Jump to content

Մահ

Kuoleman puutarha, Hugo Simberg (1906)

Մահ, կենդանի օրգանիզմի կենսագործունէութեան դադարը, ինչպես նաեւ այն որակական վիճակը, որուն մէջ նախապէս կը գտնուէր կենդանի եղած մարմինը։ Մահուան առաւել յաճախակի պատճառներ հանդիսացող պատահարներէն ու իրադարձութիւններէն են հիւանդութիւնները, որսը, թերսնուցումը եւ ծանր վնասուածքներու հանգեցնող դժբախտ պատահարները։ Միաբջիջ օրգանիզմի գոյութեան շրջանի աւարտ կրնայ հանդիսանալ ինչպէս մահը, այնպես ալ անոր միտոտիկ բաշխումը։

Մարդու գանգը յաճախ կ՚օգտագործուի որպէս մահուան խորհրդանիշ

Մահուան էութիւնը հազարամեակներ շարունակ հանդիսացած է կրօններու ուշադրութեան կեդրոն եւ փիլիսոփայական պրպտումներու առարկայ, իսկ յետմահու գոյութեան եւ վերածնունդի զանազան վարկածները՝ կրօնական հաւատներու հիմնասիւնն են։

Մահուան արտայայտումը կրօնի եւ դիցաբանութեան մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շատ անգամ, մահուան նկատմամբ հմայքի հասնող ուշադրութիւնը՝ մարդոց մօտ, առկայ եղած է հնագոյն ժամանակներէն։

Անցեալին մարդիկ պաշտամունքներ ստեղծած են մահուան աստուածներուն եւ մարմնաւորումներուն շուրջ։ Այդ առումով յայտնի են Անուբիսը, Օսիրիսը, Աիդեսը եւ Santa Muerte-ն։ «La Santa Muerte», կամ Սուրբ Մահը, որ նոյնպէս մահուան մարմնաւորումը կը հանդիսանայ, շատերու կողմէ այսօր պաշտամունքի առարկայ կը հանդիսանայ՝ Մեքսիքայի եւ Կեդոնական Ամերիկայի այլ երկրներու մէջ։ Նոյեմբերի 2-ին նշուող «Día de los Muertos», կամ «Մահացածներու Օրը» Մեքսիքայի ժողովուրդը, ինչպէս եւ ԱՄՆ-ու եւ Քանատայի մէջ ապրող մեքսիքա-ամերիկացիները ընտանիքներով կը հաւաքուին յիշատակելու իրենց մահացած հարազատները։

Մահուան նշանակութիւնը՝ Վիքինկներու դիցաբանութեան մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան մօտաւոր հաշոարկներով 2012-ին մէկ միլիոնի մէջ մահացած մարդոց քանակը։
     1054-4,598     4,599-5,516     5,517-6,289     6,290-6,835     6,836-7,916     7,917-8,728     8,729-9,404     9,405-10,433     10,434-12,233     12,234-17,141

     12,234-17,141

Ծաղիկը, գանգը եւ աւազի ժամացոյցը կը խորհրանշեն կեանքը, մահը եւ ժամանակը։ Հեղինակ՝ Ֆիլիփ տէ Շամպայն, 17-րդ դար։

Վիքինկները կը հաւատային, որ եթէ զինուորը մարտադաշտին մէջ զոհուի, ան կը յայտնուի նորվեկական դրախտին մէջ՝ Վալհալլա երկնային շքասրահին մէջ, ուր քաջարի զինուորները կը պատրաստուին Ռակնարեոկին՝ աշխարհի վերջն ուղղեկցող կռիւին։ Ի պատիւ՝ առանձնայատուկ սխրագործ զինուորներուն, կը տեղադրուէին ռունագիր քարեր, իսկ մահը՝ անկողնիին մէջ, ստոր կը համարուէր։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]