Jump to content

Վէպ

Վէպ, գրական ժանր, էպիքական արձակ ստեղծագործութիւն։

Վէպի սահմանումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վէպի մասին «Հայ վէպի պատմութիւն» գիրքի ծանօթագրութեան մէջ գրուած է. «Վէպը արուեստի ինտելեկտուալացման ամենաբարձր աստիճանն է»։[1] Ժանրի միջազգային ռոման անուանումը կը վերագրուի 11 - 12-րդ դարերուն եւրոպական միջավայրի բոլոր այն ստեղծագործութիւններուն, որոնք գրուած են ռոմաներէն լեզուով՝ ի հակադրութիւն լատինական գրականութեան։ Վէպը «էպիքական ստեղծագործութիւն է, որուն մէջ պատումը կեդրոնացուած է առանձին անհատի ճակատագիրին վրայ, անոր բնաւորութեան եւ ինքնագիտակցութեան ձեւաւորման եւ զարգացման վրայ»։[2] Սակայն հանրագիտարանային այս ձեւակերպումը երեւոյթի արտաքին կողմն է միայն։

«Հեկել»ը գեղարուեստի պատմութիւնը բաժնած է երկու ձեւի՝ դասական (անթիք) եւ ռոմանթիք։ Ամբողջ միջնադարեան արուեստը յատկացուցած է ռոմանթիքական ձեւին։ Վէպը վերագրելով արուեստի ռոմանթիքական ոճին՝ այն անուանած է «պուրժուական էպոպիա»։ Համեմատելով էպոսն ու վէպը Հեկելը գրած է. «...կը փոխուի նորագոյն վէպերուն մէջ գործող հերոսներու ասպետականութիւնը։ Որպէս անհատներ, օժտուած իրենց անձնական նպատակներով՝ սիրով, պատուով, բարեգործութեամբ կամ աշխարհի բարեկարգման իտիալով, անոնք կը հակադրուին տիրող կարգերուն ու իրականութեան արձակման, զոր ամենուրէք դժուարութիւններ կը դնէ անոնց ճանապարհին»։[3]

Ըստ Պելինսքիի՝ «մեր ժամանակի էպոսը վէպն է», որ իր մէջ կը կրէ էպոսի բոլոր յատկանիշները, միայն այն տարբերութեամբ, որ վէպին մէջ չկան աստուածներ ու կեանքի առասպելական չափեր, այլ սովորական կեանքն է, քանզի նորագոյն արուեստի համար մասնաւոր մարդու ճակատագիրը էական է։ «Վէպը,-կը գրէ Պելինսքին,- ծագած է քրիստոնէական ժողովուրդներու նորագոյն քաղաքակրթութենէն՝ մարդկութեան պատմութեան այն դարաշրջանին, երբ բոլոր քաղաքացիական, հասարակական, ընտանեկան եւ առհասարակ մարդկային յարաբերութիւնները դարձած էին բազմաբարդ ու տրամաթիքական, կեանքը տարածուած էր անսահման տարրերի խորութեամբ ու լայնքով։ Բացի հետաքրքրաշարժութենէն եւ բովանդակային հարստութենէն, վէպը ոչինչով նուազ է էպիքական բանաստեղծութիւններէն՝ նաեւ որպէս գեղարուեստական ստեղծագործութիւն»։[4]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Հայ վեպի պատմություն (19-րդ դար)։ Երևան: ՀՀ ԳԱ «Գիտություն» հրատարակչություն։ 2005։ էջ էջ 2 
  2. Краткая литературная энциклопедия, том 6։ Москва։ 1971։ էջ страница 3 
  3. Г. Гегель (1969)։ Эстетика, том 2։ Москва։ էջ страница 304 
  4. В.Белинский (1978)։ Собр. соч., том 3։ Москва։ էջ стр. 324