Jump to content

Սփիւռքահայ Երաժշտութիւն

Սփիւռքահայ երաժշտութիւն, հայկական երաժշտութեան կարեւորագոյն բաղկացուցիչներէն, որուն միջոցով կ'ամբողջանան հայ երաժշտարուեստի պատմութիւնը, Սինանեան նուագախումբը (1861 թուական, հիմնադիր՝ Գրիգոր Սինանեան, Կոստանդնուպոլիս) իմաստային, գեղագիտական, ոճային արժէքն ու բնութագիրը։

Կոմիտաս

Չնայած տարբեր ազգային մշակոյթներու ազդեցութեանն ու ոճային բազմազանութեաը՝ սփիւռքահայ ստեղծագործողներն իրենց արուեստը կը խարսխեն ազգային երաժշտարուեստի հիմնական միտումներուն՝ օգտուիլ հայկական ժողովրդական ստեղծագործութենէն, օգտագործել հայ հնագոյն երաժշտութեան լաւագոյն նմուշները, հետեւիլ Կոմիտասի աւանդութիւններուն, Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործական սկզբունքներուն, անդրադառնալ Հայաստան աշխարհին, անոր անցեալին ու ներկային, դիմել հայ քնարերգութեան եւ այլն։

Արամ Խաչատրեան

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, XX դարուն, առաջին տասնամեակէն սկսեալ, համախմբուած է հայ երաժիշտ ստեղծագործողներու խումբ մը, որուն առաքելութիւնը հայ ազգային երաժշտութիւնը օտար ափերուն մէջ պահպանելն է։ Այստեղ հայ երաժշտարուեստի զարգացման նախաքայլերէն է խմբերգային արուեստի տարածումը։

Խմբերգային արուեստ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առաջին հիմնադիրներէն մէկն էր Գրիգոր Գալֆայեանը: Ան 1913 թուականին ստեղծած է հայրենասիրական երգեր («Ապրիր, Հայաստան», «Ալեչարչար», «Մինչեւ երբ» եւ այլն), յայտնի է նաեւ անոր «Պատարագը»։ Բացառիկ գործունէութիւն ծաւալած է Գրիգոր Սիւնին, որ հաւաքած, ձայնագրած ու մշակած է ժողովրդական երաժշտութեան բազմաթիւ նմուշներ, գրած է մեներգներ եւ խմբային երգեր («Հայ երգփունջ»), նաեւ ստեղծած է երգչախումբեր։

Ուսուցիչ-խմբավար եւ երգահան Կոմիտասի երգերէն, Վաղարշակ Սրուանձտեանցը հաւաքած ու մշակած է շարք մը ժողովրդական երգեր («Հայ գեղջուկ երգեր», «Հոգու ձայներ», «Նոր երգեր», «Հայ պարեր», նաեւ մանկական երգեր, խմբային երգեր եւ օփերաներ)։

Համբարձում Պերպերեանի բազմաժանր ստեղծագործութիւնը ունի ազգային վառ ինքնատպութիւն ու հնչերանգային եւ ռիթմային հետաքրքիր համադրում: Ուշագրաւ են անոր «Խորհուրդ Վարդանանց», «Աղօթք վաղուայ օրուայ սեմին» գործերը, «Ռեքուիեմը», քանի մը տասնեակ երգեր, տարբեր գործիքներով։

Նշանաւոր երգահաններէն մէկն է Ալան Յովհաննէսը: Ան ուսումնասիրած է արեւելեան եւ հայկական հնագոյն երաժշտութիւնը, գտած է համամարդկայինին առնչուող հոգեբանական, հնչերանգային ու ռիթմային, խոր ընդհանրացումներ («Արջունայ», ներդաշնակութիւն, «Մաղրասեան հատանուագ», «ֆանթազիա՝ ըստ ճափոնական փայտագրութիւններուն» եւ այլն)։

Հեղինակ է նաեւ օփերաներու («Պերիկլես», «Էջմիածին»), 20-էն աւելի ներդաշնակութիւններու, համերգներու, ձայնային եւ գործիքային երկերու եւ այլն։ Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակին նուիրուած է իր «Խորհուրդ նահատակաց» երկը։

Ռիչարդ Յարդումեանի գործերէն հանրայայտ են դաշնամուրային համերգները, 4 մասէ բաղկացած «Հայկական սուիտը», 2 ներդաշնակութիւնները, «Պատարագը» եւ այլ երկեր։

Հրանդ Բեկլարեանը գրած է «Եօթը բլուրներու արձագանգը» գործը, համերգներ, երգաշարեր եւ այլ գործեր։ Սոֆիայի «Երեւան» երգչախումբը (1933 թուական, հիմնադիր–ղեկավար՝ Գրիգոր Գրիգորով) Գրիգոր Սիւնի (1876-1939 թուականներ) գրած է «Նոր կեանքի երգեր» շարքը։

Լորիս Չոպանեանի ստեղծագործութիւնները կ'առանձնանան եւ յատուկ են իրենց հայկական թեմաներով՝ «Հայկական ռապսոդիան», «Նահատակաց Ապրիլ 24-ին» ներդաշնակութիւնները, «Հայկական պարեր», «Երգեր Արարատին» եւ այլն։ ԱՄՆ-ի մէջ հանրաճանաչ են նաեւ երգահաններ՝ Պերճ Գալայճեանը, Հայկ Պոյաճեանը, Վագգէն Մուրատեանը, Շառլ Ամիրխանեանը, Միշել Էքիկեանը, Ռուբէն Շաքարեանը եւ ուրիշներ։

Երաժիշտ կատարողներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայկական երաժշտութեան պահպանման ու տարածման կը նպաստեն նաեւ երաժիշտ-կատարողները, որոնք աւելի շատ են, քան ստեղծագործողները։ Ամերիկահայ գաղթավայրի երգիչներէն մէկն է Փաուլօ Անանեանը, որ երկար տարիներ երգած է «Մեթրոպոլիտէն» օփերայ՝ հռչակաւոր երգիչներուն՝ Պենիամինօ Ճիլլիի եւ Թիթօ Սքիփայի հետ։ Նոյն թատրոնի առաջնակարգ երգիչներէն էր նաեւ Արման Թօքատեանը:

«Մեթրոպոլիտէնի» հանրայայտ երգչուհիներէն են Լուսին Ամարան եւ Լիլի Չուգասզեանը, որոնք կ'ընդգրկեն հայկական երգարուեստի լաւագոյն նմուշները։ Երգարուեստի բացառիկ մեկնաբաններէն են Քեթի Պերպերեանը, Անիթա Դարեանը, Արա Պերպերեանը, Անիթա Թերզեանը, Ռոզ Զուլալեանը, Շաքէ Վարթենիսեանը, Զապել Արամը, Մայքլ Քրմոյեանը, Նորմա Կազանչեանը եւ ուրիշներ։

Հայ դաշնակահարներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ամերիկահայ գաղթավայրին մէջ 1920-ական թուականներուն գործած է դաշնակահարներու քանի մը սերունդ, ճանչցուած են՝ Սիրուհի Արփին, Հերմինէ Այճեանը, Լեւել Շիրինը, Անահիտ Աճեմեանը, Լիւսի Իշխանեանը, Ֆելիքս Թագակչեանը, Լուիզ Ոսկերիչեանը, Շահան Արծրունին, Փիթր Բեկլեանը եւ ուրիշներ։ Ջութակահարներուն աւագ սերունդի ներկայացուցիչներէն է Գիսակ Վրոյրը, որ նաեւ անուանի մանկավարժ էր։ Լոս Անճելըսի մէջ հիմնադրած է «Կոմիտաս» (1928 թուական) երգչախումբը։ Արոյրի ժամանակակիցն էր ջութակահար Հայկ Կիւտենեանը, որուն 1919 թուականին հրաւիրած են ԱՄՆ, որպէս մանկավարժ, փոխարինելու հռչակաւոր ջութակահար՝ Էժէն Իզաիին։ Յայտնի են նաեւ Վան Կալամեանը, Այտա եւ Անի Գաւաֆեանները, Վրոյր Գանթարճեանը, Փիթր Ունճեանը, Նուրհան Արմանը, Վարուժան եւ Միհրան Գոճեանները եւ ուրիշներ։

Թեհրան

Իրանի հայ երաժիշտները նշանակալի ներդրում ունին ո՛չ միայն ազգային, այլեւ Իրանի ժողովրդական եւ մտարուեստական երաժշտութեան մէջ։ XVIII դարուն ընթացքին ժողովրդական երգարուեստի զարգացման նպաստած են հայ աշուղներ Յարութիւն Օղլին, Ղուլ Սարգիս Շիրիշկանցին, Միսկին Մատթէոսը, Միսկին Ստեփանը, Մարտիրոս Մանուկեանը եւ ուրիշներ։ Իրանի երաժշտութեան մշակոյթի պատմութեան մէջ կարեւոր դեր ունի երգիչ Սարգիսը (VII դար), որուն համբաւը տարածուած էր նաեւ Հայաստանի ու Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Իրանահայ երգարուեստի ճանչցուած դէմքերէն է Նիկոլ Գալանդերեանը: Գրած է սիրային (շուրջ 700) եւ մանկական երգեր, օփերաներ եւ այլն: Երաժշտութեան ներկայացուցիչներէն է Ա. Տէր-Հովհաննիսեանը: Ան XIX դարու վերջը Թեհրանի մէջ ստեղծած է Երաժշտասէրներու Միութիւն եւ լարային նուագախումբ։ Յայտնի է Գրիգորեաններու տոհմը, յատկապէս՝ ջութակահար, խմբավար Լեւոեւ Գրիգորեանը, որ Թեհրանի մէջ կազմակերպած եւ ղեկավարած է «Գուսան» երգչախումբը: Որդին՝ երգահան եւ խմբավար Ռուբէնը, պարսկական ժողովրդական երգերու առաջին գրառողն էր։ Ճանչցուած դաշնակահարներէն են Էմանուել Մելիք Ասլանեանը, Տանեա Յարութիւնեանը, Ռուբինա Սաիդխանեանը, Հայկուշ Մակարեանը, ջութակահարներ Լեոպոլդ Աւագեանը, Հրաչ Մանուկեանը, երգչուհիներ Սաթոյ Աղաբաբեանը, Թամարայ Փիլոսեանը, Մարիցայ Սանոսեանը, Յակինթ Վարդանեանը, Հերմինէ Դաւթեանը, խմբավար Գուրգէն Մովսիսեանը։ Երգչախումբերէն են «Գուսանը», «Անուշը», «Արազը», «Հայ երգը», «Անին» եւ այլն։ 1920-ական թուականներուն Ե. Աւետիսեանը Թաւրիզի մէջ հիմնադրած է բեմապարի առաջին սրահը (1945 թուականին՝ Թեհրանի պարարուեստի դպրոց), 1939 թուականին պարուսոյց Ա. Ճամպալեանը Թեհրանի մէջ հիմնադրած է պարի դպրոց։ Թեհրանի մէջ գործած է նաեւ «Պապիկեան-պար» խումբը։ Յայտնի են Թեհրանի «Արարատ», «Կարապ», «Զարթօնք», «Կարաւան» պարախումբերը։

Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութը նոյնպէս սփիւռքահայ երաժշտական մշակոյթի կարեւոր օճախներէն է։ Երգահան եւ խմբավար Բարսեղ Կանաչեանը, բացի Պէյրութէն, գործած է նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի բազմաթիւ երկրներու մէջ՝ Կոստանդնուպոլիս, Պուլկարիա եւ Ֆրանսա։ 1936 թուականին Պէյրութի մէջ ստեղծած եւ ղեկավարած է «Գուսան» երգչախումբը։ Ամէնէն շատ գրած է մեներգներ ու խմբային երգեր, որոնք ուշադրութիւն կը գրաւեն ձայնային նուրբ զգացողութեամբ։ Երաժիշտ-մանկավարժ Գրիգոր Հեպոյեանը հեղինակ է դպրոցի եւ տարբեր երգերու։ Երգահան-խմբավար Մինաս Գանգրունին երաժշտագիտական եւ քննադատական յօդուածներ հրապարակած է օրուայ մամուլին մէջ, գրած է նուագերգութիւններ, բանաստեղծութիւններ, ներդաշնակութիւններ, մանկական երգեր եւ այլն։ Մանկավարժ, ջութակահար Օննիկ Սիւրմելեանը Պէյրութի մէջ հիմնադրած է «Կոմիտաս» քառեակը եւ «Լիբանանեան եռեակ» համոյթները, ուր ջութակահարը ինքն էր։ Երգչուհի եւ դաշնակահարուհի Մարի Աւետեանը համերգներով շրջապտոյտ կատարած է Մերձաւոր Արեւելքի բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ։ Կոմիտասի ծննդեան 100-ամեակին առիթով եղած է Հայաստանի մէջ։ Դաշնակահարուհի Սոնա Վարդապետեան-Ահարոնեանը, բացի համերգային գործունէութիւններէն, զբաղած է նաեւ մանկավարժութեամբ. 1950 թուականին Պէյրութի մէջ բացած է երաժշտական դպրոց։ ճանչցուած են երգչուհի Արփինէ Փեհլիւանեանը, անոր դուստրը՝ երգչուհի եւ դաշնակահարուհի Էլիզապէթը։ Յայտնի են նաեւ երգչուհիներ Սոնա եւ Սօսի Մինասեան քոյրերը, դաշնակահարուհի Սինթիա Խաչատրեանը, ջութակահարուհի Սոնիկ Չանգրեանը, կիթառահար Վրոյր Մագմանեանը, քամանչահար Ռուբէն Գարախանեանը եւ ուրիշներ։ Երաժշտութեան մէջ մեծ աւանդութիւն ունին Ատիս Հարմանտեանը, Մանուել Մենենկիչեանը, Լեւոն Գաթրճեանը (յետագային տեղափոխուած է ԱՄՆ), Վարդավառ Անթոսեանը եւ ուրիշներ։ Շարք մը հայ երաժշտագէտներ կը դասաւանդեն «Բարսեղ Կանաչեան» եւ «Թէքէեան» երաժշտանոցներուն մէջ։ Լիբանանի մէջ հիմնադրուած են «Ալեմշահ», «Գարուն», «Կոմիտաս», «Կռունկ», «Նայիրի», «Շահմուրատեան» երգչախումբերը, «Քնար» պարախումբը եւ այլն։

Սուրիոյ մէջ նոյնպէս հայ երաժիշտները աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալեն։ Յիշարժան են «Առնօ Պապաճանեան», «Զուարթնոց», «Նարեկացի», «Քնար», «Մեսրոպ Մաշտոց» երգչախումբերը, «Ասլամազեան լարային քառեակը», «Սարդարապատ», «Ազատ Ղարիպեան» պարախումբերը եւ այլն։ Վահէ Տեմիրճեանը ստեղծած է երաժշտութեան «Թայջերս» (1968) խումբը։ Պօղոս Ապաճեանը դասաւանդած է Դամասկոսի երաժշտանոցներուն մէջ եւ ղեկավարած է երգչախումբեր։ Երգչախումբեր ղեկավարած է նաեւ Ժիրայր Իսկէնեանը, նուագախումբ՝ Վ. Պլքեանը։ Անուանի դաշնակահարուհիներ են Ա. Ատուրեանը, Լիզէթ Սերայտարեանը, ՌուզաՆ Պարսումեանը, Նորա Սարգիսեանը, երգիչ-երգչուհիներ Յասմիկ Թեմիզեանը, Կ. Տաղտեւիրենեանը, Գրիգոր Ճանգեօզեանը եւ ուրիշներ։ Հալէպի մէջ կը գործէ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը։

Արժանթինի մէջ հայ արուեստագէտները մեծ ներդրում ունին ագգային երաժշտութեան եւ պարարուեստի պահպանման ու զարգացման մէջ։ Ճանչցուած երգահան՝ Ալիսիա Թերգեանը 1968 թուականին կազմակերպած է «Միջազգային հանդիպումներու փառատօն»ը, աւելի ուշ՝ նուագախումբ։ Պուէնոս Այրէսի «Կոլոն» օփերային թատրոնի ճանչցուած երգիչներէն են Մանուկ Հալպերեանը, Շամիրամ Թորոսեանը, Նուրիձա Գասապեանը, յայտնի դաշանակահարներ են՝ Անթառամ Ահարոնեանը, Իզապել Միսակեանը, ջութակահարներ՝ Րաֆֆի Զմրուխտեանը, Ռոման Ափրիկեանը, դիրիժորներ՝ Վահագն Մինասեանը, Զարուհի Էլմեսէգեանը, Ժան Ալմուխեանը եւ ուրիշներ։ Հիմնադրուած են «Կոմիտաս» (1929), «Արաքս» (1957), «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» (1958), «Շնորհալի» (1980) եւ այլ երգչախումբեր։ Պարարուեստի զարգացման նպաստած են պարուհիներ Էմէ Աբրահամովան, Նանի Մորան, Լէա Սիրուեանը եւ ուրիշներ։ Յայտնի են «Գայեանէ» (1960), «Նայիրի» (1978), «Մասիս» (1993) պարախումբերը։

Պրազիլի մէջ ճանչցուած են օփերայի երգչուհի՝ Հիլտա Կայծակեանը, երաժիշտներ՝ Սիրվարդ Աւետիսեան-Մոմճեանը, Ասատուր Կիւլհաճեանը եւ ուրիշներ։

Պուլկարիոյ համայնքին մէջ XIX դարու վերջը յայտնի են «Դայլայլիկ» եւ «Մեղեդի», Վահան Մանուէլեանի, Բարսեղ Կանաչեանի , «Կոմիտաս», «Քնար», «Երեւան» եւ այլ երգչախումբեր։ Երգահան Նաթան Ամիրխանեանը Սոֆիայի օփերայի թատրոնի, երաժշտական ընկերութեան հիմնադիրներէն է, գրած է օփերաներ։ Ճանչցուած են նաեւ երգահաններ՝ Սարգիս Պալտայեանը, դաշնակահարուհիներ՝ Զարուհի Սարեանը, Հերմինէ Ասատուրը, Մալվինա Խաչատուրեանը, ջութակահարներ՝ Ստեփան Խանճեանը, Յակոբ Աղասեանը, դիրիժոր՝ Ուիլի Գազազեանը, թաւջութակահարուհի՝ Սեդա Պալթայեանը, երգչուհիներ՝ Ալիս Պաղտասարեանը, Պէաթրիս Պոյաճեանը, Մարի Գրիգորեանը եւ ուրիշներ։

Ստանիսլավ Մոնիւշկօ

Լեհաստանի մէջ XVIII դարու սկիզբը, հայ հոգեւոր երաժշտութիւնը կրած է լատինական եւ լեհական եկեղեցական երաժշտութեան ազդեցութիւնը: Հայկական եկեղեցիներուն մէջ տեղադրուած են երգեհոններ, երգչախումբերը դարձած են երկսեռ։ Լեհահայերու ընտանեկան խնճոյքներն ու տօնակատարութիւնները ուղեկցուած են ազգային երգերով եւ պարերով։ XIX դարուն հայերը մեծապէս նպաստած են լեհական երաժշտութեան զարգացման։ Հանրաճանաչ էր երգահան Եօզեֆ Նիկորովիչը, որ գրած է շարք մը ներդաշնակութիւններ։ Ֆրետերիք Շոբենի աշակերտն ու հետեւորդն էր դաշնակահար, երգահան Քարոլ Միկուլին, իսկ երգահան Ստանիսլաւ Մոնիւշկօն լեհական ազգային օփերայի հիմնադիրն է։

Իտալահայ գաղթավայրին մէջ յայտնի անուններ են՝ երգահան Աւետիս Նազարեանը, Տիրիժոր Անճելօ (Վահան) Էֆրիկեանը, երգիչներ՝ Լիւսի Սեւումեանը, Սեդա Պալուլեանը, Լիտա Կիրէեանը, Կարպիս Պոյաճեանը, դաշնակահարուհի եւ երգչուհի Մարի Պոտուրեանը, տաւղահարուհի Շուշանիկ Միլթօնեանը (որ 1968 թուականին Հայաստանի մէջ հանդէս մը ունեցած է) եւ ուրիշներ։

Քանատայի մէջ հայկական երաժշտութեան պահպանման եւ զարգացման մէջ մեծ դեր ունեցած են յատկապէս երգչախումբերն ու պարախումբերը, յայտնի են «Քնար» (1946, Մոնրէալ), «Հայաստան» (1968), «Անի» (1975, երկուքը՝ Թորոնթօ) երգչախումբերը, «Նուպար» (Մոնրէալ) պարախումբը, նաեւ խմբավարներ Երուանդ Ալեքսանեանը, Դաւիթ Վարժապետեանը եւ ուրիշներ։ Մշակութային միջոցառումները տեղի ունեցած են «Հայ տան» մէջ։ Ճանչցուած են երգահաններ՝ Պետրոս Շուժունեանը, Գէորգ Անտոնեանը, դաշնակահար՝ Րաֆֆի Արմէնեանը, Նորայր Արթինեանը, դիրիժոր՝ Յարութ Ֆազլեանը, երգչուհի՝ Անի Գութանը եւ ուրիշներ։

Իրաքի մէջ Միջին Արեւելքի հռչակաւոր երաժիշտներէն էր Սիսակ Ձարբհաւելեանը, որ նաեւ «Ուղի մեթոդ» ձեռնարկի հեղինակն է, գրած է «Արեան ուղիներով» (1915-1918 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան մասին) վէպը։ Ճանչցուած են դաշնակահարուհի եւ մանկավարժ Պէաթրիս Օհաննիսեանը, ջութակահարներ Հայկ Պալեանը, Ա. Պապուխեանը, Վարդան Մանուկեանը, Արամ Զառացեանը, երգիչ՝ Արշաւիր Աղաբաբեանը եւ ուրիշներ։ Երաժշտական խումբերէն յայտնի են Պաղտատի Հայ Երիտասարդաց միութեան «Կոմիտաս», Կանանց, «Թարգմանչաց», «Սուաճեան» երգչախումբերը, ՀԲԸՄ «Սայեաթ-Նովա» երգի-պարի համոյթը, աշուղական խումբը եւ այլն։

Յունահայ գաղթավայրին մէջ յայտնի են, խմբավար եւ յօրինող Յակոբ Փափազեան, երգչուհի՝ Արտա Սնդիկեանը, կիթառահարներ՝ Հրաչ Ղուկասեանը եւ Յակոբ Գոլանեանը (երկուքն ալ Հայաստանի մէջ հանդէս ունեցած են), դաշնակահարներ Քրիստին Անի Թոկալտեանը, Անդրանիկ Ներսիսեանը եւ ուրիշներ։

Գերմանիոյ Միւնխէն քաղաքին մէջ ստեղծագործած է դիրիժոր Ռոլֆ Ակոբը, որ համերգներ ունեցած է Եւրոպայի եւ Արեւելքի շարք մը երկրիներու մէջ։ 1965 թուականին Միւնխէնի մէջ ապրած է նաեւ ջութակահար եւ երգահան Լիտուիկ Պազիլը. գրած է ինքնատիպ մեներգներ ու խմբային երգեր, հիմնած է «Մուզիքան» եռեակը։ Մեծ համբաւ ունին երգչուհի Լուիզա Պոզապալեանը (երգած է Միւնխէնի եւ Համպըրկի օփերային թատրոններուն մէջ), ջութակահարներ՝ Սերկեյ Խաչատուրեանը, Հովհաննիսեան Սերկեյ Հովհաննիսեանը, դաշնակահար՝ Արետ Պեքճեանը, թաւջութակահար՝ Կարօ Աթմաճեանը եւ ուրիշներ։ Յայտնի են «Էրեբունի» պարախումբը եւ «Նոր ձայն» նուագախումբը, Պերլինի հայկական երգչախումբը եւ հայ եկեղեցական նուագախումբը, (ղեկավար՝ Ժան Հախնազարեան

Եգիպտահայ երաժիշտները մեծ ներդրում ունին ինչպէս ազգային, այնպէս ալ արաբական երաժշտարուեստին մէջ։ 1862 թուականին Մելիք Սերկերեանը՝ Գահիրէի մէջ, ապա Սամուէլ Խաչատրեանը Գահիրէի եւ Աղեքսանտրիայի մէջ հիմնադրած են երաժշտանոցներ։ XX դարու ամէնավաստակաշատ երգահաններէն է Էտուարտ Յակոբեանը, ազգային ոգիով, որ ուշադրութիւն կը գրաւէ «Քնարական երգեր» (Ա. Իսահակեանի խօսքերով), «Քուչակեան տաղեր», «Սիրոյ երգեր» շարքերով։ Արժէքաւոր են նաեւ «Հայկական պատարագի տաղեր եւ մեղեղիներ» (1963) եւ «Սրբազան տաղեր» (1980) ժողովածուները, ինչպէս նաեւ «Սրբազան երգեր» ու «Ազգային հայրենասիրական եւ ազատագրական պայքարի երգեր» (երկուքն ալ՝ 1991): Կատարողական արուեստի մէջ յայտնի են դաշնակահարներ Աստղիկ Պապլանեանը, Էօժեն Փափազեանը, Շաքէ Իփեկեանը, ջութակահար Ժիրայր Քանթարճեանը, երգչուհիներ Հանրիետ Կարապետեանը, Անուշկան, ինչպէս եւ «Ալեքսանեան», «Կոմիտաս», «Թաթուլ Ալթունեան», «Ազատ Մանուկեան» երգչախումբերը։

Տիգրան Համասեան

Կիպրոսի երաժշտական մշակոյթին մէջ մեծ ներդրում ունի Բարսեղ Կանաչեանը (ՄելգոնեանԿրթական Հաստատութեան մէջ հիմնած է երգչախումբ), ճանչցուած են ջութակահար-խմբավարներ՝ Վարդան Բեդելեանը, Ա. Ոսկանեանը, խմբավար՝ Սեպուհ Աբգարեանը, դաշնակահարուհիներ՝ Ք. Կեպէն։ Ջութակահար՝ Սերկեյ Խաչատրեան (ծնած է 1985 թուականին, Գերմանիա), դաշնակահար Տիգրան Համասեան (ծնած է 1987, ԱՄՆ) «Չիլինկիրեան» քառեակը (1971, Ձախէն առաջինը հիմնադիր-ղեկավար՝ Լեւոն Չիլինկիրեան, Լոնտոն) 1945, Ս. Բեդելեանը, կիթառակահար Զաւէն Մաքսուտեանը եւ ուրիշներ։

Անգլիահայ երաժշտարուեստին մէջ ճանչցուած է ջութակահար Մանուկ Բարիքեանը նուագած է առաջնակարգ նուագախումբերու հետ՝ Հերբերթ ֆոն Կարայանի, Արթուրօ Թոսքանինիի եւ ուրիշներու ղեկավարութեամբ։ Այցելած է Հայաստան (1962,1965)։ Անուանի ջութակահար է նաեւ Մ. Բարիքեանի քրոջ որդին՝ Լեւոն Չիլինկիրեանը, որ Լոնտոնի մէջ ստեղծած է «Չիլինկիրեան» քառեակը (1971)։ Յայտնի են նաեւ «Վարդուկեան» քառեակը, երգիչ Խաչատուր Փիլիկեանը եւ ուրիշներ։

Թիֆլիսը XVIII դարու սկիզբէն հայ երաժշտական մշակոյթի կեդրոն էր, ուր կազմաւորուած է աշուղական դպրոցը՝ Սայաթ-Նովա, Շամչի Մելքօ, Բուդաղ Օղլան, Քիչիկ-Նովա, Ֆրեյդուն, Հազիր եւ ուրիշներ։ Կեանքի վերջին շրջանին Թիֆլիսի մէջ ստեղծագործած է նաեւ Ջիւանին։ XIX դարի վերջին շրղանին եւ XX դարի սկիզբը զարգացած է հայ երաժշտութիւնը։ 1885 թուականին հայկական առաջին խմբերգային համերգով հանդէս մը ունեցած է Քրիստափոր Կարա Մուրզան։ Հիմնադրուած են երաժշտական դպրոց (1876), ուսումնարան (1886), Ներսիսեան դպրոցին մէջ ստեղծուած են երգչախումբեր (ղեկավար՝ Մակար Եկմալեան), համերգային կեանքի աշխուժութեան նպաստած են Գենարիոս Ղորղանեանը եւ Վասիլ Ղորղանեանը։ 1907 թուականին ստեղծուած է Արեւելեան երաժշտական ընկերութիւնը, 1912 թուականին՝ Թիֆլիսի Հայոց Երաժշտական Ընկերութիւնը, 1917 թուականին՝ Հայոց Երգչախումբի Ընկերութիւնը, 1919 թուականին՝ Հայ Երաժիշտ-տեսաբաններու «Կոմիտաս» Ընկերութիւնը։ Թիֆլիսի մէջ ստեղծագործած են նշանաւոր երաժիշտներ, օրինակ՝ Արշակ Ադամեանը, Կարօ Զաքարեանը, Ազատ Մանուկեանը, Վանօ Մուրադելին, Անուշաւան Տեր-Ղեւոնդեանը, Վարդգէս Տալեանը, Միքայէլ Միրզայեանը, Վաչէ Ումր-Շատը, Բեկլար Ամիրջանեանը, Սաշա Օգանեզաշուիլին եւ ուրիշներ։ «Հայաստան» երաժշտական մասնաճիւղին կողմէ (հիմնադիրներ՝ Արմէն Տիգրանեան, Սարգիս Բարխուդարեան, նախագահ՝ Ռոմանոս Մելիքեան) ստեղծուած է մանկավարժական ուսումնարան (1927 թուականին)։ Թիֆլիսի օփերային եւ թատրոնին համար աշխատած են երգիչներ Լեւոն Իսեցկին, Հայկանուշ Դանիելեանը, Տմիթրի Շիկանեանը, Սուրէն Չարեքեանը, պարուհի Լիւբով Վոինովա-Շիկանեանը եւ ուրիշներ։