Ջիւանի
Ջիւանի | |
---|---|
| |
Ծննդեան անուն | հայ.՝ Սերոբ Ստեփանի Լևոնյան |
Նաեւ յայտնի է իբրեւ | Ջիվանի |
Ծնած է | 1846[1][2][3] |
Ծննդավայր | Կարզախ, Թիֆլիսի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն[4] |
Մահացած է | 5 Մարտ 1909 |
Մահուան վայր | Թիֆլիս, Թիֆլիսի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն[5] |
Քաղաքացիութիւն | Ռուսական Կայսրութիւն |
Մասնագիտութիւն | Հայ Գուսաններ, բանաստեղծ, երգահան, աշուղ |
Երեխաներ | Գարեգին Լեւոնեան |
Ջիւանի (Սերովբէ[6](Սերոբ) Ստեփանի Բենկոյեան[7](Լեւոնեան)) (1846[1][2][3], Կարզախ, Թիֆլիսի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն[4] - 5 Մարտ 1909, Թիֆլիս, Թիֆլիսի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն[5]), հայ աշուղական երգարուեստի ազգային դպրոցի ներկայացուցիչ, ժողովրդական երգիչ։
Անոր ստեղծագործութիւններէն մեզի հասած է մօտ 800 երգ։ Ունեցած է բազմաթիւ շրջագայութիւններ իր խումբով, հանդէս գալով Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ռուսաստանի մէջ։
Մասնակցութիւն բերած է նաեւ հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարին։ Ենթարկուած է հետապնդումներու, երբեմն արգիլուած են անոր ելոյթները, բռնագրաւած են նուագարանը։
Երեւանի մէջ կը գործէ Ջիւանիի անուան աշուղական արուեստի դպրոց, անոր անունով փողոցներ կը կոչուին Երեւանի, Գիւմրիի եւ այլ շրջաններու մէջ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սերովբէ Բենկոյեան ծնած է 1846 թուականին, Ջաւախքի Կարծախ գիւղին մէջ, ռուս-թրքական պատերազմի հետեւանքով Պասենէն գաղթած Բենկոյենց Գասպարի ընտանիքին մէջ։
Հայրը կը մահանայ երիտասարդ հասակին, իսկ մայրը կ'ամուսնանայ եւ կ'երթայ դրացի Դադեշ գիւղ։ Սերովբէ եւ անոր երկու եղբայրները՝ Քերոբն ու Փիլիպոսը, կը զրկուին մայրական խնամքէն։ Մօրմէ բաժանուելու վիշտին ազդեցութեան տակ, ան յետագային կը գրէ իր հռչակաւոր «Մայրիկ» երգը։
Սերովբէի հօրեղբայրը՝ Մարտիրոսը, որ Կարծախի մէջ ճանչցուած մարդ էր, իր ուսերուն կ’առնէ երեք որբուկներու խնամքը։ Ժամանակն ու պայմանները թոյլ չեն տար, որ Սերովբէն կարողանայ օրինաւոր կրթութիւն ստանալ։ Գիւղական խալիֆայական դպրոցին մէջ նոր գրել-կարդալ սորված էր, երբ հօրեղբայրը Սերովբէին դպրոցէն կը հանէ եւ կը կարգէ հորթարած։
Ուսման, երգի ու երաժշտութեան հանդէպ սէրը անոր մէջ կ’արթննայ արդէն վաղ հասակէն։ Անոր ընկեր Աւետիս Պօղոսեանը պատմած է. «Խումբ մը պատանիներ Խոզապին լճի ափին անասուններ կ’արածէինք։ Մեզի հետ էր նաեւ Սերոբը։ Ան հազուադէպ մեզ հետ կը մասնակցէր մեր ընկերական խաղերուն, շարունակ կ’առանձնանար, ցած ձայնով կ’երգէր եւ հետն ալ ճիպոտի վրայ, «կը նուագէր»։ Օր մըն ալ տեսնենք, որ իր հետ բերած է տախտակի կտոր մը եւ ձիու պոչէն քաշած մազ։ - Ինչի՞ համար են ասոնք, - հարցուցինք անոր։ Ըսաւ թէ՝ սազ պիտի շինեմ։ Երբ մենք սովորականի պէս սկսանք մեր խաղը, Սերոբը առանձնացաւ։ Կէսօրին տեսնենք, «սազը» պատրաստ է։ Ան կ’երգէր հօրեղբայր Մարտիրոսէն սորված երգ մը ու հետն ալ կը զարնէր «սազի լարերուն»։ Աւա՜ղ, մենք կը ծիծաղէինք ու չէինք ենթադրեր, որ մեր դիմաց կանգնած է ապագայ տաղանդաւոր աշուղ Ջիւանին»։
Ան հետաքրքրութեամբ կը լսէ Կարծախ այցելած շրջիկ աշուղներու երգն ու զրոյցը եւ անոր մէջ հետզհետէ կ’ամրապնդուի աշուղ դառնալու ցանկութիւնն ու երազանքը, եւ ինքն ալ կը սկսի երգեր յօրինել։ Համագիւղացի աշուղ Սիային, որուն սեւ ըլլալուն պատճառով զինք կը կոչէին Ղարա-Ղազար, կը նկատէ պատանիին հակումներն ու սէրը եւ կը համաձայնի զայն առնել իբրեւ աշակերտ։
Ջիւանին Սիային կ’աշակերտէ հինգ տարի։ Կը սորվի ու կը հմտանայ աշուղական երգարուեստի մէջ։ Ան շուտով կը սորվի նաեւ սազ նուագել, կը տիրապետէ աշուղական արուեստի նրբութիւններուն ու իւրայատկութիւններուն, կը յօրինէ, երբեմն ալ կը գերազանցէ նաեւ իր վարպետը։ Ընդունուած կարգի համաձայն, աշուղ Սիային անոր հինգ տարի ետք կը շնորհէ աշուղի կոչում եւ աշուղի անուն՝ ՋիւանիԿաղապար:Ն:
Աշխատանքի բերումով 1864 թուականին Ջիւանին հօրեղբօր հետ կ’երթայ Թիֆլիս, ապա Ալեքսանդրապոլ, որ աշուղներու կեդրոն կը համարուէր։ Այստեղ ապրող ու ստեղծագործող աշուղներու մասին ան լսած էր Կարծախ այցելած աշուղներուն կողմէ։ Թիֆլիսէն դարձեալ աշխատանքի բերումով Ջիւանին կ’երթայ Ալեքսանդրապոլ եւ Տալոյեաններու սրճարանին մէջ, ընդառաջելով ներկաներուն, կ’երգէ իր յօրինած երգերը եւ գովասանքի կ’արժանանայ սրճարանին մէջ գտնուող աշուղներուն կողմէ։
Այս տարիներուն Ջիւանին կը ծանօթանայ Կարծախ այցելած նորբայազետցի աշուղ Սազայի հետ, որուն համատեղ աշխատելու առաջարկը կ’ընդունի։ Երկու երիտասարդ աշուղները կը սկսին միասին հանդէս գալ։ Սկզբնական շրջանին անոնք կը մնան Թիֆլիսի մէջ, ելոյթներ կ’ունենան վանեցի Կարապետ Սոնանեանցի սրճարանին մէջ[8]։ Կարճ ժամանակամիջոցի ընդացքին, անոնք ձեռք կը բերեն անուն ու հռչակ։
Ջիւանին Թիֆլիս կը մնայ մէկ տարի։ Արդէն յայտնի դարձած աշուղ Ջիւանիին Տալոյեան եղբայրները կը հրաւիրեն Ալեքսանդրապոլի իրենց սրճարանին մէջ երգելու։ 1868 թուականին Ջիւանին Սազայիի հետ կը տեղափոխուի ու կը հաստատուի Ալեքսանդրապոլ ։ 1871 թուականին, ան արդէն սեփական խումբ ունէր եւ մշտապէս ելոյթներ կ’ունենար Տալոյեան եղբայրներու սրճարանին մէջ[9]։
1872 թուականին Ջիւանին կ'ամուսնանայ սրճարանատիրոջ՝ Յովհաննէս Տալոյեանի դստեր՝ Աշխէնի հետ։ Անոնք կ’ունենան վեց զաւակ, որոնցմէ են՝ հրատարակիչ-խմբագիր, աշուղագէտ, մատենագէտ, արուեստի վաստակաւոր գործիչ Գարեգին Լեւոնեանը (1872-1947) եւ քաղաքական, հասարակական, ազգային գործիչ Պարոյր Լեւոնեանը (1884–1933)։
1895 թուականին Ջիւանին ընտանիքով կը տեղափոխուի ու կը հաստատուի Թիֆլիս, ուր կ’ապրի մինչեւ կեանքի վերջը՝ 1909 թուականը։ Հաստատուելով Թիֆլիս՝ ան նպատակ ունէր նիւթապէս ապահովել ընտանիքը եւ կարեւորը՝ զաւակներուն լաւ կրթութիւն տալ։ Որդիներու կրթութիւնը, անոնց ապագան միշտ մտահոգութիւն եղած է աշուղին, որ արտայայտուած է նաեւ անոր շարք մը երգերուն մէջ։ Թիֆլիսի մէջ, սակայն, Ջիւանին չի կարողանար քիչ թէ շատ ապահով կեանք վարել։ Կարիքը, չքաւորութիւնը անոր մշտապէս կը հետապնդեն։ Անոր երազանքը եղած է «ունենալ շնորհք, միտք ու խելք, որ կրթեմ զաւակներս՝ չմտած դագաղ»[10] ։ Իր անուս ըլլալուն պատճառը ան մշտապէս կը նկատէր ընտանեկան միջավայրը[11]։ Աշուղի բազմանդամ ընտանիքի նիւթական վիճակը այդպէս ալ չէր բարելաւուեր, անոր հետ օրէ օր կը վատթարանար անոր առողջութիւնն ու տեսողութիւնը[12]։
1896–1900 թուականներուն Ջիւանին տեսողութիւնը վերականգնելու նպատակով կը մեկնի Պուլկարիա՝ Պլովդիվ քաղաք։ Բարեկամներու խորհուրդով ան կ’երթայ Վիեննա, կը դիմէ մասնագէտներու, բայց կը վերադառնայ ապարդիւն[13]։
Կեանքի վերջին տարիները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կեանքի վերջին տարիներուն, Ջիւանի ելոյթ կ'ունենար վանեցի Պետրոս Ասլանեանի սրճարանին մէջ, Թիֆլիս, որուն ճակատին փակցուած էր փոքր ցուցանակ մը. «Սրճարան՝ ուր կ՚երգէ աշուղ Ջիւանին»[14]։
Ժամանակ մը ետք, Ջիւանի իր խումբով կը տեղափոխուի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ դիմաց գտնուող Հաշտոնց Գասպարի սրճարանը։ Դժուարութեամբ, սրճարանատէրը կը յաջողի Ջիւանին Ասլանեանի «ձեռքէն խլել»։ «Գասպարի սրճարանը անհամեմատ աւելի ընդարձակ էր, տեղն ալ բանուկ, մարդաշատ: Սրճարանը ամէն օր լեփ-լեցուն էր բազմութեամբ»։ Գասպարի սրճարանի յաճախորդներէն եղած է ժողովրդական հերոս Անդրանիկը[15]։
1871 թուականէն սկսեալ, Ջիւանի ունեցած էր սեփական խումբ, գլխաւորաբար բաղկացած երեք հոգիէ, որոնցմէ մէկը աշուղ Ջամալին էր՝ Ջիւանիի կնոջ եղբայրը։ Կեանքի վերջին տարիներուն, Ջիւանիի խումբը բաղկացած էր չորս հոգիէ. ինքը կը նուագէր ջութակ, Ջամալին՝ սանթուր, Ալեքսին՝ թառ, էրզրումցի Յարութիկը՝ նրբասրինգ[16]։
Ջիւանին վախճանած է 24 Փետրուար 1909-ին։ Անուանի աշուղի յուղարկաւորութեան մասնակցած են տարբեր ազգերու մեծ թիւով ներկայացուցիչներ։ Այդ օրերուն Դաշնակցութեան գործով Մետեխի բանտին մէջ գտնուող Յովհաննէս Թումանեանն ու Աւետիք Իսահակեանը, երբ յուղարկաւորութեան թափօրը կ’անցնէր բանտի մօտէն, վանդակապատ պատուհանէն վերջին հրաժեշտը տուած են մեծ աշուղին՝ թաշկինակները թափահարելով[17]։
Ժառանգներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աշուղին մէկ տասնեակէ աւելի թոռներն ու ծոռները ներկայիս կ'ապրին Թիֆլիսի, Երեւանի եւ Մոսկուայի մէջ։ Արաքսիայի աղջիկը՝ Ռուզաննան, որ մահացած է վերջին տարիներուն, Թիֆլիսի մէջ ամուսնացած էր Ալեքսանտր Նիժարաձէի հետ։ Անոնց աղջիկը՝ Գրետան, աւարտած է օտար լեզուներու հիմնարկը եւ ամուր կապեր պահպանած՝ աշուղի բոլոր թոռներուն ու ծոռներուն հետ։ Երեւանի մէջ կ՚ապրին Գուրգէնի որդին եւ աղջիկը՝ Վարուժան եւ Անահիտ Լեւոնեանները, Հռիփսիմէի որդին՝ Դիզբէկը։ Իրենց պապին յիշատակը յաւերժացնելու նպատակով, ծոռներէն երկուքը կոչած Ջիւան (Ջիւան Յակոբեան՝ Երեւանի մէջ, երգահան Ջիւան Միխայլով՝ Մոսկուայի մէջ)։ Մոսկուայի մէջ կ’ապրին Սերգէյ Գասպարեանը՝ Արաքսիի թոռը եւ Ռուզաննան՝ Լեւոնի աղջիկն ու Ջիւան Միխայլովի մայրը։
Աշուղական գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ալեքսանդրապոլ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Շիրակի կեդրոն Ալեքսանդրապոլը կը դառնայ աշուղ Ջիւանիի երկրորդ հայրենիքը։ Ան հանդէս կու գայ Անդրկովկասի, Հիւսիսային Կովկասի, Ռուսաստանի եւ Արեւմտեան Հայաստանի հայաշատ բնակավայրերուն մէջ։
Ալեքսանդրապոլը Անդրկովկասի հայաշատ քաղաքներէն էր։ Երբ Ջիւանին կը հաստատուի հոն, քաղաքին մէջ կը գործէին դպրոցներ, ուր ուսուցիչ էին յայտնի գրողներ ու հասարակական գործիչներ Ղազարոս Աղայեանը, Հայրապետ Ղուկասեանը, Գաբրիէլ Տեր-Յովհաննիսեանը (Քաջբերունի), Սարգիս Բէկնազարեանը եւ ուրիշներ[18]։ Ալեքսանդրապոլի մէջ ներկայացումներ կը կատարուէին[19], իսկ սրճարաններուն մէջ տեղի կ’ունենային Շիրակի աշուղներու ելոյթներ ու մրցումներ։ Քաղաքին ու Շիրակի գիւղերուն մէջ կ'ապրէին ու կը ստեղծագործէին բազմաթիւ աշուղներ[20]: Քաղաքին մէջ կը գործէր երեք սրճարան՝ Տալոյենց, Կուզիկենց, Հայկազունիենց։ Հայերէն լեզուով երգերը, մասնաւորապէս աշուղականը, կենցաղին մէջ թրքերէնի հետ սովորական էին։
Թիֆլիս
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թիֆլիսի մէջ կարճատեւ գործունէութեան ընթացքին, Ջիւանին հետաքրքրութեամբ կը հետեւէր հասարակական կեանքին մէջ հայ ժողովուրդի ճակատագրին առնչուող իրադարձութիւնները, կը փորձէր կարդալով գիտելիքներ ձեռք բերել, հարստացնել նաեւ իր բառապաշարը։ Տեղափոխուելով Ալեքսանդրապոլ՝ ան կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին կը դառնայ ժամանակի կրթուած ու զարգացած մարդոցմէ մէկը։ Թիֆլիսէն բերած է նոր լոյս տեսած գիրքեր, թերթեր։ Ալեքսանդրապոլի մէջ նօթագրութեան դասեր կ’առնէ Յովհաննէս անունով երաժիշտէն, որուն երգ կը նուիրէ[21]։
Ջիւանիի ինքնակրթութինը զգալի չափով կը նպաստէր անոր լայն կապերուն, ծանօթութիւնները ժամանակի մտաւորականութեան ներկայացուցիչներու հետ, ինչպէս Թիֆլիսի մէջ, այնպէս ալ՝ Ալեքսանդրապոլի մէջ։ Ան իր երգին մէջ արծարծած է ժամանակի հայ հասարակութիւնը յուզող շատ խնդիրներ։
1871 թուականին Ջիւանին հանդէս կու գայ ինքնուրոյն խումբով եւ աշուղներու միջավայրին մէջ մեծ հեղինակութիւն ձեռք կը բերէ։ Շուտով զինք կ’ընտրեն իր իսկ ստեղծած արհեստակից աշուղներու ընկերութեան (համքարութեան) կազմակերպութեան նախագահ՝ վարպետաց վարպետ (ուստաբաշի)։ Պահպանուած են Ջիւանիի արհեստաւորի գլուխ (ուստաբաշի) ընտրութեան վաւերագիր արձանագրութիւնները․
Համախօսական վճիռ
1892, 24-րդ օրը փետրուար ամսուան, մենք ներքեւ ստորագրեալներս ասիական երգիչներս Ալեքսանդրապոլ քաղաքի հաւաքուածներս, այսօր ժողովին մէջ, մեր արհեստականութեան մէջ կարգապահութիւն վերականգնեցելու համար ընտրեցինք մեր մէջէն արհեստաւորներու գլխաւոր (ուստաբաշի) մեր համաքաղաքացի Սերովբէ Ստեփանեան (Լեւոնեանին) Ջիւանի եւ անոր օգնականներ Համբարձում Ադամեանին եւ Անտոն Անտոնեանցին եւ մենք կը պարտաւորուինք օրէնքի բոլոր կանոններու համաձայն հնազանդ գտնուիլ: - Առ որ ստորագրենք ի. ք. Ալեքսանդրապոլ[22]
|
Կը հետեւին 25 ստորագրութիւն, որոնց մէջն են յայտնի աշուղներ՝ Մկրտիչ Տալեանը (Ջամալի), Վարշամ Տրդատեանը (Պայծառէ), Գրիգոր Տալեանը (Շերամ) եւ Ֆիզահին: Պահպանուած է արձանագրութեան նաեւ ռուսերէն օրինակը։
Ջիւանին «ուստաբաշի» ընտրուած էր նաեւ աւելի վաղ. այլ վաւերագիր մը՝ կազմուած 18 Ապրիլ 1884, Ջիւանին կը ստորագրէ՝ «ուստաբաշի Ջիւանի»[23]։
Շրջագայութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Իր քառասնամեայ ստեղծագործական կեանքի ընթացքին, աշուղ Ջիւանին բազմաթիւ շրջագայութիւններ ունեցած է, հանդէս եկած է իր խումբով։ Ան յաճախ իր երգերու յօրինման ու տեղի վերաբերեալ նշումներ կատարած է։ Ելլելով պահպանուած տուեալներէն, ան ելոյթ ունեցած է Երեւանի, Շուշիի, Գանձակի, Պաքուի, Կարսի, Էրզրումի, Սալմաստի, Դերբենտի, Պաթումի, Փութիի, Սուխումի, Նովորոսիյսկի, Ղրիմի քաղաքներուն, Խարկովի, Ռոստովի, Եկատերինոդարի, Արմաւիրի եւ այլ շրջաններու մէջ։
Ինքնակենսագրական տարաբնոյթ տեղեկութիւններով հարուստ է աշուղի «Ճանապարհորդական տպաւորութիւններ» խորագրով ստեղծագործութիւնը, որ գրած է 1900–1902 թուականներու ընթացքին։ Ջիւանին պահած է օրագիր, ուր օր առ օր գրանցած է տեղի ունեցած արժանայիշատակ դէպքերը, ներկայացուցած է այն բնակավայրերը, ուր երգած է տեղի ժողովուրդի, անոնցմէ են՝ հայերու վիճակը, կենցաղը, սովորութիւնները եւ այլն։ Ըստ գրառումի մը՝ աշուղի երեք հոգիէ բաղկացած խումբը դուրս կու գայ Թիֆլիսէն՝ 1 Օգոստոս 1900-ին։ Խումբը ելոյթներ կ'ունենայ Պաթումի, Փութիի, Սուխումի, Նովորոսիյսկի, Կերչի, Թէոդոսիոյ, Յալթիոյ, Սիմֆերոպոլի, Սեւաստոպոլի, Խարկովի, Մելիտոպոլի, Ռոստովի եւ Նոր Նախիջեւան քաղաքներուն մէջ։ Անոնց ելոյթները մեծ յաջողութեամբ անցած են, խոչընդոտներ յարուցուած են միայն իշխանութիւններուն կողմէ[24]։
Ճանապարհորդութեան ընթացքին Ջիւանին իւրաքանչիւր քաղաքի մէջ հանդիպած է հայերու, յատկապէս մշեցի գաղթականներու, իր ցաւն ու կարեկցանքը արտայայտած է անոնց վիճակի, անտուն-անընտանիք կեանքի մասին[25]:Յաջողած են յատկապէս Հիւսիսային Կովկասի Արմաւիրի հայաշատ քաղաքի շրջագայութիւնները։
Ջիւանին մշտապէս եղած է ոստիկանութեան հսկողութեան ներքեւ, ենթարկուած է հետապնդումներու, արգիլուած են անոր ելոյթները, բռնագրաւուած է նուագարանը[26]:
Ջիւանիի խումբի մշտական անդամ, աշուղ Ջամալիի որդին՝ ժողովրդական արուեստագէտ Շարա Տալեանը, իր յուշերուն մէջ կը գրէ.
Մեր թաղամասի ոստիկանապետ Գլեբովը հայատեաց մարդ էր... Այս Գլեբովն էր, որ ամիսը երկու անգամ Ջիւանիի խումբի երաժշտական գործիքները կը բռնագրաւէր եւ կ'արգիլէր աշխատիլ, պատճառաբանելով, թէ աշուղները կ'երգեն ազգային ու յեղափոխական երգեր։ Արհեստաւորներն ու խանութպանները դրամ կը հաւաքէին, կը բանակցէին Գլեբովի հետ, կաշառի մէջ։ Ապա նորէն կ'երգէր Ջիւանին:[27] |
Հասարակական գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]19-րդ դարու երկրորդ կիսուն, երբ Ջիւանին կը հաստատուի Ալեքսանդրապոլ, բաւական աշխուժացած էր այլադաւանութեան քարոզը։ Քիչ չէին կաթոլիկութիւն ընդունողները, կաթոլիկ եկեղեցւոյ հովանիին դիմողները։ Քաղաքի հայ առաքելական դասի ներկայացուցիչները կը պայքարէին այդ երեւոյթին դէմ։ Ջիւանին եւս անտարբեր չէր։ Ան իր վերաբերմունքը բացայայտ արտայայտած է իր շարք մը տպագիր երգերուն մէջ։ Աշուղը բարձր գնահատած է Ղեւոնդ Ալիշանի հայրենանուէր գործունէութիւնը․ «Ծէսով կաթոլիկ է, բայց հոգով հայ է»[28] Իր ծանօթ Ալեքսանդր Արարատեանի՝ կաթոլիկ, բայց քաղաքին մէջ հեղինակութիւն վայելող («Անի քաղաքը նստած կու լայ» երգի հեղինակ[29]), մահուան կապակցութեամբ գրած է դամբանական:
Ջիւանին մասնակցած է նաեւ հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարին։ Ան բարեկամական, ընկերական կապեր ունեցած է Ալեքսանդրապոլի մէջ կազմակերպուած «Բարենպատակ» հայրենասիրական ընկերութեան անդամներուն հետ[30]։
Ակադեմիկոս Մկրտիչ Ներսիսեանի աշխատութիւններէն մէկուն մէջ աւելի որոշակի տուեալներ կը հաղորդուի Ջիւանիի հայրենանպաստ գործունէութեան վերաբերեալ։ 1877–1878 թուականներուն, ռուս-թրքական պատերազմի աւարտէն ետք, Հայաստանի մէջ ծայր առած կամաւորական շարժման ոլորտին մէջ ընդգրկուած էր նաեւ հայաշատ, ռուս-թրքական սահմանամերձ Ալեքսանդրապոլը։ Քաղաքին մէջ կ’ընտրուի հինգ հոգիէ բաղկացած յանձնաժողով մը՝ կամաւորական խումբերը կազմակերպելու ու անոնց գործունէութիւնը ուղղորդելու նպատակով։ Այդ յանձնաժողովի անդամ կ’ընտրուի Ջիւանին[31]։
Աշակերտներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ջիւանին բոլոր աշուղներուն նման ունեցած է աշակերտներ․
«…(մեծ մասամբ կոյր) այժմ յայտնի են այն կողմերուն մէջ, որպէս լաւ ածողներ, ինչպէս Համբարձումը (Համբօն), Երուանդը, Անտոնը, Խաչատուրը, Գարեգինը եւ այլք:[32] |
Ալեքսանդրապոլի մէջ, Ջիւանին իր շուրջը կը համախմբէ երիտասարդ աշուղներու խումբ մը, որոնք թէեւ կը ստեղծագործէին աշուղական աւանդական կանոններով, բայց անոր ազդեցութեամբ կը դառնան անոր հետեւորդները՝ ազգային դպրոցի հաւատարիմ աշուղները։ Անոնք են՝ Սազային, Ջամալին, Խայաթը, Պայծառէն, Աշխոյժ (ապարանցին), Մահուբի Գէորգը, Նոր Սոխակը, Հաւասին[33], յաջորդ սերունդէն՝ Շերամը (Գրիգոր Տալեանը), Աշոտը (Դադայեան), Շահէնը, Հայրիկը եւ այլք։
Ժողովածուներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ջիւանիի երգերը տպագրուած են պարբերական մամուլի էջերուն մէջ, իսկ ապա առանձին ժողովածուներու մէջ՝ յաճախ առանց անոր տեղեկութիւն ունենալուն։ Աշուղին ճանաչում բերած է «Արարատ» ամսագրին մէջ լոյս տեսած երգերու շարքը[34]։ Մինչեւ 1880-ական թուականները, անոր երգերը տպագրուած են նաեւ «Սոխակ Հայաստանի» երգարանի հատորներուն մէջ։
Ջիւանիի երգերու առաջին ժողովածուն հրատարակուած է Ալեքսանդրապոլի մէջ[35] եւ շուտով սպառած։ Յաջորդ երկու ժողովածուներն ալ նոյնպէս տպուած են Ալեքսանդրապոլի մէջ[36][37]։ Յետագային ալ հրատարակուած են քանի մը ժողովածուներ։ Այնուհետեւ, սկսած է անոր երգերուն տարածումը հայկական միջավայրին մէջ՝ Անդրկովկաս ու Հիւսիսային Կովկաս, Արեւմտեան Հայաստան ու այլ շրջաններ։ Երգերու վերջին ժողովածուն լոյս տեսած է Երեւանի մէջ, 1988 թուականին։ Ջիւանիի երգերը թարգմանուած են ռուսերէն, ֆրանսերէն եւ այլ լեզուներով։
Ջիւանիէն շուրջ 800 երգ հասած է մեզի։ Անոր երգերը հեղինակէն գրի առած եւ մշակած են Քրիստափոր Կարա-Մուրզան, Մակար Եկմալեանը, Կոմիտասը, Ա. Բրուտեանը, յետագային (այլ աշուղներու երգածէն)՝ Ս. Դեմուրեանը, Ռոմանոս Մելիքեանը եւ ուրիշներ։
Ձօն Ջիւանիի
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ջիւանիին բանաստեղծութիւններ նուիրուած են։ Բանաստեղծ Յովհաննէս Յովհաննիսեան ձօն գրած է 5 Փետրուար 1904-ին, Վարդանանց տօնին առթիւ կազմակերպուած ընկերական հաւաքոյթին ընթացքին․
Ես խեղճ ու կրակ աշուղ Յովհաննէս,
Քեզ ի՞նչ արժանի մի բան ունեմ ես,
Ի՛նչ էլ որ լինեմ, անփորձ մանկան պէս
Քո աշակերտն եմ, ո՞ւր ես, Ջիւանի[38]
Անուանի բանաստեղծը գրած է.
Տիգրան Արփիարեանը Ջիւանիի խումբի ելոյթներուն մասին գրած է հետեւեալը․
Երգած պահուն առաջուան մարդը չէր, ինքզինքէն դուրս կ'ելլէր, կը վերանար, հոգեկան բան մը կը դառնար, առանց արուեստի, առանց ճիգի կը սահէին երգերը իր շրթունքներէն, ձայնը ու նուագարանը քիչ կու գային կարծես՝ իրեն սրտին բոլոր խանդը, հոգւոյն բոլոր իղձը արտայայտելու... արուեստականութիւն բնաւ չկար իր քով: Երգերը երգերուն կը յաջորդէին անընդհատ, առանց յոգնածութիւն պատճառելու, ընդհակառակը՝ հաճոյք ալ ազդելով իրեն իսկ:։[40] |
Արաբկիրի աշուղական երգարուեստին քաջատեղեակ Անդրանիկ Փոլատեանը Ջիւանիի մասին գրած է․
Աննման ծնունդ ես, ազնիւ, գեղեցիկ... «որդեգրուած» արաբկիրցիներու կողմէ, հարսանիքներու եւ խրախճանքներու ընթացքին կ՚երգէին ու կը պարէին մեծ եռանդով։[41] |
Նշումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երկերու մատենագիտութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Աշըղ Ջիւանու երգերը, Ալէքսանդրապօլ, 1882:
- Աշըղ Ջիւանու երգերը, Ալէքսանդրապօլ, 1886, 241 էջ:
- Աշըղ Ղարիբի հէքեաթը, Թիֆլիս, 1888, 124 էջ:
- Աշըղ Ջիւանու երգերը, Ալէքսանդրապօլ, 1893, 338 էջ:
- Աշըղ Ղարիբի հէքեաթը, Ալէքսանդրապօլ, 1895, 156 էջ:
- Ջիվանու քնարը, հատ. 1, Թիֆլիս, 1900, 120 էջ:
- Ջիվանու քնարը, հատ. 2, Վաղարշապատ, 1904, 140 էջ:
- Աշըղ Ղարիբի հէքեաթը, Թիֆլիս, 1906, 112 էջ:
- Աշըղ Ջիւանու երգերը, Թիֆլիս, 1912, 384 էջ:
- Աշըղ Ղարիբի հէքեաթը, Թիֆլիս, 1914, 112 էջ:
- Աշըղ Ղարիբի հէքեաթը, Բագու, 1918, 112 էջ:
- Աշըղ Ղարիբի հէքեաթը, Կ. Պոլիս, 1922, 112 էջ:
- Աշուղ Ղարիբի հէքեաթը, Կ. Պոլիս, 1924, 109 էջ:
- Յերգերի ժողովածու, ՅԵրեւան, 1936, 544 էջ:
- Երգերի ժողովածու, Երեւան, 1955, 192 էջ:
- Ջիվանու քնարը, Երեւան, 1959, 796 էջ:
- Երգեր, Երեւան, 1988, 528 էջ:
- Անհայտ երգեր, Երեւան, 1996, 240 էջ:
- Ծիրանի ծառ (Հատընտիր), Երեւան, 1996, 196 էջ:
- Ջիվանի – 150. Անհայտ երգեր, Երեւան, 1996, 80 էջ:
- Ձայնագրյալ երգարան, Երեւան, 1998, 188 էջ:
- Կուգան ու կ'երթան (երգեր), Երեւան, 2008, 144 էջ:
- Անհայտ երգեր, Երեւան, 2009, 700 էջ:
- Սիրված երգեր (ընտրանի), Երեւան, 2009, 160 էջ:
- Հոգսերով լի (երգարան), Երեւան, 2016, 100 էջ:
- «Поэзия Армении», под ред. В. Я. Брюсова, Москва, 1916 (ռուս.)
- «Антология армянской поэзии», Москва, 1940 (ռուս.)
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 Swartz A. Open Library — 2007.
- ↑ 2,0 2,1 Faceted Application of Subject Terminology
- ↑ 3,0 3,1 Հայաստանի գրադարանների համահավաք գրացուցակ
- ↑ 4,0 4,1 4,2 Freebase տվյալների վերբեռնում — Կուկըլ.
- ↑ 5,0 5,1 5,2 Дживани // Большая советская энциклопедия: [в 30 т.] / под ред. А. М. Прохорова — 3-е изд. — М.: Советская энциклопедия, 1969.
- ↑ «Ջիվանի»։ Դպրոցական Մեծ Հանրագիտարան, հատոր 2։ Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 5 Սեպտեմբեր 2015
- ↑ Ա․ Ավագյան (24 Ապրիլ 2010)։ «Քանի՞ երգ է գրել աշուղ Ջիվանին»։ «Հայաստանի Հանրապետություն» օրաթերթ։ արտագրուած է՝ 5 Սեպտեմբեր 2015
- ↑ Ա. Սահակյան (1965)։ Հայրենաշունչ քնար։ Երեւան։ էջեր 22–24
- ↑ Ա. Սահակյան (1965)։ Հայրենաշունչ քնար։ Երեւան։ էջ 26
- ↑ Աշուղ Ջիվանի (2009)։ Անհայտ երգեր։ Երեւան։ էջ 550
- ↑ Ջիվանու քնարը։ Երեւան։ 1959։ էջ 298
- ↑ Աշուղ Ջիվանի (2009)։ Անհայտ երգեր։ Երեւան։ էջ 205
- ↑ Հ․ Ս․ Նալշաջյան (1966)։ Հուշեր անցյալեն։ Նյու Յորք: Սեբաստիա։ էջ 24
- ↑ Շարա Տալյան (1973)։ Դեպքեր, դեմքեր, մտքեր։ Երեւան։ էջ 12
- ↑ Շարա Տալյան (1973)։ Դեպքեր, դեմքեր, մտքեր։ Երեւան։ էջ 31
- ↑ Շարա Տալյան (1973)։ Դեպքեր, դեմքեր, մտքեր։ Երեւան։ էջ 32
- ↑ Գ․ Լեւոնյան։ Հուշեր։ էջ 72
- ↑ Աշուղ Ջիվանի (1936)։ Երգերի ժողովածու։ Երեւան։ էջ 19
- ↑ Կ․ Մատինյանց (1871)։ Բանաստեղծք եւ հյուսվածք Ջիվանի։ Էջմիածին: «Արարատ»։ էջ 415
- ↑ Կ․ Դուրգարյան (1986)։ Շիրակի հայ աշուղները։ Երեւան։ էջեր 4–8
- ↑ Ջիվանու քնարը։ Երեւան։ 1959։ էջ 687
- ↑ Գ․ Լեւոնեան (1944)։ Աշուղները եւ անոնց արուեստը։ Երեւան։ էջեր 21–22
- ↑ Բանագետ Հ. Գալստյանի անձնական արխիվ
- ↑ Աշուղ Ջիվանի (2009)։ Անհայտ երգեր։ Երեւան։ էջ 596
- ↑ Աշուղ Ջիվանի (2009)։ Անհայտ երգեր։ Երեւան։ էջեր 595–606
- ↑ Ջիվանու քնարը։ Երեւան։ 1959։ էջ 257
- ↑ Շարա Տալեան (1973)։ Դէպքեր, դէմքեր, մտքեր։ Երեւան։ էջ 32
- ↑ Ջիվանու քնարը։ Երեւան։ 1959։ էջ 173
- ↑ Գ․ Լեւոնյան (1944)։ Աշուղները եւ անոնց արվեստը։ Երեւան։ էջ 84
- ↑ Վ․ Ա․ Պարսամյան (1959)։ Հայ ազատագրական պայքարի պատմությունից։ Երեւան։ էջ 132
- ↑ Մ․ Ներսիսյան (2002)։ Հայ ժողովրդի ազատագրական պայքարը թուրքական բռնապետության դեմ։ Երեւան։ էջ 150
- ↑ Գ․ Լեւոնեան (1963)։ Երկեր։ Երեւան։ էջ 101
- ↑ Մ․ Աղայան (1959)։ Հայ գուսանները եւ գուսանա-աշուղական արվեստը։ Երեւան։ էջ 14
- ↑ Արարատ Ը: 473–474։ 1871
- ↑ Աշըղ Ջիվանու երգերը։ Ալեքսանդրապոլ։ 1882
- ↑ Աշըղ Ջիվանու երգերը։ Ալեքսանդրապոլ։ 1886
- ↑ Աշըղ Ջիվանու երգերը։ Ալեքսանդրապոլ։ 1893
- ↑ Գ․ Լեւոնեան (1959)։ Յուշեր։ Երեւան։ էջ 51
- ↑ Ա. Սահակյան (1965)։ Հայրենաշունչ քնար։ Երեւան։ էջ 52
- ↑ Գ․ Լեւոնեան։ Երկեր։ էջ 429
- ↑ Անդրանիկ Փոլատյան (1969)։ Պատմություն Հայոց Արաբկիրի։ Նյու Յորք։ էջ 206
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Թովմաս Պողոսեան (2012)։ «Ջիւանի (Կենսագրական ակնարկ)»։ Պատմա-բանասիրական հանդէս, 1: 67–79 ISSN 0135-0536
Արտաքին Յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Գուսան Ջիւանի, կենսագրական Archived 2009-02-16 at the Wayback Machine.
- Ձայնագրութիւններ Archived 2011-08-19 at the Wayback Machine.
- Ջիւանիի գործերը թարգմանաբար (թարգմանած է Ալիս Ս. Բլաքուելը (Alice Stone Blackwell)) (անգլերէն)