Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցի

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճար՝ Անթիլիաս, Լիբանան

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցի, աշխարհի հնագոյն քրիստոնէական ազգային եկեղեցին։[1][2][3] Անիկա մաս կը կազմէ Արեւելեան Ուղղափառութեան եւ ամենահին քրիստոնէական համայնքներէն մէկն է։ Հայաստան առաջին երկիրն էր, որ քրիստոնէութիւնը ընդունած է իբրեւ պետական կրօնք, Դ. դարու սկիզբը (աւանդաբար՝ 301-ին), այս եկեղեցին հաստատելով։ Եկեղեցին ծնունդ առած է Բարդողիմէոս եւ Թադէոս առաքեալներու առաքելութենէն, Ա. դարուն, եւ կը հանդիսանայ քրիստոնէութեան վաղ շրջանի կեդրոն։

Անիկա երբեմն անուանուած է Գրիգորեան-Լուսաւորչական եկեղեցի, սակայն այս անունը նախընտրուած չէ նոյնինքն եկեղեցւոյ կողմէ, քանի որ Բարդողիմէոս եւ Թադէոս առաքեալները կ'ընդունի իբրեւ իր հիմնադիրները, եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը՝ պարզապէս առաջին պաշտօնական կառավարիչը եկեղեցւոյ։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. It was the first nation to adopt Christianity as its official religion. The Journal of Ecclesiastical History – Page 268 by Cambridge University Press, Gale Group, C.W. Dugmore
  2. The Armenian Massacres, 1894–1896: 1894–1896 : U.S. media testimony – Page 131 by A. Dzh. (Arman Dzhonovich) Kirakosian
  3. «Untitled Document»։ արտագրուած է՝ 5 March 2015