Պալքանեան Թերակղզի
Պալքանեան Թերակղզի | |
---|---|
Ազգաբնակչութիւն | 71 638 801 |
Պալքանեան թերակղզի, քաղաքական եւ աշխարհագրական սահմանում ունեցող Եւրոպայի հարաւ-արեւելեան աշխարհագրական շրջան. ծանօթ նաեւ իբրեւ Պալքաններ եւ կամ Հարաւ-Արեւելեան Եւրոպա։ Կը բնակուի բազմաթիւ ազգերէ եւ պատմութիւնը յատկանշուած է ուժգին պատերազմներով, ընդհարումներով ու արշաւանքներով։
Շրջանը անունը առած է Պուլկարիոյ երկայնքին տարածուող Պալքան լեռներէն (հին անունը` Էմոս լեռնաշղթայ)։
Պալքանեան թերակղզիին սահմաններն են՝ հիւսիս-արեւմուտքէն Ատրիաթիք ծովը, հարաւ-արեւմուտքէն Յոնիական Ծովը, հարաւէն էգէական Ծովը, արեւելքէն Մարմարայի ծովն ու Սեւ Ծովը եւ հիւսիսէն Տանուպ գետը։
Տարածութիւնն է 550․000 ք․քմ․ եւ բնակչութեան թիւը մօտաւորապէս 53 միլիոն է։
Անունի ստուգաբանութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հնագոյն տարիներուն, այսօր Պալքան լեռներ կոչուած լեռնաշղթան կը կոչուէր Էմոս (յուն․՝ Αίμος․ բնիկ Թրակիան անուն)[1] եւ հետեւաբար շրջանը՝ Էմոս թերակղզի։ Այս անուանումը նաեւ կը գործածուէր Բիւզանդական Կայսրութեան ժամանակաշրջանին ալ։
Օսմանցիները, ԺԶ․ դարուն Էմոս լերան կու տան Պալքան անունը, որ անտառապատ կը նշանակէ։ Իսկ թերակղզիին հարաւ-արեւելեան մասը՝ Ռումելի (Rum-eli այսինքն «Հռոմէացիներուն երկիրը»)։
1808-ին, աշխարհագէտ Օկուստ Ծոյնէ August Zeune առաջինն է որ կը գործածէ «Պալքանեան թերակղզի» անուանումը, ինչպէս նաեւ հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի լեռնաշղթաներուն համար կը գործածէ «Էմոս» հնագոյն անունը։ Շատեր կը քննադատեն այս երկրակազմախօսական անուանակոչումը։ Սակայն, երբ ԺԹ․ դարուն, շրջանի ժողովուրդները ազատագրական կռիւներ կը մղեն Օսմանեան Կայսրութեան եւ Աւստրոհունգարիոյ դէմ, արեւմտեան պատմագրութիւնը կը զիջի, տեղի տալով «Պալքաններ» ստորարկիչ ակնարկութեան, որ քաղաքական սահմանում է․ կը ցուցնէ քաղաքական ապակայունութեան հոլովոյթ մը։ Ներկայիս, կը փորձուի գործածել «Հարաւ-Արեւելեան Եւրոպա» չէզոք եզր, ինչպէս օրինակ՝ Balkan Times ելեկտրոնային թերթը, որ իր նախաձեռնութեամբ 2003-ին Southeast European Times վերակոչուեցաւ։
«Պալքաններ»․ հետաքրքրական է թէ «Պալքաններ» քաղաքական ապակայունութեան հոլովոյթ մը ցուցնող սահմանումը, Պերլինի վեհաժողովին կը յայտնաբերուի․ անոր պատկերացումն է։ Պերլինի վեհաժողովը կը նախաձեռնեն Անգլիան եւ Գերմանիան․ նպատակն էր տապալել Սան Սթեֆանոյի Պայմանագիրը։ Վեհաժողովէն բխած պայմանագիրին բուռն կը հակազդեն Յոյները, Ալպանացիները, Սերպերը եւ Ռումանացիները։
Պատմական անդրադարձ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հնագոյն տարիներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պալքանեան թերակղզին, Եւրոպայի առաջին շրջանն է, ուր երկրագործութեան մշակումը մուտք կը գործէ Նոր Քարէ դարաշրջանին (Յունաստան)։ Պալքանեան թերակղզիին աշխարհագրական դիրքը կը տիրապետէ անոր ինքնութեան․ յոյներ եւ լատիններ, հեթանոս պուլկար եւ սլաւ ժողովուրդներ, Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ քրիստոնեայ դաւանանքներու հանդիպում, ինչպէս նաեւ վայրը ուր Քրիստոնէութիւնը Իսլամին կը հանդիպի։
Նախադասական ժամանակաշրջանին թերակղզին բնակավայրը եղած է Յոյներուն, Իլիրիացիներուն, Փէոններուն, Թրակիացիներուն, Տաքիներուն եւ ուրիշ ժողովուրդներու։
Թերակղզիին մեծ մասը Ք․Ա․ 5-րդ դարուն պարսիկ Աքեմենեան Կայսրութեան մասը կը դառնայ․ կ' ազատագրուի Մեծն Աղեքսանտրի կողմէն։ Հելլենիստական շրջանէն ետք, հռոմէացիները շրջանը կը գրաւեն․ անոնք Ռոտոփի լեռնաշղթան կը համարեն Էմոս թերակղզիին (Պալքանեան թերակղզիին անունը մինչեւ ԺԶ․ դար) հիւսիսային սահմանը։
Զ․ դար – ԺԶ․ դար
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այս ժամանակաշրջանը յատկանշուած է Բիւզանդական եւ Պուլկարական կասրութեանց միջեւ պատերազմներով։
Զ․ դարուն պուլկար եւ սլաւ ժողովուրդները թերակղզին կը ներխուժեն եւ Պուլկարական կայսրութիւնը կը կազմեն 681–1018․ կայսրութիւնը կը լուծուի երբ կը պարտուի Բիւզանդական Կայսրութեան կողմէ։ Դար մը ետք, կայսրութիւնը կը վերականգնուի ու կը գոյատեւէ մինչեւ ԺԴ․ դարավերջին։
ԺԴ․ դարուն Սերպիոյ թագաւորութիւնը կ'ընդարձակուի եւ կը ստեղծուի Սերպական կայսրութիւնը (1346 – 1371)։ Կայսրութիւնը ապա կը բաժնուի փոքր թագաւորութիւններու։
Նորագոյն շրջան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]ԺԶ․ դարուն Պալքանեան թերակղզին կը գտնուի Օսմանեան Կայսրութեան գերիշխանութեան տակ։ Օսմանցիներուն յարձակումներուն եւ կամ անոնց նահանջներուն ընթացքին թերակղզիին բնակիչները՝ յոյն, սերպ, ալպանացի, պուլկար եւ քրոաթ, տուած են հերոսներ, որոնք ժողովրդային առասպելներու հերոս-դերակատարները դարձած են։ Ինչպէս օրինակ, յոյն՝ Կոստանտինոս ԺԱ․ Փալէոլողոս Κωνσταντίνος ΙΑ' Παλαιολόγος եւ Թէոտորոս Քոլոքոթրոնիս Θεόδωρος Κολοκοτρώνης, սերպ՝ Միլոս Օպիլիչ Miloš Obilić, Լազար իշխան Prince Lazar եւ Գարաճորճէ Karađorđe, ալպանացի՝ Ճերճ Քասթրիոթի Սքանտերպեկ Gjergj Kastrioti Skanderbeg, մակետոնացի՝ նիքոլա Քարեւ եւ Կոչէ Տելչեւ, պուլկար՝ Վասիլ Լեւսքի Vasil Levski, Ճորճի Սթոյքով Ռաքովսքի Georgi Stoykov Rakovski եւ Խրիստօ Պոթեւ Hristo Botev, քրոաթ՝ Նիքոլա Շուպիչ Զրինսքի Nikola Šubić Zrinski։
Օսմանեան կայսրութեան տուած անթիւ պատերազմներուն պատճառով, Պալքանները կ' առանձնանան եւ քայլ չեն կրնար պահել Եւրոպայի տնտեսական եւ քաղաքական զարգացումներուն հետ։ Առաւել, բնակչութեան թիւը նուազում կ'արձանագրէ․ 8 միլիոնէն՝ 3 միլիոն։
Պալքանեան թերակղզիին ազգ-պետութիւնները կը ծագին ԺԹ․ եւ Ի․ դարերուն ընթացքին, երբ Օսմանեան եւ Աւստրոհունգարական կայսրութիւներէն իրենց անկախութեան կը տիրանան՝ Յունաստան 1821, Սերպիա եւ Մենթենեկրօ 1878, Ռումանիա 1881, Պուլկարիա 1908 եւ Ալպանիա 1912։
Ժամանակակից պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մինչեւ 2005, Պալքանեան թերակղզին պատերազմներու թատերաբեմ կը դառնայ (ի բացառեալ «Պաղ Պատերազմ»ի ընթացքին)։
Պալքանեան Պատերազմներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Առաջին Պալքանեան Պատերազմ՝ 1912 – 1913․ Պուլկարիա, Սերպիա, Յունաստան եւ Մոնթենեկրօ ընդէմ Օսմանեան Կայսրութեան։ Դաշնակից պետութիւնները կը յաղթեն։
Երկրորդ Պալքանեան Պատերազմ՝ 29 Յունիս 1913 – 10 Օգոստոս 1913․ Պուլկարիա կը յարձակի Յունաստանի եւ Սերպիոյ վրայ, սակայն կը պարտուի։
Առաջին Համաշխարհային Պատերազմ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Առաջին Համաշխարհային Պատերազմը կը ծագի, երբ Սերայեւոյի մէջ սերպ երիտասարդի մը կողմէ կը սպաննուի Աւստրոհունգարիոյ գահաժառանգը։ Այս պատերազմին Պուլկարիան Գերմանիոյ հետ կը դաշնակցի։
Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին ընթացքին, Պալքանեան բոլոր պետութիւնները, բացի Յունաստանէն, Գերմանիոյ կողմը կը գտնուին։ Խորհրդային Միութեան բանակը 1944-ի վերջերուն կը յաջողի Պալքանեան թերակղզին մտնել եւ գերմանացիներուն վռնտել։ Այս պատերազմին աւարտին Պալքանեան բոլոր պետութիւնները մեծապէս կը տուժեն․ քայքայուած վիճակի մէջ են։
Պատերազմի աւարտին, կը ստեղծուի Եուկոսլավիան (1945–1963), որ Խորհրդային միութեան կը հակի եւ կ՛ ընդգրկէ վեց ընկերվար-պետութիւններ՝ Պոսնիա – Հերցեկովինա, Խրոաթիա, Մակեդոնիա, Մոնթենեկրօ, Սերպիա եւ Սլովենիա, ինչպէս նաեւ ինքնիշխան Քոսովօ եւ Վոյվոտինա շրջանները։ Համայնավար վարչակարգեր կ՛ունենան նաեւ մնացեալ բոլոր պալքանեան պետութիւնները, ի բացառեալ Յունաստանին եւ Թուրքիոյ որոնք Հիւսիս-արեւելեան Ադլանտեան Դաշինքի (NATO․ անգլերէն՝ North Atlantic Treaty Organization) անդամ կը դառնան։
Կը յաջորդէ «Պաղ Պատերազմ»ի շրջանը՝ մինչեւ Խորհրդային Միութեան փլուզումը։
1990-էն մինչեւ ԻԱ․ դարասկիզբ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Խորհրդային Միութեան փլուզումով, Եուկոսլավիան կազմող պետութիւնները կը սկսին իրար միջեւ պատերազմներ։ Իւրաքանչիւրը կը պահանջէ անկախութիւն եւ իր պատմական տարածքները։
Սլովենիա եւ Խրուաթիա, Սերպիոյ դէմ 10 օրուան կարճատեւ պատերազմէն ետք, իրենց անկախութիւնը կը հռչակեն 25 Յունիս 1991-ին։ Սակայն Խրուաթիա պիտի շարունակէ անկախութեան կռիւը մինչեւ 1995-ին։ Յաջորդող 10 տարիները կը յատկանշուին նախկին Եուկոսլավիան կազմող մնացեալ պետութիւններուն եւ շրջաններուն միջեւ կործանիչ, ահաւոր ճակատումներով, որոնց հետեւանքը կ՛ ըլլայ Հիւսիս-արեւելեան Ադլանտեան Դաշինքի (NATO) բանակները Պոսնիա-Հերցեկովինայի մէջ մխրճուին Սերպիոյ դէմ պատերազմին։
Դիւանագիատական ճամբով ալ, կը փորձուի լուծել հողային կամ անուանումի հարցեր, ինչպէս օրինակ՝ Հիւսիսային Մակեդոնիա պետութեան անունը։ Մակեդոնիան աշխարհագրական տարածքի անուն է եւ կը գտնուի Յունաստանի, Պուլկարիոյ եւ Սերպիոյ միջեւ։ Եուկոսլավիոյ տարածքին Մակեդոնիոյ մասը, իբրեւ անոր դաշնակից 6 հանրապետութիւններէն մէկը, 1991-ին կը յայտարարէ իր անկախութիւնը, սակայն Յունաստանը Մակեդոնիա աշխարհագրական շրջանին մեծ մասը իր տարածքին մէջ ունենալով, կը հակառակի այս անուանումին։ Տարիներ տեւող խորհրդակցութիւններէ ետք, վերջապէս 2018-ին, Բրեսբայի համայձանութեամբ Prespa agreement, պետութիւնը պաշտօնապէս կը ճանչցուի Հիւսիսային Մակեդոնիա անուանումով։
Սահմանումներ եւ սահմաններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թերակղզի
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թերակղզի է, որովհետեւ շրջապատուած է ծովերէ՝ հիւսիս-արեւմուտքէն Ատրիաթիք, հարաւ-արեւմուտքէն Յոնիական ծով, հարաւէն էգէական ծով, արեւելքէն Մարմարայի ծով եւ Սեւ Ծով։
Հարաւ-Արեւելեան Եւրոպա
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]ԻԱ․ դարուն հետզհետէ աւելի յաճախակի կը գործածուի Հարաւ-Արեւելեան Եւրոպա աշխարհագրական եզր։ Սակայն այս սահմանումը Ռումանիան չի ճանչնար իբրեւ շրջանի երկիր։
Աշխարհագրական եզր եւ սահմաններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պալքանեան թերակղզիին հիւսիսային մասի ընդունուած սահմանները կ՛ որոշեն Տանուպ, Սաւա եւ Քուփա գետերը ու Քվարնըր Ծոցը Kvarner Gulf։ Յունաստանի կղզիները թերակղզիին մաս չեն համարուիր։
Աշխարհագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պալքանեան Թերակղզիին տարածութիւնն է 550․000 ք․քմ․։ Բարձրագոյն կէտն է Ռիլա լերան գագաթը՝ 2925 մ․ (Պուլկարիա), իսկ ամենացածը՝ (ամենախորունկ մաս) Յոնիական ծովուն մէջ գտնուող Քալիբսօ խորամասն է Φρέαρ των Οινουσσών 5267 մեթր խորութեամբ (Պելոպոնեսի արեւմուտքը գտնուող Բիլոս ծովեզերիայ քաղաքէն հարաւ արեւմուտք)։
Թերակղզիին մեծագոյն մասը` հարաւ-արեւմուտքէն դէպի հիւսիս-արեւելք, լեռնաշղթաներով ծածկուած է։ Գլխաւոր լեռնաշղթաներն են՝ Տինարիք Ալպեան (Սլովենիա, Քրոաթիա եւ Պոսնիա), Շար կամ Սքարդոս (կ՛ երկարի Ալպանիայէն դէպի Հիւսիսային Մակեդոնիա) եւ Փինտոս (կ՛ երկարի Յունաստանի հիւսիս-արեւմուտքէն մինչեւ կեդրոնական Յունաստան)։
Երկիրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հետեւեալ երկիրները մաս կը կազմեն Պալքանեան թերակղզիին
Երկիր | Երկրին մայրաքաղաքը | Երկրին մասը որ աշխարհագրականօրէն թերակղզիին կը պատկանի |
---|---|---|
Ալպանիա | Թիրանա | — |
Հիւսիսային Մակետոնիա | Սքոփիա | |
Պոսնիա եւ Հերցեկովինա | Սերայեվօ | — |
Պուլկարիա | Սոֆիա | — |
Յունաստան | Աթէնք | Աշխարհագրականօրէն Պալքանեան թերակղզիին կը պատկանի Յունաստանի մայր ցամաքամսը, այսինքն երկրի տարածութեան 84%։ Յունաստանի կզղզիները աշխարհագրկանօրէն Պալքանեան թերակղզիին չեն պատկանիր՝ Էգէական Ծովուն կղզիներ, Յոնիական կղզիներ եւ Կրետէ։ |
Քոսովօ (սահմանափակ ճանաչում) | Փրիստինա | Սերպիան Քոսովոն իր մէկ մասը կը համարէ։ Սակայն Քոսովոն կը գտնուի Մ․Ա․Կ․ վերահսկողութեան տակ։ Քոսովոյին ճանաչումը բաժնած է միազգային հանրութիւնը․ կարգ մը երկիրներ զայն ճանչցած են, իսկ կարգ մը՝ ոչ։ |
Խրուաթիա | Զարկրեպ | — |
Մոնթենեկրօ | Փոթկորիցա | — |
Մոլտավիա | Քիսինաու | Բաւական եզրեր Մոլտավիան կը ներառնեն Պալքանեան թերակղզիին մէջ, որովհետեւ իրենց լեզուն ռումաներէն լեզուի (որ Պալքանեան լեզուներուն կը պատկանի) մէկ բառբարն է։ Սակայն պատմագէտներու եւ աշխարհագէտներու լուրջ թիւ մը Մոլտավիան կը համարէ Արեւելեան Եւրոպայի պատկանող երկիր։ |
Ռումանիա | Պուքրէշ | Երկրին մեծ մասը աշխարհագրականօրէն Պալքանեան թերակղզիին չի պատկանիր, սակայն շատեր Ռումանիան պալքանեան երկիր կը համարեն։ Տանուպ գետէն հիւսիս գտնուող շրջքանները Արեւելեան Եւրոպային կը պատկանին, իսկ Պալքանեան թերակղզիին կը պատկանի Տանուպի արեւելեան կողմը գտնուող շրջանները՝ երկրին ծովեզերեայ մասերը։ |
Սերպիա | Պելկրատ | — |
Սլովենիա | Լիուպլիանա | Աշխարհագրականօրէն Սլովենիան Կեդրոնական Եւրոպային կը պատկանի, սակայն որովհետեւ մինչեւ անկախութիւնը՝ 1991, մաս կը կազմէր Եուկոսլավիոյ, կը համարուի թէ Պալքանեան թերակղզիին կը պատկանի։ |
Թուրքիա | Անգարա | Աշխարհագրականօրէն Պալքանեան թերակղզիին կը պատկանի այսպէս կոչուած «Եւրոպական մասը»՝ Արեւելեան Թրակիա եւ Արեւմտեան Պոլիսը։ Թուրքիոյ մեծ մասը, աշխարհագրականօրէն Միջին Արեւելքին կը պատկանի։ Թուրքիան յաճախ աշխարհագրական եւ մշակութային պատճառներով կը համարուի Ասիոյ ցամաքամասի երկիր։ |
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]-
Տանուպ գետ, Նովիսատ, Սերպիա
-
Սաւա գետ, Քրանճ, Սլովենիա
-
Քուփա գետ, Քարլովաց, Քրոաթիա
-
Սաւա գետ, Պելկրատ, Սերպիա
-
Տանուպ գետը «Երկաթէ Դուռեր» շրջանը, Ռումանիոյ եւ Սերպիոյ սահմաններ
-
Տանուպ գետ, Պաթինա, Քրոաթիա
-
Տանուպ գետ, Նիքոփոլիս, Պուլկարիա
-
Ալիաքմոնաս գետ, Հիւսիսային Յունաստան
-
Օլիմպոս լեռ, կեդրոնական Յունաստան
-
Րիլա լեռ
-
Րիլա լեռնաշղթայ, Պուլկարիա․ Պալքանեան թերակղզիին բարձրագոյն գագաթը՝ 2925 մ․
-
Պալքան լեռներուն բարձրագոյն գագաթը՝ Պոթեֆ ժայռը, 2376 մ․
-
Սթարա Փլանինայի համայնապատկեր, բարձրագոյն գագաթն է Պոթեֆ, 2376 մ․, Պուլկարիա
-
Բիւզանդական Ս․ Յովհաննէս եկեղեցին Օխրիտա լիճի ափին, Հիւսիսային Մակետոնիոյ Հանրապետութիւն․ Եունեսքոյի Յուշարձաններու Ժառանգութեան Ցանկին մէջ ընդգրկուած է 1980-էն
-
Սութճեսքա Ազգային Պուրակ, Պալքանեան թերակղզիին հնագոյն անտառներէն, Պոսնիա -Հերցեկովինա
-
Սքատար լիճ, Պալքանեան թերակղզիին եւ հարաւային Եւրոպայի ամենէն ընթարցակ լիճը, Ալպանիոյ եւ Մենթենեկրոի սահման
-
Մեծ Փրեսփա լիճին համայնապատկեր․ կը գտնուի Յունաստանի, Ալպանիոյ եւ Հիւսիսային Մակետոնիոյ միջեւ
-
Քասթորիա լիճ, Հիւսիսային Յունաստան
Կլիմա
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թերակղզիին կլիման այլազան է․ լեռնային, ցամաքային եւ միջերկրականեան։ Ձմեռները հիւսիսային մասին մէջ շատ ցուրտ են (-24°C եւ -28°C) եւ հարաւային մասին՝ աւելի մեղմ (+11°C եւ +3°C․ բացառաբար` -1°C եւ -3°C)։ Ամառները, ջերմաստիճանը Պալքանեան թերակղզիին բոլոր շրջաններուն կրնակ հասնիլ +40°C, իսկ ծայրայող պարագային՝ +48°C (Յունաստան), վերջին տասնամեակներուն մեծ հրդեհներ առաջացնելով երկրին տարածքին, ինչպէս օրինակ 2021-ի Օգոստոսի առաջին տասնօրեակին Աթէնքի հիւսիս-արեւելեան, Էվիայի, Օլիմպիայի, Բիրղոս Իլիասի, Ղիթիոյի, Արգադիայի եւ ուրիշ շրջաններուն մէջ բռնկած 586 ահաւոր հրդեհները անտառային հսկայական տարածքներ այրեցին։ Այդ շրջաններու տնտեսութիւնը քայքայեցին, ի միջի այլոց բնակարաններ, գործատեղիներ, մշակուած տարածքներ, արօտավայրեր եւ անտուն ու գործազուրկ ձգեցին հազարաւոր մարդիկ։
Բնական հարստութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Դարերու ընթացքին, անտառապատ շրջաններ քայքայուած են եւ թուփերով ու խոտաբոսերով փոխարինուած են։ Հարաւային շրջանները, ծովեզերքներուն մօտ կայ մշտականաչ բուսականութիւն։ Թերակղզիին միջերկրեայ մասին կը գտնուին Եւրոպայի յատկանշական անտառները (փեկոն եւ կաղնի), իսկ լեռնային շրջանները՝ եղեւին եւ շոճի։ Բուսականութիւնը կը բարգաւաճի մինչեւ 1800 մ․ – 2300 մ․ բարձրութեան վրայ։
Թերակղզիին տարածքին որթատունկի եւ ձիթենիին մշակումը արդիւնաբեր է, մանաւանդ հարաւային մասին (կ՛ արտադրուի ուրիշ երկիրներ)։
Կենսուժի աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Փայտաքարի սահմանափակ հանքերը կը գտնուին Յունաստանի, Պուլկարիոյ, Սերպիոյ եւ Պասնիոյ տարածքին։ Քարիւղի փոքր ծաւալի հանքեր կան Սերպիա, Ալպանիա, Խրուաթիա եւ Յունաստան (Էգէական Ծով)։
Հանքանիւթեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պալքանեան թերակղզին հարուստ է հանքանիւթերով․ պղինձ, զինք, քրոմ, մանկան, բարեքար, ոսկի եւ ուրանիոն։
Երկիրներուն բնակչութիւն եւ կրօնք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բնակչութեան համագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երկիր կամ շրջան | Բնակչութիւն |
---|---|
Ալպանիա | 2 831 741 |
Հիւսիսային Մակեդոնիա | 2 076 255 |
Պոսնիա եւ Հերցեկովինա | 3 531 159 |
Պուլկարիա | 6 951 482 |
Յունաստան | 10 815 197 |
Քոսովօ | 1 782 115 |
Խրուաթիա | 4 065 253 մի |
Մոնթենեկրօ | 620 029 |
Ռումանիա | 19 318 000 |
Սլովենիա | 2 100 126 |
Սերպիա | 6 926 705 |
Թուրքիոյ Արեւելեան Թրակիոյ շրջան | 10 620 739 |
Պալքաններ | 71 638 801 |
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]-
Փուլա Արենա․ Պալքանեան թերակղզիին մէջ հռոմէական ճարտարապետութեան միակ ամփիթատրոնը, Քրոաթիա
-
Կոլուպաց բերդ, Տունապ գետի ափերուն, Սերպիա
-
Ափոլոնիայի աւերակները, Ֆիերի, Ալպանիա
-
Սուրբ Սոֆիա եկեղեցին, եղած է Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Մայր եկեղեցին
-
Ֆելիքս պալատին աւերակները (Եունեսքոյի Յուշարձաններու ժառանգութեան ցանկին մէջ), Րոմուլիանա, Սերպիա
-
Սվեթի Սթեֆան, Մոնթենեկրօ
-
Բիւզանդական Ս․ Յովհաննէս եկեղեցին Օխրիտա լիճի ափին, Հիւսիսային Մակետոնիոյ Հանրապետութիւն․ Եունեսքոյի Յուշարձաններու Ժառանգութեան Ցանկին մէջ ընդգրկուած է 1980-էն
-
Իյա,Սանթորինի
-
Փիրան, Սլովենիա
-
Տուպրովնիք, Քրոաթիա․ (Եունեսքոյի ժառանգութեան ցանկ)
-
Մոսթար հին քաղաքը, Պոսնիա եւ Հերցեկովինա
-
Ցարեվիչ բերդը, Վելիքօ Թարնովօ, Պուլկարիա
-
Ոսկեայ Աւազներ ծովափը, Պուլկարիա
-
Պելկրատ եւ քաղաքը կտրող Սաւա գետը, Սերպիա
-
Հիւսիսային Տալմաթիա, Քրոաթիա
-
Փերսթա, Փլաթանոս, Էթօլօաքարնանիա, Կեդրոնական Յունաստան
-
Պոլիս․ համայնապատկեր
Կրօնք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թերակաղզիին բնակչութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ուղղափառ Քրիստոնեայ է, Կաթոլիկ եւ Իսլամ։ Կրօնական ծեսերը բազմաթիւ են, իսկ ուղղափառ քրիստոնիայ երկիրներէն իւրաքանչիւրը ունի իր ազգային եկեղեցին։
Ուղղափառ քրիստոնեայ դաւանանքը իբրեւ գլխաւոր կրօն | Իւրաքանչիւր երկրի կրօնական փոքրամասնութիւն |
---|---|
Հիւսիսային Մակեդոնիա՝ 64% (Մակեդոնական Ուղղափառ Եկեղեցի – Օխրիտայի Առաջնորդարան) | Սիւնի Իսլամ (33%), Կաթոլիկ |
Պուլկարիա՝ 59% (Պուլկարական Էքսարխիա) | Սիւնի Իսլամ (7%) եւ ուրիշներ (31%) |
Յունաստան՝ 98% (Յունաստանի Եկեղեցի) | Սիւնի Իսլամ (Արեւմտեան թրակիոյ իսլամ փոքրամասնութիւն - 1%), Կաթոլիկ, ուրիշ տարբեր կրօներ |
Մոնթենեկրօ՝ 72% (Սերպիոյ Ուղղափառ եկեղեցի) | Սիւնի Իսլամ (19%), Կաթոլիկ (3%), ուրիշ (5%) |
Սերպիա՝ 84% (Սերպիոյ Ուղղափառ եկեղեցի) | Կաթոլիկ (5%), Սիւնի Իսլամ (3%), Բողոքական (1%), ուրիշ(6%) |
Կաթոլիկ քրիստոնեայ դաւանանքը իբրեւ գլխաւոր կրօն | Իւրաքանչիւր երկրի կրօնական փոքրամասնութիւն |
Քրոաթիա (86%) | Ուղղափառ քրիստթոնեայ (4%), Սիւնի Իսլամ (1%), ուրիշ (7%) |
Սլովենիա (57%) | Սիւնի Իսլամ (2%), Ուղղափառ քրիստոնեայ (2%), ուրիշ (36%) |
Սիւնի Իսլամը իբրեւ գլխաւոր կրօն | Իւրաքանչիւր երկրի կրօնական փոքրամասնութիւն |
Ալպանիա (58%) | Կաթոլիկ (10%), Ուղղափառ քրիստոեան (7%), ուրիշ (24%) |
Պոսնիա եւ Հերցեկովինա (51%) | Ուղղափառ քրիստոնեայ (31%), Կաթոլիկ (15%), ուրիշ (4%) |
Քոսովօ (95%) | Կաթոլիկ (2%), Սերպիոյ Ուղղափառ եկեղեցի (1%) |
Թուրքիա (99%) | Կաթոլիկ եւ Ուղղափառ քրիստոնեայ (Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութիւն) |
Պալքանեան խոհանոց
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պալքանեան խոհանոցը, ընդհանուրին մէջ տեղական խոհանոցի յատկութիւնները պահած է, սակայն ունի նաեւ բաղադրութիւններ Եւրոպական եւ արեւմտեան Ասիոյ խոհանոցներէն։
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]-
Պոսնիական Չեւափչիչի
-
Թուֆահիճա, պոսնիական անուշ
-
Սարմի․ Պուլկարական Ծնունդի խթման ճաշ
-
Կուլաշ․ Քրոաթիա
-
Տաքոս․ Կրետէ, Յունաստան
-
Ցիղարիտա․ Քեֆալոնիա, Յունաստան
-
Խորիաթիքի աղցանը․ Յունաստան
-
Սփեցոֆայի․ Քերքիրա, Յունաստան
-
Թարաթոր․ Քոսովօ
-
Թաւչէ Կրաւչէ․ հիւսիսային Մակետոնիա
-
Փասուլճ․ Մոնթենեկրօ, Պոսնիա
-
Փափանաշի․ Ռումանիա
-
Րիպլճա, ձուկի ապուր․ Սերպիա
-
Մուչքալիցա․ հարաւային Սերպիա
-
Փրեքմուրշքա Ճիպանիցա․ Սլովենիա
-
Քարնիյարըք․ Թուրքիա
-
Քիքլատես, Յունաստան
[2] [3] [4] [5] [6] [7] [8] [9] [10] [11] [12] [13] [14] [15] [16] [17] [18] [19] [20] [21] [22] [23] [24] [25] [26] [27] [28] [29] [30] [31] [32] [33] [34] [35] [36] [37] [38] [39] [40] [41] [42] [43] [44] [45] [46]
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Յոյն աստուածներ եւ առասպելական հերոսեր․ Ափոլոտորոսին գրադարանը, էջ 20(անգլերէն)
- ↑ Oxford Handbooks. Կրօնը Պալքանեան Պատերազմներուն ընթացքին (անգլերէն)
- ↑ Նոր Քարէ դարաշրջանը Յունաստան․ Եւրոպայի առաջին գիւղատնտեսական համայնքները (յունարէն)
- ↑ Քրոաթիա․ պատմութիւն մը (անգլերէն)
- ↑ Հին Մակետոնիան (յունարէն)
- ↑ Cambridge University Press․ Օսմանեան Կայսրութեան տնտեսական եւ Ընկերային պատմութիւնը, Suraiya Faroqhi, Bruce McGowan (յունարէն)
- ↑ Պալքանեան Պատերազները եւ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմը (անգլերէն)
- ↑ Պալքաներ․ վարչակարգի փոփոխութիւն․․․Washington, D.C.: Brookings Institution (անգլերէն)
- ↑ Կլիմայական փոփոխութիւն․ ծայրայեղ տաք Պալքաններուն, հրդեհներ հարաւը, 30-7-2021 (յունարէն)
- ↑ Ազատ Օր - Յունաստանի ահաւոր հրդեհները, 10-8-2021
- ↑ Յունական եւ Հռոմէական աշխարհագրութիւն, էջ՝ 928․ Dictionary of Greek and Roman Geography: Isabadius-Zymethus. 1857 (յունարէն)
- ↑ Հարաւ արեւելեան Եւրոպա (անգլերէն)
- ↑ ΕΡΤ (Յունաստանի հեռասփռումի պետական կայան)․ տեսերիզ՝ Պալքաններ (յունարէն)
- ↑ Պրիթանիքա - Պալքանները (անգլերէն)
- ↑ Պրիթանիքա - Ճանչնանք Պալքանեան երկիրները (անգլերէն)
- ↑ Յունաստանի 2011-ի մարդահամար (յունարէն)
- ↑ 2014-ի Ալպանիոյ մարդահամար (անգլերէն)
- ↑ Հիւսիսային Մակետոնիոյ Հանրապետութեան 2019-ի մարդահամար (անգլերէն)
- ↑ Պոսնիա եւ Հերցեկովինա Հանրապետութեան 2013-ի մարդահամար (անգլերէն)
- ↑ Պուլկարիոյ 2019-ի մարդահամար (անգլերէն)
- ↑ «Քոսովոյի 2019-ի մարդահամար (անգլերէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-01-28-ին։ արտագրուած է՝ 2021-08-29
- ↑ Քրոաթիոյ 2019-ի մարդահամար (անգլերէն)
- ↑ Մոնթենեկրոյի 2011-ի մարդահամար (անգլերէն)
- ↑ Ռումանիոյ բնակչութեան պաշտօնական արժեւորում, 2020 (անգլերէն)
- ↑ Սլովենիոյ բնակչութեան պաշտօնական արժեւորում, 2019 (անգլերէն)
- ↑ Սերպիոյ բնակչութեան պաշտօնական արժեւորում, 2020 (անգլերէն)
- ↑ Թուրքիոյ 2011-ի մարդահամար (անգլերէն)
- ↑ Պալքաններ՝ ժառանգութիւն եւ զարկացում, Փոլ Կարտ (ֆր.)
- ↑ Քալիփսօ խորամաս (յունարէն)
- ↑ Պալքաններուն մէջ ծայրայեղ բարձր ջերմաստիճան (յունարէն)
- ↑ Ազատ Օր․ 25 Յունիս 1878. Բացում՝ Պերլինի Վեհաժողովին, 25-6-2018
- ↑ Հանրագիտարան Πάπυρος Larousse Britannica (յունարէն)
- ↑ Ուիքիբառարան․ Պալքաններ (ֆր.)
- ↑ Պալքան, ստուգաբանութիւն (անգլերէն)
- ↑ Ուիքիբառարան․ Balkanisation (ֆր.)
- ↑ Ժորժ Փրեվելաքիս․ Պալքանները․ մշակոյթ եւ աշխարհաքաղաքական, 2004 (ֆր.)[permanent dead link]
- ↑ կրօնքը կարեւոր դեր կը խաղայ Պանքաններուն մէջ, 15-1-2018, Marcus Tanner (անգլերէն)
- ↑ The CHRISTIAN SCIENCE MONITOR - Աչք մը նետել Պալքանեան իւրաքանչիւր երկրի (անգլերէն)
- ↑ Իսլամը Պալքաններուն մէջ, Սոֆիա 2018 (ֆր.)
- ↑ Քաղաքականութիւն եւ Կրօնք Պալքաններուն մէջ, JACQUES WAARDENBURG (անգլերէն)
- ↑ Պալքաններու ուսումնասիրութիւն (յունարէն)
- ↑ Associated Press․ «Call me by my new name: Balkan nation is North Macedonia now» 12-2-2018, Testorides, Konstantin (անգլերէն)
- ↑ Մ․Ա․Կ․- Փրեսփայի համաձայնութիւն (անգլերէն)
- ↑ Քաթիմերինի օրաթերթ․ Փրեսփայի համաձայնութիւնը (յունարէն)
- ↑ Խոհանոց եւ Մշակութային ինքնութիւն Պալքաններուն մէջ (անգլերէն)
- ↑ Քաղցր պատմութիւններ Պալքանեան գլխաւոր կերակուրներէն (անգլերէն)
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Պալքաններուն պատմութիւնը(անգլերէն)
- Պալքան լեռներ(անգլերէն)
- Օկուստ Ծոյնէ(անգլերէն)
- Պերլինի Վեհաժողով(ֆր.)
- Պերլինի Վեհաժողովին Պայմանագիրին լրիւ բովանդակութիւնը(անգլերէն)
- Պալքաններուն հնագոյն պատմութիւնը(ֆր.)
- Եուկոսլավիան պատերազմներ(անգլերէն)