Համաշխարհային Առաջին Պատերազմ
Համաշխարհային Առաջին Պատերազմ (անգլերէն՝ First World War կամ Great War կամ WWI, 28 Յուլիս 1914 - 11 Նոյեմբեր 1918 ), մարդկութեան պատմութեան ընթացքի տեղի ունեցած ամէնէն արիւնալի ռազմական հակամարտութիւններէն մին։ Պատերազմին ներգրաւուեցան այն ժամանակ գոյութիւն ունեցող 59 ինքնիշխան երկիրներէն 38-ը։ Հակամարտութիւնը ստացած է իր անուանումը միայն 1939 թ.՝ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի սկսելէն յետոյ։ Պատերազմող պետութիւններն ունէին իրենց գլխաւոր նպատակները՝
- Անթանթ (Եռեակ Միութիւն)
- Ֆրանսա՝
- Լուծել 1870 թ. Գերմանիայէն կրած պարտութեան վրէժը
- Պահպանել եւրոպական գերտէրութեան կարգավիճակը
- Մեծն Բրիտանիա
- Պահպանել իր գաղութները
- Խլել Գերմանիայէն անոր ազդեցութեան ոլորտները
- Ռուսիա
- Վերջնականապէս հաստատուիլ Պալքաններու եւ Անդրկովկասի մէջ
- Խլել Օսմանեան Թուրքիայէն Վոսփորի եւ Տարտանելի նեղուցները։
- Ֆրանսա՝
- Քառեակ դաշինք (Կեդրոնական Պետութիւններ)
- Գերմանիա
- Ձեռք բերել նոր գաղութներ
- Հաստատել գերիշխանութիւն Եւրոպայի մէջ
- Օսմանեան կայսրութիւն
- Իրագործել իր վաղեմի ծրագիրը՝ ստեղծել Մեծ Թուրանը
- Աւստրիա-Հունկարիա
- Նուաճել եւ իրեն ենթարկել ամբողջ Պալքանեան թերակղզին
- Իտալիա (պատերազմի կէսէն դուրս եկաւ Քառեակ դաշինքէն եւ մտաւ Անտանտի մէջ)
- Ընդլայնել գաղութներու տարածքը
- Պուլկարիա (պատերազմի կէսէն մտաւ Քառեակ դաշինքի մէջ)
- Ամրապնդիլ իր դիրքերը Եւրոպայի մէջ
- Գերմանիա
Նշուած քաղաքական նպատակներէն բացի, պետութիւնները կը հետապնդէին նաեւ այլ՝ տնտեսական, տեղային, ռազմական նպատակներ։ Պատերազմի մէջ մտնել կը ստիպէին նաեւ դաշնակցային պարտաւորութիւնները։ Միւս փոքր պետութիւնները, չունենալով իրագործելի յաւակնութիւններ, յարեցան այս կամ այն կողմը, ինքնապաշտպանութեան նպատակով։
Պատերազմին սկիզբը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի ձեւական սկիզբը կը համարուի Աւստիա-Հունկարիոյ թագաժառանգին սպանութիւնը Սարեւոյին մէջ։ Ֆրանց-Ֆերտինանտի սպանութենէն ետք Ավստրիա-Հունկարիան կարգ մը անընդունելի պայմաններ ներկայացուց Սերպիոյ։ Ֆրանց Եոզեֆի նպատակը եղած էր ներկայացուած վերջնագիրի պայմաններու չկատարումը որպէս առիթ օգտագործելով պատերազմ յայտարարել սերպերուն, սակայն Ռուսիոյ խորհուրդով Սերպիան համաձայնեցաւ կատարիլ զանոնք։ Չնայած ատոր՝ Ավստրիա-Հունկարիան Յուլիս 28-ին պատերազմ յայտարարեցաւ Սերպիոյ։ Գերմանիան վերջնագիրներ ներկայացուց Ֆրանսային եւ Ռուսիոյ։ Ֆրանսայէն նա կը պահանջէր չեզոքութիւն պահպանիլ, Ռուսիայէն՝ չեղեալ համարիլ յայտարարած համընդհանուր զօրահաւաքը։ Երկու վերջնագիրներն ալ մերժուեցան. Ֆրանսան կը կարծէր, որ վերջնագիրին ընդունումին պարագային Ուիլհելմը կը պահանջէ իրեն յանձնել նաեւ սահմանային ամրութիւնները։ Սա վերջնագիրներու մերժումները որպէս առիթ օգտագործելով՝ Գերմանիան պատերազմ յայտարարեցաւ Օգոստոս 3-ին Ֆրանսային, իսկ Օգոստոս 1-ին՝ Ռուսիոյ։ Մեծ Պրիթանիան Գերմանիայէն պահանջեց նկատի առնիլ Պելճիքայի չեզոքութիւնը։ Գերմանիոյ մերժումէն ետք եւ անոր դեսպանին յանձնած վերջնագիրով, Անգլիան մտաւ պատերազմին մէջ․ վերջնագիրը կ՛ըսէր՝ «Նորին Մեծութեան կառավարութիւնը կը կարծէ, որ 1914 Օգոստոս 4-ի երեկոյեան ժամը 23-էն երկու երկիրնեու միջեւ պատերազմական դրութիւն է»: Այս գրութեան մէջ նշուած ամսաթիւը կը համարուի Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի սկիզբը։
Պատերազմին ընթացքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կը կարծուէր, թէ 1914 Օգոստոսին սկսած Մեծ պատերազմը պիտի տեւէ երեքէն-չորս ամիս։ Սուրբ Ծնունդի օրերը կը սպասէին, յուսալով թէ պիտի վերջանայ։ Առողջ դատողութիւնը կը յուշէր, որ ժամանակակից պատերազմը պիտի ընթանայ աւելի սրընթաց եւ վճռական, քան անցեալին եղածները։ Գործնականը եղաւ այն, որ պատերազմը տեւեց ՛չ թէ չորս ամիս, այլ՝ չորս տարիէն աւելի։[1] Պատերազմի նպատակն էր՝ աշխարհը վերաբաժանել, անոր քաղաքական քարտէսը վերակազմել։ Անգլիան ծրագրած էր կործանել իր ամէնէն վտանգաւոր մրցակից Գերմանական կայսրութիւնը, Թուրքիայէն բռնագրաւել Միջագետքն ու Պաղեստինը, ամրանալ Եգիպտոսի մէջ եւ պահպանել իր գաղութային կայսրութիւնը։ Ֆրանսան կ'ուզէր ետ առնել 1871-ին Գերմանիայէն գրաւուած Ալզասն ու Լոթարինգիան եւ բռնագրաւել Սաարի ածուխի աւազանը։ Գերմանիան, նպատակակէտ ունենալով տիրապետել Եւրոպայի մէջ, կը ձգտէր պարտութեան մատնել Անգլիան, Ֆրանսան, Պելճիքան ու Հոլանտան, գրաւել անոնց գաղութները, մասնատել Ռուսիան։ Աւստրիա-Հունկարիան մտադիր էր զաւթել Սերպիան ու Մոնթենեկրօն, իսկ Ռուսիան կը ցանկար գրաւել Կալիցիան ու Արեւմտեան Հայաստանը, կործանել Օսմանեան Կայսրութիւնը, նուաճել Վոսփորն եւ Տարտանել նեղուցները, դուրս գալ Միջերկրական ծով։ Թուրքիան որոշած էր գրաւել Կովկասը, Ղրիմը, Իրանի Ատրպատական նահանգը, Կեդրոնական Ասիան եւ իրագործել իր համաթուրանական ծրագիրը։ Առաջին աշխարհամարտը սկսելու առիթը Աւստրա-Հունկարիայի գահաժառանգ Ֆրանց Ֆերտինանտի սպանութիւնն էր սերպ ազգայնականներու կողմէ՝ 1914 Յունիս 28-ին Սարայեվոյի մէջ։ Աւստրիա-Հունկարիան պատերազմ յայտարարեց Սերպիոյ դէմ։ Ռուսիան զօրահաւաքի սկսաւ։ 1914 Օգոստոս 1-ին Գերմանիան պատերազմ յայտարարեց Ռուսիոյ դէմ եւ Օգոստոս 3-ին՝ Ֆրանսայի։ Գերմանական զօրքերը Պելճիքայի վրայէն կը յարձակին Ֆրանսայի վրայ։ Պահանջելով չխախտել Պելճիքայի չեզոքութիւնը՝ Օգոստոս 4-ին Անգլիան պատերազմ յայտարարեց Գերմանիոյ դէմ։ Հոկտեմբեր 29-ին գերմանա-աւստրիական խմբաւորումին միացաւ Թուրքիան։ Հետզհետէ կ'աւելնար պատերազմի մասնակիցներուն թիւը. աշխարհի 59 պետութիւններէն պատերազմին կը մասնակցէին 38-ը. պատերազմն ընդգրկած էր Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Ափրիկէի աւելի քան 4 մլն. քմ2 տարածք՝ շուրջ 1.5 մլր բնակչութեամբ (երկրագունդի բնակչութեան 87%-ը)։ Ռազմական գործողութիւնները կ'ընթանային մօտ մէկ տասնեակ ռազմաբեմերու վրայ, սակայն գլխաւոր ճակատները երկուք էին․ արեւմտաեւրոպականը՝ ֆրանս-գերմանական եւ Պելճիքայի սահմանագիծին երկայնքին, մօտ 700 քմ․ եւ արեւելաեւրոպականը (ռուսականը)՝ ռուս-գերմանական ու ռուս-աւստրիական սահմաններու երկայնքին։ Կարեւոր էր նաեւ Կովկասեան ճակատը, ուր մարտական գործողութիւնները կ'ընթանային Սեւ Ծովէն մինչեւ Ուրմիոյ լիճը՝ 720 քմ երկարութեամբ։ 1914-ի ամէնամեծ ճակատամարտը տեղի ունեցած է Մարն եւ Էն գետերու աւազանին շուրջ, ուր երկու կողմէն 1.5 մլն մարդ զոհուեցաւ եւ վիրաւորուեցան 600 հազար։ Ֆրանս-անգլիական զորքերը կասեցուցին գերմանական զօրքերու առաջխաղացումը դէպի Փարիզ եւ հակառակորդին ստիպեցին նահանջել մինչեւ Էն գետը։
Արեւմտեան ճակատի մէջ սկսան դիրքային պատերազմ։ Օգոստոսի վերջին Գերմանիային պատերազմ յայտարարած Ճափոնը սկսաւ Խաղաղական ովկիանոսի մէջ բռնագրաւել գերմանական տիրոյթները եւ հպատակեցնել Չինաստանը։ Կովկասեան ռազմաճակատին մէջ 1914-ի Դեկտեմբեր 9-էն մինչեւ 1915-ի Յունուար 5-ը Սարիղամիշի մօտ ռուսական բանակը գլխովին ջախջախեց թրքական 90 հազարանոց զօրքը (փրկուեցան միայն 12 հազարը), իսկ ռազմական նախարար Էնվեր փաշան հազիւ խուսափեցաւ գերեվարուելէն։ Ռուսերը թուրքերուն վտարեցին Իրանի Ատրպատական նահանգէն։ Գերմանիան, նպատակ ունենալով տիրապետող դիրք գրաւել Եւրոպայի մէջ, կը ձգտէր պարտութեան մատնել Անգլիան, Ֆրանսան, Պելճիքան ու Հոլանտան։ Ռուսական զօրքերու յարձակումը ծանր կացութեան մատնեց Աւստրիա-Հունկարիան։ Դաշնակիցին օգնելու համար Գերմանիան լայնածաւալ յարձակումի սկսաւ եւ գրաւեց լեհ-լիթուանական հողերը։ Թէեւ ռուսերը 300 հզ. զոհ տուին, սակայն Ռուսիան դիմացաւ։ 1915-ին Պալքանեան ճակատի վրայ Իտալիան կ'անցնի Անտանտի կողմը։ Աւստրիա-Հունկարիան նուաճեց Մոնթենեկրօն եւ Ալպանիան։ Պուլկարիան պարտութեան մատնեցաւ Սերպիայէն։ 1915 Ապրիլ 22-ին Արեւմտաեւրոպական ճակատին վրայ Իփր քաղաքի մերձակայքը գերմանացիներն առաջին անգամ օգտագործեցին քիմիական զէնք (թունավորւեցաւ 15 հզ. մարդ)։ 1915-ի Մայիսին ռուսերը հայ կամաւորական ջոկատներու աջակցութեամբ գրաւեցին Վանը։ Սակայն Յուլիսին ռուսական բանակը ժամանակաւորապէս ձգեց հայկական տարածքները, որ ճակատագրական եղաւ արեւմտահայութեան համար։ 1916-ին Գերմանիան մեծ յարձակումի ձեռնարկեց Վերտենի շրջանին մէջ (Արեւմտեան ճակատ), ուր կողմերը վճռական յաջողութեան չհասան։ «Վերտենեան մսաղացի» մէջ հակառակորդները տուին մօտ 1.5 մլն. զոհ։
Նոր զինատեսակներ Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի ընթացքին.
Անգլիական Mark I հրասայլը (ձախը), Fokker Dr1 կործանիչները (աջը)
|
Պատերազմը Պալքաններու Մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ռուսիոյ հետ ընդհարելով, Աւստրիա-Հունգարիոյ բանակի միայն մէկ երրորդը յարձակման կ'ուղարկուի սերպերուն դէմ։ Մեծ կորուստներու գնով աւստրիացիները կը գրաւեն Սերպիայի մայրաքաղաք Պելկրատը: Սերպիոյ հակայարձակումէն յետոյ, անոնք կրցան թշնամին ետ մղել երկրի տարածքէն 1914 թուականի վերջերուն։ 1915 թուականի առաջին տասը ամիսներուն ընթացքին, Աւստրիա-Հունգարիան Իտալիոյ դէմ կ'օգտագործէ նախապատրաստուած պահեստային զօրքի մեծ մասը։ Գերմանական եւ աւստիա-հունգարական դիւանագէտները համոզեցին Պուլկարիան միանալ Սերպիոյ դէմ յարձակումին 1915 թուականի Սեպտեմբեր 6-ին[3]: Աւստրիա-Հունգարիոյ գերիշխանութեան տակ գտնուող շրջաններ՝ Սլովենիան, Քրուաթիան եւ Պոսնիան զինուորներ կը տրամադրէին Աւստրիա-Հունգարիոյ, որպէսզի Սերպիան նուաճեն, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ եւ Իտալիոյ դէմ մարտնչելու համար։ Մոնթենեկրոն դաշնակից էր Սերպիոյ[4]:
Սերպիան գրաւեցին արագօրէն, քանի որ կեդրոնական ուժերուն միացած էր Պուլկարիան 600.000 զօրքով։ Սերպական բանակը, կռուելով երկու ճակատներու վրայ, պարտութիւն կրեց եւ նահանջեց հիւսիսային Ալպանիա։ Սերպերը յաղթանակ տարին Քոսովոյի ճակատամարտին։ Մոնթենեկրոն կը պաշտպանէր սերպերը Ատրիաթիքի ափերէն, սակայն աւստրիացիները Մոնթենեկրոն նոյնպէս գրաւեցին։ Սերպ զինուորները նաւերով Յունաստան կ'ապաստանին՝ Քերքիրա[5]: Նուաճելուելէն ետք Սերպիան բաժնուեցաւ Պուլկարիոյ եւ Աւստրիա-Հունգարիոյ միջեւ։
1915 թուականի վերջը ֆրանս-անգլիական զօրքերը իջեւանեցան Սելանիկի մէջ, որ ստիպեն Յունաստանը պատերազմի մէջ մտնել Անթանթի կողմը։ Սակայն գերմանամէտ թագաւոր Կոնստանթին Ա․ը դէմ էր կեդրոնական ուժերուն դէմ դուրս գալ․ Յունաստանի վարչամեքենային մէջ, թագաւոր Կոստանթինոս Ա․ի եւ վարչապետ Էլեֆթերիոս Վենիզելոսին միջեւ երկճակատում կայ[6]: Արդիւնքը՝ Աթէնքի մէջ տեղի ունեցան բախումներ, որմէ ետք թագաւորը գահը զիջեցաւ իր որդիին՝ Ալեքսանդրին, իսկ Յունաստանը պաշտօնապէս մտաւ պատերազմի մէջ Անթանթի կողմը։
Կովկասեան Ճակատ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կովկասեան ճակատի վրայ ռուսական զօրքերը յաջող յարձակումի ձեռնարկելով, 1916-ին գրաւեցին Էրզրումը, Երզնկան, Մամախաթունը, Տրապիզոնը, Պիթլիսը եւ այլ տարածքներ, հասնելով Սեբաստիայի վիլայէթ։ 1916-ի երկրորդ կիսուն անգլա-ֆրանսական զօրքերը Սոմմէ գետին մօտ (Արեւմտեան ճակատ) անցան հակայարձակման եւ մինչեւ տարեվերջ ձգձգուած պատերազմին հասան աննշան յաջողութեան։ Երկու կողմէն սպաննուեցաւ ու վիրաւորուեցաւ շուրջ 1 միլիոն 300 հզ. մարդ։ Հոն անգլիացիներն առաջին անգամ օգտագործեցին հրասայլեր։ 1915–16 թուականներու ռազմական գործողութիւններու հիմնական արդիւնքը գերմանա-աւստրիական խմբաւորումի (կեդրոնական պետութիւններու) թուլացումը եղած էր եւ բեկումը պատերազմին մէջ, յօգուտ Անթանթի։ Առաջին աշխարհամարտի մէջ կ'ամայացուէին ընդարձակ տարածքներ եւ նոյնիսկ՝ երկիրներ։ Սերպիոյ բանակը, մինակ մնալով թշնամական ուժերու դէմ, ջախջախուեցաւ։ Սերպ ժողովուրդը ենթարկուեցաւ բազում տառապանքներու. անոր զգալի մասը հեռացաւ հայրենիքէն։
Ռուսիան՝ պատերազմի վերջաւորութեան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աշխարհամարտի ամէնասեւ էջը հայոց Մեծ Եղեռնն էր։ Ցեղասպանութեան ենթարկուեցան նաեւ Օսմանեան կայսրութեան այլ ժողովուրդներ՝ յոյները, ասորիները եւ ուրիշներ։ 1917-ի սկիզբը, Ռուսիոյ մէջ քաղաքական ճգնաժամը հասաւ գագաթնակէտին։ Փետրուարեան յեղափոխութեան հետեւանքով ստեղծուեցաւ Ժամանակաւոր կառավարութիւն, որ Ապրիլին իր դաշնակիցներուն հաւաստիացուց պատերազմը մինչեւ յաղթական աւարտի, շարունակելու մտադրութեան մասին։ 1917-ին Արեւմտեան ճակատի վրայ Անթանթն անյաջողութիւններ ունեցաւ, ձախողեցաւ նաեւ ռուսական բանակի յունիսեան հարձակումը։ Աւելի եւս խորացող ճգնաժամի պայմաններուն, 1917-ի Հոկտեմբեր 25-ին (նոր տոմարով՝ նոյեմբերի 7-ին) Փեթրոկրատի մէջ կատարուեցաւ զինեալ յեղաշրջում եւ իշխանութեան անցած պոլշեւիկեան կուսակցութիւնը առաջարկեց համընդհանուր հաշտութեան պայմանագիր կնքել, դուրս եկաւ Անթանթէն եւ Գերմանիոյ ու անոր դաշնակիցներուն հետ 1918 Մարտի 3-ին Պրեսթ-Լիթովսկի մէջ կնքեց հաշտութեան պայմանագիր։ Խորհրդային Ռուսիան Գերմանիային կը զիջէր Պելառուսիոյ (այժմ՝ Պելառուս) տարածքներ ու պալթեան երկիրները։ Ֆինլանտան եւ Ուքրանիան կը ճանչցուին իբրեւ անկախ երկիրներ։ Թուրքիային կ'անցնէին Կարսը, Արտահանը եւ Պաթումը։ Պայմանագիրը աղիտալի հետեւանքներ ունեցաւ հայ ժողովուրդին համար, առանձին մնաց թրքական բանակին դէմ (ռուսական զօրքերը լքեցին Արեւմտեան Հայաստանը)։
Պատերազմին աւարտը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1918 Մարտ-Յունիսին Արեւմտաեւրոպական ռազմաճակատին վրայ, գերմանական զօրքերը անցան յարձակման եւ մեծ կորուստներու գնով հասան Մարն գետի շրջանը, որ Փարիզէն հեռու է 70 քմ։ Բայց ատիկա Գերմանիոյ վերջին յաջողութիւնը եղած էր։ Օգոստոսին Անթանթի զօրքերը ծանր պարտութեան մատնեցին գերմանական բանակը։ Սեպտեմբեր 26-ին անգլա-ֆրանսական ու ամերիկեան զօրքերն անցան ընդհանուր յարձակման եւ գերմանական բանակներուն ստիպեցին հեռանալ Ֆրանսայի տարածքէն։ Սեպտեմբեր 29-ին անձնատուր եղաւ Պուլկարիան, Հոկտեմբեր 30-ին՝ Մուտրոսի զինադադարով՝ Թուրքիան, Նոյեմբերի 3-ին՝ Աւստրիա-Հունգարիան։ Նոյեմբեր 11-ին Քոմփիէնի զինադադարով Գերմանիան անձնատուր եղաւ. աւարտեցաւ Համաշխարհային Առաջին Պատերազմը, որ տեւեց 4 տարի 3 ամիս եւ տասը օր։ Սպաննուեցան մօտ 10 մլն, վիրաւորուեցան եւ խեղդամահ դարձան 20 մլն մարդ։
Պատերազմին մասնակցած երկիրները, միջին հաշուով կորսնցուցին իրենց ազգային հարստութեան 1/3-ը։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Նորման Տէյվիս, Եւրոպա.Պատմութիւն [1] էջ 933 լիթուաներէն Վերցուած է 2016 Յունիս 01-ին
- ↑ "Պալքանեան Պատերազմները եւ Համաշխարհային Առաջին Պատերազմը": Քոնկրեսի երկիրներու պատմութեան գրադարան:
- ↑ Spencer Tucker, Priscilla Mary Roberts (1 January 2005)։ World War One։ ABC-CLIO։ էջեր 241–։ ISBN 978-1-85109-420-2
- ↑ Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
- ↑ Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
- ↑ Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.