Բանջարեղէն
Բանջարեղէնը, որեւէ մէկ տեսակ բոյս մըն է, որ կ'ուտուի ճաշի հետ եւ կամ ճաշին մէջ կը գործածուի։
Ծագումով, բանջարեջէնը կը հաւաքուէր անտառներէն որսորդներու կողմէ եւ սկսած է մշակումը տարբեր շրջաններուն մէջ աշխարհին վրայ, հաւանաբար 10,000-էն 7,000 (Ք.Ա) թուականներուն, երբ նոր երկրագործական կեանքը բաւական զարգացաւ։ Սկիզբը, բոյսերը որոնք կ'աճէին տեղականապէս՝ կը մշակուէին, բայց երբ օրերը անցան, առեւտրականութիւնը կ'օգնէր տարաշխարհիկ բոյսերու ներածութեան, տեղական հողերու վրայ մշակելու համար։ Այսօր, գրեթէ բոլոր բանջարեղէնները կ'աճին աշխարհի ամէն կողմերուն մէջ։
Բանջարեղէնը կրնայ ուտուիլ հում կամ եփած եւ ունի մեծ դեր մարդ արարածին սննդառարութեան, կազմուելով մասնաւորապէս ցած իւղայնութեամբ եւ բնածխաջրատով, բայց կը պարունակէ բարձր կենսանիւթեր եւ հանքանիւթեր։ Շատ մը կառավարութիւններ կը քաջալերեն ժողովուրդը, որ ուտեն բանջարեղէններ եւ պտուղներ ամէն օր։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մշակումը աշխարհի վրայ սկսելէ առաջ, մարդ արարածը որսորդ եւ հաւաքող էր։ Կը փնտռէին պտուղներ, նուշի տեսակներ, կոթեր, տերեւներ, նաեւ կը փնտռէին մահացած անասուններ եւ կ'որսային ողջերը։[1] Անտառի մէջ մշակումը կը համարուի իբրեւ առաջին մշակման օրինակը՝ օգտագործուող բոյսի տեսակներ կը պահուէին եւ կը շատցուէին եւ չուզուած բոյսերը կը նետուէին։ Բոյսերու արտադրութիւնը տարուէ տարի զօրացաւ՝ ցանուելով մեծ պտուղներ եւ զարգացաւ մշակումը։[2]
Պատմութեան ընթացքին, միշտ հարուստները կրնային ուտել թէ՛ միս եւ թէ պտուղ ու բանջարեղէն, սակայն աղքատ ժողովուրդը ընդհանրապէս ունէին բրինձի, ցորենի եւ կորեկի սնունդը։ Ազթէքները միջին Ամերիկայի մէջ կ'ուտէին կորեկ, լոլիկ, աւկատանձ, լուբիա, պղպեղ, դդում, պիստակ՝ բոլորը իրենց յատուկ ճաշերուն համար։ Բերուի մէջ, Ինքաները կը ցանէին կորեկ տաբարակ արտերուն վրայ եւ գետնախնցոր բարձր հողերուն վրայ։ Կը գործածէին Քինօայի հատիկներ, աւելցնելով պղպեղը, լոլիկը եւ աւկատանձը։[3]
- Հին Չինաստանի մէջ, բրինձը գլխաւոր բոյսն էր հարաւի եւ ցորենը հիւսիսի մէջ։ Բանջարեղէններու կ'ընկերակցէին Սօիա հատիկներ, սոխով, սխտորով, եւ այլն։
- Հին Եգիպտոսի մէջ գլխաւոր ուտելիքը հացն էր։ Իրենց համար միսը յարգի ուտելիք մըն է, բայց ձուկ բաւական ունէին։ Ասոնց կողքին կային ոսպ, սոխ, սխտոր, բողկ եւ հազար։[3]
- Հին Յունաստանի մէջ գլխաւոր ուտելիքը հաց էր, այծի պանիրով, ձիթապտուղով, թուզ, ձուկ եւ երբեմն միս։ Հոն մշակուող բանջարեղէններն են սոխ, սխտոր, կաղամբ, սեխ եւ ոսպ։[4]
- Հին Հռոմի մէջ կը պատրաստուէր հաստ ապուր մը հաճարով կամ բակլաներով, հետը ըլլալով կանաչեղէն եւ քիչ միս, ձուկը կը նկատուէր անկարեւոր։ Հռոմէացիները կը մշակէին ոլոռն, սոխ, շողգամ եւ կ'ուտէին ճակնդեղի տերեւներ եւ ոչ ինքնին ճակնդեղը։[5]
Սնունդ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բանջարեղէնները ունին մեծ դեր մարդու սնունդին մէջ։ Մեծամասնութիւնը շատ քիչ իւղ ունի, բայց կը պահէ կուշտ։[6] Կը պարունակեն շատ մը կենսանիւթեր, ինչպէս Կենսանիւթ A, C եւ E: Երբ մարդ ամէն օր որոշ քանակով բանջարեղէններով սնանի քաղցկեղը, սրտի երակներու փակուիլը եւ ուրիշ հիւանդութիններ աւելի քիչ կը պատահին։ Փնտռտուքներ ցոյց կու տան, թէ շատ բանջարեղէն ուտողը 20% աւելի քիչ սրտի կաթուած կ'ունենայ։
Բանջարեղէնները կ'ուտուին տարբեր ձեւերով, երբեմն առանձին եւ երբեմն ալ ճաշերու մէջ։ Սննդային պարունակութիւնը կը տարբերի, բայց ընդանհրապէս կը պարունակեն շատ քիչ քանակով իւղ եւ սպիտ[7] եւ տարբեր չափերով Կենսանիւթեր, ինչպէս A, K, B2՝ որոնք գիտցուած են, որ ունին նիւթեր իրենց մէջ եւ տարբեր տեսակի հիւանդութիւններու դէմ կը պայքարին։[8][9]
Հետաքրքրական է
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Սոխ մաքրելու ժամանակ մարդու աչքերը կ'արցունքոտին, որովհետեւ կտրուած սոխէն կ'արտադրուի արցունքաբեր նիւթեր (որոնք նաեւ կ'ոչնչացնեն վնասակար մանրէներ՝ պաշտպանելով թէ՛ բոյսը, եւ թէ մարդը:
- Ամերիկայէն բերուած լոլիկի դեղին պտուղները իտալացիները կ'անուանեն «փոմոտորօ»՝ ոսկէ խնձոր, որմէ ալ ծագած է լոլիկի առօրեայ անուանումը՝ պոմիտոր:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Portera, Claire C.; Marlowe, Frank W. (January 2007)։ «How marginal are forager habitats?»։ Journal of Archaeological Science 34 (1): 59–68։ doi:10.1016/j.jas.2006.03.014
- ↑ Douglas John McConnell (1992)։ The forest-garden farms of Kandy, Sri Lanka։ էջ 1։ ISBN 978-92-5-102898-8
- ↑ 3,0 3,1 Lambert, Tim։ «A brief history of Food»։ արտագրուած է՝ 2015-03-04
- ↑ Apel, Melanie Ann (2004)։ Land and Resources in Ancient Greece։ Rosen Publishing Group։ էջ 10։ ISBN 978-0-8239-6769-8
- ↑ Forbes, Robert James (1965)։ Studies in Ancient Technology։ Brill Archive։ էջ 99
- ↑ «Fruits and vegetables»։ Nutrition for everyone։ Centers for Disease Control and Prevention։ արտագրուած է՝ 2015-03-30
- ↑ Whitaker, Julian M. (2001)։ Reversing Diabetes։ New York: Warner Books։ ISBN 0-446-67658-6։ OCLC 45058465
- ↑ Gruda, N. (2005)։ «Impact of environmental factors on product quality of greenhouse vegetables for fresh consumption»։ Critical Reviews in Plant Sciences 24 (3): 227–247։ doi:10.1080/07352680591008628
- ↑ Steinmetz, K. A., Potter, J. D. (1996)։ «Vegetables, fruit, and cancer prevention: a review»։ Journal of the American Dietary Association 96 (10): 1027–1039։ PMID 8841165։ doi:10.1016/S0002-8223(96)00273-8