Ժիրայր Իսկէնեան

Ժիրայր Իսկէնեան
Ծնած է 1924-ին
Ծննդավայր Հալէպ
Մահացած է Սեպտեմբեր 2014-ին
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Հայ Առաքելական
Մասնագիտութիւն եկեղեցական շարականագիտութեան, հիմնադիր եւ խմբավար «Սպենդիարեան» երգչախումբի
Աշխատավայր Դպրապետ, դասատու Կիլիկեան վարժարան , Սեդրակ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն, Մխիթարեան վարժարանի հերթապահ ու մերթ դասատու:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժիրայր Իսկէնեան Հալէպ ծնած էր 1924-ին, այնթապցի ծնողներէ: Նախակրթութիւնը ստացած էր Կիլիկեան վարժարանը, յետոյ ալ բախտն ունեցեր էր ժառանգաւոր սան դառնալու Անթիլիասի նորաբաց Դպրեվանքին [1]: Հո՛ս է, որ հմտացեր էր եկեղեցական շարականագիտութեան մէջ, ինչ որ մեծապէս օգտակար պիտի ըլլար իրեն հետագային, քանի որ Հալէպ վերադարձին` դպրապետութիւնը պիտի դառնար իր գործունէութեան հիմնական կալուածը:

1944-էն սկսեալ մինչեւ 2000 թուական, լման 55 տարի, ան դպրապետի շապիկը չէ՛ր հանած վրայէն, ու ամէն կիրակի (տարին 52 շաբաթ…) իր հետեւակ դպիրներուն գլուխը կանգնած` պայծառացուցած էր Ս. պատարագի արարողութիւնները: Այդ 55 տարիներէն 47-ն` Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, որուն խորհրդանիշներէն մին դարձեր էր իրաւամբ: Իր օրով, այս եկեղեցւոյ դպրաց դասու անդամներուն թիւը հասեր էր 115-ի…:
- Լեւոն Շառոյեան


Ժիրայր Իսկէնեան կանուխէն ընդգրկեր էր նաեւ կրթական ասպարէզը: Դասաւանդեր է Կիլիկեանի մէջ, յետոյ 50-ական թուականներէն սկսեալ մինչեւ 1979` վարեր է Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ արուարձանի երբեմնի Սեդրակ Մեսրոպեան վարժարանի (ՀԲԸՄ-ի ենթակայ) տնօրէնութիւնը: Աւելի ուշ, 1980-1995, կը պաշտօնավարէ Մխիթարեան վարժարանին մէջ, իբրեւ հերթապահ ու մերթ դասատու:

1954-ին, հիմնած ու երկար տարիներ ղեկավարած էր «Սպենդիարեան» երգչախումբը, Բարեգործականի հովանաւորութեամբ, համերգներ կազմակերպելով Հալէպէն մինչեւ Երեւան…: Շրջան մը, Կրթասիրաց մշակութային միութեան երդիքին տակ ալ կազմեց ու ոտքի հանեց «Առնօ Բաբաջանեան» անունով երգչախումբ մը: Գնահատուած էր ոչ-հայկական շրջանակներէ ալ եւ ձայնամարզութեան դասատու էր Հալէպի պետական երաժշտանոցին մէջ (1965-2001):

Հալէպահայութիւնը յոբելենական հանդիսութեամբ մը հրապարակաւ մեծարած ու գնահատած էր զինք, արժանացուցեր էր «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանի (1985, Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին ձեռամբ):

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժիրայր Իսկէնեան

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Դպրեվանքի Սաներ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍ - ԼԻԲԱՆԱՆ