Յակոբ Աղասեան

Յակոբ Աղասեան
Ծնած է 1891
Ծննդավայր Ատրիանապոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1938
Մասնագիտութիւն հեղինակ, ուսուցիչ

Յակոբ Աղասեան (1891, Ատրիանապոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1938), յօդուածագիր եւ ուսուցիչ։

Նախնական ուսումը առնելէ ետք Վենետիկ երթալով՝ Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանի շրջանը աւարտած է 1907-ին, ստանալով վկայաական։

Գրել սկսած է Զմիւռնիոյ «Աշխատանք» թերթին (1910-1914), Պոլսոյ «Ազատամարտ»ին մէջ՝ թարգմանութիւններ ընելով Տ՝Անունցիոյէն եւ Գառտաչչիէն։

Առանձին հատորով հրատարակած է Մածծինիի Մարդկային պարտականութիւնները (տպ. իզմիր 1931-ին) եւ Օվիտիոսի Սերելու արուեստը գիրքը։ Գարլոյ կոլտոնիէն թարգմանած է Միրանտօլինա թատերախաղը։ Ունի ինքնագիր պատմուածքներ, Հրատարակուած Ազատ Խօսք«»ին, «Փարոս»ին եւ «Հայրենիք» ամսագրին մէջ դրուած՝ գրական-քննադատական եւ երաժշտական յօդուածներ։ Պոլսոյ մէջ հասցուցած է ջութակահար եւ ուսուցիչ․ ունի բազմաթիւ աշակերտներ․ 1932-էն ի վեր Փլովտիւի (Պուլկարիա) Պուլկար Ազգային Թատրոնի նուագապխումբին վարիչն էր։

Վերջին գործն է «Ադրիանապոլսոյ հայ գաղութը» ազգագրական եւ տեղեկագրական երկը, տպուած 1937-ին։ Մահացած է 1938 թուականին։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]