Jump to content

Պար

Ժամանակակից պալէ

Պար, արուեստի ձեւ, որ կ'արտայայտուի մարմնի ռիթմիկ շարժումներու միջոցով։ Պարն անբաժան է երաժշտութենէն եւ կը կատարուի վերջինիս ուղեկցութեամբ։ Պարային ռիթմիկ շարժումները սովորաբար որոշակի դասաւորութիւն կ'ունենան՝ ստեղծելով համադրութիւն[1]։

Ընդհանուր տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ամենայն հաւանականութեամբ՝ պարը արուեստներէն հնագոյնն է, կ'արտայայտէ ամէնավաղնջական ժամանակներուն մարդու հոգիին մէջ ծնունդ առած պահանջը՝ միւս մարդոց հաղորդելու իր ցնծութիւնը, վիշտը եւ հոգին համակած այլ յոյզեր՝ իր մարմնի շարժումներուն միջոցով։ Նախնադարեան մարդու կեանքի գրեթէ բոլոր իրադարձութիւնները - ծնունդը, մահը, կռիւը, նոր առաջնորդի ընտրութիւնը, հիւանդի ապաքինումը եւ այլն - ուղեկցուած են պարով։ Անով արտայայտած են անձրեւի, արեւի լոյսի, բերքառատութեան, պաշտպանութեան, ներման համար խնդրանք-աղաչանք-պաղատանքները։

Պարի գլխաւոր բնութագրական յատկանիշներն են՝ 1. ռիթմը, 2. պարի «գծապատկերը»՝ պարային համադրութեան մէջ շարժումներու համադրումը, 3. տինամիքան՝ շարժումներու թափի ու լարուածութեան փոփոխութիւններու հերթագայումը[2], 4. թեքնիքը։

Պարի արտայայտչականութեան տեսակէտէն կարեւոր դեր վերապահուած է նաեւ դիմախաղին, ձեռքերու, մատներու ժեսթերուն, եւ, ի հարկէ, տարազին։ Կարեւոր է յատկապես կատարման թեքնիքը՝ մարմնին տիրապետելու աստիճանը եւ հիմնական պարաքայլերու ու դիրքերու կատարման վարպետութիւնը։ [2]

Պարի բնորոշումը մեծապէս կախուած է պատմական ու մշակութային ենթաթեքսթերէն։ Այսպէս. Հեւլոք Էլլիսը պարը կը բնութագրէ իբրեւ սեռական խթանի (սեքսուալ իմբալսի) իսկական զարգացում[3]:.

Ամերիկացի պարուսույց Մարթա Կրեհեմը պարը բնորոշած է որպէս մարմնի շարժումներու միջոցով հոգեկան խոր ապրումներու, յոյզերու, զգացմունքներու ու զգացումներու անկեղծ, անմիջական, ազատ արտայայտում։ Մարդաբան Ճոն Քեալինոհոմոկուն տուած է հետեւեալ բնորոշումը. «պարը էքսպրեսիայի արտայայտման թռուցիկ, անցողիկ եղանակ է, որ կ'իրականացուի մարմնի շարժումներու միջոցով»[4]:

Ժիւլի Շառլոթա Վան Գեմբը, ի մի բերելով պարի զանազան բնորոշումներ, տուած է հետեւեալ ձեւակերպումը.[5] «պարը մարդկային շարժում է, որ ձեւ ստացած է, այսինքն՝ կը կատարուի որոշակի ոճով կամ որոշակի կարծրատիպով (շաբլոնով), ունի այնպիսի յատկանիշներ, ինչպիսիք են նրբագեղութիւնը, վեհաշուքութիւնը, գեղեցկութիւնը, կ'ուղեկցուի երաժշտութեամբ կամ ռիթմիկ այլ հնչիւններով, կը հետապնդէ բան մը պատմելու, հաղորդելու, յոյզեր, թեմաներ, գաղափարներ արտայայտելու նպատակ, որուն կրնան նպաստել մնջախաղը, տարազը, բեմայարդարանքը, բեմական լուսաւորութիւնը, եւայլն։

Պարը գոյութիւն ունեցած է եւ գոյութիւն ունի մարդկային բոլոր հասարակութիւններու մշակութային աւանդոյթներուն մէջ։ Մարդկութեան պատմութեան երկար ու ձիգ ընթացքին, պարը անընդհատ փոփոխուած է՝ արտացոլելով մշակութային զարգացումը։

Գոյութիւն ունին պարի ձեւերու, ոճերու, տեսակներու, ժանրերու հսկայական քանակութեամբ դրսեւորումներ։ Անիկա կը կիրառուի որպէս ինքնարտայայտման, հասարակական հաղորդակցման, կրօնական ծիսակատարութիւններու իրականացման, մարզական մրցակցութեան, ցուցադրական ելոյթներու՝ արուեստով կատարուող ձեւ։

Պարի դրսեւորումներ կը նկատուին նաեւ կենդանական աշխարհին մէջ, օրինակ՝ որոշ թռչնատեսակներ զուգաւորման շրջանին երգերը կը զուգորդեն պարերով։ [6].

Պարային ժանրերն ու ուղղութիւնները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Դասական
  • Ռոմանթիք
  • Ժամանակակից

Լատինօ-ամերիկեան պարեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Պասադոբլ
  • Սամպա
  • Ռումպա
  • Չա-չա-չա
  • Ջայվ
  • Հասթլ

Ժամանակակից պարեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • ժամանակաւոր
  • Կոնտակտային իմպրովիզացիա
  • Բուտո
  • Ազատ պար
  • Նոր պար
  • Հիփ-հոփ
  • Հաուս
  • Քրամփ
  • Պրեյք Տանս
  • Ռեփ
  1. (հայերեն) Պար, 2024-04-19, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%8A%D5%A1%D6%80&oldid=9868249, վերցված է 2024-06-16 
  2. 2,0 2,1 «ТАНЕЦ»։ Энциклопедия Кольера 
  3. Կաղապար:Ռուսերեն գիրք
  4. Կաղապար:Ռուսերեն գիրք
  5. Julie Charlotte Van Camp (1981)։ «Philosophical problems of dance criticism»։ PhD dissertation։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011 թ․ օգոստոսի 22-ին։ արտագրուած է՝ 2009 թ․ սեպտեմբերի 27 
  6. Биологи: самцы птиц-лирохвостов танцуют в такт брачным песням — Газета. Ru | Новости