Կոմիտաս Վարդապետ
Կոմիտաս | |
---|---|
| |
Ծննդեան անուն |
Սողոմոն Գեւորգի Սողոմոնեան ուքր.՝ Согомон Геворгій Согомонян |
Նաեւ յայտնի է իբրեւ | Կոմիտաս[1] |
Ծնած է | 26 Սեպտեմբեր (8 Հոկտեմբեր) 1869[1][2] |
Ծննդավայր | Քէօթահիա[1][2] |
Մահացած է | 22 Հոկտեմբեր 1935[3][4][5][…] (66 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Փարիզ, Ֆրանսա[3][1][2] |
Քաղաքացիութիւն |
Օսմանեան Կայսրութիւն Ռուսական Կայսրութիւն Ֆրանսա |
Ազգութիւն | Հայ[6][1] |
Կրօնք | Հայ Առաքելական Եկեղեցի |
Ուսումնավայր | Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան[1] |
Տեսակ | Հայկական ազգային երաժշտություն? |
Մասնագիտութիւն | երգահան, երաժշտական ազգագրագէտ, երաժշտագէտ, երգիչ, խմբավար, խմբավար, երաժշտութեան ուսուցիչ, վարդապետ, բանահաւաք |
Աշխատավայր | Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան[1] |
Կայքէջ | կոմիտաս.հայ |
Կոմիտաս (Սողոմոն Գևորգի Սողոմոնյան), (26 Սեպտեմբեր (8 Հոկտեմբեր) 1869[1][2], Քէօթահիա[1][2] - 22 Հոկտեմբեր 1935[3][4][5][…], Փարիզ, Ֆրանսա[3][1][2]), հայ երգահան, կատարող (երգիչ եւ նվագածու), երաժիշտ-ազգագրագետ, երաժշտագէտ, խմբավար, բանահավաք, ազգագրագէտ, բանաստեղծ, մանկավարժ, դասախոս եւ երաժշտական առաջին միջազգային ընկերության հիմնադիր անդամներից մեկը:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սողոմոն Սողոմոնեան ծնած է 26 Սեպտեմբեր 1869-ին, Փոքր Ասիոյ Կուտինա (Քէօթահիա) քաղաքը։ Մկրտուած է ծնունդէն երեք օր ետք, Ս. Թէոդորոս եկեղեցւոյ մէջ եւ ստացած Սողոմոն անունը։ Հայրը՝ Գէորգ Սողոմոնեան, մասնագիտութեամբ՝ կօշկակար, Նախիջեւանի Գողթն գաւառի Ցղնա գիւղէն, իսկ մայրը՝ Թագուհի Յովհաննիսեան, Պրուսայէն։ Սողոմոն անոնց միակ զաւակն էր։ Երկուքն ալ երաժշտական մեծ հակումներ ունէին։ Տան մէջ կը խօսէին միայն թրքերէն։ Վեց ամսուան երեխայ Կոմիտաս կը կորսնցնէ մայրը, իսկ տասը տարեկանին՝ հայրը, որմէ ետք ան կը յանձնուի մեծ մօրը՝ Մարիամի հոգատարութեան։ Մօր մահը խոր վիշտ մը ձգած էր Սողոմոնի հոգիին մէջ, որուն իբրեւ հետեւանք՝ առաջին ստեղծագործութիւնները նուիրած էր իրեն։
Կրթութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1875-ին, Սողոմոն կ'ընդունուի իրենց քաղաքին միջնակարգ ուսումնարանը, որու շրջանը 1880-ին աւարտելէ ետք, հօր նախաձեռնութեամբ կը մեկնի Պրուսա՝ ուսումը շարունակելու համար։ Հայրենի քաղաք կը վերադառնայ հօր մահէն չորս ամիս ետք։
1881-ին, 12-ամեայ Սողոմոն Քէօթահիոյ հոգեւոր առաջնորդ Գէորգ վարդապետ Դերձակեանին հետ կը մեկնի Ս. Էջմիածինի Գէոորգեան ճեմարան՝ ուսում ստանալու նպատակով։ Իր բացառիկ գեղեցիկ ձայնով Սողոմոն անմիջապէս կը գրաւէ իր ուսուցիչներուն ուշադրութիւնը, որոնք ոչինչ կը խնայեն երաժշտական եւ բանաստեղծական մեծ տաղանդով օժտուած պատանիին գեղարուեստական ձիրքերը մշակելու եւ կատարելագործելու: Այնտեղ ան վերջապէս կը գտնէ իր հոգեւոր խաղաղութիւնը[7]։
Կոմիտասի երաժշտական դաստիարակութեան մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունեցած է իր ուսուցիչը` Սահակ Ամատունին, որու ղեկավարութեամբ պատանի Սողոմոն կը նուիրուի հայ հոգեւոր երաժշտութեան ուսումնասիրութեան, կը հմտանայ հայկական ձայնանիշներուն եւ աշակերտական իր տարիները կ'անցընէ Արարատեան դաշտի հայութեան պահպանած հոգեւոր եւ ժողովրդական երգերը հաւաքելով, գրի առնելով ու մշակելով զանոնք:
Ստեղծագործական իր մշակումներուն կը ձեռնարկէ 1890-ին` Խաչատուր Աբովեանին, բանաստեղծ Յովհաննէս Յովհաննիսեանին եւ իր կրտսեր դասընկերոջ՝ Աւետիք Իսահակեանին գործերը դաշնաւորելով: 1891-ին «Արարատ» հանդէսը լոյս կ'ընծայէ իր «Ազգային օրհներգ»-ը` երկձայն, ինչպէս նաեւ` եռաձայն ու խմբային կատարումներուն համար նախատեսուած ստեղծագործութիւնը, որու բառերը Ճեմարանի աշակերտ Ա. Թաշճեանին կը պատկանէին:
1893-ին, Ճեմարանի ուսումնական շրջանը աւարտելով, անմիջապէս կը կոչուի Ճեմարանէն ներս ուսուցչութեան` երգ ու երաժշտութիւն սորվեցնելու, ինչպէս նաեւ մայր տաճարին երգչախումբին խմբավարութիւնը ստանձնելու համար: 1894-ին, կուսակրօն քահանայի իր ուխտը կը կատարէ, իրեն կը շնորհուի Է. դարու բանաստեղծ ու երաժիշտ՝ Կոմիտաս կաթողիկոսին անունը: 1895-ին, կ'արժանանայ վարդապետի աստիճանին, այնուհետեւ մեր ժողովուրդին ու աշխարհին կը ճանչցուի Կոմիտաս վարդապետ անմահ անունով:
1895-ին, վարդապետ ձեռնադրուելէ ետք, կը մեկնի Թիֆլիս եւ վեց ամիս Մակար Եկմալեանի քով հարմոնիա կը սորվի[8]։
Այնուհետեւ Կ'ուղարկուի Պերլին, Ռ. Շմիթի անուան յատուկ երաժշտանոցը, ապա Արքունական համալսարան՝ երաժշտական իր բարձրագոյն ուսումը ստանալու նպատակով:
1896-1899 Կոմիտաս վարդապետ կ'ապրի Պերլին, ուր Երաժշտագէտ Ռիխարտ Շմիթի կ'աշակերտէ երեք տարի, միաժամանակ հետեւելով համալսարանի փիլիսոփայութեան դասընթացքներուն: Կոմիտաս ոչ միայն աշխարհահռչակ ուսուցիչներու հոգածութեան տակ կը կատարելագործէ իր ձայնամարզումն ու երաժշտական գիտելիքները, այլեւ համերգային ելոյթներով ու երաժշտական կատարումներով հայ ազգային երաժշտութիւնը կը ծանօթացնէ եւ սիրելի կը դարձնէ օտար հասարակութեան:
Օտար մասնագէտներ լսելով նման բանախօսութիւններ Կոմիտաս Վարդապետը ընտրած են Միջազգային երաժշտական ընկերութեան անդամ։ Կոմիտասին նիւթը կեդրոնացած էր միշտ ա՛յն կէտին վրայ, թէ ինչպէ՛ս հայ երաժշտութիւնը ինքնուրոյն եղած է իր ծագումին մէջ։ Յիշեալ Միջազգային ընկերութեան նախագահը՝ Օսքար Ֆլէյշչըր (Oscar Fleischer), 1899-ին Կոմիտաս Վարդապետին կը գրէր հետեւեալը՝
Տարիներ շարունակ՝ Կոմիտաս Վարդապետ մասնագիտական հմտութեամբ կը ձայնագրէ, կ'ուսումնասիրէ, կը վերլուծէ, բազմաձայնի կը վերածէ հայ ժողովրդական եւ եկեղեցական երգերը, կը շրջի Կովկասի եւ Եւրոպայի մեծ կեդրոնները:
Կոմիտաս ամառը կ'անցընէ Հայաստանի տարբեր գիւղերուն մէջ՝ առանձնայատուկ յարաբերութիւններ հաստատելով գեղջուկներու հետ։ Իր «Ձեռաց Տետրակ Հայ Սրբազան Եւ Գեղջուկ Համերգի»ն մէջ ան կը գրէ[9].
Նոյն շրջանին կը ստեղծագործէ նաեւ գերմանացի մեծ բանաստեղծներու գործերուն վրայ հիմնուած երգեր, ռոմանսներ եւ խմբերգներ, որոնք միջազգային համբաւի կ'արժանացնեն հայ հանճարեղ երաժիշտը: Կոմիտաս վարդապետ հիմնադիր անդամներէն կը դառնայ նորաստեղծ Միջազգային երաժշտական ընկերութեան, որու Պերլինի բաժանմունքին հրապարակային ձեռնարկներուն ելոյթ կ'ունենայ` հայ ազգային երաժշտութիւնը ներկայացնող բանախօսութիւններով ու կատարումներով[10]:
1906-ին, կը հրաւիրուի Փարիզ` իր յօրինումներն ու կատարումները ներկայացնելու ճոխ յայտագիրով, նաեւ դասախօսութիւններ տալով հայ ժողովուրդին ազգային, հոգեւոր եւ ժողովրդական երաժշտութեան մասին: Նման ելոյթներու կը հրաւիրուի նաեւ Զուիցերիա, Վենետիկ եւ Վիեննա` ամէնուր բարձրագոյն գնահատանքի արժանանալով: Աշխարհահռչակ երաժիշտներու վկայութեամբ, Կոմիտաս վարդապետ կ'արժանանայ երաժշտական աշխարհին մէջ «Ներդաշնակութեան եւ բազմաձայնութեան հազուագիւտ վարպետ»-ի կոչումին:
Պոլսոյ մէջ գործունէութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1910-ին, Կոմիտաս վարդապետ Էջմիածինէն Պոլիս կը տեղափոխուի, ուր մանկավարժական ծաւալուն գործունէութեան զուգահեռ` համերգային եւ կատարողական նախանձելի ելոյթներ կը ղեկավարէ: Կը շրջի Օսմանեան կայսրութեան հայաշատ բոլոր քաղաքներն ու օսմանեան տիրապետութեան ենթակայ երկիրներու հայաշատ գաղութները` ամէնուր տարածելով եւ պաշտամունքի արժանացնելով հայ հոգեւոր ու ժողովրդական երգն ու երաժշտութիւնը:
Ան բազմաթիւ դասախօսութիւններ եւ համերգներ կ'ունենայ ամբողջ Եւրոպայի, Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ՝ ներկայացնելով մինչ այդ շատ քիչ ճանչցուած հայկական երաժշտութիւնը։ Այդ շրջանի իր մեծագոյն իրագործումներէն մէկը եղած է «Գուսան» (հետագային` «Հայ գուսան») երգչախումբին կազմութիւնը․ երգչախումբին մասնակիցներէն՝ Բարսեղ Կանաչեան, Միհրան Թումաճեան, Վարդան Սարգիսեան, Վաղարշակ Սրուանձտեան, Հայկ Սէմէրճեան, երաժշտութեան տեսութեան դասեր առած են Կոմիտասէն եւ յայտնի են իբրեւ «Կոմիտասեան հինգ սաներ», որոնք իրենց կարգին կը դառնան հռչակաւոր հայ մեծ երաժիշտներ[11]։ Երգչախումբին առաջին համերգը տեղի կ'ունենայ Նոյեմբեր 1910-ին, «Փըթի Շան»-ի ձմեռնային թատրոնէն ներս։
1914-ին Կոմիտաս կրկին Փարիզ կը հրաւիրուի բանախօսելու համար Միջազգային երաժշտական համագումարին։ Անկէ խանդավառ Պոլիս կը վերադառնայ յուսալից հեռանկարներով, որ յաջորդ համաժողովին եւս ներկայ պիտի կարենար ըլլալ, այս անգամ Պերլինի մէջ, ուր դարձեալ հրաւիրուած էր բանախօսելու։ Վրայ կը հասնի սակայն տարաբախտ տարին։Ան իր կարգին, 24 Ապրիլ, 1915-ին, կ'ենթարկուի հայ մտաւորականութիւնը հարուածող ահաւոր խորշակին, կ'ապրի տարագրութեան մղձաւանջը, թէեւ մարմնապէս կը փրկուի սպանդէն, սակայն վերջնականապէս կը կորսնցնէ իր հոգեմտաւոր հաւասարակշռութիւնը։
1919-ին, արդէն ծանրօրէն հիւանդ, Կոմիտաս վարդապետ կը տեղափոխուի Փարիզ, ուր աւելի քան 15 տարի հոգեբուժական խնամքի կ'արժանանայ, բայց երբեք չ'ապաքինիր:
Կը մահուան 22 Հոկտեմբեր 1935-ին: 1936-ին աճիւնները կը փոխադրուին Երեւան եւ բացառիկ շուքով կը թաղուին «Կոմիտասի Այգի» հանրային պարտէզին բացօթեայ պանթէոնին մէջ:
Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կոմիտաս իր ստեղծագործական կեանքին մեծ մասը նուիրած է հայ ժողովրդական երաժշտութեան ուսումնասիրութեան ու մշակման։ Կոմիտասի գերազանց արգասիքը իր հետեւողական աշխատանքին արդիւնքը կ'ըլլայ երբ անձամբ կը շրջի Հայաստանի գիւղերը՝ լսելու համար հայ գեղջկական երգերն ու աւանդական պարերու եղանակները՝ ուղղակի աղբիւրէն։ Զանոնք կը բիւրեղացնէ, դասական նուագի կը վերածէ, վերստին կը ձայնագրէ եւրոպական ձայնագրութեամբ՝ փրկելով հարիւրաւոր երգեր իսկական կորուստէ։ Ինչ որ ունինք այսօր Կոմիտաս Վարդապետէն, այդ հարազատ երգերուն եւ պարի եղանակներուն հանճարեղ արդիւնքն է։ Բազմաթիւ հիասքանչ մշակումներ ձգելով՝ ան հայ երաժշտութեան գանձարանը հարստացուցած է նաեւ հեղինակային ստեղծագործութիւններով։ Հակառակ անոր որ վերջիններս շատ չեն, սակայն, բաւարար են երաժշտահանին ստեղծագործական սկզբունքներուն եւ մտածողութեան մասին գաղափար կազմելու համար։ Կոմիտասի հեղինակային գործերուն առաջին փորձերը՝ «Ազգային օրհներգը» եւ Յովհաննէս Յովհաննիսեանի «Գիւղի ժամը» ոտանաւորին երաժշտականացումը կը վերաբերին ճեմարանական տարիներուն։
Որեւէ ազգային երաժշտութիւն կը հիմնուի, առաջին հերթին, իր մայրենի խօսակցական լեզուի օրէնքներուն վրայ եւ կ'ենթարկուի անոր սկզբունքներուն, առոգանութեան, կշռոյթին, շեշտադրութեան, շնչառութեան, ելեւէջներուն, կէտադրական օրէնքներուն եւ այլ ընդհանրական իւրայատկութիւններուն եւ յատկանիշներուն. հետեւաբար երբ ժողովուրդ մը ունի սեփական լեզու եւ լեզուամտածողութիւն, չի կրնար ըլլալ, որ ան չունենայ նաեւ իր ազգային սեփական երգն ու երաժշտութիւնը[12]: - Կոմիտաս վարդապետ
|
Բարձրորակ են Պերլինի ուսանողական տարիներու գործերը՝ ռոմանսներն ու խմբերգները, «Առ գետս Բաբելացուոց» սաղմոսը եւ «Մայրենի Լեզու» խմբերգը։ Նոյն տարիներուն կը վերագրուի Պատարագի ներդաշնակման առաջին տարբերակը։ Գերմանացի գրողներու բանաստեղծութիւններուն հիման վրայ գրուած ռոմանսներուն մէջ կը նկատուին գերմանացի երաժշտահաններու գործերուն երաժշտական լեզուի ազդեցութիւնը։ Օտտօ Ռոգնետի խօսքերով՝ «Նոր գարուն» քառաձայն խմբերգը (խօսքերը Կոմիտաս թարգմանած է հայերէնի), Եոհաննա Ամպրոսիոսի խօսքերով «Դու հարցնում ես»-ը, Կէօթէյի խօսքերով՝ «Գիշեր» երգը։ «Առ գետս Բաբելացուոց» ստեղծագործութիւնը գրուած է Դաւիթի 137-րդ սաղմոսի գերմաներէնը հիմք ունենալով 4-8 ձայնանի երգչախումբի, սոփրանոյի, թենորի եւ երգեհոնի համար։
Հին հրեաներու խոշտանգումն ու բաբելացիներու նկատմամբ անոնց ցասումն ու վրէժը երաժշտահանին կողմէ իւրայատուկ կերպով կը մեկնաբանուին։ Կոմիտաս, կարծէք, Աստուածաշունչի առասպելական հեռուներէն «անցում կատարած է» դէպի իր ժողովուրդին ժամանակակից կեանքը, արտայայտած է հայերու ազգային վիշտը, դարձած անոնց ազատագրական պայքարին երգիչը։ «Առ գետս Բաբելացուոցը» գրուած է ընդհանուր դասական երաժշտական արտայայտչամիջոցներով, ունի յարատեւ հոսող մեղեդային գիծ մը, ռիթմը բազմազան է։ Սաղմոսի երաժշտական լեզուն ազգային երանգ ունի։ Կոմիտաս հոս նոյնիսկ օգտագործած է հայկական մոթիֆներ՝ «Մայր Արաքսի ափերով» եւ «Ես լսեցի մի անուշ ձայն» երգերու սկզբնական դարձուածքները։ Երաժշտահանին հայրենասիրական զգացումներու վառ արտայայտութիւններէն է նաեւ Գերմանիոյ մէջ գրուած «Մայրենի լեզու, մայրենի բարբառ» երգը՝ Ստեփանոս Նազարեանի բանաստեղծութեամբ։
Կոմիտաս լաւ կը հասկնար ժողովուրդին ազգային ազատագրման համար մայրենի լեզուի տարածման մեծ նշանակութիւնը։ Երկձայն խումբի համար գրուած «Մայրենի լեզու, մայրենի բարբառ» երգին մէջ զգալի է հայկական քաղաքային քնարական երգերու ազդեցութիւնը։ Այդ ստեղծագործութեան տարիներ ետք կ'անդրադառնայ Ներսէս Մեզպուրեանի «Ով, մեծասքանչ դու լեզու» ոտանաւորով ժողովրդականացած երգին կոմիտասեան մշակումը, որ աչքի կը զարնէ խմբերգային գրութեան կատարեալ վարպետութեամբ։
Կոմիտասի ժողովրդական ստեղծագործութիւններէն են նաեւ՝
- «Գարուն» ծաւալուն խմբերգը (խօսք՝ Յովհ. Յովհաննիսեանի),
- «Ճեմում էի բուրաստանում» ռոմանսը (խօսք՝ Յովհ.Յովհաննիսեանի),
- «Հայկական ընդհանուր բարեգործական միութեան քայլերգը» եւ այլն։
Անոր ստեղծագործութիւններու շարքին մաս կը կազմեն նաեւ օփերային մտայղացումները։ Քնարական-կենցաղային՝ «Անուշ» (ըստ Յովհաննէս Թումանեանի), երգիծական-կենցաղային՝ «Քաղաքավարութեան վնասները» (ըստ Յակոբ Պարոնեանի), պատմահայրենասիրական՝ «Վարդան» (հաւանաբար՝ ըստ Ռափայէլ Պատկանեանի) եւ դիւցազնա-հերոսական՝ «Սասունցի Դաւիթ» օփերաներու ստեղծման աշխատանքները, որոնք անաւարտ մնացած են։
Կոմիտասի երաժշտական ժառանգութեան մէջ կան ստեղծագործութիւններ, որոնք, կարծէք, ժողովրդական երգի մշակումներ ըլլան։ Օրինակ,
- «Կաքաւիկը» (խօսք՝ Յովհաննէս Թումանեան), գրուած մենակատար - երգիչի, երգչախումբի եւ դաշնակի համար։
- «Ալագեազը» (խօսք՝ Յովհաննէս Յովհաննիսեան),
- «Սիփանայ քաջերը» (խօսք՝ Մանուկ Աբեղեան),
- «Անտունին» եւ այլն։
- «Սիփանայ Քաջերը» (կամ «Լօ-լօ»-ն) հերոսական ոգիով համակուած խմբերգային ծաւալուն գործ մըն է, որ կը նկարագրէ հայ արի զինուորներու մարտական կոչերը։
- «Անտունին» խոր հոգեբանական ստեղծագործութիւն է, ուր կը նկարագրուին «տնաւեր» պանդուխտին ապրումները, իղձերն ու կարօտը։ Կոմիտաս ստեղծած է հայ պանդուխտի արտակարգ ուժով համակուած կերպարը։ Մեղեդին աչքի կը զարնէ յուզական լարուածութեամբ։
Հայ գեղջուկ երգերու մշակումն այնքան հրապուրած էր Կոմիտասը, որ այդ սկզբնաղբիւրէն անկախ երկեր ստեղծելը գրեթէ դուրս մնացած էր իր «օրակարգէն»։ Հակառակ անոր, ան ստեղծած է գեղարուեստական մնայուն արժէքի շարք մը հեղինակային գործեր։
Ժամանակակիցներու յուշերը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Կոմիտաս մեծ ընթերցասէր մըն էր, ուժեղ էր հայոց լեզուի մէջ, եւ հայոց պատմութիւնը շատ լաւ գիտէր: Մասնաւորապէս կը կարդար Մովսէս Խորենացի եւ Նարեկացի, իսկ Աբովեանին «Վէրք Հայաստանին» կ'անուանէր իր մասունքը:
Կոմիտաս քաջ պարող մըն ալ էր... Մարդկային բացառիկ առաքինութիւններու ծով էր։ Չափազանց աշխատասէր, աննկուն կամքի տէր, անկեղծ, բարեհոգի, ընկերասէր, քաղցր ու համեստ՝ ամէնուն նկատմամբ: Մաքրակրօն էր ան եւ մեծ հայրենասէր մը: Բացի իր երաժշտական հանճարէն, այլ շնորհքներ ալ ունէր. բանաստեղծ էր եւ ճարտար քոմիք դերասան: Վերին աստիճանի սրամիտ, կենսուրախ եւ պատրաստաբան էր Կոմիտաս եւ սիրուած ճեմարանի մեծէն ու փոքրէն: Կոմիտաս Պերլին գտնուած միջոցին, հայ ժողովրդական երգերը անձնապէս ցուցադրած համերգէն ետք, Պերլինի օփերայի տնօրէնը անձամբ կը հրաւիրէ զինքը իբրեւ օփերայի գլխաւոր երգիչ եւ կը խոստանայ բացառիկ վճարում: Կոմիտաս կը պատասխանէ անոր. «Իմ երգիչի կարողութիւնները մէկ նպատակի միայն կը ծառայեն, մեծ ժողովուրդիս երգն ու երաժշտութիւնը ծանօթացնել երաժշտական աշխարհին եւ ապացուցել, որ հայ ստեղծագործ ժողովուրդը սկզբնական դարերէն ունեցեր է իր ինքնուրոյն երգն ու երաժշտութիւնը»...: |
Ոչ ոք զիս չի կրնար մեղադրել չափազանցութեան համար, եթէ ես ըսեմ, որ Կոմիտասի այդ համերգը (Փարիզ, 1906) յեղաշրջում մըն էր եւ իր յայտնութեամբ զարմացուց մեզ: Ներկաներէն ոչ ոք, ի բացառեալ նուրբ գիտակներու, չի կրնար պատկերացնել այդ արուեստի գեղեցկութիւնը, զոր, ըստ էութեան, ո՛չ եւրոպական է, ո՛չ արեւելեան, բայց եզակի է իր տեսակին մէջ: - Լուի Լալուա[13]
|
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 1,10 1,11 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. Խուդավերդյան — Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
- ↑ 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 2,5 2,6 2,7 Հայկական համառոտ հանրագիտարան — Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1990. — հատոր 2.
- ↑ 3,0 3,1 3,2 3,3 3,4 3,5 Комитас // Большая советская энциклопедия: [в 30 т.] / под ред. А. М. Прохорова — 3-е изд. — М.: Советская энциклопедия, 1969.
- ↑ 4,0 4,1 4,2 Encyclopædia Britannica
- ↑ 5,0 5,1 5,2 Չեխիայի ազգային գրադարանի կատալոգ
- ↑ Krikorian A., Heratchian H. Le dictionnaire biographique: Arméniens d'hier et d'aujourd'hui — Maisons-Alfort: 2021. — P. 328. — ISBN 978-2-905686-93-0
- ↑ «Komitas | Armenian composer»։ արտագրուած է՝ 2016-09-22
- ↑ Գուրգէն Գասպարեան, «Կոմիտաս Վարդապետ», Երեւան 2009
- ↑ Գուրգէն Գասպարեան. «Կոմիտաս Վարդապետ. ուսումնասիրութիւններ եւ յօդուածներ», Գիրք Բ․, Երեւան, 2007
- ↑ Կոմիտաս Վարդապետ
- ↑ Adalian, Rouben Paul (2010). Historical Dictionary of Armenia. Lanham, Maryland: Scarecrow Press.
- ↑ Կոմիտասի Ծննդեան 150-ամեակ. Կոմիտաս Վարդապետ (1869-1935) «Հայ Երաժշտութեան Մեսրոպ Մաշտոցը»
- ↑ Սորպոնի համալսարանի փրոֆէսոր, երաժշտական քննադատ
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կոմիտաս՝ հայ երգի «Անլռելի զանգակատունը»
|