Ս. Սոֆիա տաճար (Կ. Պոլիս)

Ս. Սոֆիա տաճար, «Ս. իմաստութիւն»; լատ.՝ Sancta Sophia կամ Sancta Sapientia; թրք.՝ Ayasofya Camii), նախապէս՝ յունական ուղղափառ քրիստոնէական տաճար, աւելի ուշ՝ օսմանեան մզկիթ, մինչեւ 2020՝ թանգարան (Այա Սոֆիա թանգարան), իսկ 10 Յուլիս, 2020-էն՝ մզկիթ Կ.Պոլսոյ, Թուրքիոյ մէջ: Տաճարը կառուցուած է Ք.Ե. 537-ին եւ նշանաւոր է իր իւրօրինակ գմբէթով: Այս տաճարը աշխարհի ամենամեծ կառոյցներէն եւ ճարտարապետութեան գլուխ գործոցներէն մէկը կը համարուի: Անիկա կը համարուի նաեւ բիւզանդական ճարտարապետութեան մարմնաւորումը[1]. կ'ըսուի, թէ այս տաճարը «փոխած է ճարտարապետութեան պատմութիւնը»[2]:

Իր ստեղծման օրէն՝ 537, մինչեւ 1453, անիկա եղած է Արեւելեան ուղղափառ տաճար մը եւ հանդիսացած՝ Կ. Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքին նստավայրը[3]: Միայն 1204-1261 թուականներուն ընթացքին տաճարը խաչակիրներու կողմէ (Խաչակիրներու Դ. արշաւանքին ատեն) վերածուած է Կաթոլիկ եկեղեցւոյ, որ կը գտնուէր Լատինական կայսրութեան տիրապետութեան տակ: 29 Մայիս 1453-ին, Ս. Սոֆիա տաճարը վերածուած է Օսմանեան մզկիթի. այս կարգավիճակով մնացած է մինչեւ 1931: 1 Փետրուար 1935-էն դարձած է բաց թանգարան[4]: Շուրջ հազար տարի, մինչեւ Սեւիլիոյ տաճարին կառուցումը, (1520,Սպանիա) Ս. Սոֆիա տաճարը համարուած է աշխարհի ամենամեծ տաճարը:

Ս. Սոֆիա տաճարը կառուցած են յոյն ճարտարապետներ՝ Իսիտոր Միլետացի եւ Անթեմիուս Թրալացի:

Սոֆիա բառը յունարէն «իմաստութիւն» բառին լատիներէն հնչիւնական տառադարձումն է: Յունարէն ամբողջական անուն է, որ կը նշանակէ «Աստուծոյ Ս. իմաստութեան տաճար»:

1453-ին Մեհմետ Նուաճող (Ֆաթիհ) գրաւած է Կ.Պոլիսը եւ միացուցած` Օսմանեան կայսրութեան: Ան հրամայած է Ս. Սոֆիա տաճարը վերածել մզկիթի: Հակառակ անոր, որ քաղաքին բազմաթիւ շրջանները կարճ շրջան մը վնասուած եւ աւերուած են, սակայն տաճարը պահպանելու համար անընդհատ գումարներ յատկացուած են:

Տաճարը իր իւրարայատուկ տեսքով շատ մեծ տպաւորութիւն ձգած է օսմանեան ղեկավարներուն վրայ, որոնք որոշած են զայն մզկիթի վերածել:

Զանգերը, խորանը եւ այլ մասունքներ ոչնչացուած են: Յիսուսը, Մարիամը, քրիստոնեայ սուրբերը եւ հրեշտակները պատկերող խճանկարները նոյն ճակատագիրին արժանացած են, ապա ծեփով ծածկուած են:

Իսլամական կրօնին յատուկ տարրեր աւելցուած են տաճարին` միհրապ (որմնախորշ, որ ցոյց կու տայ Մեքքայի ուղղութիւնը), մինպար (ամպիոն, որուն վրայէն իմամը քարոզ կը կարդայ) եւ չորս մինարէ:

Մինչեւ 1931 Ս. Սոֆիա տաճարը եղած է մզկիթ, այնուհետեւ չորս տարի փակ մնացած է:

Տաճարը վերաբացուած է 1935-ին իբրեւ թանգարան` արդէն ժամանակակից Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ:

Մինչեւ սուլթան Ահմետ մզկիթի կառուցումը՝ 1616, Ս. Սոֆիա տաճարը, որ այդ օրերուն մզկիթ էր, եղած է Պոլսոյ գլխաւոր եւ հիմնական մզկիթը:

Ս. Սոֆիա տաճարը արձանագրուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութան ցանկին մէջ:

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կոստանդիոս Բ.-ի եկեղեցի[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ներկայիս Ս. Սոֆիա եկեղեցւոյ տարածքին կառուցուած առաջին եկեղեցին յայտնի է Μεγάλη Ἐκκλησία (Megálē Ekklēsíā, «Մեծ եկեղեցի») անունով կամ լատիներէն Magna Ecclesia[5][6]. եկեղեցին այսպէս կոչուած է իր չափերուն պատճառով, որովհետեւ շատ աւելի մեծ եղած է այդ օրերուն քաղաքին մէջ եղած միւս եկեղեցիներէն[7]: Եկեղեցւոյ բացման արարողութիւնը կատարած է արիոսական եպիսկոպոս Եվդոկսիոս Անտիոքցին՝ 15 Փետրուար 360-ին[8]: Եկեղեցին կառուցուած էր նոր կառուցուղ կայսերական պալատին մօտակայքը: Քիչ մը անդին՝ Ս. խաղաղութիւն եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքները աւելի շուտ աւարտած են, եւ վերջինս սկսած է գործել մինչեւ Մեծ եկեղեցւոյ շինարարութեան աւարտը: Այս երկու եկեղեցիները հանդիսացած են Բիւզանդական կայսրութեան գլխաւոր եկեղեցիները:

Սոկրատես Սքոլաստիկոս 440-ին գրած է, որ եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքները սկսած են շուրջ 346-ին, Կոստանդիոս Բ.-ի հրամանով[9]: Է.-Ը. դարերու աւանդութեան համաձայն, շինութիւնը կառուցուած է Կոստանդիանոս Ա. Մեծ-ի կողմէ[9]: Յովհաննէս Զոնարաս կը համատեղէ երկու տեսակէտեր՝ գրելով, որ Կոստանդիոս Բ. իրականութեան մէջ վերակառուցած է փլուզուած շինութիւնը, որ օծուած էր Եվսեբիուս Նիկոմեդիացիին կողմէ[9]: Եվսեբիոս Կ. Պոլսոյ եպիսկոպոս եղած է 339-341 թուականներուն, իսկ Կոստանդիանոս մահացած է 337-ին, ուստի աւելի հաւանական է, որ վերջինիս կողմէ կառուցուած է առաջին եկեղեցին[9]: Շինութիւնը կառուցուած է իբրեւ աւանդական լատինական սիւնաշարքերով պազիլիք՝ սրահներով եւ փայտէ տանիքով: Այս եկեղեցին համարուած է ժամանակի ամէնէն ակնառու յուշարձաններէն մէկը:

Կ. Պոլսոյ պատրիարք Յովհան Ոսկեբերան հարցեր ունեցած է կայսր Արկադիոսի կնոջ՝ Էլիա Եվդոկացիին հետ, որուն իբրեւ հետեւանք՝ 20 Յունիս 404-ին աքսորուած է: Անոր յաջորդած ապստամբութիւններուն ալիքին ընթացքին առաջին եկեղեցին այրած է[9]: Այսօր այդ եկեղեցիէն ոչինչ մնացած է:

Թէոդոսիոս Բ.-ի եկեղեցին[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկրորդ եկեղեցին կառուցուած է Թէոդոսիոս Բ.-ի հրամանով, որուն բացումը տեղի ունեցած է 10 Հոկտեմբեր 415-ին: Ճարտարապետ Ռուֆինուս կառուցած է փայտեայ տանիքով պազիլիքը: Նիքայի (Nika Revolt) ապստամբութեան ատեն հրդեհ մը բռնկած է, որուն իբրեւ հետեւանք՝ 13-14 Յունուար 532-ին երկրորդ եկեղեցին հիմնայատակ այրած է:

Այս եկեղեցիէն մինչեւ օրս պահպանուած են քանի մը մարմարեայ հատուածներ՝ այդ թիւին մէջ բարձրաքանդակներ, որոնց վրայ նկարուած են 12 գառնուկներ՝ խորհրդանշելով Քրիստոսի 12 առաքեալները: Նախապէս անոնք գլխաւոր մուտքին մաս կազմած են, սակայն ներկայիս կը գտնուին թանգարանին մուտքին մօտակայքը՝ պեղումներու փոսին մէջ, այն օրէն, երբ 1935-ին գերմանացի հնագէտ Ա.Մ. Շնայտըր (Alfons Maria Schneider) զանոնք յայտնաբերած է արեւմտեան գաւիթին տակ: Փորման հետագայ աշխատանքները դադրած են, որովհետեւ ամբողջ շինութիւնը վտանգի ենթարկուած է:

Տաճարը՝ իբրեւ մզկիթ (1453-1935 թուականներ)[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

29 Մայիս 1453-ին Օսմանեան ուժերը կը գրաւեն Կ. Պոլիսը: Այդ օրերու աւանդութեան համաձայն, սուլթան Մեհմետ Բ. իր զօրքին եւ իր շրջապատին կը թոյլատրէ երեք օր շարունակ առանց որեւէ խոչընդոտի թալանել եւ կողոպուտել քաղաքը: Երեք օր ետք, քաղաքէն ինչ որ մնայ, սուլթանին կը պատկանի[10][11]: Ս. Սոֆիա տաճարը եւս զերծ չի մնար թալանէն եւ կողոպուտէն, որովհետեւ նուաճողները զայն մեծ գանձերու եւ թանկարժէք առարկաներու պահեստ կը համարեն[12]: Երբ Կ. Պոլսոյ պաշտպանական ուժերը պարտութիւն կը կրեն եւ օսմանեան զօրքերը յաղթական քաղաք կը ներխուժեն, կողոպտիչները Ս. Սոֆիա տաճար կը շտապեն եւ ներս մտնելէ առաջ կը տապալեն տաճարին դռները[13]: Կ. Պոլսոյ պաշարման ընթացքին հաւատացեալները տաճարին մէջ Ս. պատարագի կը մասնակցին՝ տաճարը ապաստանարանի վերածելով՝ կիներու, երեխաներու, տարեցներու եւ հիւանդ ու վիրաւոր մարդոց[14][15]: Տաճարին մէջ ապաստանած մարդիկ եւ եկեղեցւոյ սպասաւորները պատերազմէն ետք նուաճողներուն միջեւ իբրեւ աւար կը բաժնուին: Շինութիւնը կը պղծուի եւ կը թալանուի, իսկ անօգնական մարդիկ, կամ ստրուկ կը դառնան, կամ ֆիզիքական չարչարանքներու կ'ենթարկուին, կամ ալ կը մորթուին[12]: Չափահասները, երեխաները եւ հիւանդ կամ վիրաւոր մարդիկ կը սպաննուին, կիներ եւ աղջիկներ կը բռնաբարուին, իսկ պատանի տղաք՝ ստրկութեան կը վաճառուին[13]: Եկեղեցւոյ սպասաւորները կը շարունակեն իրականացնել քրիստոնէական ծէսերը, աղօթքներն ու արարողութիւնները մինչեւ որ նուաճողները իրենց կը ստիպեն դադրեցնել ամէն ինչ[13]: Երբ Մեհմետ Բ. եւ իր զօրքը տաճար կը մտնեն, ան անմիջապէս կը հրամայէ զայն մզկիթի վերածել: Ուլեմաներէն մէկը (իսլամական գիտնականներ) կը բարձրանայ եկեղեցւոյ խորանը եւ կ'արտասանէ. «Ալլահէն բացի այլ աստուած չկայ, եւ Մուհամմէտը անոր մարգարէն է». այսպիսով կը սկսի եկեղեցւոյ մզկիթի վերածման գործընթացը:

Մեհմետ Բ. կը հրամայէ եկեղեցւոյ մզկիթին վերածելու գործընթացին զուգահեռ անմիջապէս սկսիլ եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները: 1 Յունիս 1453-ին Մեհմետ ուրբաթօրեայ առաջին աղօթքը կ'իրականացնէ վերանորոգուած մզկիթին մէջ[16]: Ս. Սոֆիա տաճարը կը դառնայ Կ. Պոլսոյ կայսերական առաջին մզկիթը[17]: Քաղաքին մէջ գտնուող տուներուն մեծ մասը եւ ապագայ Թոփքափը պալատին տարածքը կը դառնան Վաքըֆի մաս: 1478-էն սկսեալ 2360 խանութներ, 1300 տուներ եւ ոչխարի գլուխ ու տոտիկ վաճառող 23 խանութներ իրենց եկամուտը կը սկսին տալ վաքֆին[18]: 1520-ին եւ 1547-ին կայսերական հրովարտակներու համաձայն Փակ շուկայէն որոշ մասեր եւ խանութներ եւս կը տրուին վաքըֆին:

Տրդատ ճարտարապետին միջամտութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տեսարան Ս. Սոֆիա տաճարի ներսէն:

Հայոց պատմիչներէն Ստեփանոս Ասողիկ կը յայտնէ, որ յոյն հմուտ ճարտարապետները շատ մտահոգ էին վերականգնման աշխատանքներով, բայց յստակ լուծումներ չէին կրնար առաջարկել: Հրաւէր կ'ուղարկուի այդ ժամանակաշրջանին մեծ համբաւ վայելող Տրդատ ճարտարապետին, խնդրելով անկէ վերակառուցել Ս. Սոֆիա տաճարին գմբէթը: Տրդատ կը մեկնի Բիւզանդիոնի մայրաքաղաք եւ կ'ուսումնասիրէ տաճարին վիճակը[19]: Կառուցման աշխատանքները կարգաւորելու համար ան նախապէս կը պատրաստէ եկեղեցւոյ յատակագիծը, որուն վրայ նախ կը լուծէ ճարտարապետական հարցերը: Այնուհետեւ Տրդատ բարձր փայտամածներ կը կանգնեցնէ մինչեւ գմբէթը՝ այդ լուծումները տաճարին վրայ կիրարկելու համար[19]: Տեղեկութիւններ պահպանուած են, որ այդ փայտամածներուն համար արքունի գանձարանը ծախսած է 1000 ոսկի լիվեր: Կ'ըսուի, թէ գմբէթէն բացի Տրդատ վերականգնման այլ աշխատանքներ ալ կատարած է, որովհետեւ, կառոյցը վերէն վար ճաթած էր: Տրդատ կը կատարելագործէ իրեն վստահուած յանձնարարութիւնը՝ յայտնաբերելով իր բարձր հմտութիւնը, որուն մասին կը վկայեն յուշարձանին ոչ միայն ներկայ վիճակը, այլեւ Ասողիկին վկայութիւնը այն մասին, որ տաճարը վերականգնումէն ետք աւելի վայելչագեղ տեսք մը կը ստանայ: Կառուցումէն ի վեր իր բազմաթիւ փլուզումներէն ետք Տրդատ ճարտարապետին վերակառուցածը կայուն կը մնայ մինչեւ մեր օրերը՝ աւելի քան 1000 տարի: Սիմէոն Լեհացի, իր ճամբորդութեան ընթացքին տեսնելով Ս. Սոֆիա տաճարը, իր ուղեգրութիւններուն մէջ կը գրէ. «Մարդ պիտի հազար աչք ունենայ այդ արուեստը դիտելու եւ սքանչանալու համար»։

Ս. Սոֆիա տաճարին ժամանակացոյցը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • 537՝ Կոստանդիոս Բ.-ի ղեկավարութեան շրջանին տեղի ունեցած է Ս. Սոֆիա տաճարին բացման արարողութիւնը: Շքեղ զարդաքանդակներով տաճարին կառուցման աշխատանքները աւարտած են:
  • 553՝ երկրաշարժի իբրեւ արդիւնք, տաճարին արեւելեան կամարը թոյլցած է:
  • 558՝ դարձեալ երկրաշարժ մը տեղի ունեցած է, որ երկու մասի բաժնած է տաճարը: Քանի մը ամիս ետք հիմնական գմբէթը փլած է արեւելեան կիսագմբէթին հետ միասին:
  • 562՝ վերակառուցումը աւարտած է:
  • 726՝ Ս. Սոֆիա տաճարը զրկուած է կրօնական նկարազարդումներէ եւ քանդակագործութիւններէ:
  • 842՝ տաճարը ի վերջոյ վերակազմաւորուած է: Սկսած է Ս. Սոֆիա տաճարին վերանորոգումը:
  • 859՝ Հրդեհ մը եւս վնասած է տաճարը:
  • 869՝ երկրաշարժի պատճառով քանդուած է կիսագմբէթը:
  • 989՝ հզօր երկրաշարժ մը արեւմտեան գմբէթին փլուզման պատճառ դարձած է:
  • 994՝ վերակառուցումէն ետք տաճարը վերաբացուած է:
  • 1204՝ տաճարը վերածուած է կաթոլիկ տաճարի:
  • 1261՝ տաճարը կրկին ուղղափառ եկեղեցի դարձած է:
  • 1344՝ երկրաշարժի պատճառով տաճարին տարածքին ամբողջ հողաշերտ մը վնասուած է:
  • 1346՝ շինութեան տարբեր հատուածներ փլած են եւ եկեղեցին փակուած է:
  • 1354՝ վերակառուցումէն ետք տաճարը վերաբացուած է:
  • 1453՝ Կ. Պոլսոյ գրաւումէն ետք Մեհմետ Նուաճող հրամայած է տաճարը մզկիթի վերածել:
  • 1573՝ տաճարին արտաքին մասը ամրացած է եւ տեսքը մօտեցած է աւանդական մզկիթներու տեսքին:
  • 1717՝ տաճարին ներսը վերափոխման աշխատանքներ կատարուած են:
  • 1734՝ շինուած է քուրանական դպրոցը:
  • 1847՝ կառոյցը անգամ մը եւս վերակառուցման ենթարկուած է:
  • 1849՝ մզկիթը վերաբացուած է:
  • 1919՝ 1453-ին քաղաքին գրաւման ատեն դադրած եկեղեցական ծառայութիւնը շարունակուած է եւ իր աւարտին հասած յոյն զինուորական քահանայի մը կողմէ:
  • 1935՝ տաճարը վերածուած է թանգարանի[20]:
  • 2020՝ տաճարը վերածուած է մզկիթի, Թուրքիոյ նախագահ Ռ. Թայիփ Էրտողանի որոշումով:

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Fazio Michael, Moffett Marian, Wodehouse Lawrence (2009)։ Buildings Across Time (3rd հրտրկթն․)։ McGraw-Hill Higher Education։ ISBN 978-0-07-305304-2 
  2. Simons Marlise (22 Օգոստոսի, 1993)։ «Center of Ottoman Power»։ New York Times։ արտագրուած է՝ 4 Յունիս, 2009 
  3. Müller-Wiener (1977), p. 112.
  4. Magdalino, Paul, et al. "Istanbul: Buildings, Hagia Sophia" in Grove Art Online. Oxford Art Online. http://www.oxfordartonline.com. accessed 28 February 2010.
  5. Müller-Wiener (1977), p. 84.
  6. Alessandro E. FONI, George PAPAGIANNAKIS, Nadia MAGNENAT-THALMANN։ «Virtual Hagia Sophia: Restitution, Visualization and Virtual Life Simulation» (PDF)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 9 Յուլիս, 2007-ին։ արտագրուած է՝ 3 Յուլիս, 2007 
  7. Janin (1953), p. 471.
  8. Janin (1953), p. 472.
  9. 9,0 9,1 9,2 9,3 9,4 Janin (1953), p. 472.
  10. Runciman Steven (1965)։ The Fall of Constantinople, 1453։ Cambridge: Cambridge University Press։ էջ 145։ ISBN 978-0-521-39832-9 
  11. Nicol, Donald M. The End of the Byzantine Empire. London: Edward Arnold Publishers, 1979, p. 88.
  12. 12,0 12,1 Nicol. The End of the Byzantine Empire, p. 90.
  13. 13,0 13,1 13,2 Runciman. The Fall of Constantinople, p. 147.
  14. Runciman. The Fall of Constantinople, pp. 133–134.
  15. Nicol, Donald M. The Last Centuries of Byzantium 1261–1453. Cambridge: Cambridge University Press, 1972, p. 389.
  16. Mamboury (1953), p. 288.
  17. Necipoĝlu (2005), pg. 13
  18. Boyar & Fleet (2010), p. 145
  19. 19,0 19,1 «Հայկական Հանրագիտարան»։ www.encyclopedia.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-01-21-ին։ արտագրուած է՝ 2019-01-28 
  20. Kinross Lord (1972)։ Hagia Sophia։ S. Arthur Dembner։ էջեր 30, 35, 45,80։ ISBN 9780882250144 

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]