Սամոսատ
Քաղաք | |
---|---|
Սամոսատ | |
հին յուն․՝ Σαμόσατα | |
Երկիր | Թուրքիա |
Սամոսատ (յայտնի է նաեւ իբրեւ Շամշատ, Արշամաշատ անուններով), Արեւմտեան Հայաստանի հնագոյն քաղաքներէն մին, տեղակայուած է Եփրատ գետի աջ ափին[1]։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տիգրան Բ. Մեծի եւ Արտաւազդ Բ․-ի օրօք (Ք.Ա. 1-ին դ.) մտած է Մեծ Հայքի թագաւորութեան մէջ։ 72 թուականին Հռոմէական կայսրութիւնը Սամոսատը կցած է իր տիրապետութեան տակ գտնուող Ասորիք նահանգին։
11-րդ դարու վերջը եւ 12-րդ դարու սկիզբը Սամոսատին տիրած են սելճուկներու գերիշխանութիւնն ընդունած հայ իշխանները, զորս կը յիշատակէ ասորի պատմիչ Միքայէլ Ասորի։ Միաժամանակ քաղաքը գտնուած է հայ իշխան Փիլարտոս Վարաժնունիի ենթակայութեան տակ։
Սամոսատ յայտնի է իբրեւ քրիստոնէական հարուստ անցեալ եւ աւանդոյթներ ունեցող քաղաք։ Սամոսատ եղած է յունական եւ ասորական դպրութեան կարեւոր կեդրոններէն։ Մեսրոպ Մաշտոց իր աշակերտներուն մէկ խումբը Սամոսատ ուղարկած է՝ յունարէն եւ աստուածաբանութիւն ուսանելու, այնուհետեւ իր երկու օգնականներուն՝ Յովհան Եկեղեցացիի եւ Յովսէփ Պաղնացիի հետ անձամբ այցելած Սամոսատ։
Սելճուկեան արշաւանքներէն (11-րդ դար) ետք Սամոսատ աստիճանաբար կորսնցուցած է իր երբեմնի նշանակութիւնը եւ վերածուած աննշան քաղաքի։
12–14րդ դարերուն քաղաքին տիրած են խաչակիրները, բիւզանդացիները, մոնղոլները, թուրքմէնական ցեղերը։
15-րդ դարուն Սամոսատ նուաճուած է Օսմանեան կայսրութեան կողմէ։ Մինչեւ հայերու դէմ իրագործուած Ցեղասպանութիւնը Սամոսատի բնակիչները գլխաւորաբար եղած են հայեր։
2023 թուականի Փետրուարի 6-ի երկրաշարժին հետեւանքով մեծ աւերածութիւններ եղած է ոչ միայն Սամոսատի, այլեւ շրջակայքի միւս քաղաքներուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի մեծ ու փոքր այլ բնակավայրերուն մէջ[2]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Samsat, Samosata, Adiyaman»։ www.adiyamanli.org (անգրելէն)։ արտագրուած է՝ 2023-03-25
- ↑ «Արեւմտեան Հայաստան․ Սամոսատ»։ Western Armenia TV (wa-WA)։ 2023-03-01։ արտագրուած է՝ 2023-03-25