Կաթողիկէութիւն

Կաթոլիկութիւն (յունարէն՝ յուն.՝ καvθολικοvτητα– ընդհանրականութիւն), քրիստոնէութեան հիմնական ուղղութիւններէն, հետեւորդներու թիւով քրիստոնէութեան ամենախոշոր ճիւղը (ըստ 2007 թուականի տուեալներուն աշխարհին մէջ կը հաշւուի մոտ 1,147 միլիառ կաթոլիկադաւան)։ Կաթոլիկութիւնը տարածուած է եւ միլիոնաւոր հետեւորդներ ունի Եւրոպային մէջ (հատկապէս՝ Իտալիայի, Ֆրանսայի, Սպանիայի, Փորթուկալի, Աւստրիայի, եւ Լեհաստանի մէջ), Լատինական եւ Կեդրոնական Ամերիկային մէջ։ Հետեւորդներ ունի նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի, Ասիայի, Ափրիկէյի, եւ Աւստրալիայի մէջ։

Առանձնացման պատմութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ձեւաւորուած է առաջին հազարամեակին նախկին Արեւմտեան Հռոմէական կայսրութեան տարածքին մէջ։ Կաթոլիկութեան սկզբնաւորումը կարելի է տանել մինչեւ IV դար, երբ Հռոմի աթոռը, որուն գլուխ կանգնած էր Հռոմի եպիսկոպոսը (պապ), իր իրաւասութեանը ենթարկեց Արեւմուտքի եկեղեցիները՝ ձգտելով իր գերիշխանութիւնը տարածել նաեւ Արեւելքին մէջ։ Հռոմի աթոռը կը սկսի իրեն բարձր դասել տիեզերական միւս աթոռներէն (Կ. Պոլիս, Ալեքսանտրիա, Անտիոք, Երուսաղեմ) եւ միջամտել Արեւելքի եկեղեցական գործերուն։ Հակասութիւններն հետզհետէ աւելի կը սրուին VII–IX դարերուն։ Հռոմի նկրտումներն աւելի ցայտուն կը դառնան IX դարէն, երբ կը ձեւաւորուի պապականութիւնը, անոր վարչական եւ գաղափարական հիմքերը։ Հռոմը կը ստանայ նաեւ քաղաղաքական իշխանութիւն՝ 756 թուականին ստեղծելով կրօնապետութիւն՝ Պապական մարզը։ Հռոմի պապերու նկրտումները Արեւելքի նկատմամբ կը հանդիպին Կ. Պոլսի պատրիարքներու (Փոտ, Նիկողայոս Միստիկոս, Միքայէլ Կերուլարիոս) հակազդեցութեանը։ 867 թուականին յոյն եկեղեցին կը խզէ իր կապերը Հռոմի եկեղեցիէն։ Այդ խզումը իր վերջնակէտին կը հասնի 1054 թուականին, երբ Հռոմն ու Կ. Պոլիսը փոխադարձաբար կը նզովեն միմեանց։ Բաժանման դաւանաբանական առիթը Արեւմուտքի ընդունած «եւ Որդւոյ» (Filioque) վարդապետութիւնն էր, ըստ որի՝ Ս. Հոգին կը բխի եւ Հորմէ եւ Որդմէ։ Երկաբնակութիւնն ընդունող քրիստոնէական եկեղեցին կը բաժնուի արեւմտեան կաթոլիկական եւ արեւելեան երկաբնակ ուղղափառ (օրթոտոքս) ճիւղերուն։ Կաթոլիկութիւնը կը ձեւաւորուի որպէս դաւանանք եւ եկեղեցական կազմակերպութիւն։

Պապութեան պատմութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հռոմի կաթոլիկ եկեղեցիի գլուխը Հռոմի պապն է, որուն նստավայրը՝ Վատիկանը, որ 1929 թուականին ճանցուեցաւ որպէս առանձին պետութիւն։ VIII դարին կազմաւորուած Պապական մարզը մինչեւ 962 թուական գտնուած է ֆրանսական Կարոլինգներու թագաւորութեան, այնուհետեւ՝ Հռոմէական սրբազան կայսրութեան կազմին մէջ։ XI դարին Կաթոլիկ եկեղեցին կ'ընդարձակուի եւ կ'ամրապնդուի իր դիրքերը, Հռոմի աթոռը իրեն կ'ենթարկէ Արեւմուտքի բոլոր եկեղեցիները՝ հաստատելով Հռոմի պապի բացարձակ գերիշխանութիւնն ու հեղինակութիւնը հաւատքի եւ կրօնաեկեղեցական հարցերուն մէջ, վճռորոշ դերակատարությունը քաղաքական խնդիրներում։ XIII դ. Պապական մարզը դառնում է անկախ, իսկ 1274 թվականին պաշտոնապես ճանաչվում ինքնիշխան պետություն։ Ֆրանսիական թագավոր Ֆիլիպ IV Գեղեցիկը պապի աթոռանիստը Հռոմէն կը տեղափոխուի Ավինիոն (1309–77)։ Այդ շրջանը պատմութեան մէջ յայտնի է պապերու «Ավինիոնեան գերութիւն» անունով։ Հռոմի կաթոլիկ եկեղեցին, ձգտելով տիրանալ Սուրբ Հողին, XI–XIII դդ. կը նախաձեռնէ Խաչակրաց արշաւանքներ, ստեղծել ասպետական օրդեններ (Հիւանդախնամներու կամ Հիւրընկալներու, Տաճարականներու, Տեւտոնական եւ այլն), կրօնական միաբանութիւններ (Ճիզվիտական, Տոմինիքեան, Ֆրանցիսկեան, Կարմելեան եւ այլն), Կաթոլիկ եկեղեցիի հակառակորդներուն, հերետիկոսներուն, ազատամիտներուն դարձի բերելու իսկ չուղղւողներուն պատժելու համար XIII դ. կը ստեղծուի հաւատաքննութիւնը, որ հետագային պայքար կը մղէ բողոքականութեան դէմ։

Հռոմը նաեւ փորձած է ամենատարբեր եղանակներով կաթոլիկութիւն տարածել Հայաստանի մէջ, սկիզբը՝ Կիլիկեան Հայաստանին մէջ՝ Հայ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու միութիւն հաստատելու միջոցով, ապա՝ XIV դարին սկիզբէն՝ բուն Հայաստանին մէջ՝ ունիթորութեան միջոցով։ Ան հանգեցրած է Հռոմի կաթոլիկ եկեղեցիին միացած Արեւելեան պատրիարքութիւններու եւ եկեղեցիներու կազմաւորմանը, որոնցմէ է նաեւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցին։

XVI–XVIII դդ. Պապական մարզին մէջ կը հաստատուի բացարձակապետութիւն, իսկ XIX դարին ան կը մտնէ միաւորուած Իտալական թագաւորութեան մեջ եւ դադարին մէջ գոյութիւն ունենալէն։ Կաթոլիկ եկեղեցիի ամբողջ համակարգը փոխուեցաւ Վատիկանի II ժողովի ժամանակ։ Այս ժողովին որոշումներուն համաձայն կրնանք ըսել, որ պապական Հռոմի ամբողջ համակարգը գլխիվայր փոխուեցաւ եւ աւելի արդիանականացուեցաւ։ Անոր օրինակը կը հրաժարի այն բանէն, որ ծառայութիւնը անպայման կատարուի լատիներէն լեզուով։

Դաւանանքը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կաթոլիկեան գաղափարական հիմքը Օգոստինոս Ավրելիոս Երանելիի (IV–V դդ.), Թովմա Աքվինացիի (XIII դ.) եւ այլոց ուսմունքներն են։ Կաթոլիկութիւնն կ'ընդունի քաւարանի գոյութիւնը (պաշտոնապէս ճանչցուած է Ֆլորանսի ժողովին մէջ՝ 1439 թուականին) գոյութիւնը, բոլոր կարգի հոգեւորականներու կուսակրօնութիւնը, Աստուածամոր մարմնաւոր համբառնումը։ Ինքնատիպ է Սուրբ Երրորդութեան, եկեղեցական խորհուրդներու մեկնաբանումը եւ կիրառումը, օծումը կ'արուի մկրտութիւնէն զատ՝ նուազագոյնը ութամեայ (գիտակից) տարիքին մէջ, հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու հաղորդութեան ձեւերն ու եղանակները տարբեր են (գինիին մէջ ջուր կը խառնեն, աշխարհականներուն հաղորդութիւն տալ միայն հացով, իսկ գինին վերապահել եկեղեցականներուն)։ Կաթոլիկ եկեղեցին կ'ընդունի գոյափոխութիւնը, այսինքն՝ Պատարագի ժամանակ հացն ու գինին կը փոխուին մէկ այլ գոյացութեան՝ Քրիստոսի մարմնի եւ արեան, սուրբ խորհուրդ կը համարուի ոչ թէ եկեղեցական պսակը, այլ՝ ինքնին ամուսնութիւնը, իսկ ամուսնացողներուն՝ խորհուրդը իրականացնողները։ Կաթոլիկ եկեղեցին ունի սեփական տոնացոյց եւ մեծ մասամբ միջին դարերուն մէջ ձեւաւորուած սրբարան, կ'ընդունի Մարիամ Աստուածածնի անարատ հղութեան վարդապետութիւնը, ունի «տիեզերական» ժողովներու սեփական ցանկ (թիւով՝ 21), կ'ընդունի երկաբնակութիւնը եւ Քաղկեդոնի ժողովի հանգանակը։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]