Վիպապաշտութիւն

"Թափառողը ծովու մշուշէն վեր" Caspar David Friedrich․ 1818

Վիպապաշտութիւն․ 18-րդ դարու վերջաւորութենէն մինչեւ 1850-ական թուականներուն արեւմտեան Եւրոպայի մէջ աճած գաղափարական եւ գեղարուեստական մշակութային շարժում։ Կը զարգանայ նախ Անգլիա եւ Գերմանիա, ապա կը տարածուի Եւրոպական երկիրներու մէջ, գլխաւորաբար՝ Ֆրանսա եւ Սպանիա։

Պատմականօրէն կը հետեւի Վերածնունդի ժամանակաշրջանին եւ կը հակադրուի ազնուական դասակարգին։ Կը կապուի՝ մասնաւորաբար Ժան Ժաք Ռուսոյի Jean-Jacques Rousseau տեսակէտներուն։

Վիպապաշտութիւնը կ'արտայայտուի գրականութեան, արուեստի՝ նկարչութեան, քանդակագործութեան, երաժշտութեան ու պարի եւ քաղաքականութեան ընդմէջէն։ Կեանքին հանդէպ զգացական մօտեցում կը դրսեւորէ եւ տրամաբանականին կը հակազդէ։ Կը փառաւորէ խորհրդաւորը եւ երեւայականը, միաժամանակ փնտռելով երազային փախուստը եւ յափշտակութիւնը, ախտաւորը եւ վսեմը, տարաշխարհայինը եւ անցեալը, մտատիպարը կամ՝ մղձաւանջը կրքոտ եւ մելամաղձոտ զգայնութեամբ։

Անոր գեղագիտական եւ բարոյական արժէքները, գաղափարները արագօրէն կը թափանցեն արուեստի մնացեալ բնագաւառներուն մէջ, նա մանաւանդ՝ նկարչութեան եւ երաժշտութեան։ [1][2]

Ստուգաբանութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Վիպապաշտը» երգիծական վիմագրութիւն, 1830 հեղ․՝ Mantoux եւ Cheyère, Փարիզ

Վիպապաշտ ածականը romantic (ռոմանթիք) Անգլիա ծնունդ կ'առնէ 1650-ական թուականներուն․ Միջնադարու վէպերուն, ժողովրդային լեզուով տաղաչափ պատմումներուն (որոնք կը հակադրուին լատիներէնով գրութիւններուն) յղումն է։ Այնուհետեւ զարգացումներ կը կրէ եւ ԺԸ. դարուն Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ հոմանիշն է բնական երեւոյթները դրուատիքին։ Գերմանիա կը հասնի ԺԷ. դարու վերջաւորութեան romantisch սահմանումով, ուր «ինչ որ վէպի կը նմանի» գաղափարը ստորարկիչ հարանշանակութիւն կ'ունենայ՝ «հոգիին մէջ արթնցնել վտանգաւորի եւ երեւակայական կենդանութեան ճաշակը»։

ԺԸ. դարու ընթացքին, վիպապաշտութիւն բառը «ինչպէս պատկերի մը մէջ» ասացուածքին նշանակութիւնը կ'առնէ․ այսինքն բնութիւնը արուեստի պրիսմակէն կը դիտուի։ Այս իմաստով վիպապաշտ/ութիւն բառը ֆրանսերէնի մէջ կը թափանցէ Ժան Ժաք Ռուսոյի «Մենակեաց զբօսնողին երազանքները» գործով, ուր հեղինակը վիպապաշտ romantique կ'որակէ Պիեն լիճի lac de Bienne վայրի ափերը եւ կը զուգադիպի անգլիական պարտէզներու նորաձեւութեան՝ բնութիւնը կազմակերպել ինչպէս պատկերի մը մէջ եւ կ'ընկերանայ նկարչագեղ pittoresque իմաստին։

ԺԸ. դարու վերջաւորութեան, Գերմանիոյ մէջ վիպապաշտութիւնը կը վերագտնէ միջնադարեան իմաստը՝ հակադրուիլ Հնադարին եւ դասականին։

[1][3][4][2]

Վիպապաշտութիւնը մշակոյթի բնագաւառներէն ներս[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«The Death of Chatterton » Henry Wallis, 1857 Նիւթն է՝ 17 տարեկան անգլիացի վիպապաշտ բանաստեղծ Thomas Chatterton-ի մահը․ ան անձնասպան կ՛ըլլայ 1770 Wallis նկարիչին գծագրած տարիներուն ան հերոս կը համարուէր։

Վիպապաշտութիւնը գրականութեան մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վիպապաշտութեան կը նախորդէ նախավիպապաշտութիւնը։ Արագօրէն կը զարգանայ բանաստեղծութեան, վիպագրութեան, նկարչութեան եւ գաղափարներու ընդմէջէն։

Վիպապաշտութիւնը նախավիպապաշտութեան զարգացումն է․ նոր զգացականութիւն մը, որ կը հակազդէ Դասականին, Լուսաւորութեան եւ բանապաշտութեան։

Ստորեւ Եւրոպայի Վիպապաշտութեան գլխաւոր ներկայացուցիչները

Անգլիական (Մեծն Բրիտանիոյ) վիպապաշտ գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դպրոցականներ խանդավառութեամբ կը գրկեն William Wordsworth-ի եւ Samuel Coleridge-ի «Lyrical Ballads» 1798 հրատարակութիւնները։ Անոնք կը նկատուին անգլիական վիպապաշտ գրականութեան սկիզբը, որ կը տեւէ մինչեւ Վիքթորիա թագուհիին Queen Victoria թագադրութիւնը՝ 1837 ։ Անկէ ետք է, որ կը տարածուի անգլիախօս ուրիշ երկիրներուն մէջ, օրինակ՝ Ամերիկա։

William Blake․ կը համարուի անգլիական վիպապաշտութեան սերմնական անձնաւորութիւնը

Անգլիական վիպապաշտ գրականութեան արմատները կը գտնուին Կոթիք Gothic եւ զգացական վիպագրութեանց մէջ։ Կը ներառնէ «Գերեզմանատան բանաստեղծներ» Graveyard Poets նախավիպապաշտ բանաստեղծներ (1740-ական), որոնք կը յատկանշուին մահուան մտախոհութիւններով՝ շիրիմնաքարեր, դագաղներ, գանկեր եւ որդեր, որոնք երեւան կու գան գերզմանատան ներկայութեամբ։

Լորտ Պայրոն Lord Byron, Փըրսի Շիլէյ Percy Bysshe Shelley, եւ Ճոն Քից John Keats, անգլիական վիպապաաշտ բանաստեղծութեան երկրորդ սերունդի գլխաւոր ներկայացուցիչներէն են (Լորտ Պայրոն նուազ չափով)։

1707 երբ Սկովտիան Անգլիոյ կը միանայ, մեծ թափով կ'իւրացնէ անգլերէն լեզուն եւ մշակութային կանոններ։ Սակայն, կը յաջողի զարգացնել ինքնուրոյն գրականութիւն մը եւ միջազգային համբաւ վայելել ։

Ռոպերթ Պըրնս Robert Burns (1759-1796 ) մեծապէս կ'ազդէ Սկովտիոյ վիպապաշտ հոսանքին իր քնարերգակ բանաստեղծութիւններով եւ կը ճանչցուի իբրեւ Սկովտիոյ ազգային բանաստեղծը։ Անոր «Auld Lang Syne » բանաստեղծութիւնը, Hogmanay մըն է (տարուան վերջին օրը), իսկ «Scots Wha Hae» բանաստեղծութիւնը կը դառնայ Սկովտիոյ անպաշտօն ազգային ոգերգը։ Ուլթըր Սքոթ Walter Scott (1771 - 1832 ), նախ բանաստեղծութիւններ կը սկսի գրել, ապա կը հրատարակէ Սկովտիական վիպերգներ։ Անոր առաջին գործը՝ «Waverley», 1814 յաճախ կ'որակուի Սկովտիոյ առաջին վէպը։

Հակազդելով Գերմանիոյ, Վիպապաշտութիւնը Անգլիոյ մէջ կապ չ'ունենար ազգայնականութեան հետ եւ վիպապաշտները կասկածելի կը դառնան, որովհետեւ շատեր իրենց համակրանքը կը ցուցնեն Ֆրանսական յեղափոխութեան հանդէպ․ որուն տապալումը եւ Նափոլէոնի մենատիրութիւնը կը ցնցէ զիրենք։

Գերմանական վիպապաշտ գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Տղուն կախադրական եղջերափողը» Des Knaben Wunderhorn բանաստեղծ/ներուն 3րդ հատորին կողքը․ 1808

1774-ին Եւրոպայի տարածքին երիտասարդներ կարդալով Կէօթէի Johann Wolfgang von Goethe վէպը՝ «Երիտասարդ Վերտըրին վիշտերը» The Sorrows of Young Werther (երիտասարդ զգայուն եւ դիւրագրգիռ նկարագրով արուեստագէտի մը մասին վէպ) կը «նախանձին» դերակատարին։ Այդ ժամանակաշրջանին Գերմանիա փոքր պետութիւններու բաժնուած է եւ Կէօթէին այս վէպը սերմնական ազդեցութիւն կ՛ունենայ Գերմանիոյ միաւորման եւ ազգայնականութեան գաղափարին տարածման մէջ։ Նաեւ, Johann Gottlieb Fichte եւ Friedrich Schelling փիլիսոփաներուն գործերը վիպապաշտութեան տարածման կ՛ազդեն եւ իրենց ծննդավայրը՝ Իենա (ճարտարարուետի քաղաք մը) վիպապաշտութեան կեդրոն կը դարձնեն, իսկ աւելի ուշ Heidelberg քաղաքը Գերմանիոյ վիպապաշտութեան կեդրոնը կը դառնայ։ Գլխաւոր վիպապաշտ գրագէտներ են՝ Ludwig Tieck, Novalis (Heinrich von Ofterdingen, 1799), Heinrich von Kleist եւ Friedrich Hölderlin։

Վիպապաշտ գրականութեան կարեւոր կերպարներէն են նաեւ Պրենթանօ Brentano եւ Վոն Արնիմ von Arnim ․ անոնք միասնաբար կը հրատարակեն «Տղուն կախադրական եղջերափողը» Des Knaben Wunderhorn գործը․ համբակ բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյ, 180608։

«Ապագայ սերունդին երիվարումը» La Grande Chevauchée de la Postérité. ծաղրանկար փորագրութիւն՝, հեղ․՝ Benjamin Roubaud, 1842։ Վ․ Հիւկօ՝ «հիւկօպաշտողներուն թագաւորը, փիղասոս վիպապաշտ (յուն․՝Πήγασος) ձին կը հեծնէ, զինուած Թոլետոյի շեղբով եւ բռնած Նոթր-Տամի դրօշը», գաւակը կ՛առաջնորդէ․ Թէոֆիլ ԿօթիէThéophile Gautier, Քասանիաք Cassagnac, Ֆրանսիս Վէյ Francis Wey եւ Փօլ Ֆուշէ Paul Fouché. Էօժէն Սիւ Eugène Sue կը փորձէ բարձրանալ հասնելու անոնց հասակին եւ Ա․ Տիւմա A. Dumas քայլը կը փութացնէ, մինչ այդ Լամարթին Lamartine ամպերուն մէջ «կը տարուի քաղաքական, բանաստեղծական եւ կրօնական մտախոհութիւններով»․ կը հետեւին Հոնոռէ տը Պալզաք Honoré de Balzac եւ Վինյի ՎAlfred de Vigny։

Ֆրանսական վիպապաշտ գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ֆրանսայի մէջ, վիպապաշտութեան հոսանքը ազգայնականութեան դէմ շարժում մըն է։

Ֆրանսան իբրեւ մշակոյթի եւ յունահռոմէական աւանդութեան երկիր, Վերածնունդէն ասդին անոր գրականութիւնը դասական է։ Վիպապաշտ կը կոչուին այն գրագէտները, որոնք 19-րդ դարասկիզբին մտածումի օրէնքներէն կը ձերբազատուին, կը հակադրուին՝ դասականին եւ 18-րդ դարու փիլիսոփաներու իրապաշտութեան։

Վիպապաշտութեան առաջին նմուշները տեսանելի են 1750, սակայն կը սահմանուի գրեթէ մէկ դար ետք։ Վիպապաշտութիւն եզր կը հասուննայ ֆրասական պատմութեան Վերահաստատում Restauration կոչուած ժամանակաշրջանին (Ապրիլ 1814-Մարտ 1815 եւ 1815 - 1830

1927 Ֆրանսան կը տօնէ Վիպապաշտութեան 100-ամեակը․ սկիզբը կը սեպէ Վիքթոր Հիւկօի Քրոմուէլ Cromwell վէպին Նախաբանը, 1827։

Ֆրանսացի վիպապաշտ բանաստեղծերէն (1830 - 1850 ական) գլխաւորներն են՝ Ալֆրետ տը Միւսէ Alfred de Musset, Ժեռար տը Նեռվալ Gérard de Nerval, Ալֆօնս տը Լամարթին Alphonse de Lamartine եւ Թէօֆիլ Կօթիէ Théophile Gautier։

Ստենտալ Stendhal այսօր կը համարուի այդ ժամանակի ամենայարգուած վիպագիրներէն, սակայն կապը վիպապաշտութեան հետ բաւական բարդ է․ վէպերուն դերակատարներուն հոգեկան վիճակը կը թաւալի վիպապաշտութեան եւ իրապաշտութեան միչեւ։ Այդ պատճառով կը սեպուի Իրապաշտութեան նախակարպետներէն։ Ամենագլխաւոր վէպերն են՝ «Կարմիրն ու Սեւը» Le Rouge et le Noir (1830), եւ «Փարմի Շառթրոյզ վանքը» La Chartreuse de Parme (1839

Իտալական վիպապաշտ գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իսապելլա տի Մորա․ 1520-1546 թ․ կը համարուի Իտալական վիպապաշտ գրականութեան նախակարապետը

Ուղղակի կապուած է Իտալիոյ միութեան ի նպաստ քաղաքական եւ ընկերային Իլ Ռիզորկիմենթօ il Risorgimento շարժումին հետ․ 18-րդ դարավերջէն մինչեւ 1871։ Իտալական վիպապաշտութեան արմատները Հնադարէն եւ Միջնադարէն կու գան։ Անոր գլխաւոր ներկայացուցիչն է՝ Ալեսանտրօ Մանզոնի Alessandro Manzoni․ ծնած՝ 1785, Սեզարէ Պեքարիա Cesare Beccaria փիլիսոփային թոռն է եւ մեծցած է տոգորուած՝ Լուսաւորութեան, ազատական եւ հակակղերական գաղափարներով։

«Ժամանակակից բանաստեղծները» Los poetas contemporáneos (1846, Antonio María Esquivel). Նկարը կը ներկայացնէ բազմաթիւ սպանացի վիպապաշտ բանաստեղծներ եւ արուեստագէտներ հաւաքուած նկարիչին աշխատանոցը

Սպանական վիպապաշտ գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սպանիոյ մէջ, վիպապաշտութիւնը կը նկատուի իբրեւ բարդ եւ շփոթ շարժում մը, որ ունի մեծ հակասութիւններ՝ ապստամբութիւն, յեղափոխական գաղափարներ, սակայն նաեւ կաթոլիկ եւ մենապետական սովորութիւններու վարադարձ։

Վիպապաշտութիւնը Սպանիա կը թափանցէ 19-րդ դարու կէսին, քաղաքական լարուածութեամբ ժամանակաշրջանի ընթացքին․ ազատականները եւ ազնուականները կը ձգտին պահել իրենց առանձնաշնորհները, իսկ յառաջդիմականները կը պայքարին անոնց դէմ։ Կաթոլիկ մտածելակերպը կը պաշտպանուի ընդէմ՝ ազատամիտ գաղափարներուն եւ գերմանացի փիլիսոփայ Քրաուզի Krause կողմնակիցներուն։ Ասոնց կողքին կը զարգանան բանուորական դասակարգի բողոքներու շարժումները անիշխանականներու anarchiste եւ ընկերվարականներու socialiste դրօշին տակ․ գործադուլները եւ մահափորձերը յաճախակի են։

Թուղթի վրայ վիմագրութիւն․ կը պատկերացնէ Almeida Garrett, Փորթուկալցի քաղաքագէտ, բանաստեղծ եւ թատերագիր։

Փորթուկալական վիպապաշտ գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վիպապաշտութիւնը Փորթուկալիոյ մէջ կը սկսի Ալմէյտա Կարեթի Almeida Garrett «Camões» (1825) բանաստեղծութեամբ։ Ան, 1820 կը մասնակցի Ազատական Յեղափոխութեան, այդ պատճառաւ Անգլիա կ՛ինքնաքսորուի 1823 եւ ապա՝ Ֆրանսա։ Անգլիա կը յաճախէ Վիպապաշտներու շրջանակները եւ կը կարդայ Շէյքսփիր, Սքոթ Scott, Օսիան Ossian, Պայրոն Byron, Հիւկօ Hugo, Լամարթին Lamartine եւ Տը Սթաէլ de Staël։ Միաժամանակ աւատական բերդեր եւ Կոթիկ եկեղեցիներու եւ վանքերու աւերակները կ՛այցելէ, որոնք հետագային գրութիւններուն մէջ կը ցոլանան։

Ալմէյտա Կարեթ եւ Ալեքսանտր Հեռքուլանօ Alexandre Herculano Փորթուկալական Վիպապաշտութեան հիմնադիրներէն են։ Վերջինը՝ ան ալ կը ստիպուի ինքնաքսորուիլ Մեծն Բրիտանիա եւ Ֆրանսա ազատամիտ գաղափարներուն պատճառով։

Վիպապաշտութիւնը պիտի վերապրի 20-րդ դարասկիզբին, Փորթուկալական Վերածնունդի հոսանքի բանաստեղծներէ, ի միջի այլոց՝ Թեհէյրա տէ Փասքոյաս Teixeira de Pascoais, Ղէյմէ Քորթեսաօ Jaime Cortesão, Մարիօ Պէյրաօ Mário Beirão․ անոնք պիտի նկատուին Նոր-վիպապաշտներ։

Վիպապաշտ գրականութիւնը Լեհաստանի մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Adam Mickiewicz
Juliusz Słowacki

Վիպապաշտութիւնը Լեհաստանի մէջ կը սկսի Adam Mickiewicz-ի առաջին բանաստեղծութեան հրատարակութեամբ (1822), եւ կը վերջանայ (1863) ռուսերու դէմ Յունուարի ջախջախիչ ապստամբութեամբ։

Լեհաստանի մէջ վիպապաշտութիւնը կը տարբերի մնացեալ երկիրներէն, որովհետեւ ատիկա սերտօրէն կապուած է Լեհաստանի պատմութեան հետ։

Երեք աշուղները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Zygmunt krasiński

1830 Լեհ մտաւորականութիւնը, երկրին կառավարութեան ղեկավարութեան հետ կը լքէ Լեհաստանը․ ասիկա կը կոչուի «Մեծ Արտագաղթը» Great Emigration։ Արտագաղթողները կը հաստատուին Ֆրանսա, Գերմանիա, Մեծն Բրիտանիա, Թուրքիա եւ Ա․Մ․Ն․։

Վիպապաշտութեան այս երկրորդ շրջանին, Լեհ վիպապաշտներէն շատեր արտասահման կ՛աշխատին․ անոնք ընդհանրապէս վտարուած են (Լեհաստանը գրաւած ուժերէն) իրենց քաղաքական գաղափարներուն համար։ Ազատութեան պայքարը կը գերիշխէ անոնց գործին մէջ եւ կը յատկանշուի գլխաւորաբար Adam Mickiewicz , Juliusz Słowacki եւ Zygmunt Krasiński բանաստեղծերուն գործերով։ Այս երեքն ալ արտասահման կը գտնուին Լեհաստանի բաժանումին ժամանակ եւ անոնց գրութիւնները քաղաքական եւ կրօնական յոյս կը ներշնչեն։ Հետագային անոնց կը տրուի «Երեք աշուղները» Three Bards ((լեհերէն) trzej wieszcze ) անունը։ Կը դասաւորուին հետեւեալ ձեւով․ Mickiewicz՝ քնարերգութեան եւ վիպագրութեան կարպետը եւ ներկայի բանաստեղծը, Krasiński՝ գուշակը եւ նախատեսող եւ բանաստեղծը որուն միջոցաւ ապագան կը խօսի, իսկ Słowacki՝ թատերգակը եւ անցեալի գովասանը։

Վիպապաշտ գրականութիւնը Ռուսիոյ մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռուսական վիպապաշտութիւնը կապուած է հետեւեալ գրողներու եւ անոնց գործերուն հետ․ Կոստանտին Պաթիւշքով Konstantin Batyushkov ՝ «Մտապատկեր Լեթէ գետեզրին» (1809), Վասիլի Զիւքովսքի Vasily Zhukovsky ՝ «Աշուղը» (1811), «Svetlana» (1813) եւ Նիքոլայ Քարամզին Nikolay Karamzin ՝ «Աղքատ Լիզա» (1792), «Ճիւլիա» (1796) եւ ուրիշ։

Սակայն Ռուսիոյ Վիպապաշտութեան գլխաւոր մեկնիչն է՝ Ալեքսանտր Փուշքին Alexander Pushkin․ «Կովկասին բանտարկեալը» (18201821), «Ռուսլան եւ Լուտմիլա» (1820), Էօժէն Օնեկին (18251832)։ Փուշկինին գործը կ՛ազդէ 19-րդ դարուն շատ գրողներ եւ կը ճանցուի իբրեւ Ռուսիոյ ամենանշանաւոր բանաստեղծը։

Ուրիշ վիպապաշտ բանաստեղծներ են․ Միքայէլ Լերմօնթով Mikhail Lermontov՝ «Մեր օրերու հերոս մը» (1839), Ֆիոտոր Թիուչեւ Fyodor Tyutchev ՝ «Silentium!» (1830), Էվկենի Պարաթիւնսքի Yevgeny Baratynsky ՝ «Էտա» (1826), Անտոն Տելվիկ Anton Delvig եւ Ուիլհելմ Քիւչըլպեքըր Wilhelm Küchelbecker։

Վիպապաշտ գրականութիւնը Ամերիկայի մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եւրոպայի մէջ զարգացած վիպապաշտութեան հոսանքը, Ամերիկա կը թափանցէ 19-րդ դարասկիզբին։ Ա․Մ․Ն․ մէջ կը հրատարակուին Ուիլիըմ Քուլեն Պրայընթ William Cullen Bryant-ի «Ջրահաւ» (To a Waterfowl ) բանաստեղծութիւնը եւ Ուաշինկթոն Իրվինկ Washington Irving-ի «Քնացած դարափորին առասպելը»(The Legend of Sleepy Hollow) 1820թ․ եւ «Rip Van Winkle» (1819) վիպագրութիւնները։ Կը յաջորդէ 1823 Ճէյմս Քուփըր James Fenimore Cooper-ի «Կաշիէ գուլպաներուն հէքիաթները» (Leatherstocking Tales)։

Էմիլի Տիքինսոն Emily Dickinson-ի բանաստեղծութիւնը, որ իր ապրած ժամանակին շատ քիչերէ կարդացուած եւ Հերման Մելվիլ Herman Melville-ի վէպը, ամերիկեան վիպապաշտութեան գլուխ-գործոցները կը համարուին։

Վիպապաշտ գրականութիւնը Հարաւային Ամերիկայի մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Gonçalves Dias (1823-1864), «Աքսորի երգը» բանաստեղծութեան հեղինակը

Հարաւային Ամերիկայի սպանախօս վիպապաշտութիւնը ազդուած է Արժանթինցի Էսթեպան Էջեվերիա Esteban Echeverría վիպապապշտ գրագէտէն։ Իր գործերը, արիւնի եւ սարսափի նիւթեր, ազդուած են Արժանթինի մենատէրին՝ Խուան Մանուէլ Տէ Ռոսաս Juan Manuel de Rosas, հանդէպ ունեցած ատելութենէն։

Պրազիլեան Վիպապաշտութիւնը կը յատկանշուի եւ կը բաժնուի երեք տարբեր շրջաններու։

Առաջինին նպատակն է ստեղծել ազգային ինքնութեան իմացութիւն մը։ Օրինակ․ Խոսէ տէ Ալենքար José de Alencar, որ գրեց I«racema » եւ «O Guarani», եւ Կոնզալես Տիաս Gonçalves Dias որ համբաւի կ՛արժանանայ «Աքսորի երգը» (Canção do exílio) բանաստեղծութեան շնորհիւ։

Երկրորդ շրջանը, որ կը յիշատակուի նաեւ Ծայրայեղ Վիապապաշտութիւն Ultra-Romanticism, ազդուած է Եւրոպական Վիպապաշտութեան նիւթերէն եւ սովորութիւններէն՝ մելամաղձութիւն, տխրութիւն եւ յուսահատութիւն կապուած անհասանելի սէրին․ Կէօթէ եւ Լորտ Պայրոն անունները յաճախ կը յղուին այս գործերուն մէջ։ Այս ժամանակաշրջանի երեւելի գրողներն են՝ Ալվարեզ տէ Աթեվետօ Álvares de Azevedo, Քասիմիրօ տէ Ապրէու Casimiro de Abreu, Ֆակունտես Վարելա Fagundes Varela եւ Իւնքուէյրա Ֆրէիրէ Junqueira Freire։

Երրորդ շրջանը կը յատկանշուի ընկերային բանաստեղծութեամբ, մանաւանդ խորտակչական շարժումը եւ կ՛ընդգրկէ Քաստրօ Ալվես Castro Alves, Թոպիաս ՊարեթօTobias Barreto եւ Փիետրօ Լուիս Փորէյրա տէ Սուզա Pedro Luís Pereira de Sousa։

Վիպապաշտութիւնը Յունաստանի մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1821 Յունաստանի Ապստամբութենէն ետք, Ազատ Յունաստանը 1828 ամէն ինչ սկիզբէն պէտք էր սկսկիլ։ Անկախութեան առաջին տարիներուն (400 տարի ստրկութենէ ետք) գրականութիւնը գրեթէ անծանօթ իմաստ մըն է։ 1830 ետք, նոր գրագէտները ինքնաբերաբար կ՛ազդուին վիպապաշտութեան շարժումէն։

Յունաստանի մէջ վիպապաշտութիւնը իր սկզբնական քայլերէն իսկ կը կապուի իր ամենայոռետես եւ ընկճող կողմով։ Գլխաւոր յատկանիշներն են՝ սէրային յուսահատութիւն, ողբալի վիճակ, զգացումներու պայթում եւ կեանքէ հրաժարում։

Գործերը ընդհանրապէս պատմական վէպեր են․ գրագէտները անցեալը կը վերակենդանացնեն։ Պատմական վէպը վիպապաշտ ոճով է։

Գրագէնտերը կը կազմեն «Աթէնքի Դպրոցը» («Αθηναϊκή σχολή»)․ 1830 - 1880 Աթէնքի բանաստեղծներուն ամբողջութիւնը։

Յոյն Վիպապաշտ գրագէտներ եւ իրենց գլխաւոր գործերը․-[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փանաղիոթիս Սուցոս Παναγιώτη Σούτσος ՝ «Լէանտրոս» «Ο Λέανδρος» (1834),

Ալեքսանտրոս Սուցոս Αλέξανδρος Σούτσος` «1831 աքսորեալը» «Ο εξόριστος του 1831» (1835),

Ղրիղորիոս Փալէոլողոս Γρηγόριος Παλαιολόγος՝ «Բազմերեսը» «Ο πολυπαθής» (1839),

Ալեքսանտրոս Ռիզոս Ռակավիս Α.Ρ. Ραγκαβής՝ «Մօրէոսին իշխանը» «Ο Αυθέντης του Μωρέως» (1850),

Ստեֆանոս Քսենոս Στέφανος Ξένος՝ «Յունաստանի ապստամբութեան հերոսուհին» «Η Ηρωίς της Ελληνικής Επαναστάσεως» (1852),

Կոստ․ Ռամֆոս Κων. Ράμφος՝ «Քացանտոնին» «Ο Κατσαντώνης» (1860),

Իաքովոս Փիծիփիոս Ιάκωβος Πιτζιπιός՝ «Հիոս կղզիին որբը» «Η ορφανή της Χίου» (1839

Վիպապաշտութիւնը հայ գրականութեան մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

19-րդ դարու հայկական Զարթօնքի շրջանին գրականութիւնը թափ կ՛առնէ։ 1860 - 1870 թուականներուն Զարթօնքի սերունդի բանաստեղծներուն գործը (խմբուած երեք բնաբաններու մէջ՝ Մարդկային Հոգի եւ Բնութիւն․ Կեանք եւ Մահ․ Ազգ, Հայրենիք, Պայքար) վիպապաշտ ոճ ունի։

Հայ վիպապաշտ գրականութեան գլխաւոր ներկայացուցիչներն են՝ հայր Ղեւոնդ Ալիշան, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, Պետրոս Դուրեան, Միքայէլ Նալբանդեան, Ռափայէլ Պատկանեան (Գամառ Քաթիպա)։

[5][6][7][8][9][10][11][12][13][14][15][16][17][18][19][20][21][22]

Վիպապաշտութիւնը արուեստին բնագաւառին մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Լիստը դաշնամուրին վրայ» ․․ եւ Փականինի բարեկամաբար Ռոսինիին ուսը կը բռնէ․ աջին՝ Վ․Հիւկօ, Ա․ Տիւմա եւ Ժ․ Սանտ նստած․ կոմսուհի Տ՛Ակու կռնակ տուած դաշնամուրին ոտքերուն․ Շոփէնը միայն բացակայ է։ Նկար՝ Josef Danhauser-ի 1840

Երաժշտութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վիպապաշտ երաժշտութիւնը Գերմանիոյ մէջ կը յայտնուի 18-րդ դարու վերջաւորութեան։ Վիպապաշտութեան յատկանիշները՝ ազատօրէն դրսեւորել զգացումները, երաժշտութեան մէջ արհեստի նոր միջոցներով կ՛արտայայտուի․ օրինակ՝

  • Փոփոխուած ներդաշնակութիւն․
  • Շարունակական փոխադարձութիւն (ձայնականութեան եւ կծիռի փոփոխումներ)․
  • Քաղցրանուագի արտայայտութեան լիառատութիւն․
  • Հնչուն գոյներով հարուստ նուագայարդարութիւն եւ բազմամարդ երաժշտախումբեր։

Վիպապաշտ երաժշտութեան գլխաւոր ներկայացուցիչներն են՝ Լիւտվիկ Վան Պեթհովէն Ludwig van Beethoven, Վիլհելմ Ռիյարտ Վակներ Wilhelm Richard Wagner, Ֆրետերիք Շոփէն Frédéric François Chopin, Ֆրանս Լիստ Franz Liszt, Ճիւզեփէ Վերտի Giuseppe Verdi, Ճիոաքինօ Ռոսինի Gioachino Rossini, Ճիաքոմօ Մէյըրպէըր Giacomo Meyerbeer, Ժորժ Պիզէ Georges Bizet, Հեքթոր Պերլիոզ Hector Berlioz, Նիքոլօ Փականինի Niccolò Paganini եւ շատ ուրիշներ։

Տեսողական արուեստ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վիպապաշտութիւնը առաջին շրջանին՝ 1780 - 1810, նոր-դասականութեան (1760 - 1800) կը հակադրէ եւ այդ ուղղութեամբ կը զարգանայ։ Նորդասականութիւնը տեսային գեղեցկութիւն, բանապաշտութիւն, առաքինութիւն, տող, Հնադարեան եւ Միջերկրականեան դասականի յարգանքը կը քարոզէ, իսկ վիպապաշտութիւնը կը հակադրէ։

Վիպապաշտութիւնը սիրտը եւ կիրքը, անտրամաբանականը եւ երեւայականը, անկարգութիւնը եւ վերացումը, գոյնը եւ դպումը ու հիւսիսային Եւրոպայի առասպելները կը գովաբանէ։

Նկարչութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ասով մէկտեղ, վիպապաշտութիւնը նկարչութեան մէջ, չի սահմանուիր միայն հակադրելով դասականին կամ նորդասականին, այլ՝ կը զարգացնէ իւրայատուկ յատկանիշներ, կ՛ազդուի արտառոց ոճէն (baroque)։

  • Անհատականութիւն, զգացականութիւն, խորհրդապաշտութիւն․
  • Միջնադարի պաշտամունք, «Հիւսիսի մառախուղները» եւ տարաշխարհիկը․
  • Ողբերգութեան շահախնդրութիւնը, կռիւը, խենթութիւնը եւ ընդհանրապէս բռնութիւնը։

Քանդակագործութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վիպապաշտ քանդակագործութիւնը զգալի կը դառնայ 19-րդ դարուն սկիզբներուն, 1820։ Կը յաջորդէ նոր-դասական ոճին։

Քանդակագործութեան արուեստին մէջ, վիպապաշտութիւնը կը յատկանշուի իր ուժականութեամբ, իրապաշտութեամբ։ Վիպապաշտ քանդակագործութիւնը ինքզինք կը հաստատէ Փարիզի Սալոնը, 1831։


Վիպապաշտ տեսողական արուեստի գլխաւոր ներկայացուցիչներ ու իրենց գործերէն օրինականեր

Մարի Թակլիոնին La Sylphide պարին համանուն դերով

Պար[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վիպապաշտ պարը կ՛երկարի 1815 մինչեւ 1845-1850 տարիներուն։ Առաջին վիպապաշտ պարը՝ «Օդային ոգին» La Sylphide, ստեղծուած 12 Մարտ 1832 Փարիզի Օփերային մէջ, Ֆիլիփօ Թակլիոնիին Filippo Taglioni կողմէն աղջկան՝ Մարիին համար։ Ճերմակ պարին աստուածացումն է որ պիտի յաղթանակէ 30 տարիներու ընթացքին։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Բ., Գ. գիրք, «Հայ Կեանք Եւ Գրականութիւն»
  • Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Երկրորդական Բաժին, Յարութիւն Քիւրքճեան
  • xixe siècle, «LES GRANDS AUTEURS FRANÇAIS DU PRGRAMME» - COLLECTION LITTÉRAIRE, LAGARCE & MICHARD, Bordas

Տե՛ս նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դասական

Վերածնունդ

Ղեւոնդ Ալիշան

Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան

Պետրոս Դուրեան

Միքայէլ Նալբանդեան

Ռափայէլ Պատկանեան

Էօժէն Տելաքրուա

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,0 1,1 Փարիզի Սալոն, , 1846թ․ Շառլ Պոտլերի ճառը՝ «Ի՞նչ է վիպապաշտութիւնը»
  2. 2,0 2,1 Վիպապաշտութիւնն եւ քաղաքականութիւնը 19-րդ դարուն, Cambridge University Press, էջ 39-76
  3. Վիպապաշտութիւն, Բրիտանական հանրագիտարան
  4. Վաիպապաշտութեան սկզբնական շրջանը, 14-10-2014, Νότα Χρυσίνα
  5. Վիպապաշտ բանաստեղծներ
  6. Անգլիական Վիպապաշտ գրականութիւնը
  7. Կոթիք վիպագրութիւնը
  8. «Գերեզմանատան բանաստեղծներ»
  9. Վիպապաշտութիւնը Սկովտիա
  10. Իենա վիպապաշտութեան քաղաքը
  11. Իտալական վիպապաշտութիւնը, 1808-1818
  12. Սպանիոյ գրականութիւնը 19-րդ դարուն
  13. Վիպապաշտութեան պատմութիւնը
  14. Ամերիկեան վիպագրութիւնը
  15. Էմիլի Տիքինսոնի արխիւները
  16. Քամպրիճ համալսարան․ Ամերիկեան գրականութեան պատմութիւնը
  17. Քամպրիճ համալսարան․ հարաւային Ամերիկայի գրականութեան պատմութիւնը
  18. Ռուսական վիպապաշտութիւն
  19. Վիպապաշտ ազատականութիւն Սպանիոյ եւ Փորթուկալի մէջ
  20. Լեհ վիպապաշտ գրականութիւն - Բրիտանական հանրագիտարան
  21. Աթենեան առաջին Դպրոցը- Յոյն վիպապաշտ գրագէտներ (1830-1880) (յունարէն)
  22. «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան Հատոր Բ.»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2015-09-18։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-06-08-ին։ արտագրուած է՝ 2020-06-08 

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Թափառողը ծովու մշուշէն վեր(անգլերէն)
  2. Իտալական միաւորում կամ՝ Իտալիոյ միացում(անգլերէն)
  3. Ալեսանտրօ Մանզոնի(ֆր.)
  4. Սեզարէ Պեքարիա(ֆր.)
  5. Սպանական վիպապաշտ գրականութիւն(ֆր.)
  6. Քրիստիան Քրաուզ(ֆր.)
  7. Անիշխանութիւն(անգլերէն)
  8. Ուիլիըմ Պլէյք(անգլերէն)
  9. Կէօթէ(անգլերէն)
  10. Չաթերթոնի մահը The Death of Chatterton(անգլերէն)
  11. Լորտ Պայրոն(անգլերէն)
  12. Ֆիլիփ Օթօ Ռունկէ(անգլերէն)
  13. Իսապելլա տի Մորա(անգլերէն)
  14. Ֆրասայի պատմութիւն – Վերահաստատում(ֆր.)
  15. Քրոմուէլ (Վիքթոր Հիւկօ)(ֆր.)
  16. Ռուսական գրականութիւն(անգլերէն)
  17. էսթեպան Էջեվերիա(ֆր.)
  18. Աթենեան Դպրոցը(յունարէն)