Ածուխ
Ածուխները պինդ, ածխածնով հարուստ, այրող օգտակար հանածոներ են, որոնք առաջացած են երկրի ընդերքին մէջ՝ միլիոնաւոր տարիներու ընթացքին՝ հնագոյն բոյսերու մնացորդներու բարդ քիմիական եւ երկրաբանական փոխարկումներու հետեւանքով։ Միլիոնաւոր տարիներ առաջ, ներկայիս քաղաքներու, դաշտերու ու անտառներու մէջ աճած են հնագոյն ծառեր։ Ժամանակի ընթացքին այդ ծառերը մահացած են, ինկած՝ ճահճոտ հողին մէջ, իսկ անոնց տեղ աճած են նորերը եւ այդպէս շարունակ։ Աստիճանաբար կուտակուած է այդ ծառերու մնացորդներու հաստ շերտ մը։ Տարիներու ընթացքին, միքրօ օրգանիզմներու ազդեցութեամբ եւ օդի դժուարացած ներհոսքի պայմաններուն մէջ, այդ շերտի ոչ լրիւ քայքայման հետեւանքով առաջացած է տորֆ։ Վերջինս ծածկուած է գետերով հարթավայրեր բերուող տիղմով եւ աւազով։ Ժամանակի ընթացքին հանքային լուծոյթներու, բարձր ճնշման եւ ջերմաստիճանի պայմաններուն մէջ, տորֆը փոխարկուած է սկիզբը գորշ ածուխի, այնուհետեւ՝ քարածուխի, աւելի ուշ՝ անտրացիտի։ Ածխածինի պարունակութիւնը գորշ ածուխներուն մէջ կը կազմէ 55–78%, քարածուխներուն մէջ՝ 75–92%, անտրացիտի մէջ՝ մինչեւ 98%: Ածխածինի պարունակութեան մեծացումով կը բարձրանայ հանածոյի ջերմատուութիւնը։ Ածուխները յաճախ կ'անուանուին «արեգակնային պահածոյ»: Եւ այդ ունի իր տրամաբանութիւնը, որովհետեւ տարիներու ընթացքին արեգակնային էներկիան կը կուտակուի բոյսերուն մէջ, որոնք այդ էներգիայի օգնութեամբ ջուրէն, ածխաթթու գազէն եւ հանքային աղերէն սինթեզի մէջ կը պահեն իրենց կենդանի մարմինը։ Արդիւնահանուած ածուխները կ'այրին եւ ջերմութեան ձեւով մեզ կը վերադարձնէ հեռու-հեռաւոր ժամանակներուն մէջ բոյսերու ամբարած այդ էներգիան։ Ածուխները կազմուած են օրգանական (այրող) եւ անօրգանական (չայրող) բաղադրիչներէն։ Օրգանական մասը կը կազմեն բիտումները, հումինային թթուներն ու մնացորդային ածուխը։ Անօրգանական հանքային մասը կը կազմեն ջուրը (գորշ ածուխի մօտ 50%-ը) եւ քալսիումի, երկաթի, ալիւմինի, կալիումի, նատրիումի սիլիկատները, ֆոսֆատները, սուլֆիդներն ու սուլֆատները։ Ածուխի համաշխարհային ընդհանուր պաշարները կը գնահատուին 13,5 թրիլիոն թոն, որմէ 51,5%-ը քարածուխն է, 48,5%-ը՝ գորշ ածուխը։ Ածուխները հրաշալի վառելանիւթ են, կ'օգտագործուին նաեւ որպէս հումք՝ մետաղաձուլութեան եւ քիմիական արդիւնաբերութեան մէջ։
- Գորշ ածուխը ունի գորշ երանգաւորում եւ թոյլ փայլք։ Ի տարբերութիւն քարածուխի եւ անդրասիտի՝ անոր ածխացման աստիճանը ցած է։ Կը պարունակէ աւելի քիչ բուսական մնացորդներ, քան՝ տորֆը։ Գորշ ածուխները երիտասարդ կամ թերհաս ածուխներ են, այսինքն՝ դեռեւս չեն փոխակերպուած քարածուխի։
Գորշ ածուխի խոշոր հանքավայրեր կան Գերմանիոյ, Չեխիայի, Ռուսիոյ մէջ։ Հայաստանի մէջ գորշ ածուխի փոքր քանակներ կան Գեղարքունիքի, Լոռիի, Շիրակի (Ջաջուռ) մարզերուն մէջ։
- Քարածուխը սեւ կամ գորշասեւ է՝ ուժեղ փայլքով։ Կը պարունակէ աւելի քիչ բուսական մնացորդներ եւ ունի ածխացման աւելի բարձր աստիճան, քան գորշ ածուխը։ Քարածուխի մեծ պաշարներ կան ԱՄՆ-ի, Գերմանիոյ, Մեծ Բրիտանիայի, ՌԴ-ի, Ուկրանիոյ, Չինաստանի, Հնդկաստանի, Աւստրալիոյ մէջ։ Քարածուխի կոքսացման՝ առանց օդի մուտքի բարձր ջերմաստիճաններուն մէջ (1000–1200օC) տաքացման միջոցով կը ստանան կոքսագազ եւ քարածխային խէժ:
Կոքսագազը կը պարունակէ 55–60% ջրածին, 20–30% մեթան, 5–7% ածխածնի օքսիտներ։ Կ'օգտագործուի որպէս վառելանիւթ։
- Քարածխային խէժը սեւ, մածուցիկ հեղուկ է։ Կը պարունակէ 400 տարբեր արոմատիկ եւ տարացիկլային միացութիւններ, որոնց իրարմէ կը բաժնեն կոտորակային թորմամբ։
- Կոքսացման արդիւնքով, ստացուող պինդ մնացորդը կը կոչուի կոքս, որ կը պարունակէ 90-98% ածխածին։ Ան կ'օգտագործուի չուգունի արտադրութեան մէջ եւ որպէս վառելանիւթ։
- Անտրացիտը սեւ է, զօրաւոր մետաղական փայլքով։ Յաճախ կ'ունենայ մոխրագոյն երանգ։ Լաւ ելեկտրահաղորդիչ է։ Կ'այրի թոյլ բոցով, գրեթէ առանց մոխիրի, օդին մէջ չ'այրիր, չի փշրուիր։ Անտրացիտի մեծ պաշարներ կան ԱՊՀ երկրներուն, Չինաստանի եւ ԱՄՆ-ի մէջ։
- Փայտածուխը սեւ, փխրուն նիւթ է։ Ան կը ստացուի փայտի չոր թորմամբ՝ առանց օդի, բարձր ջերմաստիճանով փայտն ածխացնելով։ Փայտածուխը կը կազմէ չոր փայտի 30–40%-ը։ Փայտածուխի կտորին մէջ կը նշմարուին բազմաթիւ փողանցքեր։ Ատոնք փայտի անօթներն են, որոնցմով կը փոխադրուին ծառը սնող նիւթերը։
- Չորցած կամ աշխոյժ ածուխը սեւ փոշի է կամ յատուկ պատրաստուած հատիկներ։ Ան կը պարունակէ 97% ածխածին եւ ունի ծակոտկէն կառուցուածք։ Չորցած ածուխ կը ստանան փայտածուխը ջրային գոլորշիներով եւ ածխաթթուական գազով զօրացնելով։ Յատկապէս լաւորակ զօրացած ածուխ կը ստացուի պտղակորիզներու կեղեւի ածխացումով։ Չորցած ածուխը կ'օգտագործուի գազերու, գոլորշիներու կլանման, վնասակար խառնուրդներէն ջրային լուծոյթներու, այդ թիւին մէջ՝ խմելու ջուրի եւ կեղտաջուրերու մաքրման համար։ Չորցած ածուխի շնորհիւ է, որ շաքարը ունի սպիտակ եւ ոչ թէ դեղին գոյն։ Չորցած ածուխը կը կիրառուի քիմիական արդիւնաբերութեան եւ հակագազերուն մէջ։ Դեղահատերու ձեւով, անիկա կ'օգտագործուի նաեւ բժշկութեան մէջ՝ արիւնը մաքրելու եւ աղեստամոքսային համակարգին մէջ, առաջացած գազերն ու թունաւոր նիւթերը կլանելու համար։
Հայկական Լեռնաշխարհի Պաշարները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայկական լեռնաշխարհին մէջ յայտնաբերուած ածուխի պաշարները սահմանափակ են, բացի այդ, հանքանիւթի զգալի մասը ունի ցած կալորիականութիւն։ Յայտնի են Օլթիի եւ Կարինի ածուխի հանքավայրերը։ Ածուխի տեղական նշանակութեան պաշարներ կան նաեւ Ուրմիոյ եւ Վանայ լիճերու աւազաններու ջրբաժանային լեռներուն մէջ, Աղստեւ, Վեդի գետերու աւազաններուն եւ Ջաջուռի մէջ։
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայկական Հանրագիտարան, Ածուխներ Archived 2016-03-12 at the Wayback Machine.