

Նահապետ Քուչակ, Նահապետ վարպետ աշըղ Քուչակ, Չիչակ, վանեցի կամ Վանլի Քոչակ, ծնած է (ԺԵ. դարու վերջ ԺԶ. դարու սկիզբ-1592), հայ աշուղ-երգիչ:

Նահապետ Քուչակին ծնունդը ենթադրաբար կը վերագրուի 1490-ական թուականներու սկիզբներուն, իսկ մահը, համաձայն հայրենի գիւղին Ս. Թէոդորոս եկեղեցւոյ պատին տակ պահպանուած շիրմաքարին արձանագրութեան՝ 1592-ին: Այս ժամկէտները լիովին կը համընկնին իր հասակին մասին անոր ձգած յիշատակարանին ու բովանդակութեան:

Ես Քուչակս եմ վանեցի,
Ի գեղէն Խառակոնիսա,
Լըցեր եմ հարիւր տարին,
Էլ չի գար մտքիկս ի վերայ....

Անոր մասին եղած ժողովրդական զրոյցները եւ «Նահապետ վարպետ» կոչումը կը վկայեն, որ եղած է սիրուած երգիչ մը եւ աշուղ մը:

Նահապետ Քուչակին անունով գրաւոր եւ բանաւոր աւանդութեամբ պահպանուած են եւ առայժմ յայտնի են շուրջ մէկ տասնեակ կրօնական, բարոյախրատական եւ սիրային բովանդակութեամբ աշուղական երգեր՝ հայերէնով ու թրքերէնով, որոնցմէ եօթը՝ հայատառ թրքերէնով: 1880-ական թուականներէն թիւրիմացաբար Նահապետ Քուչակին վերագրուած են նաեւ միջնադարեան հայրենները[2]:

Հին գրչագիրերուն մէջ Քուչակին անունով պահպանուած է ինը բանաստեղծութիւն: Ոչ մէկ ընդհանրութիւն ունին միջնադարեան հայրեններուն հետ, որոնք, 1882-էն սկսեալ, որոշ հրատարակիչներու ու գրականագէտներու կողմէ, առանց որեւէ լուրջ հիմնաւորման, կը վերագրուին Քուչակին: Բացի ատկէ` դեռ չէ յայտնաբերուած հայրեն պարունակող որեւէ հին ձերագիր, որուն հայրենները որեւէ շարքի հեղինակ կը վկայէ Նահապետ Քուչակը:

Քուչակի աշուղական երգերը իրենց վրայ կը կրեն աշուղական երգի բոլոր յատկանիշները, թէ՛ ծաւալով ու տաղաչափութեամբ, որոնք թէ´ արտայայտման ձեւերով եւ թէ բովանդակութեամբ ու լեզուամտածողութեամբ տարբեր են հայրեններէն[3]:

Հեղինակը իր սիրտը կը համարէ սիրոյ օրրան կամ ակունք, որմէ կը բխի սէրը եւ կը տարածուի աշխարհով մէկ.

«Երբ սէրն ի աշխարհ եկաւ, եկաւ իմ սիրտըս բնակեցաւ, Ապա իմ սրտէս ի դուրս՝ երկըրէ երկիր թափեցաւ...[4]»

Քուչակին մասին միջնադարուն ստեղծուած են տարբեր աւանդութիւններ: Ըստ անոնցմէ մէկուն` Քուչակ իր երգերուն մոգական զօրութեամբ բուժած է թուրք սուլթանին` անբուժելի հիւանդութեամբ տառապող տիկնոջը, որուն համար սուլթանը, Քուչակին ցանկութեամբ, Կոստանդնուպոլիսէն մինչեւ Խառակոնիս կառուցած է եօթ կամուրջ, եօթ եկեղեցի եւ եօթ մզկիթ:

Մէկ ուրիշ աւանդութեան համաձայն` Նահապետ Քուչակ իր համագիւղացիները կը հրաւիրէ գիւղի եկեղեցին, իսկ ինք, բարձրանալով վանքին կատարը, կ'ըսէ, թէ ինքզինք վար պիտի նետէ, ուր որ իյնայ, հոն ալ թող թաղեն զինք: Գիւղացիները, կարծելով, թէ ան կատակ կ'ընէ, չեն հաւատար անոր խօսքը: Իսկ ան իսկոյն վար կը նետուի ու կը մեռնի: Ինկած տեղն ալ` եկեղեցիին պատի տակ, կը թաղեն զինք:

Պուքրէշ լոյս տեսնող «Ռումանիա Լիպեր» օրաթերթը իր 4 Սեպտեմբեր 1963-ի թիւին մէջ կը հրատարակէ հետեւեալ յօդուածը` Նահապետ Քուչակի բանաստեղծութիւններուն մասին:

Ամենագեղեցիկ բանաստեղծութիւնները» խիստ ժողովրդական հաւաքածոյին մէջ, Վիքթոր Թուլպուրէի ու Տան Տելլիուի թարգմանութեամբ, լոյս տեսած են բանաստեղծութիւնները Նահապետ Քուչակի, որ նկատուած է աշխարհի մեծ քնարերգուներէն մէկը: Նոր քերթուածները առաջին անգամ հնչեցին չորս դար առաջ: ԺԶ. դարու Հայաստանի թափառաշրջիկ երգիչը թողած է քանի մը բանաստեղծութիւններ` նուիրուած պանդխտութեան ու սիրոյ, երգեր, զորս առիթ ունինք վայելելու սքանչելի թարգմանութեամբ մը․․․[5]:
- «Ռումանիա Լիպերը» օրաթերթ


Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. CERL ThesaurusConsortium of European Research Libraries.
  2. Նահապետ Քուչակ
  3. «Աշուղական երգերը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-12-25-ին։ արտագրուած է՝ 2020-09-15 
  4. «Քուչակի ոճը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-05-14-ին։ արտագրուած է՝ 2020-09-15 
  5. Նահապետ Քուչակ Ռումաներէնով
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։