Անասնաբուծութիւն
Անասնաբուծութիւն, գիւղատնտեսական գիտութիւն եւ բնագաւառ, որ կը զբաղի գիւղատնտեսական կենդանիներու բուծմամբ՝ անասնաբուծական մթերքներու արտադրութեան համար։ Անասնաբուծութեան մէջ կը մտնեն նաեւ գիւղատնտեսական կենդանիներու աճեցումը եւ բազմացումը[1]։
Իրենց նշանակութեամբ յատկապէս աչքի կ'իյնան կաթնտու եւ մսատու տաւարաբուծութիւնը, ոչխարաբուծութիւնը, խոզաբուծութիւնը եւ թռչնաբուծութիւնը։ Անասնաբուծական մթերքներու արտադրութեան մէջ այդ ճիւղերու բաժինը կը կամէ աւելի քան 90%։ Անասնաբուծութեան զարգացումով մեծ մասամբ կ'որոշուի բնակչութեան սնունդի լիարժէքութիւնը՝ կենդանական սպիտակուցի սպառման գործին մէջ։ Անասնաբուծական ծագում ունեցող բոլոր մթերքները (միս, կաթ, յուղ, ձու եւ այլն) աչքի կ'իյնան բարձր կալորիականութեամբ եւ սննդային արժէքով։
Անասնաբուծութիւնը անհրաժեշտ հումք կը մատակարարէ նաեւ վերամշակող արդիւնաբերութեան՝ սնունդի, տեքստիլ, կաշուի եւ մի քանի այլ ճիւղերու։ Կրանյ կարեւոր նշանակութիւն ունենալ տուեալ երկրի արտադրողական ոյժերու զարգացման գործին մէջ։
Ծագում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անասնաբուծութիւնը ունի հազարաւոր տարիներու պատմութիւն։ Ան որպէս այդպիսին առաջացած է մարդու կողմէն կենդանիներու ընտելացումէն ետք[2]։
Կապը բուսաբուծութեան հետ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անասնաբուծութեան բոլոր ճիւղերու բնորոշ առանձնայատկութիւնը բուսաբուծութեան հետ ունեցած սերտ կապն է։ Անասնաբուծութիւնը կ'օգտագործէ կերային կուլտուրաները, մարգագետիններու եւ արուտավայրերիու բուսականութիւնը, ինչպէս նաեւ դաշտավարութենէն առաջացած մնացուկները, որոնք կը վերածէ սննդամթերքներու եւ անհրաժեշտ հումքի։ Անասնաբուծութութիւնը իր հերթին բուսաբուծութեան ճիւղերու համար կը մատակարարէ օրգանական պարարտանիւթ՝ գոմաղբ։ Գոմաղբի ձեւով դաշտ կը տեղափոխուի կենդանիներուն կերցրած օրգանական նիւթերու ընդհանուր քանակի մօտ 40%-ը։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «What is Animal Husbandry? (with pictures)»։ All Things Nature (en-US)։ արտագրուած է՝ 2021-10-28(անգլերէն)
- ↑ «Learn.org -»։ learn.org։ արտագրուած է՝ 2021-10-28(անգլերէն)